Մկրտիչ Պուլտուքեան, Լիբանան, 15 Սեպտեմբեր 2021
«Լացի Պատ»ը տեղակայուած է Սողոմոնի Տաճարի լերան արեւմտեան կողմը, Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ: Ան Իսրայէլի մեծագոյն կրօնական յուշարձանն է:
Մեր թուարկութենէն առաջ Սողոմոն թագաւորի հրամանով Տաճարի լերան վրայ կառուցուած սոյն տաճարը դարձաւ հրեայ ժողովուրդին սրբարանը: Դարերու ընթացքին, Բաբելոնցիները աւերած են զայն, հրեաները՝ վերաշինած: Հռոմէացիները գրեթէ ամբողջութեամբ քանդած են Երուսաղէմը, բայց Պատը գոյատեւած է:
Տաճարին քանդումէն ետք ծնած հրեաներուն համար Պատը ունեցած է նշանակութիւն, խորհուրդ:
Երբ Երուսաղէմի տաճարները աւերուեցան, հրեաները սկսան հաւաքուիլ Տաճարի աւերուած պատին առջեւ եւ սգալ իրենց կորուստները: Ըստ եբրայական օրէնքին, այցելելով Պատին եւ խորհելով շուրջը տիրող աւերուածութիւններուն մասին, իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտաւոր է լալ եւ պատռել իր հագուստը:
Արաբները տեսնելով, որ հրեաները Պատին մօտ գալով Բարձրեալին կ’աղօթեն եւ կը սգան Տաճարին կործանումը, զայն անուանած են «Լացի Պատ»:
«Լացի Պատ», յաճախ՝ «Հառաչանքի Վայր» անուանումը ծագած է հրեաներուն այդ վայրը այցելելու եւ Տաճարին կործանումը սգալու աւանդութենէն:
Պատմաբաններու վկայութեամբ, երբ 1517 թուականին Երուսաղէմը անցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, Սուլէյման Մեծ սուլթանը առաջինը եղած է հրեաներուն արտօնելու, որպէսզի աղօթեն «Լացի Պատ» ին մօտ:
Բրիտանական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին հրեաներուն արգիլուած էր մօտենալ Պատին:
1967-ի արաբ-իսրայէլեան Վեցօրեայ Պատերազմէն ետք, երբ հրեաները բռնագրաւեցին Երուսաղէմը, վերսկսան աղօթել իրենց սրբավայրին մօտ:
Հրեաներուն համար «Լացի Պատ»ին առջեւ աղօթելը հաւասարազօր է Փառքի գահին առջեւ աղօթելուն, որովհետեւ, ըստ իրենց համոզումներուն, այստեղ կը գտնուին դրախտին դարպասները: Պատին առջեւ կ’աղօթեն, որովհետեւ համոզուած են, որ պիտի լսուին իրենց բոլոր աղօթքները: Աղօթքը եւ ուխտագնացութիւնը սրբութիւն են հրեայ ժոովուրդին համար:
«Լացի Պատ»ին առջեւ աղօթքը միաժամանակ կ’արտայայտէ ազգային արժէքներու հանդէպ հրեայ ժողովուրդին գիտակցութիւնը: Կորսնցուցածին վերատիրանալու անոնց կամքը, ունեցածը պահպանելու անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը:
Կրնանք շատ տարակարծութիւններ ունենալ եբրայական աւանդութիւններուն հանդէպ: Մեզի խորթ կրնան թուիլ անոնք, յատկապէ’ս արաբ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ անոր անիրաւութիւնները: Ոչ մէկ խօսք այդ մասին: Յօդուածս կը վերաբերի իբրեւ ժողովուրդ՝ ազգային արժէքները գնահատելու, ազգին շահերը պաշտպանելու, ազգային ոգին պահպանելու անոնց նախանձելի գիտակցութեան:
Թերեւս անհամեստութիւն ըլլայ բաղդատականս, սակայն կ’ենթադրեմ, որ ուսանելի շատ բաներ ունինք սորվելիք հրեաներէն: Առաջինը՝ հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու անոնց վճռակամութիւնը, երկրորդը՝ խորհրդարանական հայրենիքի անձնեռնմխելիութեան գաղափարը: Այս երկուքը բաւարար դաս է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բոլոր հոսանքներուն: Ճիշդ է, աշխարհի բոլոր ժողովրդավար հասարակութիւններուն մէջ ալ տեղի կ’ունենան արտառոց դէպքեր, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն խորթ եւ անյարիր երեւոյթներ, բայց Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ վերջին ամիսներու դէպքերը, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող «բախումներ»ը ներքուստ հարցում մը կ’ուղղեն իւրաքանչիւր հայու ենթագիտակցութեան. դէպի ու՞ր կ’երթայ մեր այդքան փայփայած, երազած հայրենիքը: Ժամանակը չէ՞ արդեօք, մենք հայերս, ունենալու մեր «Լացի Պատ»ը քաւութիւն խնդրելու Բարձրեալէն եւ գուրգուրալու մեր ափ մը հայրենիքին վրայ: Գուցէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ստեղծուին «Լացի Պատ»եր, յանուն՝ զգաստութեան:
Հայրենիքը հողային առուծախի բաժնետիրական ընկերութիւն չէ՛ սիրելիներ, ո’չ ալ մենաշնորհեալներ պահպանելու ամրոց: Քթացէ՜ք այն բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք հայրենիքի համար տուած են եւ պիտի տան իրենց ամենաթանկը:
Այ’ո «Լացի Պատ» մը հաւանաբար միայն գզաստութեան կոչ դառնայ մեր հայրենի քաղաքական հոսանքներուն: Խորհրդանշական պատ մը, որուն առջեւ հաւաքաբար խոստովանինք մեր մեղքերը, նոր էջ մը բանանք յանուն մեր ապագայ սերունդներուն, յանուն մեր դարաւոր պատմութեան, ժառանգութիւններուն եւ մշակոյթին: Երդնունք կերտել հպարտութիւն ներշնչող հզօր հայրենիք: