Նոր սերունդը դէմ յանդիման այլասերման վտանգին

Տիգրան Աբրահամեան, «Յառաջ», Պէյրութ, 21 Նոյեմբեր 1965

«56 տարի առաջ տպուած այս յօդուածը իր ատենին յեղափոխիչ դեր մը կատարեց երիտասարդութեան սեմին մտնելու պատրաստուող երկրորդական վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուս վրայ։ Կարծես մեր աչքերը աւելի բացուեցան եւ մենք նոր ծնածի պէս սկսանք գնահատել մեզ շրջապատող իրականութիւնը, դէմքերն ու յատկապէս մեզի ջամբուած կրթութիւնը։ Կրկին ընթերցելէ ետք յօդուածը, ցաւով պէտք է նշեմ թէ շատ բան չէ փոխուած տասնամեակներ ետք…»։ (Մ.Գ.)

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան ու աւարտին, ազգային ղեկավարներ կը խօսին – ներողութիւն – կը ճառախօսեն նոր սերունդի դաստիարակութեան խիստ կարեւոր հարցի մասին: Ազգային ոգի, ազգային գիտակցութիւն, ազգային պատասխանատուութիւն եւ շարան մը նմանօրինակ բառեր մաս կը կազմեն իրենց ճառերուն: Բոլորն ալ համաձայն են մէկ հարցի շուրջ – հայ դպրոցին հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ սատարել ազգապահպանման գործին՝ պատրաստելով ազգային ոգիով տոգորուած ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ լուսաւորուած նոր սերունդ մը: Տարիներ շարունակ այս է եղած շեփորուած նպատակը: Եւ այսօր, երբ հարց կը դրուի թէ ի՞նչ է եղած տարիներու աշխատանքին արդիւնքը, կրթական մշակներէն աւելի, ազգային գործիչ կոչուած անհատն է, որ բեմերէն, թերթի սիւնակներէն կու տայ պատասխան: Ան կ’աւաղէ, կ’ափսոսայ որ տարիներու ազնիւ ու դառն աշխատանքը զուր տեղն է վատնուած: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ տուեալ նոր սերունդը «այլասերած» է, ազգայինը զինք չի հետաքրքրեր, դարձած է լիովին դրամապաշտ, եսակեդրոն ու անտրամադիր՝ նուազագոյն մասնակցութիւն իսկ բերելու ազգային կեանքին: Այս է ազգային գործիչին վրձինած պատկերը: Ասոր կը յաջորդէ երկար շարք մը դժգոհութիւններու, մտահոգութեանց եւ … լուտանքներու՝ ուղղուած նոր սերունդին:

Արդեօ՞ք իրականութեան կը համապատասխանէ վերոյիշեալ պատկերացումը: Պատասխանը պիտի ըլլար՝ սովորական տառերով գրուած այո մը, իսկ ՈՉ մը՝ գլխագիր:

ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ ՓԱՍՏԸ

Պէտք է հաւկուր ըլլալ չտեսնելու համար որ նոր սերունդին մէկ կարեւոր տոկոսը կ’ընթանայ ապազգայնացման ճամբէն՝ դառնալու համար խարիսխէ զուրկ քաղաքացի մը, որ կապուած չէ որոշ հողի մը, այլ կը մարմնաւորէ ժխտական «աշխարհաքաղաքացին»: Կարճ խօսքով՝ նոր սերունդին մէկ կարեւոր տոկոսը կ’այլասերի իբրեւ հայ եւ իբրեւ մարդ:

Իր հասարակական իմաստով առած՝ այլասերում ըսելով կը հասկնանք օտարացումը մարդկային հաւաքականութենէն եւ անտարբերութիւնը հասարակութիւնը յուզող հիմնական հարցերուն նկատմամբ: Այսպէս կը հասկնանք իբրեւ մարդ այլասերումը: Իսկ մեր պարագային, հայու պարագային, այլասերումը կ’ենթադրէ կորսնցնել իբրեւ հայ մտածելու եւ զգալու կարողութիւնը, կորսնցնել իբրեւ հայ գործելու գիտակցութիւնը, հեռանալ ազգային աշխատանքներէ ու մթնոլորտէ եւ ներամփոփուիլ իր եսին մէջ ու դառնալ մորթապաշտ:

ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Այո՛, գոյութիւն ունի վերոյիշեալ երկու սահմանումները լրացնող ուսեալ նոր սերունդ մը: Բայց ինչո՛ւ: Այս հարցումին ճշգրիտ, հանգամանաւոր ու հեղինակաւոր կերպով պատասխանելու համար, անհրաժեշտ է կատարել փաստերու վրայ հիմնուած լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւն մը: Գիտակցելով հանդերձ այս իրողութեան, յաւակնութիւնը չունիմ սոյն յօդուածով սպառելու արծարծուող հարցը, այլ պիտի բաւարարուիմ մի քանի բացատրութիւններ տալով ուսեալ նոր սերունդին քով յայտնուող այլասերման երեւոյթին մասին: Այս բացատրութիւնները նպատակ ունին վերահաստատելու ճշմարտութիւնը՝ ուսեալ նոր սերունդի «այլասերման» պատճառներուն եւ մանաւա՛նդ այդ երեւոյթին պատասխանատուներուն մասին: Դժբախտաբար, մեր մամուլը ցարդ գիտական բծախնդրութեամբ չէ կատարած մեր «հիւանդ»ին՝ նոր սերունդին, հոգեզննութիւնը, այլ փորձուած է նոյնիսկ անուանարկել զայն: Ինքնապաշտպանութենէ աւելի՝ դատապարտութիւն մըն է տողերս գրողին նպատակը եւ ան վճռականօրէն ՈՉ կը պատասխանէ նոր սերունդը մռայլ գոյներով վրձինող լրագրողներուն ու ճառախօսներուն:

ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Այլասերումը գերազանցապէս արտայայտութիւնն է հոգեբանական երեւոյթի մը, որ առկայ է ոչ միայն հայ ուսանողներուն մէջ, այլ նաեւ գոյութիւն ունի ընդհանրապէս զարգացած համարուող դասին մօտ: Որպէսզի գէթ մօտաւոր կերպով կարելի ըլլայ բացատրել սոյն հոգեբանական երեւոյթը, անհրաժեշտ է կատարել նախնական քանի մը հաստատումներ: Հոգեբանական բաւարարութիւն (այլ բաւարարութիւններու կողքին) արդիւնք է անգիտակից կամ գիտակից կերպով ծրագրուած գործի մը յաջողութեամբ պսակումին: Երբ յաջողութեամբ պսակուած է անձի մը ակնկալութիւնը, երազը կամ իղձը, ան կը գտնուի արգասաբեր հոգեկան մթնոլորտի մը մէջ եւ կ’ըլլայ տրամադիր փնտռելու նոր երազներ, կենսագործելու նոր առաջադրանքներ: Այս տրամադրութիւնը կը ստեղծուի բնականօրէն ծնունդ առնող ընթացքով մը: Միւս կողմէ, երբ ակնկալութիւնները իրերայաջորդ կերպով կը դատապարտուին ձախողութեան, կամ երբ երազներու մեծութիւնն ու զանոնք իրականացնելու համար տրամադրելի միջոցներու ազդուութիւնը խոտոր կը համեմատին իրարու հետ, արդիւնքը կ’ըլլայ անգիտակից կամ գիտակից յուսախաբութիւն: Իսկ այս վերջինը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ «պատրաստի լուծումներու» առջեւ ձեւական անձնատուութեան մէջ. այլ խօսքով՝ արդիւնքը կ’ըլլայ հոգեկան գիջութիւն մը միայն:

Այն ընկերութիւնը որուն մաս կը կազմենք, մեզի կը ներկայանայ խառնափնթոր ու անիշխանական վիճակի մը մէջ, լի բազմապիսի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական բարդութիւններով ու հակասութիւններով: Հասարակական աշխատանք տանիլ այդ ընկերութեան մէջ, կը նշանակէ դէմ յանդիման գտնուիլ այլազան բարդութիւններու, դիմագրաւել բազմապիսի դժուարութիւններ, որոնք իւրաքանչիւր քայլափոխիդ պատրաստ են քեզ ճզմելու, քու անհատական ճիգերդ ի դերեւ հանելու եւ մէջդ ստեղծելու անզօրութեան բարդոյթ մը ընկերութեան նկատմամբ: Ընդհանրապէս ուսանողութեան մօտ նկատելի է այս անզօրութեան բարդոյթը, եւ զարմանալի չէ, որ հայ ուսանողութեան մէջ նաեւ սոյն բարդոյթը իր արտայայտութիւնը գտնէ, տրուած ըլլալով որ հայ ուսանողն ալ կ’ապրի նոյն եւ աւելի բարդ պայմաններու մէջ: Աւելի բարդ, քանի որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ վերոյիշեալ խառնափնթորութիւնը կ’երկրորդուի հայրենազուրկ մարդու հոգեկան երկփեղկման ստեղծած բարդութիւններով: Այս վերջին բարդութիւնները իրենց բնոյթով առարկայական են եւ ենթակայական: Սփիւռքահայ ուսանողը դէմ յանդիման կը գտնուի իր հանգամանքին երկուութիւնը (հայու եւ քաղաքացիի) լուծելու դժուարին հարցին եւ չի գտներ իր երէցներուն օգնութիւնը: Այս վերջինները չեն հասկնար զինք, կը յանկերգեն ժամանակավրէպ դարձած երգեր, կը ջամբեն «գործնական» բայց հայապահպանման տեսակէտէն անգործնական դաստիարակութիւն եւ կը փակեն անոր զարգացման ուղին՝ աւելի ու աւելի սրելով անոր անզօրութեան բարդոյթը:

Արդ, այս պայմաններու տակ, ուսանողը (երբ չունի միջինէն շատ բարձր անհատականութիւն) խոյս կու տայ հայկական իրականութենէն: Ան իր քայլերը կ’ուղղէ դէպի այլասերում, կ’օտարանայ ընկերութենէն, որովհետեւ ընկերութիւնը (իր հակասութիւններով ու բարդութիւններով) անհրապոյր եւ յուսալքող գործօն մըն է այլեւս իրեն համար:

ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այլասերման, օտարացման հոգեբանական ազդակի կողքին, անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ այս ընկերութեան մէջ տրուած դաստիարակութիւնը (պայմանականօրէն կոչենք զայն «գործնական դաստիարակութիւն») որ ուսանողոթւիւնը ընդհանրապէս կ’օտարացնէ ընկերութենէն, հասարակութենէն ու զայն կը վերածէ պարզ դիտողի մը:

Կ’ապրինք միջավայրի մը մէջ, ուր դրամին տիրակալութիւնը մարդուն վրայ հետզհետէ կը շեշտուի առաւել ուժգնութեամբ: Դրամատիրութեան անկաշկանդ զարգացումը մեր ընկերութեան մէջ, իր բերած այլ երեւոյթներու կողքին, ծնունդ կու տայ նոր տիպի դաստիարակութեան մը, որ առաւել ազդեցիկ է քան տան մէջ տրուած դաստիարակութիւնը կամ կրթական հաստատութիւններու մէջ մատուցուած ազգային դաստիարակութիւնը: Դրամատիրութիւնը կը ստեղծէ բարոյական չափանիշեր, որոնք իրենց կիրարկութիւնը կը գտնեն առօրեայ ամենահասարակ յարաբերութեանց մէջ: Այդ բարոյականութիւնը կը յատկանշուի դրամի պանծացումովը, մինչեւ իսկ ֆեթիշացումովը: Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մենք յաճախ կը հանդիպինք ասոյթներու, բացատրութիւններու, որոնք ներբողն են դրամին: Մեր ամենօրեայ խօսակցութիւնները լի են «դրամը մթութեան մէջ լոյս կու տայ», «ով որ դրամ ունի, խօսքը անոր է» եւ նմանօրինակ ասոյթներով: Երբ դրամը ամէն ինչ է, բնականաբար բոլոր հասարակական, ընկերային, ազգային մտահոգութիւնները կը մնան երկրորդական կարգի վրայ:

ՀԱՅԵՑԻ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերութեան հանդէպ ստեղծուած անզօրութեան բարդոյթը եւ դրամին տուած դաստիարակութիւնը դէպի այլասերում կը տանին ոչ միայն հայ ուսանողը, այլեւ ուսանողութիւնը ընդհանրապէս: Վերոյիշեալ ազդակներուն կողքին գոյութիւն ունին այլ պատճառներ, որոնք կը վերաբերին միմիայն հայ ուսանողներուն: Սոյն մարզին մէջ կ’իյնան հայ ուսանողին ստացած անբաւարար գիտելիքները հայ մշակոյթի մասին, կարգ մը ակումբներու եւ ազգային վարժարաններու մէջ տրուած հատուածամոլ գաղափարախօսութիւնը, եւ այլն:

Մեր հայկական կրթական հաստատութիւնները տրուած ըլլալով որ ստիպուած են բաւարարել իրենց շրջապատին պարտադրած բազմապիսի կրթական ու ընկերային պահանջները, կամայ թէ ակամայ հայ աշակերտը կը ծանրաբեռնեն օտար այլազան լեզուներով դասաւանդուող բազմաթիւ նիւթերով: Այս իրողութեան զոհ կ’երթան դժբախտաբար հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, գրականութիւնը, մատենագրութիւնը, այլ խօսքով՝ հայ մշակոյթը: Փաստօրէն, գործնական կարեւորութիւնը նկատի առած, հայերէնով դասաւանդուող խիստ կարեւոր նիւթերը կ’անցնին երկրորդական կարգի վրայ: Այս կացութեան մէջ, երբ հայ աշակերտը կ’աւարտէ երկրորդական ուսումը եւ կ’անցնի համալսարան, իրեն հետ կը տանի անկատար մայրենի լեզու մը եւ աղօտ ու մակերեսային ծանօթութիւն մը հայ մշակոյթին մասին:

Համալսարանին մէջ, հայ ուսանողը կը ծանօթանայ դարերու ընթացքին յայտնուած մարդկային մտքի այլազգի տիտաններուն: Մօտէն կը ծանօթանայ անոնց արտայայտած գաղափարներուն, անոնց բերած նորութեանց ու հասարակութեան վրայ անոնց ձգած ազդեցութեան: Հայ ուսանողը, ի տես այդ մեծութեանց, ինքզինք կը զգայ անյարմար կացութեան մը մէջ: Անգլիացին կրնայ հպարտանալ իր Շէյքսբիրով, ֆրանսացին՝ Ժան-Ժագ Ռուսոյով, իտալացին՝ Տանթէով, իսկ ի՞նք…: Այս մթնոլորտը իր մէջ կը ստեղծէ անգիտակից ստորակայութեան բարդոյթ մը իրեն հրամցուած եւրոպական կամ արեւմտեան որակուած մշակոյթին հանդէպ: Վերոյիշեալ ստորակայութեան զգացումը հայ ուսանողութեան մէկ զգալի տոկոսին մօտ հող կը ստեղծէ մտաւորական այլասերման:

Ճիշդ է թէ հայ աշակերտը մատենագրութեան դասի ընթացքին լսած է Անանիա Շիրակացիին եւ թոնդրակեցիներու մասին, գիտէ անոնց անունները, սակայն խոր ու վելուծական կերպով չէ բացատրուած անոնց արժէքը այնպէս ինչպէս օտարինը կը բացատրուի. դեռ աւելին, վերոյիշեալ նիւթերը տրուած են առանց զանոնք համեմատելու այլ մշակոյթներու համապատասխան արժէքներուն հետ: Հետեւաբար տրուածը եղած է սահմանափակ, ու մեթոտը՝ մակերեսային ու միակողմանի:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի ՀԱԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Այժմ փորձենք անդրադառնալ այն տարօրինակ գաղափարախօսութեան որ կը քարոզուի կարգ մը ակումբներու, երկրորդական վարժարաններու եւ ընկերային շրջանակներու մէջ: Ատիկա «հոգեկան հայրենիք»ի գաղափարախօսութիւնն է:

Նախքան այդ գաղափարախօսութեան քննարկման անցնիլը, անհրաժեշտ է հպանցիկ կերպով յիշատակել կարգ մը ազդակներ, որոնք անհատը կը կապեն իր ազգութեան: Հասարակաց հողը, որուն վրայ կ’ապրի ժողովուրդ մը, այն հիմնական գործօններէն է որ անհատները իրար կը միացնէ, անոնցմով կը ստեղծէ հաւաքականութիւն: Հասարակաց հողին վրայ գործածուած հասարակաց լեզուն, ստեղծուած հասարակաց պատմութիւնը, մշակոյթը, մտածելակերպը, աւանդութիւնները հաւաքականութեան կու տան ուրոյն հոգեկան նկարագիր ու դիմագիծ:

Վերոյիշեալը որպէս ենթահող ունենալով, երբ քննենք հայ ուսանողին վիճակը մեր ընկերութեան մէջ, պիտի նկատենք որ գոյութիւն չունի հասարակաց հող մը. անոր ունեցածը հայրենիք մըն է որմէ աշխարհագրականօրէն խզուած է ինք. ուստի այդ հողին հետ իր կապը անմիջական չէ, այլ իրեն ծանօթ է պատմութեան ու մշակոյթին ճամբով: Ան ենթակայ է նաեւ նոր եւ օտար շրջապատի մը աւանդութեանց ու իրագործումներուն, որոնք զինք հոգեպէս կը կապեն օտար շրջապատին եւ ինք կը դառնայ անոր մէկ բաղկացուցիչ տարրը: Արդ, այս կացութեան առջեւ, մշակոյթն ու լեզուն կը զգենուն հիմնական կարեւորութիւն հայ ուսանողը իր ազգութեան կապելու աշխատանքին մէջ:

Ի՞նչ է «հոգեկան հայրենիք»ի գաղափարախօսութեան մեկնաբանութիւնը այս կապակցութեամբ: Ըստ այս վերջինին, կը տրուի բացատրութիւն մը որ անհաշտ է իրական կեանքին հետ: Հիմնականը՝ անհատին մէջ այն հոգեկան զգացումն է որ իրեն կը թելադրէ, թէ ինք մաս կը կազմէ «հոգեկան հայրենիք»ի մը, կ’ըսէ այդ գաղափարախօսութիւնը: Հետեւաբար, եթէ անհատ մը ա՛յդ զգացումը ունի, բաւարար է զինք նկատելու այդ ազգին, հաւաքականութեան պատկանող անհատ մը: Այդ գաղափարախօսութեան ջատագովներուն յիշատակած հոգեկան զգացումը հիմնուած է անցեալի փառքերուն, պատմութեան ու մշակոյթին վրայ: Իր նկարագրով՝ այդ գաղափարախօսութիւնը անցելապաշտ է եւ ունի ժխտական կեցուածք ներկային հանդէպ:

Ճիշդ է որ հոգեկան զգացումը անհատ մը իր ազգութեան կը կապէ, սակայն գործնականին մէջ այս զգացումը բաւարար չէ, տրուած ըլլալով որ ան, այնպէս ինչպէս կը բացատրուի, գերազանցապէս անցեալէն է որ սնունդ կը ստանայ, ստիպուած է սահմանափակուիլ անցեալին մէջ, չապրիլ ներկային հետ եւ կորսնցնել իրապաշտ հեռանկարի մը ամէն յոյս: Նոր ծաղկող սերունդը, որ չէ ապրած անցեալի մշակոյթը եւ արդէն իսկ սկսած է մասնակից դառնալ իր նոր շրջապատի մշակոյթին, չի կրնար այդ «բաղձալի» զգացումը ունենալ ներշնչուելով միայն անցեալէն:

Նման անցելապաշտութիւն մը անիմաստ է եւ անգործնական, որովհետեւ այստեղի պայմաններուն ենթակայ ուսանողը կը փնտռէ հայկական նո՛ր նուաճումներ, նո՛ր փառքեր, նո՛ր հերոսութիւններ: Սակայն նոր սերունդին կը զլացուի ծանօթանալ նորին հետ: Ընդհակառակը, հինցած յանկերգի մը նման կը հրամցուին անցեալի, երբեմն նոյնիսկ կասկածելի հերոսութիւններն ու փառքերը: Եւ ասոր իբրեւ հետեւանք, շատ յաճախ իր մէջ կ’արթննայ նոյնիսկ զզուանք իր անցեալին ու ազգութեան նկատմամբ: Հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ փախչիլ, հեռանալ իր անցեալէն եւ առաւել եւս մխրճուիլ օտար շրջապատին գոգը: Արդ, «հոգեկան հայրենիք»ի գաղափարախօսութիւնը գործնականին մէջ նոր սերունդը կը զրկէ իրապաշտ ու նուաճելի հեռանկարէ մը եւ զայն առաւել եւս հեռացնելով ազգայինէն, հայութենէն կը մղէ դէպի օտարը, հզօրն ու պերճաշուքը:

ԿՈՒՍԱԿՑԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏԸ

Նախորդող դժուարութիւնները սա կամ նա ձեւով յաղթահարող եւ իր պատկանած հաւաքականութեան մէջ հասարակական գործ կատարելու ելած ուսանողը երբ իր կատարելիք գործին կը մօտենայ անկեղծութեամբ ու նուիրումով, իրեն հետ կը բերէ երազներ, ծրագիրներ եւ առաջադրանքներ: Սակայն մտնելով այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ, ան յաճախ առած կ’ըլլայ առաջին եւ ճակատագրական քայլը դէպի նոր ոդիսական մը:

Ոեւէ անձ որ ծանօթ է մեր գաղութի պատմութեան, անվարան կրնայ հաստատել, թէ գաղութին մէջ գտնուող կազմակերպութեանց մեծամասնութիւնը, չըսելու համար ամբողջութիւնը, կը գտնուի սա կամ նա կուսակցութեան հակակշռին տակ, եւ առ այդ՝ կուսակցականութեան հատուածամոլ բնոյթը իր անդրադարձը ունեցած է ոչ-քաղաքական կազմակերպութեանց վրայ: Սոյն կազմակերպութեանց առաջադրած առաքելութիւնը եղած է ի մի համախմբել հայ երիտասարդութիւնը, ուսանողութիւնն ու մտաւորականութիւնը եւ այդ ձեւով նպաստել հայապահպանման գործին: Սակայն գործնականին մէջ, նպատակը վրիպած է եւ կազմակերպութիւնները դարձած են նպատակ:

Կուսակցութիւնը կամ կազմակերպութիւնը երբ վերածուի նպատակի, գաղափարապէս հակառակորդ կուսակցութեանց միջեւ տարակարծութիւնները կը լուծուին զէնքով եւ արիւնով: Տարակարծութիւնները հարթելու այս անբնական միջոցը արդիւնքն է կուսակցութիւնը նպատակ դարձնելու հակագիտական մտայնութեան: Այս մտայնութիւնը սակայն չի սահմանափակուիր կուսակցականներու միջեւ. ան այնքան խոր արմատներ է նետած, որ կ’արտայայտուի նաեւ անկուսակցականին նկատմամբ: Ուսանող մը որ ունի իր ուրոյն մտածելակերպը, տեսակէտը, պատրաստակամութիւնը շինարար գործ տեսնելու ուսանողական որեւէ կազմակերպութեան մէջ, անոր «անկուսակցականութիւն»ը պատճառ կ’ըլլայ որ մեկուսացուի կազմակերպութենէն ներս: Լաւագոյն պարագային, սոյն ուսանողը ստիպուած է լռել եւ ուսանողական կազմակերպութեան մէջ իր գոյութիւնը քարշ տալ որպէս թիւ: Ուսանողական կազմակերպութեանց ետին գտնուող կուսակցական տարրերը ուսանողին սահմանած են միայն սովորական գործեր – սարքել ընկերական երեկոներ, թէյասեղան, ռելլի փէյփըր կամ դաշտագնացութիւն: Այսպէս է, առհասարակ, ուսանողին «մասնակցութիւնը» ազգային գործին:

ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ

Այս հակիրճ ակնարկս պիտի վերջացնեմ յանուն սերնդակիցներուս՝ թելադրելով մեր հրապարակախօսներուն ու ազգային գործիչներուն, որ հրաժարին նոր սերունդին նկատմամբ նախապաշարեալ, միակողմանի ու մակերեսային իրենց կեցուածքէն եւ փորձեն առարկայականօրէն վերլուծել նոր սերունդին առջեւ ծառացող դժուարութիւնները, փորձեն հասկնալ զանոնք եւ օգնել, կամ գէթ ընթացք տալ անոնց զարգացման: Եթէ նոր սերունդէն կը սպասուի որ վերցնէ իր պատասխանատուութեան դրօշը, անհրաժեշտ է յարգել անոր ազատութիւնն ու անհատականութիւնը:

Յետգրութիւն. 8 Նոյեմբեր 2022
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Գեղարդ»ի ընկերներուս որոնք քաջալերեցին զիս վերահրատարակելու այս յօդուածը՝ մին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան (1962-65) ուսանած տարիներուս հատ ու կենտ հայերէն ու արաբերէն գրութիւններէս: Իմ նուիրումս այդ տարիներուն, որպէս քաղաքական գիտելիքներու ուսանող, աւելի կեդրոնացած էր կազմակերպչական հարցերուն քան յօդուածագրութեան վրայ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like