Երկրաշարժ – Earthquake in Turkey and Syria

Թուրքիայի մեջլիսի անդամ Կարո Փայլանն իր Facebook-յան էջում տեղեկացրել է, որ Հայաստանի փրկարարական խումբն արդեն ժամանել է Թուրքիա և սկսել է աշխատանքն Ադըյամանի մարզում։ Ըստ տեղեկությունների՝ Հայաստանը 27 փրկարար է ուղարկել Թուրքիա, 29-ը՝ Սիրիա: Փրկարարական խմբերում ընդգրկված են բժիշկներ։

Republic of Armenia sent rescue teams to Turkey (27) and Syria (28) including physicians.

Յակոբ Չոլաքեան, Yerepouni News, 7 Փետրուար 2023

Պատմութեան մէջ հզօր երկրաշարժեր մեծ աւերներ գործած են այն նոյն շրջանակին մէջ, ուր երէկ երկրաշարժ պատահեցաւ, պատմական Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմերը։ Այդ երկրաշարժերը կը յիշատակուին Անտիոքի եւ Հալէպի, անուններով։ Յոյն ժամանակագիր Յովհաննէս Մալամասի հաղորդումով ծանրագոյն աղէտ էր 526 թուականին (յունաց 5200 թուականին) Անտիոքի ահաւոր երկրաշարժը, որ քարուքանդ կ՛ընէ նաեւ ծովափնեայ քաղաքները ու կը խլէ 250 000 զոհ։

Պարբերական ցնցումներ յաճախ պատահած են այդ շրջանակին մէջ։ Հայ մատենագիրներ եւս կը յիշատակեն անոնց մասին։

Ահաւոր եղած է Հալէպի 1822-ի երկրաշարժը։ Ցնցումները սկսած են 5 Օգոստոսէն։ Մեծագոյն ցնցումը եղած է 13 Օգոստոսին եւ տեւած 40 երկվայրեան։ Յետընթաց ցնցումներ պատահած են յաջորդ երկուքուկէս տարիներու ընթացքին։ Հալէպի այս երկրաշարժը ծանրօրէն հարուածած է նաեւ Այնթապն ու Քիլիսը, Ճսըր Շուղուրը, Իտլէպն ու Անտիոքը, ամբողջ ծովափնեայ շրջանները։ Ճսըր Շուղուրի մօտիկ հայկական Գնիէ գիւղի աղբիւրին վերանորոգութեան վիմագիր արձանագրութիւնը կը վաւերագրէ այս մեծ շարժը․ ԹԻՒ ՇԱ/ՐԺԻՆ./ՀՃ. 1238՚ (1822) ԵՂԵՒ ՊԱՏՃԱՌ / ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՂԲԻ / ՒՐՍ ՇԷԽ ԻՍԱՆ / ԱՐԴԻԱՄԲ ՏՐ. ՕՎԱՆԷ / ՍԻՆ:

Քանդիչ էր նաեւ Անտիոքի 1872-ի Երկրաշարժը։ Քաղաքէն դուրս մեծ աւերներ կը պատահին նաեւ 38 գիւղերու մէջ, անոնց կարգին նաեւ Մուսա Լեռան եւ Քեսապի գիւղերուն մէջ։ Ատիկա հայ բնակչութեան յիշողութեան մէջ կը մնայ ” Ժաժը տէրէն”՝ շարժի տարին անունով։ Մարիամ Սարամազեանը , Քեսապի շրջանի Վերի Պաղճաղազ գիւղէն կը պատմէ հետեւեալը․ «Իմ առաջին յիշողութիւնս կու գայ 1872-էն։ Ատիկա այն տարին էր, երբ ամբողջ Անտիոքը աւերակ դարձաւ երկրաշարժէն, որ մեր կողմերն ալ ցնցեց։ Կը յիշեմ, մեր տունէն քիչ հեռու հարթավայրի մը մէջ վրան զարկինք եւ երկու-երեք շաբաթ հոն ապրեցանք։ Ոտքիս վրայ վէրք բացուած էր։ Մեծ մայրս զիս դուրս չէր հաներ։ Ես միւս մանուկներուն պէս դուրս ելլել եւ երկրաշարժէն շարժող ծառերը եւ լեռներէն գլորուող ժայռերը դիտել կ՛ուզէի։ Օր մը եղբայրս լեռնէն գալով մեզի պատմեց, թէ երկրաշարժը ինչ աւերներ գործեր էր, հսկայական ժայռեր գլորեր եւ ծառերը տապալեր էր։ Կը յիշեմ անոր պատմածը։ Այդ ատեն հաւանաբար 4-5 տարեկան ըլլալու էի»։

Գիտութիւնը տակաւին շատ անզօր կը մնայ բնական աղէտներուն առջեւ։ Մաղթենք, որ պատերազմի համար մարդու ստեղծած զէնքերու փոխարէն՝ բոլորը մտածեն այսպիսի աղէտները սանձելու մասին։ “Աստուած պահապան” ըսենք։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like