Գանատահայ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Վիգէն Լ. Ադդարեան սոյն հարցազրոյց-նեկայացումով կ’ամբողջացնէ իր առաջարկներու չորս տեսերիզներէ բաղկացած շարքը:
Նախորդ ներկայացումով ան անդրադարձած էր մնայուն հայրենադարձութեան կարեւոր առաքելութեան մասին: Այս տեսերիզով Ադդարեան կ’ուրուագծէ միջազգային չափանիշով բարձրամակարդակ ուղեղակեդրոններու (think-tank) ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին իր գաղափարը, որպէսզի հայ մասնագէտներ հրաւիրուին իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համաշխարհային հանրութեան: Ի շարս այլոց ան կ’առաջարկէ հիմնադրումը պատմագիտական, լեզուամշակութային, քաղաքատնտեսական եւ ռազմագիտական ուղեղակեդրոններու:
Անուրանալի փաստ է, որ սփիւռքահայութեան զգալի մէկ հատուածը իր վստահութիւնը կորսնցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչամեքենային նկատմամբ: Այդ վստահութիւնը վերականգնելու համար Ադդարեան կը ներկայացնէ երկու առաջարկներ քննարկման համար.-
- Լեզուամշակութային միացում
- Սփիւռքահայութեան վարչաիրաւական համակարգի ստեղծում:
Կը հրաւիրենք «Գեղարդ»ի ընթերցողները ունկնդրելու այս յոյժ կարեւոր միտքերու փոխանակման նախաձեռնութեան նուիրուած շարքը, որպէսզի բազմակողմանի առաջարկութիւններով կարենանք լուծումներ գտնել մեր բազմաշերտ հարցերուն եւ խնդիրներուն: (Խմբ.)