Հայաստանի եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները պարզաբանում, եւ ոչ թէ հակամարտութիւն կը պահանջեն

Կ՛արձագանգէ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, 13 Դեկտեմբեր 2025

Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի պատմական շրջադարձային պահ։ Դարերու ընթացքին առաջին անգամ մենք ունինք կայուն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Միաժամանակ, Հայ Առաքելական հաւատացեալներու շուրջ երեք քառորդը Սփիւռքի ծովածաւալ եւ բազմազան մայրացամաքներու վրայ սփռուած՝ կ՛ապրի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։

Այս նոր իրողութիւնը հրատապ եւ յաճախ շփոթեցնող հարցադրումներու առջեւ կը կանգնեցնէ իւրաքանչիւրիս թէ ո՞րն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատշաճ դերը, եւ ո՞րն է պետութեան պատշաճ դերը։

Հայ ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը պատմականօրէն միահիւսուած են։ Միջնադարեան հայ հեղինակները յաճախ խօսած են. Աստուծոյ եւ հայրենիքի մասին, միեւնոյն շունչով։ Այդ կապը օգնեց հայ ժողովուրդին տոկալ օտար տիրապետութեան, ցեղասպանութեան եւ ցրումին։

Սակայն այն, ինչ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մեզի օգնեց գոյատեւել, կրնայ շփոթ յառաջացնել ժամանակակից հանրապետութեան մէջ առկայ պայմաններուն։

Այսօր Սուրբ Էջմիածինի Մայր Աթոռը կը գտնուի ինքնիշխան հայկական պետութեան տարածքին։ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կը բնակի Հայաստան։ Սակայն Էջմիածինը, որպէս իրենց հոգեւոր տունը ընկալող հայերու մեծ մասը՝ կ՛ապրի արտերկիր։ Արդեօ՞ք Եկեղեցին իրականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կրօնական թեւն է թէ՞ ան համաշխարհային հոգեւոր մարմին է՝ ծառայելու բոլոր հայերուն այն առաքելութեամբ, որ չի կրնար սահմանափակուիլ որեւէ մէկ պետութեամբ։

Կաթոլիկ աշխարհի մէջ Սուրբ Աթոռը (Վատիկանը) եւ Իտալիոյ պետութիւնը ժամանակի ընթացքին յստակօրէն սահմանեցին իրենց յարաբերութիւնները (Լատերանի պայմանագիր,  11 Փետրուարի 1929 թ․ ). մէկը համաշխարհային հօտ ունեցող հոգեւոր կեդրոն է, միւսը՝ քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցող ազգային պետութիւն։ Հայաստանը կանգնած է նմանատիպ յստակեցման  անհրաժեշտութեան առջեւ յարմարեցուած մեր սեփական պատմութեան եւ հանգամանքներուն։

Նման յստակեցում կը սկսի քանի մը հիմնարար սկզբունքներէն․

Առաջինը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի հոգեւոր եւ բարոյական առաքելութիւն, եւ ոչ թէ քաղաքական։ Անոր հիմնական գործառոյթներն են՝ Աւետարանի քարոզչութիւնը, սրբազան խորհուրդներու կատարումը, խիղճ ձեւաւորումը, տառապողներու մխիթարութիւնը եւ հայ քրիստոնէական մշակոյթի ու յիշողութեան պահպանումը։ Եկեղեցին իրաւունք ունի, իսկ երբեմն՝ պարտականութիւն արտայայտուելու հասարակութեան վրայ ազդող բարոյական հարցերու շուրջ՝ արդարութիւն, կաշառակերութիւն, արժանապատուութիւն, պատերազմ եւ խաղաղութիւն, խոցելիներու պաշտպանութիւն։ Սակայն ան քաղաքական կուսակցութիւն չէ եւ պէտք չէ այդպիսին ըլլայ։

Երկրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհիկ պետութիւն է։ Այս պէտք չէ նշանակէ հակակրօնական պետութիւն։ Ան կը նշանակէ կառավարութիւն, որ կը ծառայէ բոլոր քաղաքացիներուն՝ հաւատացեալներուն եւ անհաւատներուն, Առաքելական եւ այլ դաւանանքներու հետեւորդներուն՝ առանց որեւէ աստուածաբանութիւն պարտադրելու կամ կիրառելու։ Պետութիւնը պարտաւոր է երաշխաւորել խիղճի ազատութիւնը, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

Միեւնույն ժամանակ, հասուն աշխարհիկութիւնը կրնայ ճանչնալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ պատմական դերը ազգի կեանքին մէջ եւ համագործակցիլ անոր հետ կրթութեան, ընկերային ծառայութիւններու եւ մշակութային պահպանման ոլորտներու յստակ իրաւական սահմաններուն մէջ։

Այդ պարագային լարուածութիւնները  ինչո՞ւ այդքան բարձր են։

Պատճառներէն մէկը ձեւաւորուած սպասումներն են՝  այլ դարաշրջանին ծնած։ Դարեր շարունակ, երբ Հայաստանը պետութիւն չունէր, Եկեղեցին յաճախ կը հանդիսանար  կազմակերպուած հայկական կեանքի հիմնական կառոյցը՝ միջնորդ, մանկավարժ, պաշտպան, դիւանագէտ: Ոմանք դեռեւս կ՛ակնկալեն, որ ան շարունակէ այդ քաղաքական դերակատարութիւնը: Միւսները, հակադարձելով ատոր, կը պահանջեն, որ Եկեղեցին լիովին լռէ հանրային բոլոր հարցերուն: Երկու դիրքորոշումներն ալ սխալ կը հասկնան կուսակցական քաղաքականութեան եւ բարոյական վկայութեան տարբերութիւնը։

Այլ պառճառ է քաղաքականացումն ինքնին: Այսօր քաղաքական դերակատարները  երբեմն կը փորձեն օգտագործել եկեղեցւոյ խորհրդանիշներն ու լեզուն՝ իրենց օրակարգերը առաջ մղելու համար, կամ հակառակը՝ կը յարձակին Եկեղեցւոյ վրայ՝ տկարացնելու իրենց մրցակիցները։ Այս կը վնասէ թէ՛ Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժանահաւատութիւնը, թէ՛ ժողովրդավարական բանավէճի որակը։

Վերջապէս, կայ ընկալումներու տարբերութիւններ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Շատ սփիւռքահայերու համար Եկեղեցին անոնց հիմնական ազգային հաստատութիւնն է։ Հայաստանի ներսը շատ ապրողներու համար ան ընդամէնը  հաստատութիւններէն մէկն է՝ գործող փխրուն եւ վիճարկուող քաղաքական միջավայրի մէջ։ Առանց զգուշաւոր լսելու՝ այս տարբեր փորձառութիւնները փոխադարձ հիասթափութիւն կը ծնին։

Ինչպէ՞ս անցում կատարել  շփոթութենէն դէպի յստակեցում։

Մէկ ուղի կայ՝ հետեւիլ, մեր ձեւով, այն փորձին, որով անցած են այլ պետութիւններ եւ եկեղեցիներ․ հրապարակայնօրէն սահմանել Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները։ Այդ կրնայ նշանակել՝

  • վերահաստատել Եկեղեցւոյ անկախութիւնը հոգեւոր եւ ներքին հարցերու մէջ,
  • հաստատել Հանրապետութեան աշխարհիկ բնոյթը եւ հաւատալիքներու հանդէպ անոր չէզոքութիւնը,
  • օրէնքով ճանչնալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եզակի պատմական եւ մշակութային դերը,
  • աահմանել կանոններ՝ կանխելու եկեղեցւոյ կառոյցներու օգտագործումը կուսակցական նպատակներով,
  • ստեղծել պետութեան եւ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան միջեւ կանոնաւոր ու թափանցիկ երկխօսութեան ուղիներ։

Ասոնցմէ ոչ մէկը առանձին կը լուծէ բոլոր հակասութիւնները։ Ազատ հասարակութեան մէջ տարաձայնութիւնները կը շարունակուին, եւ պէտք է շարունակուին։ Սակայն այդ կը տկարացնէ գայթակղութիւնը՝ իւրաքանչիւր վէճ վերածելու գոյաբանական պայքարի «հին Հայաստանի» եւ «նոր Հայաստանի» կամ «կրօնի» եւ «առաջընթացի» միջեւ։

Ազգային լուրջ մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին՝ անվտանգային սպառնալիքները, ընկերային դժուարութիւնները, զանգուածային արտագաղթը եւ չլուծուած /հոգե/ցնցումները Հայաստանին անհրաժեշտ են եւ՛ ծանրակշիռ պետութիւն, եւ՛ արժանահաւաստ եկեղեցի։ Պետութիւնը պէտք է կեդրոնանայ արդարութեան, անվտանգութեան եւ քաղաքացիներու նիւթական բարեկեցութեան վրայ։ Եկեղեցին՝ հաւատքի, բարոյական ձեւաւորման, յոյսի եւ ինքնութեան վրայ։ Անոնք կը ծառայեն նոյն ժողովուրդի, բայց տարբեր ձեւերով։

Հայ քրիստոնէութիւնը միշտ առանձնայատուկ կերպով համատեղած է հայրենասիրութիւնն ու աստուածապաշտութիւնը։ Այդ ժառանգութիւնը պէտք չէ դառնայ իշխանական պայքարի զէնք։ Ան պէտք է ըլլայ իմաստութեան աղբիւր, քանի դեռ մենք, թերեւս առաջին անգամ, կը սորվինք ապրիլ որպէս ժամանակակից հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ որպէս հնագոյն քրիստոնէական ժողովուրդի ժառանգներ։

Եկեղեցւոյ եւ պետութեան համապատասխան դերերու յստակեցումը Հայաստանի մէջ ոչ մէկուն  կը նուազեցնէ։ Ճիշտ իրականացնելու պարագային ան հնարաւորութիւն կու տայ, որ երկուքն ալ ծառայեն աւելի ազնիւ ու արդիւնաւէտ կերպով՝ կանխելով թէ՛ քաղաքական իշխանութիւնը, թէ՛ հոգեւոր հեղինակութեան չարաշահումը։ Այս կերպով, հայ ժողովուրդը հայրենիքի եւ ողջ սփիւռքի մէջ, կրնայ ապագան դիմաւորել աւելի պարզ միտքով եւ աւելի հաստատուն սիրտով։ Այս կարեւոր առաքելութիւնը կրնայ իրականացուիլ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան առաջնորդներու միջեւ ամուր գործընկերութեան միջոցով՝ հիմնուած բարոյական տեսութեան վրայ, որ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդի բարօրութիւնը թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ։

*****

Ufficio del Legato Patriarcale della Chiesa Apostolica Armena in Europa Occidentale
Rappresentanza della Chiesa Armena presso la Santa Sede
Via Alberico II, 19 – 00193 Roma
tel. 0683972538
e-mail: [email protected]
https://www.armenian-church.eu/

6 comments
  1. Խաժակ սրբազանի բանիմաստ այս յօդուածը պէտք է դաստիարակիչ ըլլայ բոլորին: Ներկայ անախորժ մթնոլորտը, պետութիւն-եկեղեցի դերակատարներուն անմակարդակ խօսոյթին պատճառաւ, կը յիշեցնէ անցեալ դարու յիսունական թուականներուն Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցակործան մթնոլորտը: Շատ ճիշդ է սդբազանին խօսքը երբ կ՚ըսէ թէ « Եկեղեցին ….. քաղաքական կուսակցութիւն չէ, եւ պէտք չէ այդպիսին ըլլայ»: Այն ինչ որ Անթիլիասի մէջ կատարեց անցեալին կուսակցութիւն մը, այսօր Հայաստանի մէջ կը փորձէ կատարել այս պետութիւնը: Երկու պարագաներուն ալ տուժողը է՛ր եւ պիտի՛ ըլլայ մեր Եկեղեցին:

  2. “Ուշ լինի, անուշ լինի”:
    Հայաստանի այս մտահոգիչ օրերուն երբ Հայ ազգին ամենակարեւոր հոգեւոր կեդրոնը կը հալածուի ներկայ իշխանոււթեան կողմէ, այս յօդուածը կրնայ նոր շունչ ստեղծել Հայ ազգի զաւակներուն աշխարհի չորս կողմը, ոտնակոխելով չարը, ներշնչելով Հաւատք, Յոյս և Սէր:
    Ինչու՞ ոչ: Հաւատանք հրաշքին:

  3. Condivido completamente le sagge parole dell’Arcivescovo Khajak e sono veramente speranzioso che ciò che Egli propone diventi presto una realtà di Fatti. Aggiungo solo che per rimanere nella realtà triste di oggi è necessario che l’attuale Guida della nostra Chiesa Apostolica torni nelle mani di religiosi come Lui e che tutta la Chiesa Apostolica si concentri in un Unico centro ed Unico Vehapar Katolikos di Santa Etjmiazin.

  4. Ճշգրիտ եւ դիպուկ նշում մը կ՜ընէ David-ը: “Այն ինչ որ Անթիլիասի մէջ կատարեց կուսակցության մը անցյալին (նկատի ունի ՀՅԴ՞), այսօր Հայաստանի մէջ կը փորձէ կատարել “ԱՅՍ”պետութիւնը։ Մէկ նկատողություն եւ մէկ հարցում._ “Այս” “Այն”, “Նախկին”, “Յաջորդ” ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ_ներ Գոյություն ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ, Պետութիւն ԿԱ’Յ կամ ՉԿԱ’Յ։ Պետութիւնը ԱՆՓՈՓՈԽ Է։ Պետութեան Վարչակա՜րգը կրնայ փոխուիլ, Նախագահը, Վարչապետը, Նախարարները, Երեսփոխանները կրնան փոխուիլ, Պետութիւնը կրնայ չքանալ երբ գրաւման ենթարկուի ամբողջ երկիրը միայն։ Այժմ մէկ հարցում.֊ Այն կուսակցությունը որ անցեալին’ Անթիլիասի մէջ միջամտեց կաթողիկոսական ներքին գործերուն’ Շահեցա՞ւ թէ ոչ, կաթողիկութիւնը Գրպանել կարողացա՞ւ , թէ ո’չ։ Անցեալի փորձառութիւնները ուսանելի են նորելուկներուն կողմէ։

  5. Կարճ ըսելով․
    Պետութիւնը կը ղեկավարէ, իսկ Եկեղեցին բարոյական ու մշակութային ազդեցութիւն կ՛ունենայ։ Անոնք հաւասար հաստատութիւններ չեն, եւ Եկեղեցին կառավարութեան իշխանութիւնը չի գերազանցեր։
    Հայաստանի մէջ, ինչպէս ժամանակակից պետութիւններու մէջ, կառավարութիւնը վերջնական իշխանութիւն ունի օրէնքի, ֆինանսներու, տնտեսութեան, պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Եկեղեցին այս ոլորտները չի կառավարեր։
    Եկեղեցին կրնայ ազդեցութիւն ունենալ մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ (օրինակ՝ պատմութեան, արժէքներու կամ դպրոցներու միջոցով), բայց ազգային կրթական համակարգը կամ մշակութային քաղաքականութիւնը չի վերահսկեր։ Եկեղեցին կրնայ բարոյական քննադատութիւն կամ խորհուրդ տալ, սակայն արտաքին յարաբերութիւններու կամ աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ պետական որոշումներ ընդունելու կամ վեթօ դնելու իշխանութիւն չունի։

  6. Յիշեցում։ Վերջին կաթողիկոսական ընտրութեան օրը տեղի ունեցաւ ՀՀ Խորհրդարանի ահաբեկչութիւնը, որուն զոհ գնաց նաեւ ՀՀ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը։
    Վերջինս յատուկ «թելադրութիւններ» եւ հրամաններ ղրկած էր ընտրութեան մասնակցող աշխարհական թէ հոգեւորական ընտրողներուն որ իրենց ձայնը տան Գարեգինին, մինչդեռ ձայներու մեծամասնութեամբ պիտի ընտրուէր Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանը…«ընտրուեցաւ Գարեգին Բ.»ն։ Մինչ այդ ՀԲԸՄ-ի ատենուան նախագահուհին ջանք չէր խնայած Գարեգինի օգտին՝ մեզի քաջ յայտնի պատճառներով…

    Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ իշխանութիւնը կը խառնուի Եկեղեցւոյ գործերուն…

    Այսօրուան ապիկար իշխանութիւններն ու իրենց անշնորհք վարչապետը նոյնը կ՚ուզեն կատարել:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like