Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, Ժընեւ, 15 յունիս 2023
Դժուար է ճշդել, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր է առաջին անգամ նշուած հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած սգահանդէսը։ 1915 թուականին Հնչակեան Կեդրոնէն տրուած կարճ հեռագիր մը կը գուժէ իր գաղափարի քսան առաջնորդներուն կախաղանի մահուան դատապարտուիլը. «Պօլսէն ֆրանսական թերթերու քաշուած հեռագիրները Քսաններու կախաղան հանուիլը կը հաղորդեն»[1]։ «Հնչակ» առաջիններէն է, որ 1915 թուականի Օգոստոսին «Պոլսոյ Կախաղանները» խորագրով իր խմբագրականին մէջ հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ մահասարսուռ եղելութեան ու հերթաբար կը նշէ նահատակ ընկերներուն անունները.
- Փարամազ (Մատթէոս Սարգիսեան)
- Վանիկ (Գեղամ Վանիկեան)
- Ռուբէն Կարապետեան (Վահան Պօյաճեան)
- Տօքթ. Պէննէ (Պետրոս Թորոսեան)
- Արամ Աչքպաշեան[2]
- Հրանտ Բեղավեան[3], բժշկական ուսանող
- Երուանդ Թօփուզեան (Բանւոր), ուսուցիչ
- Յովհաննէս Բէրղազարեան[4], ուսուցիչ
- Թովմաս Վահան Թովմասեան
- Մուրատ Ղազարեան[5]
- Մինաս Քէշիշեան (Սարը Խաչիկ)
- Սմբատ Գլըճեան
- Աբրահամ Մուրատեան[6]
- Մկրտիչ Երէցեան
- Յակոբ Պասմաճեան
- Գարեգին Պօղոսեան
- Պօղոս Պօղոսեան
- Երեմիա Մաթոսեան[7]
- Գառնիկ Պօյաճեան
- Արմենակ Համբարձումեան
«Հնչակ» կը նշէ նաեւ օսմանեան ռազմական ատեանին կողմէ քսան մահապարտներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը. «Շանթահարող մահագոյժը հասաւ Պոլիսէն։ Իթթիհատ Թէրաքքը կոչւած աւազակ ոճրագործներու խմբակը յունիս 2/15ին կախաղան հանեց մեր քսան անձնւէր ընկերները ‛անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը կազմելու և կայսերական երկիրներէն մաս մը օսմ. Կառավարութենէն անջատելու’ ամբաստանութեամբ»[8]։
Արդարեւ, Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ իրագործուած եղեռնագործութիւնը իր ազդու անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ, որ, օգտուելով թրքական «Թանին»-ի եւ Կ.Պոլիս հրատարակուող ֆրանսատառ «Լլոյտ Օթթոման» թերթերու հաղորդագրութենէն, մանրամասն կը նկարագրէ քաղաքական մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող դէպքը։ Հետաքրքրական է, որ այս ուղղութեամբ բողոքի ուժգին ձայն կը բարձրացնեն նաեւ Զուիցերիոյ մէջ հրապարակուող սոցիալիստական «Լա Սանթինել», «Պեռներ Թակվախթ» եւ «Ֆոլքսրեխթ» թերթերը, որոնք իրենց էջերուն մէջ 7 եւ 13 Օգոստոս 1915 թուականին ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով լայն տեղ կու տան Արշակ Զուրաբովի գրչէն «Դահիճը կ’իշխէ» եւ «Թարմ հողակոյտերուն առջեւ» խորագրերով յօդուածներուն[9]։ Սոյնը հիմք կը ծառայէ նոյնանման յօդուածի մը, որ իտալերէնով կը հրապարակուի «Avanti» թերթի 16 Օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ։ Զուրաբով իր սոյն յօդուածով վեր կը հանէ Երիտթուրքերու իշխանութեան կողմէ կանխամտածուած ոճիրին ամբողջ գռեհկութիւնը, միաժամանակ իրաւացիօրէն կը ձաղկէ Կայսերական Գերմանիոյ վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը՝ զայն մեղադրելով Օսմանեան կայսրութեան հետ հայաջինջ գործողութիւններու մեղսակցութեամբ[10]։
Ընդամէնը տարի մը ետք` 16 Յունիս 1916 թուականին, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանի գործադիր յանձնախումբը Փրովիտենսի մէջ «Երիտասարդ Հայաստան»-ի տպարանէն կը հրապարակէ «Քսան կախաղաններ» խորագրով 171 էջերէ կազմուած գրաւոր յուշակոթող մը, որ մեծաւ մասամբ ձօնուած է Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած գաղափարի նահատակ ընկերներուն, նաեւ Վանի հնչակեան նահատակներուն՝ Ասոյի (Տիգրան Օտեան), Կայծունիի (Աբրահամ Բրուտեան), Արտաշէս Սօլաքեանի, Կարապետ Տանթէեանի եւ Հայկակ Էրէմիշեանի յիշատակին։ Յառաջաբանէ բացի` առկան անուն առ անուն կը ներկայացնէ Քսաններուն համառօտ կենսագրականները, եւ իւրաքանչիւրին վերաբերեալ զանազան հեղինակներ հանդէս կու գան բարեբանական յօդուածներով, յուշապատումներով, այլեւ անոնց յիշատակին ձօնուած բանաստեղծութիւններով։
1918 թուականին Շիքակոյի մէջ «Երիտասարդ Հայաստան»-ի տպարանը լոյս կ’ընծայէ «Քսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուած՝ մէկ պատկերով» Սեդրակ Շահէնի 92 էջերէ բաղկացած թատերական ստեղծագործութիւնը։ Հեղինակը գիրքին սկիզբը ձօնին մէջ կը նշէ. «Սոյն գրութիւնը, կը խնդրեմ, նկատուի Յուշարձան՝ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անձնուիրաբար ինկան փոքր ազգերու ազատութեան համար մղուած մաքառումներու ընթացքին»[11]։
Տարակոյս չկայ, որ հնչակեան մամուլը մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին աւարտը տարբեր վայրերու մէջ պարբերաբար անդրադարձած ըլլայ Քսան Կախաղաններու յիշատակին, սակայն այս բոլորը տակաւին այն յուշահանդէսը չէ, որ հետզհետէ մեր ազգային տօնացոյցին մէջ 15 Յունիս իր անշարժ թուականով պիտի վերածուէր առանձնայատուկ սգատօնի մը։ Հետեւաբար` հարցը կրկին պիտի տրուի, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ նշուած ըլլալու է հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած սգատօնը։
Այնպէս կը թուի, թէ ան ազգային տօնախմբութեան մը մակարդակով, ըլլայ թէկուզ սգահանդէսի մը երեւոյթով, իրականացած է 1919 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ, երբ Առանցքի ուժերը՝ գերմանա-աւստրիական ռազմական խմբաւորումը արդէն 1918 թուականի Նոյեմբերին ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն համաձայնական պետութիւններու՝ Անթանթի ռազմաքաղաքական դաշինքը ներկայացնող ուժերուն կողմէ։ Պարտուած պետութիւններու շարքին էր նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը, որուն իշխանութիւնը կը ղեկավարէր Իթթիհատականներու դիւախումբ եռապետութիւնը։
Մինչ այդ, 2/15 Յունիս 1915 թուականի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ Քսան Կախաղաններուն ոճիրը պատահած էր սահմռկեցուցիչ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր բովանդակ ազգի մը հոգեւոր, մտաւորական եւ քաղաքական սերուցքը կ’անճիտուէր, ու հայութիւնը կը տառապէր Ապրիլ 24-ի սրտամորմոք օրերէն։ Ոչ ոք կրնար այդ ժամանակ սուգի կամ բողոքի ձայն բարձրացնել, գէթ ողբալ սեփական մեռելներուն վրայ, քանզի ազգը ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքով մահու աքսորի ճամբաներուն տարագրուած՝ կը բնաջնջուէր Միջագետքի մահատարած վայրերուն եւ Տէր Զորի անջրդի աւազուտներուն մէջ։
Պատերազմի աւարտին, համաձայն 24 Մայիս 1915 թուականի Անթանթի ուժերուն կողմէ Օսմանեան կառավարութեան ներկայացուած ազդարարութեան, թէ «մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն»-ներու մեղադրանքով պատերազմի յանցագործները անձնապէս պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին, Ֆրանսա եւ առաջին հերթին՝ Մեծն Բրիտանիա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք ճնշում կը բանեցնեն Օսմանեան նոր կառավարութեան վրայ՝ ընթացք տալու Երիտթուրք պարագլուխներու դատավարութեան։ Սոյնը կ’իրականանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 25 Յունիս 1919 թուականին։ Յիրաւի, այժմ համեմատաբար բարենպաստ ժամանակ մը թեւակոխած էր Գողգոթան վերապրած հայութեան մնացորդացը, ուստի ազգային բնական պահանջ մըն էր իւրացնել մարդկային արժանապատուութեան այն անկապտելի իրաւունքը՝ գէթ սգալու սեփական մեռելներուն վրայ։ Թէպէտ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ձօնուած առաջին սգահանդէսները տեղի ունեցած էին 28 Հոկտեմբեր 1918-ին՝ Դամասկոսի, ապա 20 Յունուար 1919-ին՝ Հալէպի, եւ 25 Մայիս 1919-ին Պաղտատի մէջ[12], այնուամենայնիւ, հայագիտութեան մէջ կարծիք ձեւաւորուած է, թէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած 24 Ապրիլի առաջին նշումը տեղի է ունեցած 1919 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ։ Արդարեւ, քանի մը մտաւորականներէ ու անոնց հետ Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերէ կազմուած «Ապրիլ տասնըմէկի սգահանդէսի յանձնախումբը» Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Զաւէն արք. Տէր-Եղիայեանի նախագահութեամբ կը կազմակերպէ սգահանդէս մը, որ մասնաւորաբար կը ձօնուի հայ նահատակ մտաւորականներու յիշատակին։ Այս առթիւ նաեւ տեղի կ’ունենայ Թէոդիկի եւ մի քանի գրողներու մասնակցութեամբ պատրաստուած «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» գիրքին շնորհահանդէսը։ Պէտք չէ բացառել, որ այս ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած մարմարէ յուշակոթող մըն ալ կանգնեցուած է Պոլսոյ Փանկալթը թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ, որուն լուսանկարը Թէոդիկ արտատպած է վերոնշեալ «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» յուշահատորի կողքին վրայ։
Բոլորովին անհաւանական չէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ուր փրկութեան առագաստ բացած էր տարագրուած հայութեան մնացորդացը, արդէն աւելի վաղ նշուած
ըլլար հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին նուիրուած սգահանդէսը, զորօրինակ Գահիրէի մէջ, ուր Հնչակեան կուսակցութեան «Փարամազ» մասնաճիղը արդէն 18 Յուլիս 1915 թուականին Ազգային Գալուստեան վարժարանէն ներս նման յուշահանդէսով մը առանձնապէս մեծարած է Քսաններուն յիշատակը[13]։ Այսպէս, Հնչակեան կուսակցութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը 15 Յունիս 1919 թուականին կ’ոգեկոչէ Քսան Կախաղաններուն նուիրուած ընդհանրապէս առաջին սգահանդէսներէն մէկը[14]։ Նմանապէս 1919 թուականին Գահիրէի մէջ «Զարթօնք» 20 էջերէ բաղկացած ամբողջ թիւ մը կը յատկացնէ Քսաններու յիշատակին[15]։ Սակայն, ինչպէս պարագան Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի վերոգրեալ առաջին նշումներուն կը վերաբերի, այստեղ ալ Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած պաշտօնական առաջին սգահանդէսներէն մին պէտք է նկատել Կ.Պոլսոյ մէջ 15 Յունիս 1919 թուականին կազմակերպուած միջոցառումը։ Հետաքրքրականն այն է, որ Կ.Պոլիս, Քսաններուն նահատակութեան վայրը ըլլալէ բացի, տակաւին կը պահպանէր հայ մտաւորականութեան ստեղծագործ կաճառը ներկայացնելու հանգամանքը, ու այստեղ ազգին բոլոր խաւերը, առանց յարանուանական տարբերութիւններու եւ կուսակցական զանազան պատկանելիութիւններու, իրենց անսակարկ եւ գործուն մասնակցութիւնը կը բերեն հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած այս սգահանդէսին։ Սոյնը անգամ մը եւս կը բացայայտէ այն ճշմարտութիւնը, թէ կեանքի մէջ առկայ բազմազան երեւոյթները, նոյնիսկ սէրը հայրենիքին ու ազգին հանդէպ, երբ անկարող կը դառնան միաւորելու մարդկային, մինչեւ իսկ ազգային անհաշտելի տարբերութիւնները, սուգը զարմանալիօրէն իր մէջ կը պարունակէ այն ուժը` ի մի բերելու բոլոր տարբերութիւնները, ներդաշնակելու գաղափարական համոզումներու այլազան երանգաւորումները, հաշտեցնելու քաղաքական գործելաոճերու հակասութիւնները, վերացնելու ներքին տրոհումները եւ միաւորելու ազգը` թէկուզ պահ մը, օր մը, կարճատեւ ժամանակամիջոց մը այն սուգին հանդէպ, որ ստոյգ ամէնուն կը վերաբերի ու կը ճմլէ անհատ մարդոց եւ նոյնիսկ հաւաքականութեան մը քարացած սրտերը։
Այս իրողութեան պերճախօս վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ Կ.Պոլիս հրապարակուող Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Ճակատամարտ» օրաթերթին մէջ տպագրուած հաղորդագրութիւնը, որ իսկապէս արժէ ամբողջութեամբ մէջբերել, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ Հնչակեան կուսակցութեան մեծագոյն մարտիրոսացումին՝ կախաղաններու տխուր ստուերին շուրջ ինչպէ՛ս կը համախմբուին զանազան պատկանելիութիւններու, միութիւններու, եկեղեցական եւ մշակութային տարբեր անդամակցութիւններու պատկանող ազգային, կուսակցական եւ եկեղեցական յարանուանութեանց ներկայացուցիչները.
«ՔՍԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կիրակի կէսօրէ վերջ Իւնիօն Ֆրանսեզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը՝ 15 Յունիս 1915ին կախուած Հնչակեան նահատակներու յիշատակին։ Սրահը ամբողջովին լեցուած էր։ Ներկայ էին Պատրիարքը, քաղաքական կուսակցութիւններու, մամուլի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ պոլսահայ մտաւորականութենէն կարեւոր մաս մը։ Բեմին վրայ դրուած էին ծաղկեպսակներ՝ վերապրող ընկերներէ, Տիկ. Ա. Պօյաճեանէ, Ժիրայր խումբէն, Աշխատանք մասնաճիւղէն եւ այլն։ Սգահանդէսը բացուեցաւ Շօփէնի մահերգով։
Օրուան ատենախօսները ծանրացան այն կէտին վրայ, թէ` այս սգահանդէսը աւելի փառահանդէս մըն է, թէ` ճշմարտութեան ու արդարութեան յաղթանակին համար նահատակուողները մեռած չեն, այլ կ’ապրին անոնց մէջ, որ բարձր կը պահեն մեռնողներու դրօշը։ Գոյամարտի կռիւը վերջ գտած չէ, եւ դեռ շատ բան կայ ընելիք` զգետնելու համար ցեղին թշնամին։
Լ. Կանտ ի վեր հանեց հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը, հակառակ կախաղաններուն, որ կը սպասեն իր ճամբուն վրայ։
Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ ընկեր Ամատունի բացատրեց, թէ պայքարը, որ յայտարարուեցաւ հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմ՝ միջ-ցեղային կռիւ մը չէր. խաւարն էր, որ լոյսին դէմ կը կռուէր, մակաբոյծ ժողովուրդ մը կ’ուզէր ոչնչացնել աշխատաւոր ցեղ մը` տիրանալու համար անոր հարստութեան։ Նահատակները զոհերն են ոչ միայն հայ ազգային ազատագրութեան, այլ եւ ռահւիրաները տիեզերական արդարութեան յաղթանակին։
Ռամկավարներու կողմէ Աղաճանեան շեշտեց, թէ` պէտք չէ սգալ նահատակները, որ զոհ գացին գաղափարի ճամբուն վրայ, այլ սգալ անոնք, որ կ’ապրին, բայց մեռած են, անոնք, որ կը շնչեն, բայց չեն հետաքրքրուիր նահատակներու պարզած դրօշով։
Սուրեան (Վեր. Հնչ.).– Տեւտոնեան-Մոնկոլեան միացեալ վոհմակը ուզեց ջնջել մեր գոյութիւնը, բայց հայ միտքը կ’ապրի դեռ։
Բնակունի (Ս. Դ. Հ.).– Պատմութեան մէջ այն ազգերը միայն կ’ապրին, որոնք կը դիմագրաւեն փառաւոր խաչելութիւններ։
Հմայեակ Խոսրովեան (ազատական).– Ի՞նչ պիտի կտակենք մեր զաւակներուն։ Քսենոփոն կը նկարագրէ աղքատ Հայաստան մը, ուր գէթ կար իւղը, մեղրը ու հայ կոյսերու այտերու կարմրութիւնը. դժբախտաբար ասոնք անգամ չպիտի գտնենք այսօրուայ Հայաստանին մէջ։ Մենք կու տանք անոնց աւերակներով եւ խլեակներու կոյտի մը հետ կորով, կամք եւ աշխատութիւն՝ վերաշինելու համար հարուստ Հայաստանը։
Փակման խօսքը արտասանեց Զաւէն Պատրիարքը, որ գլխաւորապէս ծանրացաւ այն կէտին վրայ թէ` ‛Չէզոք ազգերը ապրելու իրաւունք չունին’. պէտք էր յարձակողական ըլլալ՝ պայքարին մէջէն ողջ դուրս գալու համար։ Երբ մենք ձեռքերնիս ծալլած նստեր ենք, վստահ ըլլալով, թէ Դաշնակիցներու յաղթանակով շահուած է նաեւ մեր դատը, անդին մեր ցեղին թշնամին կը գործէ յարատեւ, անոնց կիներն անգամ շարժումին մէջ նետուած են. անոնք կը հպատակին վերէն եկող հրամաններուն եւ պարզ սաթըճին ու նպարավաճառը կը վերցնեն հայ որբեր, գիտնալով, որ այսպէսով կ’ապահովեն կրկնակ շահ, զօրացնել թրքութիւնը եւ տկարացնել հայ տարրը։
Բանախօսութիւններու ընթացքին պրն. Սարեան արտասանեց Սիամանթօէն երկու կտոր»[16]։
Գում Գաբուի քահանայ հայրերէն տ. Գալուստ Յ. Պօղոսեան, որ կախաղաններու նախօրեակին վերջին ականատեսն էր հնչակեան հէգ մարտիրոսներուն, մահապատիժի գործադրումէն քիչ առաջ անոնց խոստովանանքի ծիսական կարգը կը կատարէ, ապա շիշ մը ջուր խնդրելով` կ’օրհնէ զայն ու զերթ փոխարկուած կենսառողջ գինի՝ մեղսաքաւիչ զօրութեամբ կը մատուցէ Քսաններուն։ Ան իր այնքան ցնցող եւ վաւերական յուշերուն մէջ կը վկայէ, թէ արարողութիւնը աւարտելէ ետք` գրեթէ վերջին վայրկեաններուն, Արամ Աչըգպաշեան, իրեն դիմելով, խստիւ կը պատուիրէ, որ ան «իրենց մարմինները առանձին-առանձին չթաղէ, այլ բոլորը միասին՝ մէկ փոսի մէջ»։ Գաղափարով միացած եւ համախումբ հայոց ազատագրական պայքարի կարմիր ճամբաներուն վրայ, Քսաններուն սրբազան փափաքն էր նաեւ իրենց անշնչացած մարմիններով միանալ գերեզմանի մութ փոսին մէջ։ Հաւաքական սուգը եւ մահուան տիեզերական օրէնքը ստոյգ եւ մի՛շտ համախմբող գործօն մըն է, սակայն Քսաններուն անշուք եւ անյայտ գերեզմանէն ու անոնց միաձոյլ աճիւններէն հնչող հայ սերունդներուն ուղղուած մոգական պատգամը այն է՝ ազգովին միանալ ոչ թէ մահ ու սուգի, կորուստի եւ պարտութեան ճնշող ցաւերուն առթիւ, այլ հարկ է բռունցքաւորուիլ ազգային գերագոյն նպատակներու իրականացման ու միայն այդ ճամբով շահած փառապանծ յաղթանակներուն շուրջ։
Ձախէն աջ՝ Իթթիհատի ոճրածին ներկայացուցիչներ՝ ոստիկանութեան տնօրէն Պետրի Պէյ (1) եւ Կ.Պոլսոյ նորանշանակ քաղաքապետ Իսմայիլ Ճանփոլատ (2), 16 Հոկտեմբեր 1916 թ.
Քսաններու յիշատակին ձօնուած սգահանդէսին վերաբերեալ այլ նկարագրութեան մը կը հանդիպինք նաեւ Կ.Պոլսոյ «Առաւօտ» թերթի 16 Յունիս 1919 թուականի համապատասխան սիւնակին մէջ, ուր կը հաղորդուի խիստ ուշագրաւ տեղեկութիւն մը.
«Պիտի ձեռնարկուի քսան Հնչակեան նահատակներուն սրբազան ոսկերտիքը փոխադրելու պատշաճ սրբավայր մը»[17]։
Թէպէտ Իթթիհատական բորենիները փորձած էին գաղտնի պահել նահատակ հերոսներուն հաւաքական գերեզմանը եւ արիւնկզակ ոստիկանապետը Պետրի պէյ թոյլ չէր տուած Քսաններու անշնչացած մարմիններուն կատարել գերեզմանի թաղման եւ յուղարկաւորութեան կարգը՝ պոռալով տ. Գալուստ քհնյ Պօղոսեանի վրայ՝ «Անանկներուն ոչ մէկ բան պէտք է, անոնք միլլէթ խայինի են», այնուամենայնիւ, ժամանակից պոլսահայերուն անյայտ մնացած չէ այդ ուխտավայրը, որ գտնուած է Էտիրնէգաբուի հայոց գերեզմանատան պատին դուրսի կողմը, ուր շտապ փորուած է հասարակաց փոս մը՝ ծածկելով անոր մէջ, յեղափոխութեան դրօշը ձեռին կառափնատ բարձրացած Քսաններուն աճիւնները։ Անոնց գերեզմանը, դժբախտաբար, ցայսօր կը մնայ անշիրիմ, բայց կը յարատեւէ ըլլալու միշտ նուիրական ներկայութիւն մը ու կենդանի սրբավայր մը հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ։
Յարգա՜նք Քսաններու անթառամ յիշատակին եւ բի՜ւր համբոյր հայրենիքի ազատագրութեան այս յառաջապահ մարտիկներու սրբազան շիրիմին։
[1] Հմմտ. «Հնչակ», Փրովիտենս, 1936, էջ 6։
[2] Պէտք է ըլլայ՝ Աչըգպաշեան։
[3] Պէտք է ըլլայ՝ Եկաւեան։
[4] Պէտք է ըլլայ՝ Տէր -Ղազարեան։
[5] Պէտք է ըլլայ՝ Զաքարեան։
[6] Պէտք է ըլլայ՝ Մանուկեան։
[7] Պէտք է ըլլայ՝ Մանանեան։
[8] Հմմտ. «Հնչակ», Փարիզ, 1915, էջ 1։
[9] Տե՛ս Մանուկեան Աբէլ քհնյ., «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ, Երեւան-Պէյրութ, 2020, էջ 196-235։
[10] Տե՛ս նոյնը։
[11] Հմմտ. Սեդրակ Շահէն, «Քսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուած՝ մէկ պատկերով», Շիքակօ, 1918, էջ 3։
[12] Տե՛ս Մարության Հարություն, «Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակի օրվա ձևավորումը, զարգացումները, մերօրյա վիճակը» (Մաս 1), Ցեղասպանագիտական հանդես 6 (1), 2018, առցանց՝ http://www.genocide-museum.am/arm/ARMENIAN-GENOCIDE-VICTIMS-26.01.2019.php։ Նաեւ՝ Նաճարեան Միհրան, «Յուշագիրք 1918–1948», Պէյրութ, 1949, էջ 16-19։
[13] Առկայ յօդուածը պատրաստելու միջոցին մեր տրամադրութեան տակ չէինք կրցած ունենալ Գահիրէ հրատարակուած «Զարթօնք» գրական հաւաքածոյի 5-րդ պրակը, ուր նշուած է, թէ 18 Յուլիս 1915 թուականին Ազգային Գալուստեան վարժարանի սրահին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան «Փարամազ» մասնաճիւղը կազմակերպած է սգահանդէս մը նշելով Քսան Կախաղաններուն յիշատակը։ «Զարթօնք» սոյն սգահանդէսէն հրապարակած է նաեւ ուշագրաւ լուսանկար մը (էջ 77)։ Այս կարեւոր փաստաթուղթը մեր ուշադրութեան յանձնելու համար պարտ կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու տեարք Եփրեմ Թոքճեանին եւ Արմէն Քիւրքճեանին։
[14] Տե՛ս «Երիտասարդ Հայաստան», ԺԶ. տարի, թիւ 23, Շիքակօ, 19 յուլիս 1919, էջ 3։
[15] Տե՛ս «Զարթօնք» գրական, գիտական, հասարակական հաւաքածոյ, 5-րդ պրակ, Գահիրէ, 1919։
[16] Հմմտ. «Ճակատամարտ», «Քսան նահատակներու սգահանդէսը», թիւ 182, Կ.Պոլիս, 17 յունիս 1919, էջ 2։
[17] Հմմտ. «Առաւօտ», թիւ 11, Կ.Պոլիս, 16 յունիս 1919, էջ 2։