Տերեւաթափ. Մկրտիչ Լուտվիկի Պուլտուքեան

Օգոստոսի սկիզբին Լիբանանի մէջ մահացաւ լիբանանահայ հասարակական գործիչ, «Պէյրութ – 8» խմբաւորման անդամ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեանը: Խմբաւորման հիմնական նպատակն էր «Մեծ Եղեռն»ի յիսնամեակը (1965) նշել համազգայնօրէն՝ փոխանակ անջատ-անջատ ձերնարկնեերով ինչպէս կը կատարուէր մինչ այդ: Ուսանողական-երիտասարդական համոզչական աշխատանքները սկսան 1963-ին:

«Գեղարդ»-ի անձնակազմի երբեմնի լիբանանահայ անդամները, եղած ըլլալով նշուած խմբաւորման մէջ հանգուցեալին գործակիցները կամ այլապէս մօտ յարաբերութիւններ ունեցած ըլլալով անոր հետ՝ ցաւով իմացան մեզմէ անոր հեռացման մասին:

«Գեղարդ»-ի անձնակազմը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ ծանօթներու ու բարեկամներու շրջանակին, եւ կը հրապարակէ անոր հօրեղբօր դստեր՝ տիկին Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանի յիշատակի խօսքը իր արժանաւոր զարմիկին մասին:

*******

Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեան,Պէյրութ, 5 Օգոստոս 2024

Մկրտիչ Լուտվիկ Պուլտուքեան ծնած է 1938-ին, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնն ստացած է Մխիթարեան, իսկ երկրորդական ուսումը` Հ. Բ. Ը. Մ֊ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ: Ապա հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի երկրաչափութեան ճիւղին: 1963-ին արժանացած է ճարտարապետութեան պսակաւորի վկայականին: Ան իր մասնագիտութեամբ երկար տարիներ ունեցած է փայլուն եւ յաջող գործունէութիւն Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Մկրտիչ հմուտ նկարիչ էր, իր նկարչական գաղափարներով շատ աւանդապահ: Անոր ոճը զարգացաւ տասնամեակներու ընթացքին: Ան նաեւ դասական երաժշտութեան, արուեստի, հայ մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան մեծ համակիր էր:

Ունեցաւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն` մասնաւորաբար մշակութային եւ մարզական ոլորտներուն մէջ:

1951-էն ի վեր եղած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի անդամ, ապա երկար տարիներ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ատենապետ, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնախումբի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետ, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնախումբի վարչական: 1996-1998-ին անդամակցած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի մէջ կազմուած առաջին վարչութեան: 1998-1999-ին վարած է Լիբանանի Հայ Ճարտարապետներու ու Ճարտարագէտներու Միութեան ատենապետութիւնը: «Կարտըն Թաուըր» պանդոկին մէջ 1997-ին հիմնած է լիբանանահայ արուեստագէտներու շաբաթական հանդիպումներու «Երկուշաբթիի համախմբում» (Monday Forum) շարժումը, ուր տեղի ունեցած են գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած 400-է աւելի ձեռնարկներ՝ մեծ յաջողութեամբ:

Հօրեղբօրորդիներ՝ Մկրտիչ Յակոբի եւ Մկրտիչ Լուտվիկի Պուլտուքեաններ

Իբրեւ նուիրեալ մտաւորական եւ ազգային դէմք մասնակցած է համահայկական առաջին երկու խորհրդաժողովներուն՝ ներկայացնելով Հ. Բ. Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանակը:

Գործուն ներդրում ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կազմակերպած բազմաթիւ խորհրդաժողովներուն: 2007-2020-ին եղած է Լիբանանի հայոց թեմի Քաղաքական Ժողովի անդամ:

Այս բոլոր ձեռքբերումներուն զուգահեռ, հանգուցեալին ամենամեծ ուրախութիւնը կեանքի մէջ եղած է անոր ընտանիքը: Վերջերս ան նշեց իր կեանքի ընկերոջ՝ Լոտիին հետ իր պսակադրութեան 53-ամեակը: Ան յաճախ կ’ըսէր իր զաւակներուն, որ եթէ ստիպուած ըլլար ամեն ինչ դարձեալ ընել՝ ոչինչ եւ ոչ մէկը պիտի փոխէր. անոր համար սրբութիւն էր ընտանեկան բոյնը: Բարի, անձնուրաց, առատաձեռն եւ ուրախ ամուսին, հայր ու մեծ հայր էր: Շատ կը սիրէր իր զաւակներն ու թոռները ե կը հպարտանար անոնց յաջողութիւններով: Ժամանակ ունենալու պարագային, մօտէն կը հետեւէր անոնց կեանքին եւ կ’ոգեւորէր զանոնք պասքեթպոլի, ֆութպոլի կամ թենիսի խաղերուն ընթացքին:

Մկրտիչ հիանալի մարզիկ էր, պասքեթպոլի սիրահար, մոլի ընթերցող, գրող, նկարիչ: Ան կը տիրապետէր 5 լեզուներու:

Այս աշխարհէն իր հեռացումով, Մկրտիչ կը ձգէ մեծ դատարկութիւն մը, բայց սիրոյ անխզելի կապը հաստատ յաւերժ պիտի մնայ:

Թող ան հանգչի յաւիտենական խաղաղութեան մէջ:

Մեծահասակ թոռները կ’ըսեն. «Մեր մեծ հայրը՝ “ճըտտօ”ն ամենաբարի, կարեկից եւ սիրող մարդ էր: Ան նուրբ էր, բայց հանճարեղ: Ան ցոյց տուաւ մեզի իր սէրը արուեստի գործերով եւ որակեալ ժամանակի միջոցաւ: Մենք երբեք չենք մոռնար այն բոլոր ժամանակները, երբ ան մեզ կը տանէր պասքեթպոլ խաղալու, կամ ցոյց կու տար թէ ինչպէս կը նկարեն ու կը գծեն: Օրինակելի անձնաւորութիւն էր եւ ցոյց կու տար բոլորին, թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ կեանքը: Մենք պիտի կարօտնանք զինք: Թող իր հոգին խաղաղութեան մէջ ըլլայ»:

Մկրտիչ Պուլտուքեան ազնիւ բարերարին, բարեսիրտ, ծառայասէր, միութենասէր, ազգասէր մարդուն յիշատակը ՅԱՒԵՐԺ պիտի մնայ իր բոլոր հարազատներու եւ բարեկամներու սիրտերուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրան:

*****

Հանգուցեալին նկարը վերցուած է «Արեւեք»ի կայքէջէն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like