Աստղ մը եւս շիջեցաւ

Տիգրան Աբրահամեան, Գանատա, 27 Յունուար 2020

Յունուարի 18-ին, Պէյրութի մէջ մեզմէ անվերադարձ հեռացաւ մեր սիրելի ընկերը՝ Սերոբ Աբոյեանը: Այս ցաւալի կորուստին համար, խորազգաց ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ Պապուճեան ու Փանոսեան գերդաստաններու անդամներուն: Նմանապէս կը բաժնեմ վիշտը Սերոբի յայտնի ու անյայտ ընկերներուն եւ գործակիցներուն:

Սերոբ Աբոյեան-Պապուճեանը (1941-2020) այն երիտասարդ համալսարանական մտաւորականներէն էր, որոնք 1963-էն սկսեալ, լուռ ու մունջ մշակեցին ու գործադրեցին Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը համահայկականօրէն դիմաւորելու եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները ոգեկոչելու ծրագիրը: Անոնք անտեսեցին իրենց վերաբերմունքը հայկական կուսակցութիւններուն նկատմամբ, նաեւ իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնները՝ ի շահ միասնականութեան եւ ի հանգիստ մեր ազգի նահատակներու հոգիներուն:

Այդ օրերուն ձեւաւորուեցան պահանջատիրութեան վերաբերեալ երբեմն յախուռն ու հակոտնեայ տեսութիւններն ու միջոցներու ընտրութիւնները: Իրենց անձնական հեղինակութեան, միութենական ու կուսակցական կապերու եւ համախոհ երէց մտաւորականներու աջակցութեան շնորհիւ, այդ երիտասարդները կողմնորոշիչ ներդրում ունեցան ազգային ու հասարակական այլազան շրջանակներու մէջ:

Ենթահողը մշակուած էր, եւ յիսնամեակին նախորդող ամիսներուն՝ միջյարանուանական ու միջկուսակցական երկխօսութիւնները ընթացք առին:

Միշտ պիտի յիշենք Սերոբն ու իր ընկերները, որոնք կերտեցին 50 տարի անկարելի թուացող հրաշքը՝ հայկական միասնականութիւնը՝ գոնէ Սփիւռքի մէջ: Յաւե՜րժ յարգանք Սերոբ Աբոյեանի յիշատակին:

Օտար երկրի հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, մեր սիրելի՛ եւ թանկագի՛ն ընկեր Սերոբ:

2 comments
  1. Serop was dedicated to serve his people
    Սերոբին հետ անձնական մօտիկ ծանօթութիւն չեմ ունեցած, սակայն լաւ կը ճանչնամ իր անձնական նուիրուածութիւնը իր ժողովուրդին:

    Մեծցած որպէս հա'յ, որպէս մելգոնեանցի, անզուգական սասունցի Սիմոն Սիմոնեանի ուղիով թրծուած,  եւ վերջապէս ա'լ՝ ծագումով քեսապցի: Այսքանը արդէն ամէն ինչ կ'ըսէ:

    Մնացածը  կեանք մը ծառայութիւն է:

    Հանգի'ստ իր աճիւններուն եւ լո'յս հոգիին:

    Սգակցօրէն՝

    Վիգէն Լ. Ադդարեան

  2. A passionate mentor

    So so Sad.

    I knew him as a talented teacher during my high school years back in the sixties and years later as a colleague teaching in the same school.

    Serop was a passionate mentor. He succeeded in effectivley communicating with us as teenage students. He helped us love reading books and discover great Armenian authors.

    His Armenian history classes were equally enjoyable. With him as a moderator, we used to discuss historical events in the class. He helped us develop an analytical persective to history.

    I owe it to him my continued love for books, Armenian literature and history subjects.

    Thank you for making a difference in our lives.

    Rest In Peace Serop.

    Harout Krikorian

Comments are closed.

You May Also Like