Խամրող Աւանի Մը Հետքերով՝ Պէյրութ-Լիբանան

Գեղանկարիչ՝ Շահէ Տէր-Պօղոսեան
ԱՅՆ ՄԸՐԷՅՍԷ
ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՈՒ ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒ «ՃՈԽ ՇՏԵՄԱՐԱՆ» ՄԸ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 18 Օգոստոս 2023

Լիբանանահայ գաղթօճախը, անտարակոյս, հանդիսացած է Սփիւռքի ամենէն կենդանի, հայատրոփ, եռանդաշէն եւ արիդւնաշատ համայնքներէն, որ ինքզինք վերարժեւորեց, վերանորոգեց ու վերահաստատեց, իբրեւ բաբախուն հաւաքականութիւն, ամրակուռ ներկայութիւն ու վերականգնողական համախմբուածութիւն:

Նման իրավիճակ մը, բնական էր, պատահական չէր, այլ՝ խօսուն ճշմարտութեան մը հետեւանք, երբ տարագրութեան կեցութիւնը արտաշխարհի մէջ հետզհետէ դարձաւ անխուսափելի, ի տես, տուն-դարձի (իմա՝ հայրենիքի) գրեթէ անհաւանականութիւնը, ի վերջոյ դառնալով անկարելիութիւն մը:

Այս բոլոր տեղաշարժերը եւ վերյիվայրումները, իրենց զանազան զարգացումներով ու հոլովոյթներով, պարտադիր կացութաձեւեր ու նոր նիստուկարգեր առաջացուցին, տեղահանական, գաղթականական ու տարագրական առումներով, հայութիւնը ցիրուցան ու տարտղնուած ճակատագիրի մը դատապարտելով, մէկէ աւելի ցամաքամասերու մէջ:

Հեռաւոր ու մօտաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ «նոր հանգրուան» մը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որ առանց այդ ալ, միշտ ճակատագրուած էր նման (եւ նոյնիսկ աւելի վատ) հալածանքներու ու ճնշումներու, տեղահանութիւններու եւ խաչակրութիւններու:

Այս «չոր» համայնապատկերը, եթէ ատենին կամ օրին, այնքան ալ թափանցիկ եւ ազդեցիկ չէր, այսօր, բոլորովին նոր եւ աւելի յստակատես պարունակի մը մէջ կը գտնուի, որովհետեւ, արեւմտահայ զանգուածները, հոս ու հոն կայք հաստատած, արտերկրի պայմաններու մէջ «խոր արմատ»ներով կ’ապրին, կը շնչեն ու կը գործեն, սակայն, միշտ, ինչ որ տեղ, խաբուսիկ կամ փխրուն նշաններով:

Թէ ո՞րքանով անոնք իրենք զիրենք արդարացուցած են, յաջողած են իրենց ինքնութեան անբասիր կրողները դառնալ, երկա՜ր զրուցավարութիւն է, բայց, մէկ բան յստակ է, որ այդ ամբոխները, իրենց փոքր թէ համեստ իրագործումներով, շնորհալի եւ երախտաշատ դերակատարութիւններով, աչքառու ներդրումներով ու նուաճումներով, դարձած են դրական երեւոյթներ ու գօտեպնդիչ գործարքներ, որոնք, իրօ՛ք, գնահատելի ու դրոշմելի միջոցառումներ են:

*****

Այս խիստ հակիրճ, այլապէս անհրաժեշտ մտորումին տուն-տուող պատճառներէն մէկն այն է, որ սփիւռքատարած շրջաններուն մէջ, տարագրուած հայութիւնը (ուր տեղակայուած է), իր գոյակեցութեամբ, կենցաղավտութեամբ կամ ապրելավարժութեամբ, ինչպէ՞ս ընտելացած էր տիրող մթնոլորտին, ո՞ւր համակերպած էր, դիմագրաւած էր իրեն համար «նորագոյն կամ արտառոց» դժուարութիւնները, բայց, ամենէն կարեւորը՝ կրցա՞ծ էր իր հայապահպանումի ու հայակերտումի գործօններուն մէջ մնալ՝ անսասան, արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ:

Վստահաբա´ր, ա°յս է պատճառը, այլեւ՝ հրամայականութիւնը, որ՝ սփիւռքատարած համայնքայնութեան ու տեղայնականութեան մասին արձանագրութիւնները կամ յուշագրութիւնները պէտք չէ մատնուին… մոռացումի կամ անտեսումի:

Տեղին է հոս յիշել, որ հայ ժողովուրդի անցեալի ՀԱՐՈՒՍՏ պատմութեան մէջ եթէ շատ քիչ բան «մոռցուած» է, ապա, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ՝ 20րդ եւ 21րդ դարու պատմութեան մէջ, թէկուզ՝ փոքր տարողութեամբ «պատառիկ»ներ, մասամբ թէ այլապէս, թողլքուած են, մշուշուած կամ լուսանցքուած, թերեւս, առանց դիտաւորեալ կամ ծրագրեալ պատճառներու, պարզապէս անոր համար, որ «պատմութեան այդ մասունքները» չեն արժանացած լուրջ նկատառումներու կամ ալ՝ մխրճուած են անպատասխանատուութեան յորձանքներուն մէջ:

Այդուհանդերձ, կարելի՞ էր համակերպիլ եւ ընդունիլ նման պարտազանցութիւն (որուն «հեղինակ»ները ո՛վքեր ալ ըլլան) ու չանդարդառնալ, որ իւրաքանչիւր հայագաղութի գոյութիւնը անբաժանելի մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ պատմութեան, ուր կը պարզուի, կ’արժեւորուի եւ կը յատկանշուի անոր տեղն ու դերը, իր ամբողջական, հիմնարարական ու գործնապաշտական նպատակասլացութիւններով ու լիարժէքութիւններով:

Ո՛չ մէկ կասկած, իւրաքանչիւր հայագաղութ ու համայնքախմբուածութիւն, ո՛ւր որ գտնուած է, ո՛ւր որ գործած է, ո՛ւր որ ալ հաստատուած է, կրցած է գոհացուցիչօրէն տնօրինել իր կեանքը, իր բազմազանաբնոյթ ապրելակերպային միջոցներով, գործարքային մասնակցութիւններով եւ արդիւնաւէտ ծրագրաւորումներով, դառնալով իր տեղայնական եւ տնտեսական շրջապատին մէջ յառաջադէմներու ու նորարարութիւններու հիմնական դէմքերէն:

Այս համեստ ու գողտրիկ գրութեան միտք բանին, թէ՝ գաղթօճախները ի՞նչ պատմութիւն ունեցած են, ի՞նչ հանգրուաններէ անցած են, ինչպէ՞ս կազմաւորուած ու արմատաւորուած են, հետեւապէս, ո՞ւր իրենց կեցութիւնը պահելու հնարքներուն տիրապետած են, ազգային, թաղային, ընկերային, մշակութային կեանք ծաւալելով, որպէսզի կարենան իրենց գոյութեան տալ վերաշնչելի եւ վերապրելի տանելի կարգավիճակ մը:

Իսկապէ՛ս, տաժանելի ու դժուարին երթուղի մը, որուն յաջողութեան համար, մասնակի թէ կողմնակի առումներով, անհրաժեշտութիւն կար հսկայ զոհողութիւններու, անսպառ նախաձեռնութիւննեու ու բազում նորաշինութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլալ ապահովել բարւօք ապրելակերպ մը, ընդունելի կենցաղ մը եւ արժանապատիւ համակերցութիւն մը:

Ասո՛նք էին օրուան դաժան պայմաններուն մարտահրաւէրները, ոչ միայն յարմարուելու անոնց, այլեւ՝ յաղթահարելու պարտադրուած խոչընդոտները, որոնք ներքին թէ արտաքին եզրերու վրայ կը մնային միշտ սուր ու փշոտ ուղիներու վրայ, պարզապէս անոր համար, որ տարագրեալ սերունդներուն համար, անոնք բոլորովին նորութիւններ էին, բայց նաեւ՝ խորթ:

Այս առընչութեամբ, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի եւ կը յուշագրուի, լիբանանահայութեան կեանքէն ներս, ինչպէս այլուր, բայց, մանաւանդ՝ ԱՅՆ ՄԸՐԷՅՍէն, ուր մեծ թիւով տարագրեալներ կայք հաստատած էին, նախ՝ ժամանակաւոր, ապա, յետագային, մնայուն բնակութեամբ, դառնալով ծովեզերայ այդ շրջանի ազնիւ, գործունեայ եւ աշխատասէր բնակիչներէն, ուր ընտանիք կազմած էին, սերունդներ դաստիարակած, հայապահպանումի պահանջքներուն հետեւած, իրենց արմատներուն հաւատարիմ ըլլալով, հայկական վարժարաններ ջամբելով իրենց զաւակները, հայաստանեայց եկեղեցին մնալով հոգեկան լոյսի փարոս եւ, առհասարակ, այդ գրաւիչ ու սքանչելի ծովեզերեայ ծայրամասը դառնալով ՓՈՔՐ, ԲԱՅՑ, ԿԵՆՍԱԽԻՆԴ… ՀԱՅՐԵՆԱԲԵԿՈՐ ՄԸ:

Կ’արժէ յիշել, որ Այն Մըրէյսէի հայ երիտասարդութիւնը եղաւ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆ որ հայկական պարախումբ ստեղծեց, խթանիչ օրինակ հանդիսանալով, յետագայի բազմաթիւ պարախումբերու կազմութեան: Իսկ ատոր մէջ մեծ աւանդ ունեցաւ բազմավաստակ պարուսոյց՝ Սարգիս Փասքալեանը:

Հետաքրքրականը, այլեւ յիշարժանը նաեւ այն էր, որ Այն Մըրէյսէն նշանաւորուած էր յատկապէս Մուսա լեռցի ու Քեսապցի հայրենակիցներով (անշուշտ, կային նաեւ այլ ազգապատկան հայորդիներ, բայց, համեմատաբար, թիւով շատ աւելի քիչ), որոնց մեծ մասը նախընտրած էր հաստատուիլ ծովափնեայ այս գեղատեսիլ վայրը, նախ՝ իրեն համար ծովը հարազատ էր, պատմականօրէն ծնած եւ ապրած ըլլալով իր ծննդավայրերը յիշեցնող ծովեզերեայ շրջաններով, ապա, կարեւոր մաս մը նախընտրելով ճաշարաններով, պանդոկներով ու գիշերային վայրերով հարուստ թաղամասերը, ուր կարելի էր աշխատիլ, որպէս սպասեակ, մատուցող եւ հիւրընկալ, այլապէս ալ մօտիկ ըլլալով իր բնակարաններուն եւ մեծ յարգանք ու վստահութիւն վայելելով բոլորին կողմէ:

Հետեւաբար, գոհ էին եւ երջանիկ բոլորը, նոյնիսկ 1947ի ներգաղթը չխանգարեց իրենց խաղաղակերտ ու հանգստաւէտ կեանքը, մինչեւ որ չարաբաստիկ 1975ին ծագած ահաւոր քաղաքացիական պատերազմը ամէն ինչ տակնուվրայ ըրաւ եւ կամաց-կամաց Այն Մըրէյսէն սկսաւ պարպուիլ իր շէնշող եւ աշխուժախինդ հայ բնակիչներէն, իսկ այսօրուան դրութեամբ, եթէ չհաշուենք հատուկենտ հայերու գոյութիւնը հոն, ան երբեք չի յիշեցներ նախկին հոգեշունչ ու աշխուժաշէն փոքրիկ Հայաստանը:

«Armenian Observer»ի հիմնադիր-խմբագիր՝ Օշին Քեշիշեան, ուսին՝ հեղինակը, Պէյրութ, «Նորմանտի» (1958)

Ուշագրաւ դիտարկելի կէտ մըն ալ այն էր, որ Այն Մըրէյսէն անուանի էր, ի մասնաւորի իր զոյգ լողաբաղնիքներով՝ «Նոր Մանտի» եւ «Ժամալ», որուն «յաճախորդները» միայն տեղւոյն բնակիչները չէին, այլեւ՝ այդ օրերուն հեռու նկատուող շրջաններէն ժամանող հայերը, որոնք (հանրակառքերով կամ հետիոտն) կը փութային վայելելու սքանչելի ծովային կեանքը եւ անոր զուլալ ջուրերը, լողալով, նաւարկելով, նարտի կամ թուղթ խաղալով, նաեւ ճաշակերլով՝ «ֆալաֆիլ», «ֆուլ», «հոմոս», «թապուլէ», ձուկ եւայլն:

Կատարեալ խրախճանքային էին այդ օրերը, ուր նաեւ բարեկամներ զիրար կը գտնէին, կը ժամադրուէին կամ նոր ընկերութիւններ կը կազմէին, իսկ երեխաներուն համար, իսկական տօնական պահ կ’ըլլար:

Անոնք որոնք հոն ծնած կամ ապրած են, օդով ու ջուրով սնուած, ո՛ւր որ ալ գտնուին կը վերյիշեն այդ տաքուկ, մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտը, զայն նկատելով եզակի, բայց, տխուր պատմութիւնը ամէն ինչ յօդս ցնդեցուց եւ այսօր կայ տարտղնուած ու ցիրուցանուած Այն Մըրէյսցիներու հսկայ բանակ մը, հոս ու հոն ապաստանած կամ գաղթած (այս ալ ուրի՜շ պատմութիւն մը):

*****

Այս պատմական յուշագրութեան առիթով, փորձութեան ենթարկուելով, պիտի թուարկեմ այն ընտանիքներուն անունները, որոնք ամբողջ կեանք մը հոն ապրեցան, իրենց ընտանիքներով, գործերով, յարաբերութիւններով, ազգային, հայրենակցական թէ քաղաքացիական պարտականութիւններով, դառնալով շնորհալիներ եւ երախտաշատներ, ամենայն նուիրուածութեամբ, աշխատասիրութեամբ, պատրաստակամութեամբ ու նոյնիսկ՝ ժառանգորդութեամբ, դառնալով մեծ աւանդի մը շեփորահարները:

Ահաւասիկ անոնցմէ փունջ մը, որոնք արժանի են յիշատակութեան (ներողամտութիւն խնդրելով անոնցմէ, որոնց չեմ յիշեր կամ անունները չեմ թուարկած).

– Մովսէս Մարգարեան (Մուսա-լեռցի)
– Կարապետ Մարգարեան (Մուսա-լեռցի)
– Պօղոս (Փոլ) Կեպէշեան (Մուսա-լեռցի)
– Հայկ Մարտիրեան (Մուսա-լեռցի)
– Եփրեմ Մարտիրեան (Մուսա-լեռցի)
– Խաչիկ Մարտիրեան (Մուսա-լեռցի)
– Եղիսաբէթ Մարտիրեան Չէրչեան (Մուսա-լեռցի)
– Իսկենտէր Մարտիրեան (Մուսա-լեռցի)
– Յովհաննէս Գոճայեան (Մուսա-լեռցի)
– Ժոզէֆ-Անոյշ Աբրահամեան (Մուսա-լեռցի)*
– Զաւէն Կէօքճեան (Մուսա-լեռցի)
– Իսկենտէր Սարաֆեան (Մուսա-լեռցի)
– Կարօ Սարաֆեան (Մուսա-լեռցի)
– Ճորճ Գրաճեան (Մուսա-լեռցի)
– Երուանդ Չըմպըտեան (Մուսա-լեռցի)
– Պետրոս Չըմպտըտեան (Մուսա-լեռցի)
– Յովհաննէս Չըմպըտեան (Մուսա-լեռցի)
– Յովհաննէս Տլիքեան (Մուսա-լեռցի)
– Շահէ Իգնատոսեան (Մուսա-լեռցի)
– Մարտիրոս Իգնատոսեան (Մուսա-լեռցի)
– Իսկենտէր Իսկենտէրեան (Մուսա-լեռցի)
– Պետրոս Պոլիսեան (Մուսա-լեռցի)
– Աւետիս Մակարեան (Մուսա-լեռցի)
– Գայմաքամեան եղբարք (Սարգիս, Պօղոս, Յաբէթ, Վանիկ) (Մուսա-լեռցի)
– Պետրոս Պօղոսեան (Մուսա-լեռցի)
– Պօղոս Պօղոսեան (Մուսա-լեռցի)
– Յովհաննէս-Մարի Աղպաշեան (Մուսա-լեռցի)*
– Խաչիկ Ճուհուրեան (Մուսա-լեռցի)
– Անտրէաս Ճուհուրեան (Մուսա-լեռցի)
– Քէօշէեան ընտանիք (Մուսա-լեռցի)
– Կարապետ Աթիքեան (Քեսապցի)
– Յակոբ Յակոբեան (Քեսապցի)
– Յովհաննէս Սաղտըճեան (Քեսապցի)
– Յակոբ Սիմոնեան (Քեսապցի)
– Աւետիս Փապուճեան (Քեսապցի)
– Յովհաննէս Ղազարեան (Քեսապցի)
– Բանջարճեան ընտանիք (Քեսապցի)
(*Տիկինները՝ Մուսա-լեռցի):

Անտարակո՛յս, Այն Մըրէյսէի վրայէն (հայկական առումով) վարագոյրը իջած է, բայց, յանուն պատմութեան եւ անոր ունեցած դերին ու գործունէութեան, իբրեւ երբեմնի կենսունակ հայաշրջան, կը մնայ պայծառ իրականութեան մը մէկ թեւաւոր լուսապատկերը, որուն ծոցին մէջ, մէկէ աւելի սերունդներ եկան եւ անցան:

Պարոյր Աղպաշեանի լողընկերութեան անդամական «քարտ»ին լուսապատճէնը

Յ.Գ. Ես եւ իմ ընտանիքս, բախտը ունեցած ենք հոն ծնելու եւ ապրելու, որուն համար, մեծ երախտապարտութեամբ յիշած ենք ու կը յիշենք այդ երանելի օրերը, ուր անցուցած ենք մեր մանկութեան-պատանեկութեան լաւագոյն ժամանակները, նոյնիսկ ես մաս կազմելով տեղական լողամրցանակային ընկերակցութեան՝ «Ալ Ժեզիրա» եւ արժանացած՝ բազմաթիւ մրցանակներու, զորս մեծ գուրգուրանքով ու հպարտութեամբ կը պահեմ իմ արխիւներուս մէջ:

Գեղանկարիչ՝ Շահէ Տէր-Պօղոսեան

1 comment
  1. For the socioeconomic life of Musa Dagh migrants in Lebanon in general and Ayn Mrayse in particular, see my book, The Musa Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939 (Beirut: Haigazian University Press, 2015), pp. 162-169. Vahram Shemmassian

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like