Բանակցութիւն՝ մեծերու շուքին տակ

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 12 Յունուար 2022

Այս ամսուան մէջ կը սկսին անհաւասար ուժերու միջեւ բանակցութիւններ` վերջ դնելու  յոյսով Հայ-Թուրք դարաւոր թշնամութեան: Մեծ պետութիւններու, ԱՄՆ-ի, ՌԴ-ի և Ֆրանսայի նախկին ջանքերը հաշտութիւն գոյացնելու երկու կողմերուն միջեւ, որ պսակուեցան 10 Հոկտեմբեր 2009-ին Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքին մէջ կնքուած համաձայնագրով (ինչ որ կոչուեցաւ փրոթոքոլներ), արդիւնք չտուին, պարզապէս որովհետեւ երկու թշնամի ժողովուրդները պատրաստ չէին ընդունելու այն ինչ որ մէկուն կու տար ամբաստանեալի աթոռին վրայ նստելու անհանգստութիւնը և միւսին կու տար իր դատը և իրաւունքները անտեսուած տեսնելու դառնութիւնը:

Արցախը ազատագրած հայը այն ատեն զօրաւոր դիրքի վրայ նստած կրցաւ փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը ուշացնել քանի մը ժամով, որպէսզի արգիլուէր Թուրքիոյ Արտգործ նախարար Ահմետ Տաւուտօղլուին նախօրօք պատրաստած իր ելոյթը հաղորդել ներկաներուն, որուն մէջ ան խնդրահառոյց նիւթեր պիտի արծարծէր:

Այս անգամ, նոյն այդ մեծ պետութիւններու ջանքերով և ճնշումներու բերումով, պիտի սկսին բանակցութիւնները, նախ՝ Մոսկուայի մէջ, ապա Ուաշինկթընի մէջ, կողմերու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու և հաշտ ապրիլ կարգաւորելու համար:

Վերջին պատերազմով վիրաւոր և տկար դարձած Հայաստանը, առանց երեք մեծ պետութիւններու հոգատար նեցուկին և բազուկին, յստակ է որ անհաւասար ուժերու միջեւ  տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, պարտադրուած պիտի զգայ զիջումներ կատարելու:

2010 թուականին արձակուած վճիռը Հայաստանի Սահմանադրական Ատեանին կողմէ կը մնայ ի զօրու և այժմէական: Այդ վճիռը Հայաստանին կը պարտադրէ որ  Թուրքիոյ հետ իր կնքելիք որեւէ համաձայնութեան կամ հաշտութեան պարագային,  սակարկութեան չդնէ իր պայմանաւորուածութիւնը հետեւեալ երեք հարցերու նկատմամբ:

Ա. Հայաստան պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով միջազգայնօրէն ճանչցնել տալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը.

Բ. Չընդունիլ որեւէ համաձայնութիւն Թուրքիոյ հետ որ կը միտի վերջ դնել Ղարաբաղի ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին.

Գ. Պաշտօնապէս չընդունիլ 1921 թուականին կնքուած Կարսի Համաձայնագրով ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը, վերջ դնելով հայ դատին:

Այսպիսի գերագոյն օրէնքի ոյժին տակ բանակցող Հայաստանը անկասկած որ պէտք ունի այդ երեք ՄԵԾԵՐՈՒՆ կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուելիք ճնշումին: Երեքն ալ պաշտօնապէս և պետականօրէն ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը և երեքն ալ «ՄԻՆՍԿ»ի խումբի որպէս համանախագահներ, յաճախ յայտարարեցին որ Ղարաբաղի հարցը կը մնայ անլոյծ, հակառակ Ալիեւի պնդումներուն որ վերջ դրուած է Ղարաբաղի հարցին իր շահած պատերազմով: Կը մնայ Արևմտահայաստանի հարցը որ Կարսի համաձայնագրով Հայաստանէն անջատած էր Կարսն ու Արտահանը, Անին ու Արարատ լեռը:

Մեծ պետութիւններու կողմէ գծուած են փոքր պետութիւններու սահմանները: Այդ ըրած են անոնք Ափրիկէի մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ, Փոքր Ասիոյ և Կովկասի մէջ: Վերջին կէս դարու մէջ պատահած պատերազմներն ու խլրտումները Միջին Արեւելքի մէջ խօսիլ կու տան նոր աշխարհի մը (New World Order) կարգաւորման մասին, որուն դերակատարները, ինչպէս միշտ, «ՄԵԾԵՐ»ը կ՛ըլլան:

Եթէ նպատակ ունին այդ «ՄԵԾԵՐ»ը նիւթական հատուցումներով կամ աւելի նպաստաւոր կեանք մը խոստանալով Հայաստանին, մեզմէ խլել այն ”սրբադասուած” հաւատամքը որ բոլորս ազգովին անխտիր ունինք մեր անիրաւուած իրաւունքներու նկատմամբ, մեզ պէտք չէ երբեք այդ հաշտութիւնը: Հայ նկարագրի ծինին մէջ չկայ իր մայրը, քոյրը կամ աղջիկը շուկայի վրայ ծախու հանել …որպէսզի ապահովուի ընտանիքի հանգիստ ապրուստը: Եթէ Պաղեստինցին մերժեց Ամերիկայի և անոր հետ ամբողջ Արեւմուտքի շռայլօրէն խոստացուած ներդրումները տնտեսական թէ նիւթական՝ կառչած մնալով իր իրաւունքին Հին Երուսաղէմը որպէս մայրաքաղաք ունենալու, այնպէս ալ այդ «ՄԵԾԵՐ»ուն զանազան ներդրումները Հայաստանին նիւթական թէ տնտեսական, պէտք է մերժենք կառչած մնալով մեր սրբազան լեռ՝ Արարատին:

Svante E. Cornell, տնօրէնը՝ American Foreign Policy Council’s Central Asia-Caucasus Institute կոչուող հիմնարկին, իր 14 Նոյեմբեր 2020 թուակիր ”How Did Armenia So Badly Miscalculate Its War with Azerbaijan” յօդուածը կ՛եզրականացնէ վերջաբանով մը, որ կ՛ըսէ թէ «Հայաստանի ունեցած զգացումը իր ռազմական գերազանցութեան մէջ խորտակուած է և իր մեկուսացումի զգացումը շօշափելի է. Փաշինեան մնայ թէ ոչ, կը մնայ տեսնել թէ Հայաստան դաս պիտի քաղէ՞ այս դժբախտութենէն և լրջօրէն փորձէ խաղաղութեան ետւէն իյնալ»:

Ամերիկեան կարծիքի տէր այս մտաւորական ներկայացուցիչին խրատին ուղղութեամբ շարժող Փաշինեանի կառավարութիւնը այժմ լրջօրէն կը փորձէ խաղաղութիւն բերել իր ժողովուրդին:

Սակայն ի՞նչ գինով: Թող որ «ՄԵԾԵՐ»ը Սեւրի դաշնագրի ոգիով շարժին և արդար ըլլան մեր իրաւունքներուն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like