Մտորումներ մնայուն շահերու մասին

Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 20 Սեպտեմբեր 2022

Չկան մնայուն բարեկամներ, չկան մնայուն թշնամիներ, կան միայն մնայուն շահեր:

Այսօր, աւելի քան երբեք, հայ հասարակութիւնը պարտի գիտակցիլ այս իրողութեան:

2020 թ. աշնան, ազերի բանակը իր ետին ունենալով Թուրքիա, Փաքիստան, սուրիացի վարձկաններ, և օժտուած արդի բարձր ճշգրտութեան ԱԹՍ-երով և ապօրինի զէնքերով, 44 օրուայ մէջ յաջողեցան վերականգնել իրենց տնօրինութիւնը Արցախի մեծ մասին, ներառեալ շրջակայ 7 տարածքներուն վրայ:

Նոյն ատեն ռուս խաղաղապահներ մուտք գործեցին Արցախ և «փրկեցին» հայ բնակչութիւնը կոտորածէ, Արցախի կարգավիճակի որոշումը թողելով ապագային:

Ասիկա ուրիշ բան չէր եթէ ոչ նոյնինքն Լաւրովի 2015 թ. յղացած ծրագրին պարտադրումը հայ ժողովուրդին:

Սերժ Սարգսեան 2018 թ. յայտարարած էր թէ բանակցութիւնները մտած էին փակուղի, իսկ անոր փոխարինող Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր թէ որեւէ լուծում անկարելի էր ընդունիլ առանց արցախահայութեան, որ 2001-էն ի վեր դուրս քշուած էր բանակցութիւններէն:

Բոլորին համբերութիւնը կարծէք հատած էր, և պահը եկած էր Ռուսաստանի, Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի որ իրենք իրենց միջև հարցը լուծեն և վե՛րջ:

Այդ ձեւով Ատրպէյճան կը վերատիրանար իր 7 գրաւուած շրջաններուն, Թուրքիա զօրաւոր հարուած մը կը հասցնէր ծունկի բերելու հայ ժողովուրդը, իսկ Ռուսաստանի առիթը կ՛ընծայէր որ Արցախ իր հսկողութեան տակ առնէր:

Եւ ինչու չէ, թաւշեայ յեղափոխութիւնով իշխանութեան գլուխ եկած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը կանխատեսելով, Ռուսաստան իր հլու հնազանդ «նախկինները» վերադարձնելու և իր դիրքերը որոշ չափով պաշտպանելու յոյսով կը գտնուէր Կովկասէն ներս:

Ռուսաստանի ծրագրած միութենական պետութենէն ներս Ատրպէյճանը նոյնպէս ներգրաւելու նպատակով, ան սակարկութիւններու սկսաւ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի հետ՝ Հայաստանի հաշւոյն, որ Զանգեզուրը զիջելով և Արցախի հետ միասին միանգամընդմիշտ անցնէր պատմութեան գիրքերուն՝  իբրեւ երբեմնի գոյութիւն ունեցող հայկական պետութիւն:

Ռուսաստան փոխանակ Հայաստանի մէջ իր տեղաւորած բանակը արեւելեան սահմանագիծ ուղարկելու, երեւակայական ահաբեկիչներու և թմրեցուցիչի վաճառականներու Իրանէն մուտքը կասեցնելու համար, յենակէտներ կը զետեղէ Մեղրիի շրջանի երկայնքին…

Ռուսաստան կը յայտարարէ թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբ այլեւս գոյութիւն չունի, Արցախի կարգավիճակի մասին ատենը չէ խօսիլ: Ան և իր գլխաւորած ՀԱՊԿը Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի վրայ «միջսահմանային փախումներ» կ՛որակէ երկու երկիրներուն միջև, որոնք, ըստ իրենց, միայն կարելի է լուծել Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ եռակողմ բանակցութիւններով:

ՀԱՊԿ յստակօրէն յայտարարեց թէ Հայաստան խաղաղապահ զօրք ուղարկելու ծրագիրներ չունի՝ «ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր և ո՛չ ալ ապագային»։ Փոխարէնը ան խոստացաւ երկու շաբաթ ետք խումբ մը ներկայացուցիչներ ուղարկել տարածաշրջան, քննելու համար կացութիւնը:

Հայաստանէն ներս ընդդիմադիր ոյժերը չվերադարձան Ազգային Ժողով միասնական յայտարարութիւնով դատապարտելու Ատրպէյճանական յարձակումները: Փոխարէնը՝ ինչպէս միշտ, այս կացութեան լուծումը տեսնելով Փաշինեանի հեռացման մէջ։

Ընդդիմադիր ոյժերու բացակայութեան, նոյնիքն իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողմէ ընդվզումի ձայներ սկսան Ազգային Ժողովէն ներս, ուր հարց տրուեցաւ թէ ինչո՞ւ մեր «գործընկերներ»ը չեն դատապարտեր Ատրպէյճանը, բայց անդին Թուրքիան արդէն դատապարտեր է Հայաստանը…

Հայաստանի իշխանութիւններուն ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, որ հակառակ Թուրքիոյ հրապարակային յայտարարութիւններուն, թէ իբր թէ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու են, այնուամենայնիւ, որոշակիօրէն այդ գործընթացը կը կապեն Ատրպէյճանի առաջ քաշած անընդունելի նախապայմաններուն:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի ներկայ նախագահութեան պաշտօնը օգտագործելով, ուղղակիօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանը ՄԱԿի ամբիոնէն: ԱՄՆի ԱԳՆ Պլինքըն, առանց տատամսելու նոյնպէս դատապարտեց Ատրպէյճանը և կոչ ըրաւ իր ոյժերը ետ քաշել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն:

Հնդկաստան, որ մեծ շահեր ունի Հայաստանի պետականութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ, ապահովելու համար «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհը, նոյնպէս հայանպաստ դիրքորոշում բռնած է: Հայաստան, այնքան ատեն որ ՀԱՊԿի անդամ է, գործնականապէս միայն Հնդկաստանէն կրնայ զէնք գնել Իրանի վրայով:

Եւ ի վերջոյ, եկաւ ԱՄՆի երրորդ պաշտօնեայի՝ Նենսի Փելոսիի պատմական այցը, որ տարածաշրջանային չէր: Ան Գերմանիայէն ժամանեց միայն Հայաստան այցելելով և իր յայտարարութիւններով կարեւոր ուղերձներ յղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ անոր հարեւաններուն:

Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան թէ տկարացած և մեկուսացած Ռուսաստանը կարելիութիւնները չունի Ուքրանիոյ մէջ, որու հետ երկար ընդհանուր սահմաններ ունի, իր զօրքերը պահպանելու: Ալ ո՞ւր մնաց Հայաստանի օգնութեան հասնելու, երբ պէտք է Վրաստանի կամ Ատրպէյճանի վրայով անցնի …

Յոյսով ենք որ Հայաստանի արդի պատմութեան ճակատագրական այս օրերուն, երբ Անկախութեան 31-րդ տարեդարձը կը նշենք, ի մտի ունենանք մեր հայրենիքին պետականութիւնը և անոր անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Զոյգ մը Գագաթներ…

Ալիք և Անահիտ Թոփչեաններու յիշատակին Մովսէս Ծիրանի, Մոնթրէալ, (վերաթարմացուած) 8 Հոկտեմբեր 2021 Արուեստաբանութեան Դոկտոր Մովսէս Ծիրանի (Հէրկէլեան) Երեւանի…
Read More
Read More

Որքան

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել 21Ապրիլ 2022 «Ի՛մ երկիրը ճիշտ , թէ սխալ,  մնում է անբաժանելի ի՛մ երկիրը»: Անգլիական…
Read More