Վիգէն Տարագճեան, Մոնթրէալ, 5 Յունիս 2022
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Շատ հաւանաբար տեղեակ էք ոչ-շահութաբեր ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆ հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան: Ան յանձնառու է պատրաստելու կամաւորներէ կազմուած հզօր աշխարհազօր մը՝ իբրեւ օժանդակ գունդ մը ՀՀ-ի բանակին: ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆը յանձնառու դարձած է կոփել հայրենի երկսեռ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն միտքն ու հոգին՝ զանազան մարզումներով ու վարժանքներով, որոնց կ’ուղեկցի բարոյահոգեբանական ու հայրենասիրական դաստիարակութիւնը:
Աշխարհի եւ տարածաշրջանի ռազմական ու քաղաքական կացութիւնը մեզ կը պարտադրէ պատրաստ գտնուիլ ամէն հաւանականութեանց դիմաց, ինչպէս նաեւ յետադարձ հայեացք նետել մեր պատմութեան փորձառութեան վրայ, որ մեզի կը սորվեցնէ չվստահիլ որեւէ դաշնակիցի կամ պայմանագիրի, այլ ապաւինիլ միայն սեփական ուժերուն, յատկապէս՝ մեր տղոց եւ աղջիկներու ինքնազոհաբերական կամքին, ունենալ հզօր բանակ եւ որպէս անոր նեցուկ՝ հազարաւորներէ բաղկացած աշխարհազօր մը:
Հայ-թրքական պատերազմը կը շարունակուի ու դեռ շատ երկար պիտի շարունակուի: Փորձը ցոյց տուաւ, որ մենք միայնակ մնացինք անտարբեր աշխարհի մը աչքերուն առջեւ: Հետեւաբար կարիքն ունինք լաւ մարզուած տասնեակ հազարաւոր կամաւորներու՝ մեր նախահայրերու սուրբ հողը անարգ թշնամիէն պաշտպանելու եւ մեր Հայրենիքի գրաւեալ տարածքները ազատագրելու համար: Անձնապէս ես միշտ պատրաստ եմ որեւէ պահու նորէն մտնելու խրամատները՝ իմ քաջ եղբայրներուս եւ քոյրերուս հետ: Ինչո՞ւ դուք եւս այս կամ այն ձեւով չունենաք ձեր մասնակցութիւնը այս կենսական գործին մէջ:
Նախորդ ամիսներուն, ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆի գործունէութեան շնորհիւ, այսօր արդէն 750 հոգինոց կամաւորական գունդ մը պատրաստ է պաշտպանելու մեր բոլորիս Հայրենիքը: Մենք պարտաւոր ենք շարունակել այս ուղիով ընթանալ, եւ ոչ մէկ բան պէտք է կասեցնէ մեր ընթացքը:
Շուտով՝ քանի մը շաբաթէն կը մեկնարկէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆի ամառնային ծրագիրը: Նախատեսուած են հնգօրեայ առնուազն 5 ճամբարներ (camping): Ծրագրին յաջող իրականացումը կը պահանջէ նախապատրաստական լուրջ աշխատանք, ինչպէս նաեւ սնունդի, փոխադրամիջոցներու, պիտոյքներու եւ կազմածներու զգալի քանակի պատշաճ ապահովում: Նախնական հաշուարկներով իւրաքանչիւր հնգօրեայ ճամբարի համար կը պահանջուի շուրջ 2000 ամերիկեան տոլար՝ ճամբարներուն նպատակը բարեյաջող կերպով իրականացնելու համար:
Սոյն կոչով Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆի այս ծրագիրը՝ կոչ ընելով Ձեր գիտակցութեան՝ դառնալու անոր հովանաւորներէն մէկը: Ինչպէս նշեցի, իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է իր ունեցած հնարաւորութիւններով մասնակիցը դառնալ երկարատեւ պատրաստութիւն, մարզումներ եւ գիտելիքի ամբարում պահանջող այս հայրենասիրական գործունէութեան: Մենք այսօր իսկ պատրաստ պէտք է ըլլանք ամէն տեսակի անակնկալներու, այլապէս պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման պարագային դարձեալ ուշ պիտի մնանք եւ կրնանք նոր աղէտի ենթարկուիլ:
Սիրելի՛ հայորդի,
Մասնակցի՛ր եւ օժանդակէ՛ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԳԷՈՆի ամառնային ճամբարներու ծրագրի իրականացման ու յաջողութեան:
Աստուած պահապա՛ն հայ զինուորին:
Յաւերժ փա՜ռք եւ պատի՜ւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած մեր նահատակներուն:
Կեցցէ՜ մեր յաւերժական Հայրենիքը: