Յետ մահու շնորհանդէս Արա Ահարոնեան վերջին գիրքի

Թղթակից.- Արա Ահարոնեան keghart.org-ի ջերմ սատարողներէն էր՝ միաժամանակ յօդուածներով հանդէս կու գար մեր թերթին մէջ։ Վերջերս,  Օգոստոս 21-ին Փասատինայի (Քալիֆորնիա) ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորին շնորհանդէսը եւ հանգուցեալին յուշ-երեկոն։

«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորը լոյսին եկաւ շնորհիւ Դոկտ. Մինաս եւ Նազիկ Գոճայեաններու շուրջ երկու տարուայ տքնաջան աշխատանքին։ Վերջիններս իրենց խօսքին մէջ ըսին թէ  առանձաշնորհուած կը զգան այսպիսի խիստ շահեկան գիրք մը հրատարակելով, որով իրենք կրցան վաղամեռիկ Արա Ահարոնեանի տարիներու աշխատանքը եւ երազը իրականացնել՝ շնորհիւ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան նիւթական աջակցութեան։

350 էջնոց այս գիրքը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ, ունի 127 գլուխ, որոնց մէջ հեղինակը տուած է ՌԱԿ-ի նախակարապետը հանդիսացող Արմենական կուսակցութեան պատմութիւնը մինչեւ 1921-ի ՌԱԿ-ի հիմնադրութիւնը։ Մնացեալ էջերուն մէջ բծախնդրութեամբ կը ներկայացուին  սփիւռքի մէջ ՌԱԿ-ի գործումէութիւնը եւ անոր յարաբերութիւնները Հայաստանի երեք հանրապետութիւններու հետ։ Ա. եւ Բ. Պատերազմներու եւ Պաղ պատերազմի տարիներուն կուսակցութիւնը ամէն ջանք թափած է սիրալիր յարաբերութիւններ պահելու Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ գաղափարական տարբեր բեւեռներու վրայ գտնուելով հանդերձ։ Հատորին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած են այդ մասին վկայող տուեալներ եւ պատգամաւորական ժողովներու որոշումներ։

Այս հատորին մէջ կը կարդանք մեր ժողովուրդի վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, ազգային միաւորներու, կուսակցական համագումարներու, ՌԱԿ-ՀԲԸՄ, ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի եւ հայերնիքի հետ ունեցած աշխատանքներու մասին։

Շնորհանդէսի ատեն ելոյթներ ունեցան մտերիմներ եւ կատարուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

*****

Նկար.- Յայտագրին մասնակիցներ եւ հեղինակին հարազատները

Հատորին կողքը

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Ձեր Կենացը՝ Չին-Չին

Աւետիս Ռազմիկ, «Արարատ», Պէյրութ, 23 Մայիս 2015 Հանրածանօթ Ֆէյսպուքը (Դիմատետր) վերջերս ծանուցեց, թէ նորերս հիմնուեր է «Ֆինլանդիայի Հայ…
Read More