Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, Թորոնթօ, 15 Մայիս 2021
ԾԱՆՐԱՑԱԾ սրտով այս ամսուն կը նշենք ԵՌԱՏՕՆԸ մեր յաղթանակներուն:
- Յաղթանակ Սարտարապատի, որ կերտեց հանրապետութիւնն Հայաստանի
- Յաղթանակ Շուշիի, որ վերականգնեց արժանապատւութիւնն մեր ժսղովուրդի:
- Յաղթանակ Հայրենական Մեծ Պատերազմի, որ փրկեց պետականութիւնն մեր ազգի:
Արցախի ճակատներուն վրայ մեր կրած վերջին պարտութիւնը յստակ կը դարձնէ թէ ինչու՞ ԾԱՆՐԱՑԱԾ սրտով կը նշենք այդ յաղթանակները: Արդարև, եթէ մեր հերոսներու արեան գնով վաստակած այդ յաղթանակներուն հետեւանքը եղաւ հանրապետութիւն, վերականգնած արժանապատւութիւն և փրկուած պետականութիւն, ապա Արցախի վերջին պատերազմի նահատակ մեր հերոսներուն արիւնը թափուեցաւ ի հետեւանք բարեկամէ լքեալի և դարաւոր թշնամիէ հարուածուածի նենգ դաւադրութեան և մեր ապիկար իշխանաւորներու անհոգութեան, յանցագործութեան և ապերախտութեան:
Ծանրացած սրտով ականատես կ՛ըլլանք այս օրերուն տեսնելու նաև այդ ապիկար, յանցագործ և ամէնէն ցայտուն ապերախտ նախկին իշխանաւոր Ռոբերտ Քոչարեանի քաղաքական բեմ վերաղարձը, «Հայաստան» դաշինքի գլուխը անցած, ինքզինք ներկայացնելով որպէս ազգի ու հայրենիքի փրկարար … : Ցաւալի է տեսնել այդ դաշինքին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը, որ իր սփիւռքահայ կեանքին բերած ազգային կրթական, մշակութային և քաղաքական օգտաշատ գոծունէութեան կողքին՝ կորսնցուցած ըլլալ կը թուի հայաստանեան հողին վրայ ճիշդ դիրքորոշուելու գիտակցութիւնը…: Մարդ կը տարուի հարց տալու, թէ գաղտնի ի՞նչ հաշիւներ կամ “combine”-ներ կան կամ գոյութիւն ունեցած են անցեալին Ռոբերտ Քոչարեանի և ՀՅԴ-ի միջև, որ վերջինս կը շարունակէ գործակցիլ հայրենի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ արգահատուած այդ մարդուն հետ: Եթէ ոմանք արցախեան վերջին պատերազմին պարտութիւնը կը վերագրեն Նիկոլ Փաշիեանին, որովհետեւ անոր իշխանութեան ատեն պատահեցաւ այդ պարտութիւնը, ապա Ռոբերտ Քոչարեանին պէտք է վերագրել ազգային դժբախտութեան ամէնէն մեծ արարքներէն մէկը՝ ազգային ժողովի սպանդը, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 1998-ին, ազգային ժողովին մէջ ահաբեկելով ԱԺ-ի նախագահ՝ տաղանդաշատ Կարէն Տեմիրճեանն ու այդ օրերու հերոս սպարապետ ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը: Հրաշագործ և խոստումնալից այդ զոյգին ահաբեկումով վերջ դրուեցաւ շիտակ հայրենի պետականաշինութեան և սկիզբը դրուեցաւ յետ 1998-ի մեր բոլոր ձախողութիւններուն՝ հասցնելով մեզի ամօթալի այս վերջին պարտութեան:
Ծանրացած սրտով այս օրերուն նաև ականատես կ՛ըլլանք նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աջ ու ձախ խարխափումներուն և անոր կողմէ նախապէս խիստ քննադատութեան արժանացած նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի և Սերժ Սարգսեանի հետ գործակցելու ջանքերուն: Մարդ կը տարուի հարց տալու թէ ի՞նչ ախորժակ է սա որ հիները կը մղէ վերադառնալու քաղաքական բեմ, փոխանակ հանգստեան աթոռին մէջ իրենց կատարած սխալներու լաթերով փաթթուելու:
Մայիս 10-ին տեղի ունեցած այս վերջին նիստին, երբ Ազգային Ժողովը լուծուեցաւ կամ ”իրաւունքի ուժով” դադրեցաւ գործելէ, Ժողովի պատգամաւորներէն մէկը ի պատասխան ընդդիմադիրներու մեղադրանքին, թէ «ի՞նչ լաւ բան կատարեց յեղափոխական այս իշխանութիւնը», հետաքրքրական օրինակ տալով իր ելռյթին մէջ ժողովուրդը նմանցուց հիւանդի մը, որ տարիներու երկայնքին բժիշկներու կողմէ սխալ բուժումի ենթարկուած էր և վերջապէս գտաւ իր հիւանդութեան ճիշդ ախտաճանաչում կատարող բժիշկը: Ան ըսաւ, որ նոր բժիշկը ժամանակի կը կարօտէր հիւանդին վատթարացած հիւանդութիւնը բժշկելու համար եւ պատերազմը եկաւ խանգարելու այդ բուժումին դրական ընթացքը … :
Հայաստան բախտաւորութիւնը ունեցած էր 2018-ի մայիսեան յեղափոխութեամբ ունենալու իր բժիշկը, և մաֆիատիպ իշխանութեան հեռացումով՝ վերջ գտան վարակիչ հիւանդութիւնները և երկիրը գտած էր իր ամոքումի դեղագիրները: Այն ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ 2018-ի Մայիսին, Լիբանանի անզօր ժողովուրդը կը փորձէ կատարել Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր՝ ձերբազատուելու համար Հայաստանի նախկին կաշառակեր և «թալանչի» անձերու նմաններէն, որոնք իրենց գողօնը երկրէն դուրս հանելով՝ այդ երկիրը այսօր հասցուցին սնանկացումի աստիճանին, բան մը, որ կրնար պատահիլ Հայաստանի մէջ, եթէ յեղափոխութիւնը չյաջողէր:
Հիմա որ Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները ճշդուած են Յունիս 20-ին և իշխանութիւնը փոխանցուած է ժողովուրդին, ինչպէս միշտ կ՛ուզեն ըսել «Իմ Քայլ»ական գործընկերները Փաշինեանի, այդ ժողովուրդին կը մնայ ընտրել իր ներկայացուցիչները, որպէսզի կազմուի նոր իշխանութիւնը: Հակառակ կողմերու վրայ ամուր կանգնած են 20 տարուայ իշխանական փորձուածները և վերջին 3 տարուան իշխանական փորձուածները: Առաջինները ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ մերժելի դարձան և վերջիններն ալ թշնամիի հարուածով՝ գործելու անկարողութեան առջեւ դրուեցան: Արաբական արածը կ՛ըսէ, «Ան, որ կը փորձէ փորձուածը, ուղեղը խանգարուած կ՛ըլայ» («Ելլի պիժարրէպ ըլ մըժարրապ, պիքուն աքլու մըխարրապ»):
Փաշինեանի «ինստիտուտցիոնալիզմ»ի (հիմնարկապահութիւն) հիմքերը ամրացնելու ծառայող իշխանութիւնը, որ երեք տարուան ընթացքին որեւէ «սկանդալային» արարքով կամ սեփականաշնորհային գործով կարելի չեղաւ մեղադրել (ինչպէս մեղադրուած էին նախկին երեք նախագահներու վարչակարգերը), արժանի է վերընտրութեան: Ըսինք, թէ փորձուածը փորձելը յիմարութիւն է, նկատի ունենալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի և Սերժ Սարգսեանի իշխանութեանց վնասաբեր անցեալը, որոնց «պետականագողութեան» հետեւանքով քաւութեան նոխազ դարձաւ Փաշինեանի բարենորոգումներով լեցուն այս իշխանութիւնը: