Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 12 Մարտ 2020
Շատեր կրնան հարց տալ.
Հիմա ասոր ժամանա՞կն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը ունին իրենց սուր հարցերը, Լիբանան կը տուայտի իր տնտեսական տագնապներուն մէջ, իսկ սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս կը դիմագրաւէ լինելիութեան տարատեսակ մարտահրաւէրներ:
Այդուհանդերձ, այդ բոլորը կրնա՞ն նշանակել, որ Հայ Եկեղեցւոյ մասին անդրադարձ չկատարուի, երբ ան եղած է հայ ժողովուրդի գոյութեան դարաւոր պատմութեան գլխաւոր խարիսխը եւ գրաւած է առաջնորդող դեր անոր կեցութեան մէջ:
Հայ ժողովուրդը, արդարօրէ՛ն, կը հպարտանայ իր ազգային Եկեղեցիով, որ ոչ միայն դարձած էր կրօնա-հոգեկան օճախ, այլեւ փոխարինած էր պետութիւնը, իշխանութիւնները, ղեկավարութիւնները, որոնք երկար ժամանակ դադրած էին պատերազմներու, յարձակումներու թէ շրջափակումներու պատճառներով:
Այլ խօսքով, Հայաստանեայց Եկեղեցին էր, որ պահած էր հայ ժողովուրդը, պաշտպանած ու զօրակցած անոր, մէկ կողմէ՝ իր կրօնական հեղինակութեամբ, միւս կողմէ՝ աշխարհակալական հզօրութեամբ:
Պատահական չէ որ Հայ Եկեղեցին, լուսաւոր փարոսի ուժգնութեամբ, նոյնացած է իր ժողովուրդին հետ, դաստիարակած ու կոփած զայն՝ մղուած իր ազգային առաքելութեան հաւատամքէն, ուղեգիծէն ու պաշտամունքէն, այդ նկատելով իր ամբողջական էութեան հիմնաքարը:
***
Այս գրութեամբ կ’ուզենք հարց տալ, թէ այսօր Հայ Եկեղեցին, իր միութեամբ, միասնութեամբ ու մէկութեամբ, ո՞ւր կը գտնուի. անշուշտ, խօսքը գերազանցապէս կը վերաբերի իր կառուցային գահակալութեան ու նուիրապետականութեան եւ ոչ թէ հաւատաւորութեան կամ հաւատապաշտութեան:
Աւելին. մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ, ուղղակիօրէ՛ն, ԹԵՄԱԿԱՆ գոյավիճակին, որ ներկայիս կը պարզէ տարանջատուած եւ անօրինականացած կարգավիճակ մը ի տես այսպէս ըսած էջմիածնական եւ անթիլիասական բեւեռացումներուն, որոնք ծնունդ առին Լիբանանի մէջ 1956-ին, երբ յափշտակութիւններ ու բռնագրաւումներ տեղի ունեցան վերջիններուն՝ անթիլիասականներուն կողմէ:
Դժբախտաբար, այդ դատապարտելի գործողութիւններն ու խաղքութիւնները տեղի չունեցան միայն եկեղեցական հակամարտութիւններու պատճառով, այլ նաեւ՝ արտաքին քաղաքական միջամտութիւններու, որոնց կամակատարները կամ գործադրողները հանդիսացան ՈՐՈՇ հայկական հատուածներ:
Մինչեւ օրս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը գործէ իր երկգլխանիութեամբ, հակառակ Էջմիածին-Կիլիկեան Աթոռ մերձեցումի, գործակցութեան եւ յարաբերութեան գործօններուն, որոնք, շնորհակալ եւ օգտաբեր ըլլալով հանդերձ, ո՞րքանով կը ծառայեն (կամ ծառայեցին) օրին ծագած ու ցարդ նուիրագործուող, տարանջատիչ կապանքներու վերացումին:
Վաթսուն տարիէ աւելի անցած է մեղմ ըսած՝ բաժանումի տխրահռչակ թուականէն, սակայն ոչ մէկ գործնական լուծում արձանագրուած է դէպի բարւօք տնօրինում կամ ընդունելի կարգադրութիւն:
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու միջեւ սկսած Էջմիածին-Կիլիկիոյ Աթոռ շփումները ոչինչով նպաստեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ միացումին կամ յափշտակուած թեմերու օրինավիճակի կարգաւորումին: Ընդհակառակը, թեմերը ոչ միայն մնացին «պատանդուած» ու «սեփականացուած», այլեւ նորեր եկան միանալու եւ ամբողջացնելու անոնց՝ մէկ ու միացեալ Եկեղեցիի հասկացողութիւնը դարձնելով … խօսք ու խօսք, ցնորք ու ցնորք:
Զոյգ կաթողիկոսներու եղբայրական հանդիպումները կամ ողջագուրումները (որոնք այլապէս ալ ողջունելի էին) մնացին այդ սահմաններուն մէջ – տեսակցութիւններ, համագործակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, այցելութիւններ – մինչ անդին, գլխաւոր հարցերէն մէկը՝ ԹԵՄԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿը «դատապարտուեցաւ» մոռացութեան, աւելի ճիշդ՝ թղթային պատկանելիութեան:
Պատահակա՞ն էր այս մէկը, թէ՞ դիտաւորեալ: Գիտուն կամ մարգարէ ըլլալու չէ պատասխանելու համար այս հարցումին, պարզապէս անոր համար, որ պատճառաբանութիւններն ալ շատ են.
- Եկեղեցին ծանրաբեռնուած է
- Այս հարցը առաջնահերթային չէ
- Ժամանակը տակաւին հասունցած չէ
- Տրամադրութիւնները չեն բիւրեղացած
- Ժամանակները ձեռնտու չեն
Ո՞րքան տրամաբանական, արդարանալի կամ ընդունելի են այս պատրուակները՝ կը մնան մե՜նծ հարցականներ, որոնց պատասխանները ենթադրուած է (՞) գտնել պատկան եկեղեցականներուն մօտ, սակայն տպաւորութիւն կայ, որ բոլոր կողմերը կը խուսափին այս ՓՇՈՏ հարցին մօտենալէն, ալ ո՜ւր մնաց արծարծելէն:
Զոյգ կաթողիկոսութիւնները կ’ունենան իրենց հերթական խորհրդաժողովները ու պատգամաւորականները, աշխարհականներու մասնակցութեամբ, բայց հետաքրքրական է՝ այս անժամանցելի հրատապութիւնը օրակարգի նիւթ կը դառնա՞յ, գոնէ մասնակի չափով, բայց հետեւողական կամ յաջորդական ընթացքով:
Շատեր կը տարուին մտածելու. դժուա՜ր թէ այդ օրակարգը տեղ մը արձանագրուած կամ յիշուած ըլլայ, այլապէս, պաշտօնական հաղորդագրութիւններու եւ յայտարարութիւններու մէջ, գէթ ակնարկութիւն մը կատարուած պիտի ըլլար:
Թեմերու բռնագրաւումը շատ ՍՈՒՂ արժեց հայ ժողովուրդին, մանաւանդ լիբանանահայութեան (որուն մասին պիտի չխօսինք հոս), բայց, անոնք որոնք – ազգայիններ թէ կազմակերպութիւններ – ոգի ի բռին պաշտպանեցին Հայ Եկեղեցւոյ բնական կարգավիճակին պահպանումը եւ դատապարտեցին ցուցաբերուած աններելի ոտնձգութիւնները, անոնց մեծ մասը այսօր մեկնած է այս աշխարհէն:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ քանի մը սերունդներ եւս հեռանան այս կեանքէն, թեմերու օրակարգի քննարկումը (կամ լուծո՞ւմը) երբեք չտեսնելով, որովհետեւ Եկեղեցին ի վիճակի չէ զայն իր լրումին հասցնելու, կամ՝ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ է անոր անդրադառնալը:
Ուրիշ ի՞նչ մտածում պէտք է ունենալ, եթէ ոչ՝ տրամադրութիւն մը, որ թեմերու թղթածրարը բանալը անկարելիութիւն (՞) է, «կարմիր գիծ» մը, զայն ոչ-պաշտօնապէս նկատելով անփոփոխելի, հուսկ՝ նուիրագործուած:
Բոլոր տուեալներն ու նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այս վերջին տեսակէտը հաւանական ընտրանք մըն է այնքան ատեն որ լռութիւնը, անտեսումը կամ շրջանցումը կը մնան գերազանցապէս զգալի իրականութիւններ:
Ինքնին հարց է, որ Հայ Եկեղեցւոյ միութեան ջատագովները, այս պարագային՝ թեմերը աւանդականօրէն եւ օրինականօրէն իրենց սեփականութեան իրաւունքին մէջ պահելու կոչուած կողմերը, սկսելով գերագոյն մարմիններէն, ինչո՞ւ կրաւորական ընթացքին մէջ են այս օրակարգին նկատմամբ: Չէ՞ որ, ամէն ժամանակէ աւելի, հիմա՛ է պահը այս թղթածրարը մաս առ մաս բանալու, անշուշտ եթէ կան ատոր պատրաստակամութիւնն ու նախաձեռնութիւնը՝ առանց նախապաշարումներու ու բարդոյթներու:
Հետեւաբար, ինչո՞ւ չլծուիլ այս անյետաձգելի հիմնահարցի հրապարակայնացումին: Ո՞վ է արգիլողը կամ արգելակողը: Ի՞նչն է անկարելին կամ անիրականանալին: Ո՞ւր է խոչընդոտը կամ ո՞վ է խոչընդոտողը: Ո՞վ է պատասխանատուն կամ անպատասխանատուն:
Եկեղեցին ի՛նք պէտք է տնօրինէ այս ստուգատեսի ձեռնարկման երթը, որովհետեւ ատիկա ի՛ր պարտականութիւնն է, ի՛ր իրաւասութիւնը, ի՛ր լիազօրութիւնը. ուրիշ ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ կողմ միջամտելու իրաւունք պէտք է ունենայ, քաղաքական, կուսակցական կամ որեւէ այլ նկատառումներով:
***
Եղաւ ժամանակ, երբ անկախ Հայաստանի կառավարութենէն «հերոս» նախարար մը համարեա գոռաց.
Սփիւռքի եկեղեցիները (իմա՝ թեմերը)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայաստանեայց եկեղեցիները՝ Ս. Էջմիածինին:
Մէկ շունչով, յայտարարութեամբ ու կարգախօսութեամբ, «վճիռ»ը արձակուած էր, բայց չափազանց տհասութեամբ եւ անգիտութեամբ, որ միայն ԱՄՕԹ կը բերէ հայրենի պետականութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկին ու արժանապատուութեան:
Եթէ հայ ժողովուրդը հպարտացող է իր Եկեղեցիով եւ արդարօրէն կը հաւատայ անոր գոյութեան արժանիքներուն ու նուիրականութիւններուն, ապա ինչո՞ւ ան կը մնայ իր մէկութենէն դուրս անջատողականութիւն մը, այս պարագային՝ իր թեմերու անճիտումով ու աղճատումով, ի յուսախաբութիւն իր հաւատացեալներուն, որոնք տակաւին կ’ուզեն համոզուիլ, որ «տունդարձ»ի ճամբան եւ դէպի արդարութիւն, պատմականութիւն ու օրինականութիւն միակ ուղին վերադարձն է թեմերու պատմականութեան ճշմարտութեան:
Սակայն կը թուի թէ այդ հաւատացեալներուն եւ եկեղեցական-աշխարհականներուն միջեւ կան փարսախներով հեռաւորութիւններ, առաջինները՝ իրենց անդրդուելիութեամբ, երկրորդները՝ իրենց յամառութեամբ, առաջ բերելով ոչ միայն անհանդուրժողութեան մթնոլորտ մը, այլեւ բաժանելիութեան տակաւ ամրացուող տխուր հեռանկար մը:
Վերջին հաշուով, երբ այնքան ջերմեռանդօրէն (եւ իրաւացիօրէն) կը փառաբանուին ու կը շեփորուին, կը գովերգուին ու կը վկայակոչուին հայրենական միասնութիւններու անհրաժեշտութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ջատագովուին ու կ’արժեւորուին Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեանց եւ արդիւնաւէտութեանց հրամայականները, տարօրինակ չէ՞, որ թեմերը կը յամենան իրենց տխուր անցեալի յորձանուտներուն մէջ, սառած ու կաղապարուած հայեացքներուն տակ երէկուան «յափշտակիչ»ներուն ու անոնց այսօրուան ժառանգորդ «հանդիսատես»ներուն:
Օրին, երբ օրինապատկան թեմերը ԲՌՆՕՐԷՆ խլուեցան իրենց օրինական տէրերէն, օտար ուժերու խուլիգանական ու քաղաքականացած միջամտութիւններով, ցաւալի համատեղութեամբ ու համադրութեամբ հայկական կողմերու, առանց խպնումի ու զսպումի (որոշապէս՝ գիտակցաբար), մեկնելով իրենց եսասիրական ու բռնագրաւական ախորժակներէն, այսօր ի՞նչը չի մղեր վերատեսութեան՝ թեմերը զետեղելու իրենց ՃՇԳՐԻՏ ու ՊԱՏՄԱԿԱՆ պարունակներուն մէջ:
Ներկայիս չկայ Խորհրդային Միութիւն, չկայ շամունիզմ, չկայ ՈՐԵՒԷ պատրուակ թեմերը ձգելու քմահաճ ինքնահոսերու մէջ, հուսկ ամէն մէկը գտնելու իր տեղը՝ իր հարազատ պատկանելիութեան ոլորտին մէջ:
Իսկ եթէ այս փաթեթը եւս պիտի շարունակուի ենթարկուիլ հին-նոր, նոր-հին քաղաքականացումի ու կուսակցականացումի առաձգականութեան, ալ ի՜նչ Եկեղեցի՝ անոր միութեամբ ու միածնութեամբ:
Կը բաւէ՛ ժողովուրդը օրօրել, թմրեցնել ու «հիպնոս»ացնել եղերամայրական, ցանկատեսական ու խաբկանքային լաւատեսութիւններով, սպասողականութիւններով եւ յուսադրումներով, այլ բացէ ի բաց յայտարարել, որ թեմական ներկայ վիճակը ՅԵՏԴԱՐՁ չունի, ա՛յս է չոր իրականութիւնը, ընդունուի թէ ոչ:
***
ԾԱՆՕԹ.
Այս գրութեան շարադասումն ու խմբագրումը համարեա վերջացած էին, երբ «ձայն մը հնչեց… Քանատայի» հեռաւոր մէկ անկիւնէն. կիլիկեան նոր վիճակ մը ձեւաւորուած ու կարգաւորուած է, հերթական ոտնձգութեամբ:
Ցարդ ո՛չ Ամենայն Հայոց, ո՛չ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն լուր մը, լուսաբանութիւն մը, յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ՝ աւելիով մթագնելով թեմական կարգուսարքին ներկայի եւ ապագայի ճակատագիրը:
Անկախաբար մեր դիտարկումներէն, ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա եթէ ոչ՝ Հայաստանեա՜յց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմական համակարգի մասին այլեւս պէտք չկայ … խօսելու կամ յիշելու, որովհետեւ յափշտագործարքը ընդմիշտ … նուիրագործուած է: