6 Մայիս 2021
1952 (Թրիփոլի, Լիբանան) – 2021 (Լոս Անճելըս)
Վաղաժամ ծանր կորուստ մը կրեց Գալիֆորնիոյ, յատկապէս Լոս Անճելըսի հայութիւնը՝ Արա Ահարոնեանի անժամանակ մեկնումով: Ան կը սատարէր keghart.org-ին եւ յաճախ կը մասնակցէր իր յօդուածներով:
Արա Ահարոնեան այն քիչերէն էր, որ ՌԱԿ-ի մէջ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուելուն զուգահեռ լայն կապեր հաստատած էր նահանգային եւ գաւառական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ ներկայացնելով հայութիւնը շահագրգռող խնդիրներ եւ պահանջներ: Արա Ահարոնեան գրչի մարդ էր նաեւ: Դեռ աշակերտական եւ ուսանողական տարիներէն յօդուածներ ստորագրած է «Զարթօնք»ի, «Պայքար»ի, «Նոր Օր»ի եւ այլ կուսակցական թերթերու մէջ:
Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ան հրատարակած էր քանի մը կարեւոր գրքոյկներ, ինչպէս՝ «Երախտաւորներու ուղին» Ա. եւ Բ. Հատորներ, «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն», հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով (2001, 2011), «Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները» (2014): Վերջին տասնամեակին Ա. Ահարոնեան անխոնջ կերպով լծուած էր ՌԱԿ-ի երախտաւորները ընթերցող լայն հասարակութեան ներկայացնելու կարեւոր առաքելութեան, իսկ վերջին քանի մը տարինրուն ան ամբողջ հոգիով ու մտաւորական ունակութիւններով կը պատրաստուէր լոյսին բերել ՌԱԿ-ի համապարփակ պատկերազարդ պատմութիւնը՝ շուրջ 650 էջ:
Արա Ահարոնեան մեծ դեռ ունեցած է նաեւ Արմենականներու գաղափարախօսութեան ժողովրդականացման մէջ: Յիշատակութեան արժանի է իր գործօն մասնակցութիւնը Արմենական շարժման ստեղծման ուղղութեամբ Լոս Անճելոսի մէջ՝ 1980-ականներու վերջը եւ 1990-ականներու սկիզբը:
Իր մահը կը սգան անմիջական հարազատները, ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի մեծ ընտանիքը: Այս տխուր առթիւ keghart.org-ի խմբագրական կազմը իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն: