6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի խժդժութեանց 65-ամեակը
Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, 6 Սեպտեմբեր 2020
1950-ական թուականներու սկիզբին, Կիպրոսի հարցը Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կէտն էր: 1955-ին թրքական մամուլն ու հասարակութիւնը սկսան Թուրքիոյ յունական համայնքին նկատմամբ ժխտական կեցուածք դրսեւորել եւ հակակրանքի ու թշնամանքի զգացումներ տարածել: Ատնան Մենտերեսի Դեմոկրատ Կուսակցութեան կառավարութիւնը կը քաջալերէր այդ քարոզարշաւը՝ փորձելով այդպիսով հասարակութիւնը շեղել հետզհետէ ծանրացող տնտեսական կացութեան պատճառով աճող դժգոհութենէն, միաժամանակ՝ մտաւորականութիւնն ու ընդդիմութիւնը լռեցնել կասկածելի միջոցներով:
6 Սեպտեմբեր 1955-ին յայտարարուեցաւ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ծնած տան մէջ (Սելանիկ, Յունաստան) ռումբ մը պայթած է եւ թէ ռմբահարողը յոյն երիտասարդ մըն է: Նոյն օրը, թրքական մամուլը, պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական շրջանակները հակայունական քարոզչութիւնը գագաթնակէտին հասցուցին եւ սկսան շարժման անցնելու կոչեր ուղղել «արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած» (?!) թուրք ազգին: Նոյն իրիկուն սկսաւ առաջին յարձակումը յունապատկան կալուածներու վրայ: Քանդումի ու կողոպուտի այս ալիքին տարողութիւնը աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ: Յարձակումները տեղի ունեցան Սթամպուլի՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու համախումբ ապրած թաղերուն մէջ: Կազմակերպեալ հրոսակախումբերը յարձակեցան նախ յոյներու, ապա հայերու, հրեաներու, նոյնիսկ, սխալմամբ, քանի մը թուրքերու պատկանող խանութներու, տուներու, գործատեղիներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գերեզմանատուներու եւ ուրիշ կալուածներու վրայ՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Հոսկէ թուրքերը անցան» թեւաւոր խօսքին հերթական ապացոյցը ձգելով իրենց ետին:
Նախճիրը կրկնուեցաւ յաջորդ օրը՝ 7 Սեպտեմբերին՝ նոր թափով ու բազմապատկուած կատաղութեամբ:
Նախճիրի երկու օրերուն սպանուեցան 15 յոյներ, վիրաւորուեցաւ 300 հոգի, բռնաբարուեցան 400 կիներ, յարձակումի ենթարկուեցաւ, ջարդուփշուր եղաւ, կողոպտուեցաւ եւ/կամ հրոյ ճարակ դարձաւ շուրջ 4200 բնակարան, 1000 խանութ, 2 վանք, 73 եկեղեցի, 1 սինակոկ, 26 դպրոց, 5300 պանդոկ եւ ճաշարան… Նմանօրինակ դէպքեր տեղի ունեցան նաեւ Իզմիրի եւ կարգ մը ուրիշ քաղաքներու մէջ:
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի թրքական վայրագութիւնները պատճառ դարձան, որ յոյները զանգուածային կերպով հեռանան Թուրքիայէն: Մինչեւ 1950-ականներու վերջը, տասնեակ հազարաւոր յոյներ արտագաղթեցին: Թուրքիոյ յոյն բնակչութեան թիւը ընդամէնը քանի մը հազար հոգիի իջաւ:
Յոյներուն հետ մեծ կորուստներ կրեց նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքը: Միայն Սթամպուլի մէջ յարձակումի ենթարկուեցան եւ լուրջ վնասներ կրեցին հայոց շուրջ 150 տուներ եւ 900 գործատեղիներ.
Անտարակոյս, այս վանտալութիւնները (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար գործածել «թրքութիւնները» բառը) ժխտական ազդեցութիւն գործեցին Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կեանքին վրայ: Յաջորդ տասնամեակներուն՝ տասնեակ հազարաւոր հայեր եւս լքեցին իրենց ծննդավայրը ու արտագաղթեցին՝ մասնաւորաբար Գերմանիա ու Ֆրանսա:
Այդ երկու սեւ օրերուն, 10 տարեկան հասակիս ականատեսն ըլլալով այդ պաշըպոզուքութիւններուն, ներաշխարհիս մէջ ապրեցայ հոգեկան մեծ ցնցում մը՝ խտրականութեան ու այլատեաց ազգայնամոլութեան արգասիք վիրաւորանքի ու նախատինքի դառնահամ ցաւը:
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի նախճիրը անմոռանալի է: Անոր 65-ամեակին, մաղթենք որ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ նման ողբերգութիւններ երբեք չպատահին:
ԳԵՂԱՐԴ-ի խմբագրութեան կողմէ.
Մենք եւս կը փափաքինք յարգարժան յօդուածագիրի մաղթանքին իրականացումը: Սակայն կը տարակուսինք, որ այդ ցանկութիւնը կրնայ կատարուիլ թրքազգիներու միջավայրին մէջ: Ընդհակառակը. շատ աւելի հաւանական է ոչ-թուրքերու հանդէպ ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը. 1974-ին Կիպրոս ներխուժումը, Սումկայիթի, Կիրովապատի (հայկական Գանձակի) ու Պաքուի 1988-1990-ի ջարդերը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, Սուրիա ներխուժումը եւ երկրի որոշ տարածքներու գրաւումը, Լիպիոյ պատերազմին բացայայտ միջամտութիւնը, քիւրտերու նկատմամբ ամէնօրեայ բռնարարքները՝ վկայ: Թուրքը հաւատարիմ կը մնայ իր գայլային բնազդին. ան մեր եւ ուրիշներու բարի ցանկութիւններով պիտի չառաջնորդուի ԵՐԲԵՔ: