Լինելու թէ չլինելու մասին մտորումներ

Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 11 Մայիս 2022

25 Ապրիլ 2021 թ.:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հրաժարականը ներկայացուց և արտահերթ ընտրութիւն յայտարարեց երկիրը ներքին տագնապէ դուրս բերելու: Ընտրողներու 53.91 տոկոս ձայներու մեծամասնութեամբ շահելէ ետք, վերադարձաւ իշխանութեան:

25 Ապրիլ 2022 թ.:

Ընդդիմադիր ուժերը, որոնք խորհրդարան վերադարձած էին, դարձեալ կ’որոշեն փողոցային անհնազանդութեան «ակցիա»ներու դիմել, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր հրաժարականը ներկայացնէ, ըստ իրենց՝ փրկելու համար Հայաստանը և Արցախը:

Ընդդիմադիր ուժերը կը պատճառաբանեն թէ Փաշինեան, իր վերջին զեկուցումներուն ընթացքին Արցախի իրաւունքներու նշաձոշի մասին արտայայտութիւնն է, որ զիրենք մղեց այս քայլին …

Ակնյայտ է որ Ռուսաստան երթալով աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ: Ան կարծէք Արևմուտքի կողմէ լարուած Ուքրանիոյ ծուղակին մէջ ինկած, օրէ օր նոր կորուստներ կրելով և նոր պատժամիջոցներու ենթարկուելով, յարմար առիթի մը կը սպասէ որպէսզի սեւերես դուրս չգայ այս կոպտօրէն սխալ հաշուարկուած արկածախնդրութենէն:

Արևմուտքը միւս կողմէ, ա՛լ աւելի ճնշումներ կը բանեցնէ Ռուսաստանի վրայ և կը փորձէ զայն ամբողջ Կովկասէն դուրս շպրտել: ԱՄՆը այլևս չի հանդուրժեր որ տկարացած Ռուսաստանը Կովկասի բանալիները իր քովը պահէ:

Հայաստանի իշխանութիւնները այլևս կա’մ այս կողմ պէտք է շարժին կամ ալ այն կողմ: Միայն երկու տարբերակ կայ Հայաստանի համար՝ արևելք կամ արևմուտք:

Առաջին տարբերակի համաձայն, Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ռուսաստանի հետ հաստատած դարաւոր կապերուն, յուսալով որ Ռուսաստան եւս իբրեւ ռազմավարական դաշնակից, միշտ պաշտպան պիտի կանգնի և նեցուկ կենայ թէ՛ զինամթերքով և թէ՛ «խաղաղապահ» ուժերով:

Վերջին երկու տարուայ փորձառութիւնը դժբախտաբար այլ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, ինչպէս միշտ, Ռուսաստան որեւէ գործնական քայլ մը չառաւ որ շուտով հրադադար պարտադրէ: Նոյնիսկ, պատերազմէն ետք հակառակ իր վերջին վայրկեանին հովանաւորած Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, Ատրպէյճան մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայաստանի և Արցախի նոր հողատարածքներ հատել և ռմբակոծել սահմանային կէտէր՝ ի տես ռուսական խաղաղապահ ուժերուն: Աւելին՝ Ատրպէյճան կ’անտեսէ բոլոր միջազգային օրէնքները և հարիւրէ աւելի հայ ռազմագերիներ պատանդ կը պահէ սակառկութեան առարկայ դարձնելու նպատակով:

Եռակողմ յայտարարութեան կառչելով սակայն, Հայաստան կրնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ մտնել: Այս եռակողմ յայտարարութիւնը Ռուսաստանի առիթ կու տայ որ ԱՄՆը և Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի կազմալուծուած խումբի համանախագահներ, դուրս մղէ Կովկասէն, և Ատրպէյճանի հետ նստելով լուծումներ պարտադրէ, որոնք կրնան մեծ վտանգ հանդիսանալ Հայաստանի պետականութեան:

Ատրպէյճան Զանգեզուրը միշտ իր սեփականութիւնը նկատած է այն օրերէն ի վեր, երբ Անդրկովկասեան Սէյմը լուծուեցաւ և թուրքերուն ստիպման տակ կազմուեցաւ Անդրկովկասի երեք անկախ հանրապետութիւնները: Եւ այսպէս յարմար առիթը կը ստեղծուի որ Արցախի դիմաց, որ այժմ ռուս խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան տակ կը գտնուի, ստանայ Զանգեզուրը և ի վերջոյ կապ հաստատէ Նախիջևանի և եղբայրական Թուրքիոյ հետ:

Հայաստան նոյնպէս կը ստանայ իր ցանկացած Արցախը, և երկուքը միասին իրենց միակ «փրկութեան» լուծում կը մնայ միանալ  Ռուսաստանի ծրագրած միութենական պետութեան և միանգամընդմիշտ ՀՀ-ն եւ Արցախը կ’անցնին պատմութեան գիրքերուն իբրև երբեմնի գոյութիւն ունեցող հայկական պետականութիւն:

Երկրորդ տարբերակի համաձայն, Հայաստան կը սկսի կամաց կամաց ձերբազատուիլ Ռուսաստանի հետ իր պարտաւորութիւններէն և որոնել արեւմտեան կողմնաշխարհի նոր դաշնակիցներ՝ յանձինս ԱՄՆի և ԵՄի: Սակայն ի՞նչ ծրագիրներ ունի Արևմուտքը Հայաստանի համար:

ԱՄՆը ներկայիս ամէն կերպ կը քաջալերէ Թուրքիան և Հայաստանը որ իրենց միջեւ դիւանագիտական կապեր հաստատեն: Արդէն մի քանի «առանց նախապայմաններու» հանդիպումներ տեղի ունեցան երկու կողմերուն միջև, սակայն մինչև օրս ապարդիւն: Եթէ Թուրքիա իսկապէս անկեղծ է, սահմանները շատոնց կը բացուէին: Սակայն, ընդհակառակը, ան նախապայմաններ առաջ կը քաշէ որ Ատրպէյճանի շահերուն կը նպաստէ և այսպէսով բանակցութիւնները կ’երկարաձգէ:

Հայաստան 44-օրեայ պատերազմէն ետք միակողմանի որոշումով թրքական ապրանքի ներմուծումն արգիլեց և ապա վերացուց այդ արգելքը իբրև բարի կամքի դրսեւորում: Միւս կողմէ, մինչև օրս Թուրքիա առանց որեւէ բացատրութեան, հայկական FLYONE ARMENIA  ընկերութեանը չ’արտօներ որ իր օդային տարածքով դէպի եւրոպական երկրներ չուերթներ իրականացնէ:

Նոյնպէս երկրորդ տարբերակի համաձայն, վերջերս մեծ թափ ստացած են «Պարսից Ծոց-Սև Ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ծրագիրը: Այս ծրագրին համաձայն Հնդկաստանէն, որ ի միջի այլոց պիտի դառնայ Չինաստանի դէմ հաւասարակշռող ոյժ, անցնելով Իրանէն, Հայաստանէն և Վրաստանէն, պիտի աշխուժացնեն Ասիոյ և Եւրոպայի միջեւ առևտրական կապերը: Այսպիսով Հայաստանին դարձնելով տնտեսական և քաղաքական կշիռ ունեցող ոյժ, հնարաւորութիւն տալով ապահովելու Սիւնիքը և պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը:

Ինչպէս կը տեսնուի, այս ծրագիրը կը շրջանցէ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի, մեծ վնասներ պատճառելով նաև Ռուսիոյ: Այս եռեակէն որևէ մէկը, առանձին կամ միասին, կրնան շատ դիւրութեամբ լարուածութիւն ստեղծել և ռազմական գործողութիւններու անցնիլ Հայաստանի դէմ՝ կասեցնելու զայն դէպի արեւմտեան տարբերակին հետևելու: Յատկանշական է, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս յստակօրէն զգուշացուց մասնաւորապէս Ատրպէյճանի, որ չփորձէ միակողմանի լուծումներ պարտադրել տարածաշրջանէն ներս:

Առաւել, մէկ կողմէ Ճօ Պայտէնը վերջերս կոչ ըրաւ 164 մլն ԱՄՆ տոլար յատկացնել Ատրպէյճանին 2023 ֆինանսական տարուայ համար, և կրճատել Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը 47 տոկոսով` 24 մլն տոլարի, առանց նշելու Արցախի համար օգնութեան չափը: Միւս կողմէ, ԵՄը Հայաստանի համար 2,6 մլրդ եւրօ ներդրում խոստացաւ, որմէ Սիւնիքի բարելաւման համար յատկացնելով 80 մլն եւրօ:

Հայերս անցեալին շատ անգամներ վստահած ենք Արեւմուտքի խոստումներուն և դժբախտաբար արդիւնքը ընդհանրապէս դրական չէ եղած: Հայաստան կը յուսայ որ այս անգամ տարածաշրջանի զարգացումներուն հետեւանքով, աւելի դրական արդիւնք ունենայ, եթէ այս տարբերակին հետևի:

Եւ այսպէս, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները զգուշօրէն քայլ առ քայլ կ՛ընթանան դէպի արեւմուտք, առանց բոլորովին խզելու դիւանագիտական կապերը Ռուսաստանի հետ: Ի վերջոյ ո՞վ պիտի հետաքրքրուի բարեկամութիւն մշակել որևէ երկրի հետ, որ ատենին թերևս գերհզօր պետութիւն մըն էր և այժմ մեկուսացած և տկարացած՝ անկանխատեսելի ապագայ մը ունի:

Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները այսօր մի քանի ամիս է հանդիպումներ կ՛ունենան զանազան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ, սկսեալ Ռուսաստանէն, անցնելով Հնդկաստանէն, Իրանէն, ԵՄ-էն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն և հասնելով մինչև ԱՄՆ:

Ռուսաստան, որ ի զուր կը փորձէ իր ծրագրած միութենական պետութիւնը իրականացնել և ականատես կ՛ըլլայ Հայաստանի տարած յաջողութիւններուն դիւանագիտական գետնի վրայ, որ անկասկած վնաս պիտի պատճառէ իր ծրագիրներուն, սկսած է հրահրել ներքին տագնապներ՝ գլխու ցաւ պատճառելու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն:

Եւ ո՞վ աւելի յարմար պիտի հանդիսանայ աղմուկ ստեղծելու, քան ռուսամէտ «նախկինները», որոնք ամէն կերպ կը փորձեն վերադառնալ իշխանութեան: Ասոնց միացած են իշխանամոլ հատուածապաշտներ, որոնք որեւէ առիթ կը փնտռեն աթոռներու տիրանալու: Թերևւս ալ անոնց միացած են մարդիկ, որոնք իսկապէս վշտացած Արցախի պատերազմի ընթացքին իրենց հարազատներու կորուստով՝ իրենց ցասումը կը փափաքին յայտարարել:

Հետաքրքրականը այդ է, որ այս խորհրդարանական նախկինները Արցախի դրօշներ զետեղեցին Ազգային Ժողովին մէջ իրենց յատկացուած նստարաններուն վրայ և փողոց անցան, աղբամաններով և բեռնատար մեքենաներով պողոտաները փակելու: Մինչև իսկ ոյժ կիռարելով կը փորձեն ներխուժել Ազգային Ժողովի կամ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքերը: Եւ երբ անզէն ոստիկանութիւնը կը փորձէ կարգ ու կանոն պարտադրել մայր պողոտաներուն վրայ, դժգոհութիւններ կ՛արձագանգեն իրավապահներու «բիրտ», «անմարդկային», «անհամաչափ» ուժ կիրառելու դէպքերուն համար: Թերևս Հայաստանի իշխանութիւնները, բռնատիրական Ղազախստանի նման ՀԱՊԿ երկրներու զօրքերուն օգնութեա՞ն պէտք է դիմեն, որ հանրահաւաքի մասնակիցները հասկնան ինչ է «բիրտ, անմարդկային, անհամաչափ ուժ կիրառելու» բուն իմաստը… Բարեբախտաբար, այդ օրերը այլեւս անցեալին կը պատկանին Հայաստանի պարագային:

Այս նախկինները, որոնք Արցախի կարգավիճակի հարցը իբրև պատճառաբանութիւն կ՛օգտագործեն, նոյն նախկիններն են, որոնք, անցեալ 25-30 տարիներուն, երբ իշխանութեան գլուխն էին և պայմանները աւելի նպաստաւոր էին, ո՛չ ճանչցան Արցախի հռչակած անկախութիւնը, ո՛չ Արցախը պաշտօնապէս ընդունեցին իբրև Հայաստանի անբաժանելի մաս, և ո՛չ ալ հրաւիրեցին արցախահայութիւնը, որ առիթը ունենայ տեղ գրաւելու Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Այստեղ պէտք է նշել որ Խ. Միութեան փլուզումին առաջին մէկ օրէն ՄԱԿը, ԱՄՆը և Արեւմուտքը ընդհանուր առմամբ, իբրև սկզբունքային որոշում ընդունեցին և ճանչցան օրուան 15 հանրապետութիւններու վարչական սահմանները իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ: Մօտ 20 ինքնավար մարզեր և շրջաններ գոյութիւն ունէին և բոլորին ալ անկախութեան կամ ազգային ինքնորոշման իրաւունքները չեն ճանչցուած մինչև օրս: Ուրեմն, ըստ երեւոյթին, ներկայ պայմաններուն անիրատես ակնկալութիւն մը կարելի է համարել Արցախի, կամ նոյնիսկ Ջաւախքի կողմնոոշումը, որուն մասին խօսող անգամ չկայ այս օրերուն կամ անկախութեան կարգավիճակ քննարկել գոնէ առ այժմ:

Նոյնպէս յատկանշական է թէ այս հանրահաւաքներուն Նիկոլ Փաշինեան դադրեցաւ դաւաճան ըլլալէ: Ան հիմա այլևս թուրք է և ըստ նախկիններուն պէտք է ունենանք «Առանց թուրքի Հայատան»: Եւ երբ հարց տրուի՝ «թէ Նիկոլը գնայ դուք ի՞նչ էք անելու», պատասխանը կ՛ըլլայ «Ժողովուրդ ջա’ն, ցաւդ տանեմ, հիմա դրա մասին խօսելու ժամանակը չի, Նիկոլը կը գնայ, Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւն կը կազմենք և յետոյ կ’որոշենք»:

Ուրեմն ընթերցողին դատողութեան կը ձգեմ որոշելու թէ ո՞ւր է ելքը. կա՛մ պիտի նայինք Արևելք և կամ ալ Արևմուտք: Երկու տարբերակներն ալ լի են անորոշութիւններով և որեւէ վրիպումի արդիւնքը կրնայ շատ սուղի նստիլ բոլորիս վրայ:

Կ՛եզրափակեմ մտորումներս. Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան նորընտիր Ե. Նախագահի՝ Վահագն Խաչատրեանի խօսքերով. «Ապահով և անվտանգ հայրենիք պահելը մեր բոլորի սուրբ պարտքն է»:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like