ՀՅԴ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՇԱՐԺՈՒՄ

ԳԵՂԱՐԴ, 10 Յուլիս 2020

ՀՅԴ-ի Բիւրոն եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը (այդ օրերուն՝ Կեդրոնական Կոմիտէ) դեռ 1990-ականներու առաջին կէսին գործած էին ծանր սխալը հակադրուելու օրուան իշխանութիւններուն, երբ երկիրը կը դիմագրաւէր երկրաշարժի եւ Սովետական Միութեան փլուզման աւերիչ հետեւանքները, մութ եւ ցուրտ տարիները, Արցախեան ճակատներուն վրայ մահուկենաց ազատամարտը: Այս բոլորը՝ մէկ կողմ, ՀՅԴ-ի ղեկավարութիւնը, յանձինս Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի, կը տապկուէր իշխանութեան տիրանալու մարմաջով: Այդ պայմաններուն մէջ, ծնունդ առաւ Հ. Յ. Դ.ի Վերականգնումի Շարժումը՝ նպատակ ունենալով ճիշդ հունին վերադարձնել կուսակցութեան գործունէութիւնը:

Այսօր, երբ մեր հայրենական պետութիւնը կը դիմագրաւէ ոչ պակաս ծանրակշիռ սպառնալիքներ՝ պսակաձեւ ժահրը եւ անոր տնտեսական ու այլ հետեւանքները, 20 տարի երկրին ներուժը կողոպտած իշխանութեանց կատաղի դիմադրութիւնը անհրաժեշտ բարեփոխումներուն, թրքական եւ ատրպէյճանական մշտական վտանգը, Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարութիւնը կը գործէ նոյն սխալը՝ գերնպատակ ունենալով վերադառնալ պետական կերակրամանին մօտ:

Ստորեւ կը հրապարակենք Հ. Յ. Դ.ի Վերականգնումի Շարժումին մէկ կարեւոր փաստաթուղթը՝ անոր մէջ նկարագրուած ու վերլուծման ենթարկուած երեւոյթներուն եւ այսօրուան իրականութեանց համանմանութեան համար: Փաստաթուղթը լոյս տեսած է դաշնակցական յայտնի գործիչ Հրաչ Թուրիկեանի «Յուշեր եւ Խոհեր» հատորին մէջ՝ հրապարակուած այս տարուան Փետրուարին:

ՀՅԴ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՇԱՐԺՈՒՄ

ՀՅԴ Բիւրոյի սփիւռքաբնակ եօթը յարգարժան անդամներուն,

Յարգելի՛ ընկերներ,

Յանուն ՀՅԴ Վերականգնումի Շարժումին՝ Կեդրոնական Մարմինս պարտք կը սեպէ ձեզի յղել ՀՅԴ-ի ներկայի վիճակին եւ վարած քաղաքականութեան առնչուող մեր վերլուծումներն ու եզրակացութիւնները:

Ասոնցմէ ոմանց թերեւս արդէն իսկ համաձայն էք: Գալով մնացեալներուն, կը յուսանք, որ նկատի կ’առնէք՝ մեր անկեղծ սրտցաւութեան համապատասխանող մօտեցումով:

Քանզի թէեւ այսօր պաշտօնապէս մաս չենք կազմեր ՀՅԴ-ի շարքերուն, այնուամենայնիւ մեր ամբողջ էութեամբ կը մնանք Դաշնակցական եւ կը տագնապինք հայութեան, Հայաստանի, Արցախի ներկայով ու ապագայով, այս կենսական հարցերուն մէջ ՀՅԴ-ի դերակատարութեամբ:

Կուսակցական կազմակերպական հարցին առնչութեամբ մեր համոզումներէն մեկնելով՝ այս նամակը կ’ուղղենք ՀՅԴ Բիւրոյի սփիւռքաբնակ անդամներուն: Բացատրութիւնը տրուած է աւելի վարը:

ՀՅԴ-ը եւ իր հայրենանուէր գաղափարականը հայութեան կարեւոր արժէքներէն հանդիսացած են:

Վերջին քսանամեակի իր հակասական ու հետզհետէ աւելի անբացատրելի դարձած քայլերը զինք թէեւ տկարացուցին, բայց իր ունեցած ցանցով ու միջոցներով՝ ան միշտ կը մնայ կարեւոր գործօն մը: Եթէ սխալ դատումներով շարժի, կրնայ վնասել թէ՛ ինքզինքին, թէ՛ Անկախ Հայաստանի պետութեան:

Ի մասնաւորի վնասակար կը նկատենք այսօր Հ. Հ.ի իշխանութեանց եւ ՀՅԴ Բիւրոյին միջեւ պատշաճ երկխօսութեան մը բացակայութիւնը: Համոզուած ենք, որ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համակեցութիւնը, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ աշխատանքներու համադրումը միայն բարիք եւ օգուտ կը բերեն Հայաստանին ու համայն հայութեան:

Մեր քննարկումը կեդրոնացնելով այս կուսակցութեան վերջին եօթը տարիներու գործելակերպին հետեւանքով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ՀՅԴ զոյգ կազմակերպութիւններու ներկայի իրավիճակին վրայ, ՀՅԴ 26-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն, արդիւնքներուն եւ Հ. Հ.ի նախագահական ընտրութիւններուն առթիւ ՀՅԴ Բիւրոյի ձեր ներկայի կազմին դրսեւորած կեցուածքին վրայ, կը կարծենք, թէ մեր նշումներն ու թելադրութիւնները կրնան օգտակար հանդիսանալ՝ անհրաժեշտ երկխօսութեան առաջնորդող միջոցները գտնելու համար:

Կարեւոր է սակայն, որ արժեւորումները առաւելագոյն անկեղծութեամբ կատարուին, որպէսզի համապատասխան քայլերը ուղիղ առնուին: «ՀՅԴ-ը հետամուտ է հայ պետութիւն ստեղծելու, ո՛չ թէ ինքը պետութիւն դառնալու» (Նիկոլ Աղբալեան):

Անցեալին այս իտէալով գործող կուսակցութենէն մեր օրերուն եւս բնականաբար կ’ակնկալուէր, որ իր միահամուռ կուռ կեցուածքով օժանդակէր նորանկախ ՀՀ պետութեան ամրապնդման: Այսպէս վարուելով՝ ՀՅԴ-ը ամէնուրեք պիտի պահէր հայ ժողովուրդի յարգանքն ու վստահութիւնը: Նաեւ՝ ան իր տեղը պիտի ունենար Անկախ Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ: Յիշենք, թէ ՀՀՇ-ի առաջին համագումարի 2000 մասնակիցները 10 վայրկեան յոտնկայս ծափահարեցին ՀՅԴ-ի անունը, մինչ օրուան Բիւրօն, այդ համագումարին չմասնակցելով, առաջին պատը բարձրացուց իր եւ հայրենի քաղաքական գործիչներուն միջեւ: Ինչո՞ւ:

Ակներեւ է, որ 1989-էն սկսեալ, ՀՅԴ Բիւրօները այս կուսակցութիւնը հեռացուցին դրական ոգիով նուիրումի իր աւանդութենէն, անոր ճակատին փակցուցին իշխանութեան ձգտող սովորական խմբակցութեան մը պիտակը եւ անոր ամբողջ ցանցը մղեցին ստանձնելու անհանդուրժող, այլամերժ, սիսթեմաթիք կերպով ժխտական ու մերժողական գործօնի մը խնդրայարոյց դերը: Իսկ Դաշնակցական մամուլը հրատարակեց գռեհիկ ոճով գրութիւններ:

Մինչ ՀՅԴ-ի բնական կոչումն էր նեցուկ կանգնիլ նորահաստատ անկախ պետութեան, ՀՅԴ Բիւրօները Հայաստանի սկզբնական ընտրութիւններուն մէջ իրենց անփառունակ ձախողութենէն ետք ձեռնարկեցին դեռ ոտքի չկանգնած հայրենի իշխանութեանց դէմ ատելութիւն քարոզելու անփառունակ գործին:

Երբ Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ-ի բնական կոչումը միշտ եղած էր հայրենասիրական ոգիի արծարծումը, ՀՅԴ Բիւրօները Սփիւռքի շարքայիններուն եւ համակիրներուն մէջ Հ. Հ.ի իշխանութեանց դէմ անվստահութիւն սերմանող իրենց քարոզչութեամբ, ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ անվստահութիւն եւ հայութեան հանդէպ անտարբերութիւն յառաջացուցին մեր իրականութեան անտեղեակներու հոգիին մէջ:

Մինչ Հայաստանի գերագոյն շահը ներքին խաղաղութիւն կը հրամայէ, այս կուսակցութեան պատասխանատուներէն ոմանք ներքին ապակայունացում ցանկացան:

«Դրօ» գաղտնի կազմակերպութիւնը «ենթադրեալ» կամ «կարծեցեալ» չէր: Չենք կարծեր նաեւ, թէ ան ինքնաբուխ կերպով կազմուեցաւ իր ուրոյն Կանոնագրով ու վտանգաւոր Ծրագրով: Երկար ատեն՝ ՀՅԴ-ի միաւորներուն հրահանգուեցաւ ժխտել իրականութիւնը: Բայց ՀՅԴ 26-րդ Ընդհանուր Ժողովը «Ազգային դաւաճան» մակդիրը տալով շարքերէն արտաքսեց մինչ այդ «ազգային հերոս» նկատուած անձը, որ պէտք եղածէն աւելի խօսած էր:

Երբ արար աշխարհ Հ. Հ.ի նախագահը կը յարգէր, ՀՅԴ Բիւրօները անոր անձին ու ընտանիքին դէմ մեր կուսակցութեան վարկին անվայել ցածրորակ ոճով աննախընթաց պայքար մը շղթայազերծեցին, որ առաջին հերթին ՀՅԴ-ը վարկաբեկեց: Բայց Հ. Հ.ի նախագահի հեղինակութեան դէմ կոյր պայքարին առընթեր՝ նախագահական պաշտօնը անպատուած եղան, հետեւաբար հայութեան արժանապատուութիւնը վիրաւորեցին:

Տնտեսական վերականգնումի այս տարիներուն մինչ Հայաստան պէտք ունի համայն հայութեան նեցուկին, ՀՅԴ Բիւրօները միայն քննադատեցին եւ անվստահութիւն սերմանեցին ձեռք առնուած միջոցներուն դէմ: Անոնք անգիտանալ ձեւացուցին, թէ նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւններուն յատուկ եղող տնտեսական տագնապ մը գոյութիւն ունի: Ջանացին նսեմացնել ծանօթ պարագաներու բերումով Հայաստանի դիմագրաւած յաւելեալ դժուարութիւնները: Առանց կիրարկելի այլ լուծումներ առաջարկելու, անոնք քննադատեցին նաեւ «ազատ շուկայական» դրութիւնը, լաւ գիտնալով հանդերձ թէ ուրիշ ելք չկայ, միջազգային վարկերէ օգտուելու պայմանը այդ է:

Աւելին, անոնք Դաշնակցական միաւորներուն հրահանգեցին Սփիւռքի մէջ պոյքոթի ենթարկել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին գործունէութիւնը, ունեւոր համակիրները խրտչեցնել Հայաստանի մէջ անհատական թէ համատեղ տնտեսական ներդրումներ կատարելէ:

Մինչ կենսական է, որ Հայաստանի ու Արցախի ապագային համար վճռորոշ այս տարիներուն համայն ազգով միահամուռ նեցուկ կանգնինք ՀՀ պետութեան արտաքին իմաստուն քաղաքականութեան, ՀՅԴ Բիւրօները այդ ալ քննադատեցին ու խանգարել փորձեցին:

Սփիւռքի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէներուն գործակցութեամբ, անկախ Հայաստանի կառավարութեան դէմ հրապարակային ցոյցեր կազմակերպուեցան օտարներուն առջեւ: Անկախ Հայաստանի ներքին գործերուն մէջ օտար պետութիւններու միջամտութիւնը պահանջուեցաւ:

Յարգելի՛ ընկերներ, յիշեցումներու այս կրճատուած ցանկը ցաւ ի սիրտ եւ սակայն ստիպուած կը ներկայացնենք, ընդգծելու համար թէ ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» կոչէն ետք իրարու յաջորդած Բիւրօները, իրենց վարած քաղաքականութեամբ ու գործելակերպով, այս կուսակցութիւնը որքա՜ն հեռացուցին Նիկոլ Աղբալեաններու գծած ազնիւ ուղիէն, եւ այս ընելով՝ որքա՜ն մեծ հարուած հասցուցին ՀՅԴ-ի վայելած հեղինակութեան:

Պատմութիւնը պիտի յստակացնէ, թէ այս ամէնը ինչո՞ւ տեղի ունեցան: Պարզապէս սխալ դատումներու շարահիւսութեա՞մբ, թէ՞ նկատի առնելով գործուած սխալներուն թիւն ու էութիւնը՝ այս կուսակցութիւնը քայքայելու միտող ծրագրի մը կիրարկումով:

Մինչ այդ, յստակ իրականութիւնը այն է, որ ՀՅԴ Բիւրօներու առած յաջորդական քայլերուն հետեւանքով, այսօր ՀՅԴ Հայաստանի կազմը օրինական առումով անելի մէջ է: Իսկ Սփիւռքի մէջ օրէ օր կ’աճի «չէզոքացուած» շարքայիններու եւ կուսակցութեան երես դարձուցած համակիրներու թիւը:

Կը բաւէ ակնարկ մը նետել հետզհետէ նօսրացող մեր շրջապատէն դուրս, տեսնելու համար, թէ փաստօրէն, սփիւռքահայութեան առաւել հոծ միւս խաւերը կա՛մ կը ցաւին այս կացութեան պարզած տխուր պատկերին ի տես, կա՛մ այլեւս կ’արհամարհեն զայն: Երկու պարագաներուն ալ, անոնք կը դատապարտեն ՀՅԴ-ի մղած սիսթեմաթիք-կողմնակալ-անբարեյոյս պայքարը Հ. Հ.ի իշխանութեանց դէմ, մանաւանդ՝ այդ պայքարը միջազգային բեմերու վրայ փոխադրած ըլլալու պարագան:

Բազմաթիւ Դաշնակցական շարքայիններ նոյնիսկ եթէ համաձայն չեն Հ. Հ.ի իշխանութեանց որոշ քայլերուն, կը մերժեն մեր «լաթերը» մեզ հարուածելու ատակ օտարներու առջեւ լուալու քաղաքականութիւնը:

Մենք համոզուած ենք, որ եթէ ՀՅԴ-ը այս բոլորը անտեսէ եւ վերջին եօթը տարիներու ուղին շարունակէ, անդարմանելի ընկրկում մը պիտի արձանագրէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայի կազմի անդամ յարգելի՛ ընկերներ,

Թէեւ դուք ուղղակի պատասխանատու չէք վերջին եօթնամեակի Բիւրօներու սխալներուն համար, սակայն եւ այնպէս, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ կը կրէք այդ սխալներուն ծանր հետեւանքները, քանի որ այսօր՝

1.– ՀՅԴ-ը Հայաստանի մէջ անելի առջեւ կը գտնուի:

2.– Ասոր ի հետեւանք՝ Հայաստանի նախագահական վերջին ընտրութիւններուն առթիւ ան ինքզինք լծեց ուրիշ խմբաւորումներու կառքին: Իսկ ՀՅԴ Բիւրօն Սփիւռքի իր ողջ ցանցը լծեց այդ նոյն կառքին:

3.– Վերջին եօթնամեակին, ձեր նախորդներուն կողմէ յարաճուն թշնամանքով ծաւալած պայքարին ու դէպքերուն թաւալգլոր ընթացքով ձե՛ր ալ որդեգրած կեցուածքին պատճառով՝ այժմ ձեր կազմին յարաբերութիւնները Հ. Հ.ի իշխանութեանց հետ կը գտնուին վատթարագոյն վիճակի մէջ: Ասոր ի հետեւանք՝ Սփիւռքի մէջ եւս երբեք այսքան նուազած չէր ՀՅԴ-ի հեղինակութիւնը:

Անկեղծօրէն եւ ընկերական բարեւներով՝

ՀՅԴ Վերականգնումի Շարժում
Կեդրոնական Մարմին՝

Հրաչ Թուրիկեան
Գրիգոր Նգրուրեան
Էտի Մելիքեան

20 Դեկտեմբեր 1996

1 comment
  1. Վաղամերիկ հայրս, դաշնակցականամիտ բայց ոչ կուսակցական, պիտի ափսոսանքով ըսէր, «այս ինչ օրերու հասանք» ի տես այսօրուայ վաշխառու «ղեկավարներու» անամօթ կեցուածքին:

    Այդ ու՞ր լսուած է, որ մշակին ու աշխատաւորին նուիուած կուսակցութեան մը պատիւը առ ու ծախի հանուի եւ ծառայէ ժողովուրդը թալանած օլիկարքներուն:

    Մեղայ Քրիստափորին, Զաւարեանին ու Զօրեանին:

    Երուանդ

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like