Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, 4 Հոկտեմբեր 2022
Հայ աշխարհը ամէն տարի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն կը նշէ «Թարգմանչաց տօն»ը՝ հաւատարիմ մնալով հայ գիրին, լեզուին, հաւատքին, ու կը վերանորոգէ իր ուխտը: Թարգմանչաց շարժումը հայոց պատմութեան անկիւնադարձային իրադարձութիւններէն է:
Թարգմանչաց տօնին հայ ժողովուրդը կը յայտնէ հայ գիրի գիւտարար եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ թարգմանիչ վարդապետներու նկատմամբ ունեցած իր երախտագիտական զգացումները եւ կը յիշէ անոնց անմոռանալի վաստակը ու խնկելի յիշատակը՝ «Թարգմանչաց տօն եւ մշակոյթի օրեր» անուան տակ:
Թարգմանչաց շարժումը սկսած է հայ գիրի գիւտէն անմիջապէս ետք, 405 թուականին, նպատակ ունենալով երկիրը ազատել բիւզանդական ազդեցութենէն, հիմնել հայկական դպրոցներ, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը հայերէնի թարգմանել, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնել՝ ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն մը սկզբնաւորելու միտումով:
Թարգմանչաց շարժումը կը հետապնդէր նաեւ պետական շահեր՝ զօրացնել թուլցած Արշակունեաց գահը պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէնէն հայերէնի վերածելով. իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու Եկեղեցւոյ միջոցով պէտք է նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու հայոց ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան:
Այսպիսով, փաստօրէն 5-րդ դարուն կը սկսէր Հայ մշակոյթի «Ոսկեդարը»՝ թարգմանական ինքնուրոյն հայ գրականութեան ստեղծումով, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական, գիտական, արուեստին, գեղարուեստին ու հայ ընկերային կեանքի զարգացման նուիրուած մենագրութիւններով:
Հայ թարգմանչական շարժումի նուաճումներէն մին ալ «Մաշտոցեան դպրոցներ»ու հիմնումն է: Այդ կրթարանները դարձան գրականութեան, քաղաքակրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի հետագայ զարգացման, հայ ազգի ինքնութեան պահպանման հիմնական կեդրոններ:
Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը կարեւոր դեր խաղցած է հայ իմացական կեանքին մէջ: Հայ մատենագրութիւնը սկսած է անոր հայերէնի թարգմանութեամբ: Անո՛վ է, որ քրիստոնէական ոգին իր աւետարանական ու փիլիսոփայական ամբողջ տարողութեամբ կը թափանցէ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ եւ որպէս դասագիրք այբբենարան` կը ձգուի դէպի միւս ազգերու քաղաքակրթութիւնը:
Իր պատմութիւններով, երգերով ու քրիստոնէական աւանդութիւններով, Աստուածաշունչը կը ստեղծէ ամուր աշխարհահայեացք` անցեալի, ներկայի ու ապագայի կեանքի մասին եւ միաժամանակ յոյս կը ներշնչէ հայութեան՝ տոկալու եւ յարատեւելու համար:
Հայերէն եկեղեցական լեզուն թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով` կը դառնայ գրական լեզու եւ կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ: Դասական հայերէնը կամ գրաբարը դարերու ընթացքին կ’ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները:
Վարդանանց պատերազմի աւարտէն տարիներ վերջ, հայ գրականութիւնը ապրեցաւ «նահանջ» մը, սակայն Անանիա Շիրակացիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի եւ այլ գրական ու գիտական մշակներու ջանքերուն շնորհիւ, հայ կեանքին մէջ սկսաւ «Արծաթեայ շրջան» մը, որ տեւեց մինչեւ 15-րդ դար : Մինչեւ այդ դարու սկիզբները թարգմանութեան լեզուն գրաբար էր, որմէ ետք հակում մը սկսաւ դէպի աշխարհաբար հայերէն. հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը թեւակոխեցին «Զարթօնքի շրջան»ը, որու ընթացքին իրենց շնորհալի ծառայութիւնները բերին Մխիթարեան հայրեր՝ առաջնորդութեամբ Մխիթար Աբբահայր Սեբաստացիի, Ղեւոնդ Ալիշանի եւ այլ երախտաւորներու: Հայ գրականութիւնը այսպէսով իր գիրքերու ու բառերու հարստութեան առընթեր ունեցաւ աւելի ճոխ ու յղկուած աշխարհաբար մը:
Հայ գիրերու գիւտով սկսած մշակոյթի զարգացման զուգընթաց, հայ կեանքի մէջ զարգացան ու հայ լայն զանգուածներու մտածողութեան մէջ արմատաւորուեցան մարդու եւ տիեզերքի վերաբերեալ գիտելիքները: Ուսողութեան, երկրաչափութեան, աստղագիտութեան, բժշկութեան, գիտութեան այլ ոլորտներու եւ գեղարուեստի մասին պատկերացումները օրուայ մտածողութեան մէջ զարգացան նա՛եւ «Հայ Թարգմանչաց շարժման» շնորհիւ. հայ ազգը իր ծոցէն ծնեց բազմաթիւ աշխարհահռչակ գիտնականներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ ու գրական մշակներ, որոնք իրենց կարեւոր նպաստը բերին ու կը շարունակեն բերել հայկական եւ համամարդկային քաղաքակրթութեան: