Հայկական այլընտրանքային հարթակի 2-րդ հաւաքը

Հայկական Այլընտրանքային Հարթակը (ՀԱՀ) ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ Ձեզ որ իր առաջին հանդիպումը ծառայեց իր նպատակին։ Ներկայ էր մեծ թիւով հայրենասէր եւ մտաւորական հասարակութիւն մը։ «ՀԱՀի միմնադիրներէն Գէորգ Հալեպլեան եւ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան ուղղորդեցին հանդիպումը, որուն գագաթնակէտը եղաւ յայտնի վերլուծաբան եւ մեկնաբան Արմէն Չիբուխչեանի զեկուցումը։

Օրուան գլխաւոր զեկուցաբերը շեշտեց ժամանակակից առցանց հաղորդակցութեանց կարեւորութիւնը։ Ընդգծեծ սփիւռքի հայութեան, յատկապէս Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մեր հայրենակիցներու աւելի գործուն (ակտիվ) մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որուն շնորհիւ Հայրենիքի հայութիւնը դուրս կրնայ գալ քաղաքական անտարբերութենէն եւ միացեալ ջանքերով ԱՄՆ-ի տարածքին կը շեշտենք մեր ներկայութիւնը, որպէս քաղաքական ոյժ։

Հարթակի յաջորդ հաւաքոյթը նախատեսուած է կատարել հինգշաբթի՝ յունուար 16-ին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնէն ներս (1901 N. Allen Street, Altadena), երեկոյեան ճիշդ ժամը 7:30-ին։ Օրուան գլխաւոր զեկուցաբերն է  California Courier շաբաթաթերթի երկարամեայ խմբագիր, քաղաքական մեկնաբան եւ յայտնի հրապարակագիր ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, նիւթ ունենալով Սուրիոյ եւ շրջանի վերջին զարգացումներն ու հայութիւնը։ Վերջաւորութեան ներկաները առիթ պիտի ունենան հարցումներ ուղղելու եւ հակիրճ ելոյթներ ունենալու։

Հարթակի նախաձեռնողներ՝
Վարդգէս Գուրուեան
Գէորգ Հալեպլեան
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան

Մանրամասնութիւններու համար դիմել (818) 389-6509
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like