Լրատու, 29 մարտ 2024
Պատմաբան, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, կառավարման եւ քաղաքականութեան խորհրդատու փրոֆեսոր Վարսեն Աղաբեկեան նշանակուած է Պաղեստինեան Իշխանութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթողներու հարցերով պետական նախարար։ Իր աշխատանքային յառաջխաղացման ընթացքին ան ղեկավար դեր խաղցած է պաղեստինահայ գաղութին մէջ:
Աղաբեկեան եղած է հասարակական կազմակերպութիւններու հիմնադիր անդամ եւ Պաղեստինի Եկեղեցական գործերու նախագահական բարձրագոյն կոմիտէի անդամ։ Ան աշխատած է համալսարաններու խորհուրդներու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու մէջ, եղած է Պաղեստինի մարդու իրաւունքներու անկախ յանձնաժողովի գլխաւոր յանձնակատարը:
Բացի այս բոլորէն, ան եղած է Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի վերականգնման նախագահական կոմիտէի անդամ:
2021 թուականին Աղաբեկեան հեղինակած է «Պաղեստինահայ մը» (A Plestinian Armenian) հատորը՝ Սուրբ Տեղեաց հայոց 1600-ամեայ պատմութիւնը։ 2023-ին յաջորդեց «Գոյատեւման պատումը» հատորը պաղեստինահայոց ժամանակակից պատմութեան մասին: Այս մենագրութեան մէջ դոկտոր Աղաբեկեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է պաղեստինեան Նաքպային (արաբերէն՝ «աղէտ») ու հայոց վրայ անոր ազդեցութեան։ «Նաքպա» բառը 1948-ին Պաղեստինի գրաւման առաջին փուլն ու պաղեստինցիներու առաջին զանգուածային տարագրութիւնը բնորոշող եզրն է արաբական աշխարհին մէջ:
Վարսեն Աղաբեկեան երրորդ հայն է, որ բարձր պաշտօնի կը կոչուի Պաղեստինեան Իշխանութեան (ՊԻ) կողմէ: Մանուէլ Հասսասեան եղած է ՊԻ-ի դեսպանը Միացեալ Թագաւորութեան եւ Դանիայի Թագաւորութեան մէջ, իսկ պատմաբան Ալպերթ Աղազարեան զբաղցուցած է ՊԻ-ի քաղաքական խօսնակի պաշտօնը:
Ի յաւելումն պատմութեան մասին իր երկու գիրքերուն, Աղաբեկեան գրած է բազմաթիւ ձեռնարկներ, յօդուածներ եւ ազգային զեկոյցներ Երուսաղէմի, կրթութեան, առողջապահութեան, երիտասարդութեան եւ կանանց խնդիրներու վերաբերեալ:
Արտաքին գործոց նոր նախարարն ունի երկու զաւակ եւ երկու թոռ: