ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ Է

Յակոբ Անդրէասեան, Երուսաղէմ, 3 Յուլիս 2020

Զարմանալի երեւոյթ մը կը պարզուի Հայաստանի տարածքին Պսակաձեւ վարակի այս ամիսներուն: Ուղղակի մեր ուղեղին մէջ չհամատեղուող յամառութիւն մը կը նկատենք, երբ մեր հայրենակիցներէն շատ շատեր զգուշաւորութեան փոխարէն կը ցուցադրեն տարօրինակ յամառութիւն մը, անբացատրելի ընդվզում մը, բարկաճայթ կեցուածք մը, կարծես իրենց ամէնէն կենսական ունեցուածքը կը խլեն իրենցմէ:

Մինչ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ ժողովրդային լայն զանգուածներ դիմակ կապելով եւ պաշտպանիչ ձեռնոցներ հագնելով մեծ ճիգ թափեցին կարելի եղածին չափ կասեցնել վարակին տարածումը, մեր հայրենիքին մէջ տակաւին կը շարունակուի տիրել տարօրինակ ապստամբութիւն մը, լրջօրէն չհաստատուած կասկածամտութիւն մը եւ չհիմնաւորուած «դաւադրական ծրագրի մը» հանդէպ հաւատք մը:

Երկու տարբեր հարցեր են վարակի ստեղծման-յառաջացման պատճառներն ու հեղինակները  եւ անոր դէմ պաշտպանուիլը, նախապատրաստուիլն ու զգուշութեան դիմելը: Կրնանք կասկածներ ունենալ թէ սաինչ պետութիւնը, սաինչ բազմամիլիարդատէրը եւ կամ նաինչ դեղագործական ընկերութիւնը ստեղծեցին, որպէսզի պլա-պլա-պլա…: Փաստը այն է որ կայ, կը տարածուի, ինչպէս ԱՄՆ-ի եւ մեր հայրենիքին մէջ ալ դժբախտաբար: Պատճառները ըստ մեր հաւաքած լուրերուն՝ ԱՄՆ-ի մէջ անժամանակ ցոյցերն էին (Black lives matter…) եւ այս առթիւ շատ շատերու անդիմակ մասնակցութիւնը, շուկաներուն եւ հասարակական վայրերու վաղաժամ վերաբացումը, վարչակազմի կողմէ վերէն վար ղրկուող երկդիմի եւ հակասական հրահանգները, իսկ մեր հայրենիքի պարագային նաեւ անհնազանդութիւնը, կարգ ու կանոնի չենթարկուելու հոգեբանութիւնը եւ այլ ազդակներ:

Շատ բարի, պահ մը ընդունինք թէ չես հաւատար թէ պսակաձեւ վարակ մը կայ եւ ատիկա արհեստածին է ու շինծու եւ այլն, բայց ատիկա ՉԷ ՓԱՍՏՈՒԱԾ ցարդ: Սակայն փաստ է որ մեր հայրենիքին մէջ արագօրէն եւ վտանգաւոր մագլցումով կրկնապատկուեցաւ վարակուածներուն թիւը: Այս մէկը գոնէ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ, թէեւ այս անգամ պիտի ըսեն թէ իբր «փող են տալիս» որ մահացողին համար յայտարարեն թէ «Կովիդ19»ի պատճառով մահացաւ, որպէսզի պլա-պլա-պլա…:

Խելամտութիւնը կը թելադրէ որ զգոյշ ըլլալը աւելի օգտակար է, որովհետեւ վարակին գոյութեան նոյնիսկ եթէ 50% հնարաւորութիւն տանք, աւելի ճիշդ չ’ըլլա՞ր պաշտպանուիլ եւ զգուշաւորութեամբ ապրիլ մինչեւ վարակը սկսի մարիլ կամ պատուաստը գտնուի:

Հոս, Երուսաղէմի եւ Իսրայէլի մէջ, ուր կը գտնուին աշխարհի ամէնէն յայտնի դեղագործական հաստատութիւնները, որոնք միլիարդներով եկամուտ կը բերեն երկրին, բաւական արդիւնաւէտ բուժական համակարգ կայ (ճիշդ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի պէս), վերջերս վարակի յաջորդ ալիքը սկսաւ բարձրանալ, որովհետեւ շատ քաղաքացիներ չեն ընդունիր պաշտպանուելու հրահանգը, ինչպէս որ չեն ընդունիր զանազան պատուաստումներ: Շատ մը հասարարակական փոխադրութեան միջոցներ խճողուած են  օրուան որոշ ժամերուն եւ դժբախտաբար բազմաթիւ քաղաքացիներ դիմակ  չեն կրեր: Արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ գրեթէ մարող վարակը նորէն գլուխ կը բարձրացնէ եւ մեր գլխուն ալ փորձանք մը կ’ըլլայ…:

Գրեթէ նոյնն է մեր երկրի պարագան: Երբե՛ք արդարացուցիչ չեմ գտներ «Ես հաւատացած չեմ», «ոչինչ էլ չկայ», «սաղ շինծու բան ա…», «ես ազատ եմ, կ’ուզենամ կը դնեմ, չեմ ուզի, չեմ դնի» եւ նման եսակեդրոն  արտայայտութիւնները: Ասիկա կը նմանի այն պարագային, երբ թշնամիին ռմբակոծիչ օդանաւերը վերէն ռումբեր կը տեղացնեն քաղաքին վրայ եւ սակայն մարդիկ կը գտնուին եւ կ’ըսեն. «Աստուած մեծ է, Ան կը խնայէ իր զաւակները…»:

Հայաստանցի իւրաքանչիւր քաղաքացի ՊԱՐՏԱՒՈՐ է ենթարկուիլ ամբողջ Հայաստանին վերաբերող վարակի կանխարգելման նպատակով տրուած հրահանգները: Այլապէս չենթարկուիլը կը դառնայ անհնազանդութիւն, անիմաստ յամառութիւն, անձնական քմահաճոյք:

Վերջերս նախանձս շարժեցաւ եւ վիրաւորուած զգացի, երբ կարդացի թէ Եւրոպական Միութիւն մտնելու արտօնութիւն չէ տրուած Հայաստանին, որովհետեւ մենք չենք համապատասխաներ առողջապահական ցուցանիշներուն, այլ խօսքով՝ չենք որակաւորուիր, մինչ մեր դրացի Վրաստանին կը տրուի արտօնութիւն: Ասիկա մեծ ամօթ մը կը նկատեմ ես՝ Երուսաղէմի մէջ քիչ թէ շատ հասարակական երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած անձս:

Հետեւաբար,

ա.- քանի որ մեր երկրին մէջ կը տիրէ թաքուն թշնամին՝ պսակաձեւ ժահրը, առաւել եւս երբ մեզի կը սպառնան ներքին բախումները, արեւելքէն,արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն տեղացող ակնյայտ գործողութիւններ, իրաւունք չունինք ազատ թողուլ որ անոնք կատարեն իրենց կործանիչ դերը:

բ.- Երկրին մէջ անմիջապէս հռչակուի արտակարգ վիճակ:

գ.- Վարչապետ Փաշինեանը նոր «յեխափոխութիւն» մը պէտք է ընէ եւ անցնի կտրուկ միջոցներու: Այս թշնամիներու դէմ պայքարը մեղմ չի կրնար ըլլալ,  մանաւանդ տականքներու դէմ, որոնց պէտք է չէզոքացնել քաղաքականապէս,օրէնքէ դուրս յայտարարէ հակա-յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ բոլոր կեղծ (ֆէյք) լուրեր տարածողները՝ տալով իրենց արժանի պատիժը։

Hagop Antreassian
Ceramic Artist
P.O.BOX 14176
Jerusalem 91141
Tel. +972 2 626 3871
Mobile. +972 (0)54 300 8577
E-Mail. [email protected]

 

 

1 comment
  1. Երբե՛ք արդարացուցիչ չեմ գտներ «Ես հաւատացած չեմ»
    Շատ վատ է, որ հավատացած եք։ Այստեղ իրոք հավատքի հարց է։ Հավատք ունեցողն իրոք դրան չի հավատա։ Գոնե՝ որեւէ հավատ։ Ես անձամբ ունեմ հավատ գիտության հանդեպ, եւ որպես այդ հավատի (եւ տրամաբանության) կրող տեսնում այս ամենի հակագիտական, փաստերի հետ կապ չունեցող հանգամանքները, որոնց ետեւում՝ ձեր նշած դեղագործ ավազակների ձեռքն է։ Գոնե դուք սփյուռքում ջուր մի լցրեք հայ ժողովրդի թշնամիների ջրաղացի վրա։ Բավական է, որ դուք՝ սփյուռքը կա, եւ մեր գլխին գլխացավանք է։ Գոնե լռեք։ Իսկ ավելի լավ է՝ ձեր մեղքերը քավելու համար՝ վերադարձեք Հայրենիք․ այստեղից ձեր խոսքն ավելի ճիշտ ուրվագծեր կստանա։
    Եթե իհարկե հավատք ունենաք։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like