«Աղթամար»ի Սուրբ Խաչ եկեղեցին

Տօքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, Օգոստոս 2022

Աղթամար կղզին Վան-Թաթվան մայրուղիի 50-րդ ք.մ.ի վրայ  կը գտնուի լճափէն 4 ք.մ.  հեռաւորութեան վրայ։ Աղթամար կղզին Դ. դարուն եղած է Ռշտունեաց նախարարներու ամրոց, իսկ Ժ. ֊դարուն Արծրունի Գագիկ թագաւոր Աղթամար կղզիի վրայ սկսած է մեծ շինարարական աշխատտանքներ, անոնցմէ երկու կոթողներ՝ Գագիկ Արծրունիի Պալատը և Սբ. Խաչ Եկեղեցին միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան պսակներէն են, որոնց ճարտարապետն է նշանաւոր ծաղկող եւ քանդակագործ Մանուէլ, անձ մը, որուն համբաւը Հայ աշխարհէն ալ դուրս ելած էր իր ողջութեան:

Աղթամարի Սբ. Խաչ Եկեղեցին հայ ճարտարապետութեան գոհարներէն մին է, խաչաձեւ յատակագիծով ծանօթ ու լայնանիստ սիւներու վրայ բարձրացող գմբէթով մը պսակուած: Եկեղեցւոյ արտաքին ճակատները զարդարուած են աշտարակաձեւ սիւներով: Տաճարի պատերը զարդարուած են պատկերաքանդակներով, որոնք կը ներկայացնեն Հին  Կտակարանի կարեւոր դրուագները, իսկ որմնախարիսխին վրայ քանդակուած են բուսական եւ կենդանական տեսարաններ։

Տաճարի  հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսային ճակատներուն վրայ քանդակուած են կրօնական ու աշխարհիկ թեմաներով հարթաքանդակներ,Արծրունի թագաւորի դիմաքանդակը, որուն կողքին կը գտնուին Քրիստոսը, առաքեալները, Գրիգոր Լուսաւորիչը,Արծրունեայց տան եպիսկոպոսներու բարձրաքանդակները: Տաճարի բարձրաքանդակներն ու զարդարագօտիներու համակարգը կը կապուին 9-11-րդ դարերու հայկական կեանքի, արուեստի եւ մշակոյթի հետ:

Վասպուրականի թագաւորութեան անկումէն ետք Աղթամար կղզին երկար ատեն մնացած է նաեւ եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական նստավայր:

Սբ. Խաչ եկեղեցին 96 տարի ընդհատումէ ետք 2007-ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վերակառուցուեցաւ որպէս թանգարան և 16 Սեպտեմբեր 2010-ին մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ պատարագը:

1113 թուականին  եկեղեցին վերածուած է վանքի, մկրտուելով Սուրբ Խաչ եկեղեցի: Մինչեւ 1895 թուական վանքը եղած է պատրիարքարան ու կաթողիկոսարան։ 1462 թուականին վանքի մէջ կատարուած է ընդհանուր  նորոգութեան աշխատանք մը, սակայն 1703 թուականի երկրաշարժի հետեւանքով ծանր վնասներ կրելու պատճառաւ վերանորագուած է 1712 -1720 թուականներու միջեւ:

1296 թուականին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած է Սուրբ Զաքարիա մատուռը,1763-ին եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը շինուած է Ժամատունը,18-րդ դարուն Սուրբ Ստեփանոս մատուռը եւ 19-րդ դարուն ալ՝ զանգակատունը:

Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան ու հայ արուեստի ժառանգութիւններու շարքէն ամենաթանկագին գոհարներու օրինակներէն մէկն է։

Եկեղեցւոյ վերջին վերանորոգման բուն նպատակը եղած է «Արեւելեան Անատոլու»ի մշակութային գանձերը միջազգային հասարակութեան ծանօթացնել եւ Թուրքիոյ ուխտագնացութեան զբօսաշրջիկութիւնը զարգացնել։ Այս նպատակը քօղարկելու նպատակով եկեղեցւոյ վերաբացման սուրբ արարողութեան արտօնելը, որպէս «ժէստ մը» եւ կամ իբր թէ «շնորհ մը» ներկայացնելը եւ նման զարդարուած խօսքերով օրակարգի բերելը թէ՛ համոզիչ չէ եւ ո՛չ ալ անկեղծ։

«Կարծեցեալ ժեստ»ի օրինակ կրնանք տալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցի անունով մկրտուած եկեղեցին թրքերէն առոգանութիւնը աւելի դիւրէն է ըսելով,  «Աքթամար քիլիսեսի» կոչելը անհամոզիչ ու անբաւարար պատճառաբանութիւն է, շինծու եւ յատուկ դիտաւորութիւններով մտածուած խորամանկ քայլ մը։

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի պատգամաւոր Քամիըլ Էօրլինկզի (Camiel Eurlings) պատրաստած «Եւրոպական Խորհրդարանի սկզբունքային որոշումները» վերնագրով տեղակագիրը, որ 16 Դեկտ. 2004-ին  հրապարակուեցաւ որպէս Թուրքիոյ  հասցէագրուած թելադրանք, 11-րդ յօդուածի որոշումը բացայայտ ձեւով  Թուրքիոյ կը յանձնարարէ, որ «Հասանքէյֆ», «Անի», «Աղթամար», «Զէյկումա» մշակութային կոթողներուն եւ գանձերուն  վերանորոգումը Եւրոպական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ եղած է եւ այս թելադրանքը  որպէս որոշում առած ու կնքուած է Եւրոպական Խորհրդարանի  15 Դեկտ. 2005  թուակիր նիստի ընթացքին,  262 դէմ, իսկ 407 թեր ձայնով:

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին վերանորոգութենէն անմինջապէս վերջ, սկզբնական շրջանին կարճ ժամանակ մը խաչ չունէր, խաչը աւելի վերջ դրուեցաւ, սակայն եկեղեցին պիտի մնայ որպէս «Թանգարան» եւ պաշտամունքի համար ժողովուրդին պիտի բացուի միայն տարին մէկ անգամ…

8 Սեպտեմբեր 2013-ին մատուցուեցաւ չորրորդ Սուրբ պատարագը, որմէ անմիջապէս ետք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ շուրջ հարիւր տարի վերջ առաջին հայածէս Մկրտութիւնը։

Կը խօսուի թէ վերանորգութեան համար շուրջ 2,5-3 միլիոն նոր Թ.Լ.  ծախսուած է եւ որուն մեծ մասը ապահովուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուած ֆոնտերէ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like