Բաբգէն որդի Բաբգէնի Պոյաճեան, Թորոնթօ, 26 օգոստոս 2025
Նորէն օգոստոսի 26-ն է, 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներու 67-րդ տարին եւ նորէն անտարբերութիւն. ո՛չ մէկ պատրաստակամութիւն Եկեղեցիով եւ կուսակցութիւններով ներողութիւն խնդրելու զոհերու ծնողներէն, եղբայրներէն ու քոյրերէն, այրիներէն ու որբերէն:
Մենք՝ հայերս վերածուած ենք ՊԱՐՏՈՒԱԾ ամբոխի։ Մեր նկատմամբ օտարներու բոլոր անարգանքներուն նկատմամբ անտարբեր, մեզ կը համոզեն որ տկար, անհաշուետու ամբոխ մըն ենք, որ մենք չենք կրնար պահանջատէր ըլլալ, պէտք է օտարին ստրուկ մնանք։ Բայց… առիւծ կը կտրինք իրարու նկատմամբ։ Ի՞նչ ժառանգ պիտի ձգենք մեր սերունդներուն բացի պարտուածի հոգեբանութենէն։ Ինչպէ՞ս, ի՞նչ երեսով անոնց պիտի բացատրենք, թէ ինչո՞ւ ձեր ձեռքերը արեան մէջ թաթխուած են եղբայրասպա՛ն ոճիրներուն թափուած հայկական արիւնով։ Ինչպէ՞ս բացատրենք, թէ կը նախընտրէք կրել ամօթի խարանը ձեր ճակատին, քան գիտակցիլ կատարուածներուն ահաւորութիւնը, զղջալ, խոստովանիլ ու ապաշխարել։ Չէ՞ որ բացի երկրայինէն, կայ նաեւ երկնայի՛ն հաշուեյարդար որմէ ոչ ոք կրնայ փախուստ տալ։
1958-ի եղբայրասպանութեան զոհ հօրս հինգ ոճրագործներէն չորսը կրեցին իրենց պատիժը տարբեր հանգամանքներու տակ, կարելի է ըսել՝ ամենադաժան կերպով։ Անոնցմէ վերջինի կեանքի քաշքշոցին ականատես եղայ Պուրճ Համմուտի հրապարակին վրայ։ Հօրս այդ ոճրագործը, որ 1958-ին շատ հայորդիներ սպանած էր, ունէր շատ ողորմելի տեսք. տակը միզած էր, ոտքերուն եւ ձեռքերուն մէկ մասը անդամալոյծ, կը փորձէր քարշ տալ իր գարշահոտած մարմինը։
Ոճրագործներէն մէկ ուրիշը, որ նոյն ժամանակ մեր դրացիի որդին էր, ամիսներով գամուած մնաց անկողինին՝ տառապելով քաղցկեղէն։ Դարման չունենալով իր տանջանքներուն՝ աղերսեց վայրկեան առաջ սատկիլ։
Այսպիսիները պէտք չէ անմիջապէս սատկին, այլ շատ ծանր հատուցեն իրենց ոճիրներուն համար։
Համոզուած եմ թէ որեւէ մէկը իր գործած ոճիրներուն համար անպատիժ չի մնար։ Կայ երկնային արդարութիւն, որ բոլոր անմեղ զոհերուն վրէժը լուծեց ու պիտի լուծէ շատ դաժան կերպով։ Թող ոչ ոք կարծէ, թէ գլուխները աւազի մէջ մտցնելով պիտի ազատի հաշիւ տալէ եթէ ոչ նահատակներու ընտանիքներուն, ապա հաստատապէս՝ իր խիղճին առջեւ։ Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր սերունդները հանգիստ պիտի ունենան մինչեւ որ չզղջան, չամչնան եղբայրասպան ըլլալնուն համար, իրենց մեղքերը չխոստովանին եւ ներողութիւն չխնդրեն:
Տարածաշրջանը կ’ենթարկուի հիմնական փոփոխութեան, շատ երկիրներ հաւանաբար վերանան կամ մասնատուին։ Այս պազարին մէջ հայերս ալ ծախու դրուած ենք։ Սակայն, ցաւօք, մենք պատրաստ չենք ձախողցնելու հայասպան ծրագիրները, քանի որ զբաղած ենք զիրար յօշոտելով։
Ուշքի՛ եկէք, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, ո՜վ դուք ղեկավար կոչուածներդ, եկեղեցական թէ աշխարհական։ Վե՛րջ տուէք ազգի պառակտումին, թշնամանքի հասած ատելութեան, համախմբուեցէ՛ք ու զօրացէ՛ք, որ խաղալիք չդառնանք մեր թշնամիներուն եւ նոյնիսկ բարեկամներուն ձեռքին:
Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան նախճիրներէն 67 տարի ետք, ո՛չ մէկ բան եւ ո՛չ մէկը մոռցուած է: Երիտասարդ նահատակներուն ծնողներն ու այրիները եթէ այլեւս չկան այս աշխարհին մէջ, կան սակայն անոնց զաւակները, թոռներն ու ծոռները, միւս հարազատներն ու ընկերները: Անոնք միշտ պիտի սպասեն եւ պահանջեն ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը:
Այո՛, կը յիշեմ եւ մի՛շտ պիտի յիշեմ ու մի՛շտ պիտի պահանջեմ: Այդ իմ ու ինծի նման որբացածներուն ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է:
4 comments
Սիրելի Բաբգէն,
Կրակը կ’այրէ ուր որ իյնայ։ Դժբախտաբար մեր ժողովուրդը մեծ տկարութիւն ունի խոնարհելու եւ բացայայտօրէն զղջում յայտնելու սխալին համար։
Ես իբրեւ մանուկ ականատես եղած եմ քանի մը սպանութիւններու, որոնք մինչեւ օրս զիս կը տանջեն։ 1958-ը եղբայասպանութեան գագաթնակէտն էր։
Ես կը խոնարհիմ քու հօրդ յիշատակին, ես ալ կորսնցուցած եմ հայրս իմ ծնած օրս։
Ես կ’առաջարկեմ միացեալ մարմին մը, որ միասնական յայտարարութեամբ դատապարտէ այդ ցաւալի դէպքերը:
Communism separated diaspora into segments!
This is just a cheap shot. It does not elevate the conversation about the challenges we face, both internal and external.
I must admit, communism in its heyday may have hurt the Armenian Diaspora by creating cleavages here and there, but that was a world phenomenon and not specific to Armenians.
Facts are different, contrary to your claim. In the Baltic states, for example, people were divided regarding communism. However, in the post-Soviet period, they were able to usher in a new phase in their national affairs, and they established democracy.
What did Armenia do? For more than three decades it “enjoyed” a corrupt and divisive oligarchic system.
Կ՛երկրորդեմ Յակոբին գրածը՝
Ես կը խոնարհիմ քու հօրդ յիշատակին։
կ’առաջարկեմ միացեալ մարմին մը, որ միասնական յայտարարութեամբ դատապարտէ այդ ցաւալի դէպքերը: