ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ  ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ  ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ

ՄԿՐՏԻՉ Յ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ, Պէյրութ

Բանախօսութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի շրջանաւարտներու Համաշխարհային Համախմբումի Առեւտրական Միաւորի կազմաւորման առիթով

Ինիսունական թուականներուն սկիզբը, համայնավարութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական ցամաքամասի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովներուն գլխաւոր օրակարգը կամ նիւթը դարձաւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան ապահովումը «Հակամարտութիւններ», «Համագործակցութիւն» կամ «Տագնապներ» խորագիրներուն տակ:

Ներկայիս, Երկրագունդի հինգ գլխաւոր ցամաքամասերուն ամենահրատապ հարցերէն մէկը դարձած է ելեւմտական յանցագործութեան սպառնալիքներու մարտահրաւէրը: [Որդեգրուած են] Պատժամիջոցներ, կանխամիջոցներ, OFAC, համընդհանուր պայքարի զանազան ուխտեր.  Patriot Act, FATF, FINCEN, FATCA, Tax Evasion, Off-Shore Centers, Cyberthreats, Electronic Crime, Penalty Fees and Punishments եզրերը դարձած են ելեւմտական աշխարհի ամենատարածուած հասկացութիւնները:

Միջազգային Ելեւմտական Հիմնադրամը (International Monetary Fund) «ելեւմտական յանցագործութեան սպառնալիքը» իր ամենանեղ հասկացողութեամբ կը սահմանէ իբրեւ դրամական կորուստի բռնի յանցագործութիւն: Անոր զոհը միաժամանակ կը դառնան տուեալ ելեւմտական հաստատութիւնը եւ յաճախորդը:

Ելեւմտական զեղծումը, թշնամանքը եւ չարաշահութիւնը մաս կը կազմեն ելեւմտական յանցագործութեան սպառնալիքներուն:

«Ելեւմտական յանցագործութեան սպառնալիք» եզրը կարելի է սահմանել հետեւեալ հասկացութիւններով.

1- Խարդախութիւն, նեխածութիւն եւ կաշառակերութիւն.
2- Տուրքերէ խուսափում.
3- Դրամի լուացում.
4- Վստահութեան չարաշահում, դրամաշորթում, գողութիւն եւ ընդյատակեայ առեւտուր.
5- Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորում, զինավաճառութիւն, ռազմական արհեստագիտութեան ընդլայնում.
6- Համացանցային ոճրագործութիւն (Cyber or electronic crime)

Անցնինք մանրամասնութիւններուն:

1- Խարդախութիւն, նեխածութիւն եւ կաշառակերութիւն.

Ո՞վ չի յիշեր Enron, WorldCom… Madoff, Չինացի Ezubao, կամ Գերմանիոյ Kirch Gruppe- ի եւ այսօրինակ անուններու [գայթակղութիւնները]:

Ելեւմտական խարդախութիւնը հիւմորի տեսքով ներկայացնելու փորձ մը պիտի կատարեմ:

On the left side you have the assets and on the right side you have the capital. With fraud nothing is right on the left side and nothing is left on the right side.

Այսինքն՝

Երբ հաշուեկշիռի մը մէջ փորձենք տոլարին արժէքը ներկայացնել, կ’ըսենք. Ձեր ձախ կողմին վրայ դուք ունիք ձեր ինչքերը (ASSETS), իսկ աջ կողմի վրայ՝ դրամագլուխը (CAPITAL):

Խարդախութեան եւ նեխածութեան պարագային, ոչինչ ճիշդ կը մնայ ձախ կողմի վրայ, իսկ ոչինչ մնացած՝ աջ կողմի վրայ:

Որո՞նք կը գործեն ելեւմտական ոճիրները

– Քրէական կազմակերպութիւններ, ներառեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ,
– Պետական փտած անձնաւորութիւններ, պատահաբար իշխանութեան հասած   հեղինակութիւններ եւ անոնց ստորադասներ,
– Առեւտրական մարզի պատասխանատուներ կամ անոնց օգնական վարիչներ,
– Պատասխանատու եւ սկսնակ պաշտօնատարներ,
– Բարձր արհեստագիտութեան տիրապետող համացանցային մասնագէտներ:

2- Տուրքերէ խուսափում.

Եթէ փորձէք Wikipedia.org-ի մէջ նայիլ արտաքին պարտք ունեցող երկիրներու համաշխարհային դասաւորումին, ձեզի զարմանք պիտի պատճառէ, թէ ինչո՞ւ այսքան մեծ տարողութեամբ եւ չափազանցուած պարտքեր ունին դասաւորումին մէջ ընդգրկուած 189 պետութիւնները:

Պետութիւններու պարտքերը կրնան կուտակուիլ զանազան պատճառներով, սակայն ամենագլխաւորը տուրքերէ խուսափիլն է:

Գոյութիւն ունի տուրքերէ խուսափելու երկու եղանակ. ապօրինի եւ օրինական:

Հակառակ օրէնքի եւ ատեաններու գոյութեան, օրէնք եւ իշխանութիւն գործադրող հեղինակութիւններու առկայութեան, պատժամիջոցներու եւ բանտարկութիւններու՝ անհատներ, գործակիցներ եւ ընկերութիւններ տակաւին կը փորձեն խուսափիլ տուրք վճարելու պարտաւորութենէն:

1960-ական թուականներէն սկսեալ մեծ թիւով բազմազգ եւ միջազգային ընկերութիւններ ու անոնց ենթակայ մասնաճիւղեր, իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող փաստաբաններու եւ դատախազներու միջոցաւ, տուրքէ խուսափելու դրախտի վերածած են աշխարհի տարբեր գօտիներ, կղզիներ, ինչպէս Պերմուտան, Նասօ եւ Քէյմէն կղզիները, Կիպրոսը, Մալթան եւ այլն: Այս երկիրները կամ վայրերը ծանօթ են որպէս տուրքէ խուսափել կեդրոններ:

Արդեօք ելեւմտական յանցագործութիւն չե՞ն օրէնքի չարաշահման (CIRCUMVENTION OF LAWS), նենգամտութեան եւ խաբէութեան հովանոցի տակ գործող այս վայրերը:

3- Դրամի լուացում.

Դրամի լուացումը համեմատաբար նոր երեւոյթ է ելեւմտական աշխարհին մէջ: Ան լայն տարածում գտած է ընկերութիւններու եւ տնտեսութիւններու մեծամասնութեան մէջ: Ան աւելի ծանօթ է «աղտոտ դրամ» հասկացութեամբ: Ան անհատներու, միացեալ ընկերութիւններու կամ կազմակերպութիւններու՝ ապօրինի ճանապարհներով (կաշառակերութիւն, թմրանիւթերու վաճառականութիւն, տուրքերէ խուսափում, պատանդառում, փտածութեան արարքներ, ընդյատակեայ առեւտուր, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հովանաւորութիւն եւ այլն) կուտակած հսկայ քանակութեամբ գումարներն են՝ մեծամասնութեամբ կանխիկ:

Այսուհանդերձ, յայտնեմ, թէ նախորդ դարու ութսունականներուն, այս վնասաբեր երեւոյթը տակաւին անծանօթ կը մնար, հակառակ այն իրողութեան, որ դրամի լուացման հետ առնչուած բոլոր յանցագործութիւնները գոյութիւն ունէին այդ ժամանակամիջոցին: Սակայն կ’արժէ իմանալ, թէ ինչպէ՞ս զարգացաւ դրամ լուալու «մասնագիտութիւն»ը:

4- Վստահութեան չարաշահում, դրամաշորթում, գողութիւն եւ ընդյատակեայ առեւտուր.

Շատ հաւանաբար, ձեզմէ իւրաքանչիւրը շատ լաւ կը հասկնայ վստահութեան չարաշահումի իմաստը: Յարգելով հանդերձ բացառութիւնները, ան մաս կը կազմէ մարդկային նկարագիրին: Առեւտուրի ու ելեւմտական աշխարհի մէջ, յաջողելու համար, անհրաժեշտ է ըլլալ ազնիւ, պատուաւոր եւ պարկեշտ: Վստահութեան չարաշահումի ճանապարհը կարճ է: Ուշ կամ կանուխ, այդպիսիները պիտի իյնան փոսին կամ խրամին մէջ ու պիտի անհետանան իրենց յոռի վարկով:

Տգիտութեան եւ խարդախութեան գինը շատ աւելի սուղ է ուսման գիտելիքներու ամբարումէն կամ օրէնքներու ենթարկուելու իրողութենէն:

5- Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորում եւ զինավաճառութիւն, սպառազինութիւն, ռազմական արհեստագիտութեան ընդլայնում.

Քաղաքական նպատակներով, զանազան պետութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կը հովանաւորեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ կը զբաղին սպառազինութեամբ: Շահագրգիռ կողմերուն համար, այս երեւոյթը մահի ու կենաց հարց մըն է, մանաւանդ իրենց իշխանութիւնը պահպանելու համար: [Այս ծիրին մէջ] յատկապէս արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ ստեղծած են պատերազմի գօտիներ: Բնականաբար, այսպիսի իրավիճակներու առկայութեան, սպառազինութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտութիւն:

Դուք շատ լաւ գիտէք Արեւմուտքի ու Արեւելքի մէջ զէնք արտադրող եւ վաճառող պետութիւնները: Յաճախ անոնք զէնքը նոյնիսկ կը նուիրեն հակամարտութեան կողմերուն:

6- Համացանցային ոճրագործութիւն

Այսօր այս կը նկատուի դրամատուներն ու ելեւմտական հաստատութիւնները հարուածող մեծագոյն սպառնալիքը: Դրամատնային որեւէ համակարգ զերծ չի մնար այս սպառնալիքէն: Ան դարձած է դրամատուները գումար պահ դնողները եւ ներդնողները հարուածող ելեւմտական նորագոյն յանցագործութիւնը: Ան նաեւ կը հարուածէ պաշտօնեաները, որպէսզի թափանցէ ելեւմտական կամ դրամատնային համակարգերու ներքին, տեղեկատուական ենթաբաժինները կամ համակարգային հաղորդակցութեան կառոյցները, օրինակ SWIFT-ը:

Ըստ ամերիկեան «Պենքըր» (Banker) ամսաթերթին՝ ժողովուրդը կը մնայ այս սպառնալիքին ամենաթոյլ օղակը: Համացանցային քրէագործները կամ յարձակողները կը փորձեն թափանցել մարդոց յանձնարարագիրներուն, վկայագիրներուն, գաղտնաթիւերուն, դրամատնային հաշիւներու մասին տեղեկութիւններուն կամ իւրացնել զանոնք, որպէսզի կորզեն հաշուական, թուային, համակարգային տեղեկութիւններ:

Դրամատուները պարտաւոր են բազմապատկելու իրենց ապահովական միջոցառումները՝ նմանօրինակ յարձակումներ կանխելու համար: Դրամատնային բազմաթիւ համակարգեր արդէն իսկ ենթարկուած են նմանօրինակ յարձակումներու՝ ՄԻԼԻԱՐԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՎ:

————————

Կառավարութիւններ, իրաւական հեղինակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ ու ելեւմտական հաստատութիւններ պայքար յայտարարած են ելեւմտական յանցագործութեան դէմ: Անոնք պայքարը կը մղեն հետեւեալ ճանապարհներով.

1- Պատժամիջոցներով
2- Օրէնքներու միջոցով. օրինակի համար՝ US – OFAC AND PATRIOT ACT, FATF, FATCA.
3- DE-RISKING OF CORRESPONDENT BANKING RELATIONS-ի միջոցով, այսինքն ՝ ԹՂԹԱԿՑԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ սպառնալիքի նուազագոյն աստիճանին հասցնելով.
4- Միջ-դրամատնային թղթակցական դրամատուներուն փոխյարաբերութիւնները հիմնաւորելով WOLFSBERG-ի սկզբունքներուն վրայ (Wolfsberg Principles).
5-Դրամի լուացման դէմ քառասուն յանձնարարութիւններու գործադրութեամբ

ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ

Զանազան պետութիւններ մշակած են օրէնսդրութիւններ, որոնց շնորհիւ օրինապահ կամ իրաւապահ կառոյցներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ կը պայքարին միջազգային ելեւմտական յանցագործութեան դէմ: Այս պայքարին մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութեան պետութիւնները, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Բարգաւաճման Կազմակերպութիւնը: Անոնք կարգ ու կանոն կը պահպանեն ելեւմտական, դրամատնային, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաղորդակցութեամբ գործող կառոյցներու մէջ: Միաժամանակ, վերոյիշեալ պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները ստեղծած են ատեաններ՝ օրինազանցումները կամ օրէնքներու չարաշահումները արգիլելու, իսկ զանոնք գործողները բացայայտելու, տուգանելու կամ բանտարկելու նպատակով:

Այսուհանդերձ, պատժամիջոցները նոյնպէս ունին սահման. մշտապէս գործադրելու պարագային՝ անոնք երկսայրի սուրի կը վերածուին:

Այս առնչութեամբ, բաւական ուշագրաւ էր Քառնեկիի Հիմնարկութեան (CARNEGIE FOUNDATION)-ի վերջին տեղեկագիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանի քարտուղար Ճեյքըպ Լիուի (Jacob J. Lew) յայտարարութիւնը, ուր ան ընդգծեց պատժամիջոցներու չարաշահումը վերահսկելու անհրաժեշտութիւնը:

ՏՈՒՐՔԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ

Եւրոպական Միութեան 28 անդամ պետութիւններու ելեւմուտքի նախարարները ժամանակէ մը ի վեր կ’աշխատին նոր հնարքներ կեանքի կոչել՝ աւելի թափանցիկ դարձնելու բազմազգ ընկերութիւններն ու ելեւմտական կառոյցները: Այս ճանապարհով, Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ պայքարիլ տուրքերէ խուսափող անհատներու, փոքր եւ մեծ ընկերութիւններու, նախաձեռնութիւններու դէմ:

Ինչպէս նախապէս նշեցի, դժբախտաբար, խարդախութիւններն ու չարաշահումները շատ մտահոգիչ չափերու հասած են վերջին ժամանակաշրջանին: Անոնք հասած են այնպիսի մակարդակի մը, որ խախտած են Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ելեւմտական քաղաքականութեան սկզբունքները: Վերջին տասը տարիներուն, կ’անտեսուին եւրոպական դրամանիշին՝ եուրոյին վերաբերեալ Մաասթրիխթի Համաձայնագիրին գլխաւոր Չորս Սկզբունքները: Այս կացութիւնը տնտեսական եւ ընկերային լուրջ տագնապ յառաջացուցած է Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը պետութիւններու մէջ:

Միացեալ Նահանգները անհատներու եւ ընկերութիւններու միջոցով նոյնպէս կը պայքարի ելեւմտական տուրքերէ փախուստ տուող կառոյցներու դէմ: FATCA -ն կը ներկայանայ այդ պայքարի օրինակներէն:

Գանք ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ (INTERNATIONAL CHAMBER OF COMMERCE) եւ անոր ենթակայ յանձնախումբերու դերակատարութեան: Ինչպիսի՞ դերակատարութիւն ստանձնած է միջազգային առեւտուրի օրէնսդրութիւնը, առեւտուրի չափանիշներու պահպանութիւնը երաշխաւորելու կոչուած՝ 1933-ին ստեղծուած այս կազմակերպութիւնը: Օրինակի համար՝ միջազգային առեւտուրի չափանիշներու պահպանութեան համար ստեղծուած UCP-600 կազմակերպութիւնը Միջազգային Առեւտրական Ատեանի ստեղծագործութիւններէն մէկն է:

Քրէական յանցագործութիւններու մեծամասնութիւնը ժխտական անդրադարձ կ’ունենայ պետութիւններու տնտեսութեան վրայ: Խորքին մէջ, այդ յանցագործութիւնները հիմէն կը քանդեն դրամատնային համակարգերու կայունութիւնը, գերիշխանութիւնը, անոնց գանձային ու ելեւմտական դրութիւնը, յուսահատութեան կը մատնեն ներդնողները, կը դանդաղեցնեն, նոյնիսկ կը կասեցնեն միջազգային դրամագլուխներու հոսքը, ինչպէս նաեւ զարգացող կամ զարգացած տնտեսութիւններու առեւտրական ու ելեւմտական բարգաւաճումը:

Դժբախտաբար, միջազգային կազմակերպութիւններու առաջադրած լուծումները չեն նպաստեր տնտեսական աճին, աշխատանքային նոր առիթներ ստեղծելուն, միջազգային առեւտուրի ու ելեմտական բարգաւաճումին եւ զանոնք չեն երաշխաւորեր:

Վերցուցէ՛ք պատժամիջոցներու, տնտեսական շրջափակումներու եւ պոյքոթի երեւոյթները: Անոնք կը գործածուին քաղաքական նպատակներու համար եւ ընդհանուր գրեթէ ոչինչ ունին տնտեսութեան կամ միջազգային առեւտուրին հետ: Օրինակի համար՝ վերցուցէ՛ք Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպական Միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու գործադրած պատժամիջոցները:

Ինչո՞ւ միջազգային առեւտուրը եւ անոր ենթակայ տնտեսական կառոյցները կը տառապին միջազգային առեւտուրի կծկումներէն, դրամայորդումէն եւ տնտեսական աճի ու բարգաւաճման ոչ-բարձր ցուցանիշներէն, երբ դրամի տոկոսին սակը պատմականօրէն ամենացածն է եւ ուժանիւթին փոխարժէքը նուազած է առնուազն վաթսուն առ հարիւրով…: Այս երկու գործօնները պէտք է նպաստէին համաշխարհային տնտեսութեան ու առեւտուրի բարգաւաճումին եւ ոչ թէ շուկայական տագնապներու։

Միացեալ Նահանգներու Դաշնային Պահեստային Դրութեան (Federal Reserve System) նախկին նախագահ Փօլ Վոլքըր (Paul Volcker) կ’ընդգծէ, թէ պետական չափազանցուած պարտքերը չեն նպաստեր տնտեսական տարեկան աճին, ինչը իրականութիւն դարձած է այսօր։ Ինչո՞ւ: ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ՉԱՓԵՐՈՒ, ՉԸՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ԶԵՐՕ-ի։

Պատժամիջոցները յեղաշրջած են արտածող եւ ներածող պետութիւններու միջեւ միջազգային փոխյարաբերութիւնները՝ առանց զանոնք բարելաւելու այլընտրանքներ առաջադրելու:

Եզրակացութիւն. Ելեւմտական յանցագործութեանց դէմ Միջազգային Առեւտրական Ատեանի պայքարի քաղաքականութիւնը կ’առաջադրէ վերատեսութեան ենթարկել առեւտրական շրջանառութեան ապագան, G-20-ի անդամ պետութիւններու կառավարութիւններն ու իրաւապահ մարմինները քաջալերել վերացնելու կամ մեղմացնելու առեւտրական շրջանառութեան առջեւ յարուցուող բոլոր վերոյիշեալ արգելքները՝ տնտեսական բարգաւաճումը օրինաչափ դարձնելու մտահոգութեամբ:

Կը յիշեմ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի կազմակերպութեամբ 1982-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած՝ միջազգային դրամատուներու վերաբերող խորհրդաժողովի մը ընթացքին, գլխաւոր բանախօս, արժանապատիւ Լորտ Չալֆոնթի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Օրէնքներու բազմապիսութիւնը կը դժուարացնէ միջազգային դրամատնային եւ ելեւմտական համակարգերուն կացութիւնը ու շարունակական տագնապներ կը ստեղծէ: Կը խորհիմ, թէ ներկայիս մենք այդ հանգրուանը թեւակոխած ենք»:

(հոս տեղադրել բանախօսութեան գոնէ ամիսը 2016)

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like