Ձեր Օրհնութիւնը կը Խնդրենք
(Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Արփի Տատոյեան)
24 Ապրիլ 2012
Անմահացած էք մեր տան մառանի պատերուն վրայ:
Ձեզ հետ խօսած եմ տարիներ անվերջ:
Ձեր զաւակները, իմ ծնողները, սորվեցուցին ինձ մայրենի լեզուն որ լաւ կը խօսիմ:
Ետ ինձ կը նայիք, մտածկոտ, սիպէ եռանքով նկարներուն ընդմէջէն:
Ձեր ձեռքերով իսկ կարուած հագուստներ հագած էք այդտեղ:
Ձեր այդ ձեռքերը բրտացած են ցանելէն, շինելէն, շաղելէն եւ կարկտելէն:
Ձեր երեսները ադրդուելի, նոյնիսկ հարսնեկան հանդերձանքներով:
Ձեր աշխարհահայաց արտայայտութիւնն ցաւի անտրտունջ շուքը կ՛ընդգրկէ:
Նշաձեւ աչքերը ձեր, ունին ծանռ կոպեր, որոնք մեր նախածննդական իրաւունքն են:
Անոնք կը մատնեն անգնութիւնը ծնած չարչարանքներու յիշողութենէն եւ սպառած ուժեր ձեր կեանքը կրկին վերաշինելէն:
Երբեմն կը հարցնեմ Տիգրանակերտի մասին, երբեմն Սեփաստիոյ – յուսալով պատմէք:
Կը տենչամ գիտնալ ձեր ժողովրդական սովորութիւնները, ձեր Հին Երկիրի ապրելակերպը:
Կը խնդրեմ ձեզմէ որ պատմէք ինծի մեր ազնուական գերդաստանի մասին, գրաւումներէն, ջարդէն, քանդումէն աւելի առաջ:
Կը փորձեմ մտքով պատկերացնել. ինչպէ՞ս դիմացաք որպէս ոչխարներ գայլերուն առջեւ:
Համբերութիւնով կը լսէք ինծի երբ ես կը խօսիմ այսօրուայ հայուն կրածներուն մասին — հոգ չէ թէ թեթեւ բաղդատած ձերին եւ երբեմն նոյնիսկ նոյնքան ծանռաբեր:
Հետոյ կը խնդրեմ որ ներէք ինծի աւելին ըրած չ՛ըլլալուս համար:
Շատ մը անգամներ ուզած եմ փոխ տաք ձեր ուժը ինծի, ձեր իմաստալից, ամէն ինչ տեսնող, հայեացքը վսեմ:
Ինչ՞ու մահացաք երբ ես դեռ ձեզի չէի ճանչցած:
Իմ մտքիս մէջը, ձեր խորաթափանց եւ սուր աչքերը, ինձ կը շռայլեն այն սէրով կարծես, որ մի ու միայն մեծ-ծնողները կրնան տալ մեզի:
Տարիէ տարի, կը խանդաղատիմ որ բացէն խօսիք եւ ըսէք մեզի.
«Մենք ձեզ շատ հստակ կը տեսնենք վերէն:
Մեր արիւնն է որ կը հոսի դեռ ձեր երակներուն մէջ:
Կ՛ըզգաք հին աշխարհն ձեր ոսկորին մէջ:
Կ՛ապրիք մեր բոլոր պատմութեանը հետ:
Մեր բարոյական կեցուածքը ունիք:
Կ՛երգէք, կը պարէք հարազատօրէն:
Աքսորի մէջ նոյնիսկ կը հարատեւէք:
Գիտէք մեր տարած չարչարանքները:
Մեր տեղ կը խօսիք:
Մեր օրհնութիւնը ունիք դուք հաւերժ:
Մեզ կ՛արդարացնէք:
Դուք Արեւմտեան Հայաստանն էք:»
Some of Lucine Kasbarian’s previous appearances on Keghart.com:
Is Reconciliation Compatible with Justice?
Top Twenty Tall Turkish Tales
Armenia: Yesterday, Today, and Maybe No Tomorrow
Pari (Ch)desank, Yovanovitch
The Servant Who Knows His Master
Ճեփ Ճերմակը Եղաւ Սեփ Սեւ
Armenian, Assyrian & Greek Genocides: An Inconvenient Truth
John Balian’s “Novel Approach” to Armenian Saga
Killing Fields of The Armenian Genocide