Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 23 Հոկտեմբեր 2020
Մեր խորհրդածութիւնները սկսինք հարցումով մը:
Կարելի՞ է զուգահեռներ տեսնել Հայ-Ռուսական եւ Հայ-Բիւզանդական յարաբերութիւններու միջեւ: Բագրատունեաց Հայաստանը կը գտնուէր Բիւզանդական կայսրութեան ծայրամասին: Ներկայ Հայստանը կը գտնուի Ռուսական ազդեցութեան գօտիի ծայրամասին (Չմոռնալով, որ Սովետական Հայաստանը կը գտնուէր Սովետական Միութեան ծայրամասին): Բիւզանդիոն հաշտ չէր անկախ ու զօրաւոր Հայաստանի գոյութեամբ եւ ամէն գնով կ’ուզէր իրեն ենթարկել Հայաստանը: Ռուսիոյ պարագան տարբեր չէ: Բիւզանդիոն տապալեց Բագրատունեաց Հայաստանը 1045-ին, բայց միայն 16 տարիներ ետք, 1071-ին ահաւոր պարտութիւն կրեց սահմանամերձ Մանազկերտի մէջ, որ դուռը բացաւ Հայաստանի վրայով Սելճուկեան ներթափանցման, որը 1453-ին յանգեցաւ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման եւ Բիւզանդական կայսրութեան անկման: Ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի տապալումը նոյնքան աղիտաբեր կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ համար:
Ուրեմն ի՞նչպէս բացատրել Ռուսիոյ վարանողական դիրքը ի տես Արցախի վրայ Ազերի-Թրքական յարձակման: Ի՞նչու Ռուսիա կը նախընտրէ ունենալ Ռոպերթ Քոչարեանական-Սերժ Սարգսեանական ճորտ Հայաստան մը, զուրկ Հայաստանի ժողովուրդին ու աշխարհացրիւ հայութեան ամբողջական նեցուկէն, քան թէ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութեամբ ղեկավարուող արժանապատիւ Հայաստան մը: Ի՞նչու այս Բիւզանդական կործանիչ մտայնութիւնը: Ի՞նչու այս Լոպանովեան-ցարական «Հայաստան Առանց Հայի» քայքայիչ մտայնութիւնը: Երբ 11րդ դարու եւ 19րդ դարու մտայնութիւնները փաստած են իրենց սնանկութիւնը, ի՞նչու 21րդ դարուն փորձել առաջնորդուիլ նոյն մտայնութեամբ:
Հայաստանն ու հայութիւնը շատ լաւ կը գիտակցին Ռուսական թիկունքի անհրաժեշտութեան, ընդդէմ Ազերի-Թրքական ցեղասպանական ախորժակներուն: Բայց այդ երբէք պէտք չէ ըլլայ ի հաշիւ Հայաստանի ենթակայացման: Ընդհակառակը, Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայութեան թիկունքն ու վստահութիւնը վայելող անկախ եւ հզօր Հայաստան մը շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ, քան թէ բարոյազուրկ եւ ճորտ Հայաստան մը:
Դժբախտաբար, դարերու ընթացքին օտար մեծ պետութիւններ յաջողած են շահագործել մեր մէջէն մասնիկներ, անոնց միջոցաւ իրենց տիրապետութիւնը հաստատելու մեր ամբողջ ժողովուրդին վրայ: Այդպիսով է, որ անոնք երկպառակութիւն յառաջացուցած են մեր մէջ, բաժնելով մեզ եւ տիրելով մեր վրայ: Այս եղած է գլխաւոր պատճառներէն մին, որ մենք հարիւրամեակներով զրկուած եղած ենք մեր անկախ պետականութիւնը ունենալու անհրաժեշտութիւնէն ու ենթարկուած օտարի լուծին: Այս եղած է գլխաւոր պատճառներէն մին մեր տկար մնալուն եւ շահագործուելուն: Այս պրիսմակէն դիտած պէտք է հասկնալ Հոկտեմբեր 27, 1999-ի ոճիրի աղիտալի հարուածը մեր նորանկախ պետականութեան ու անոր յաջորդած քսանամեայ արիւնաքամութիւնը: Այս պրիսմակէն դիտած նաեւ պէտք է հասկնալ անցեալ շաբաթ Հայաստանի արտախորհրդարանական 14 կուսակցութիւններու յայտարարութիւնը, որ այպանելի կը գտնենք մանաւանդ այս օրհասական օրերուն:
Ուրեմն դարձեալ հարց տանք. ի՞նչպէս բացատրել Ռուսիոյ վարանողական դիրքը ի տես Արցախի վրայ Ազերի-Թրքական յարձակման: Արդեօ՞ք անոնք կը յուսային տեսնել «ըմբոստ» Փաշինեանի կառավարութեան անճրկումը եւ ուրեմն իրենց հաւատարիմ նախկին ճորտերու վերադարձը: Եթէ այդպէս է, ապա իրենց յոյսերը ի դերեւ ելան, ի տես մեր քաջարի զինուորներու սխրագործութեանց, ի տես թշնամին դիմագրաւելու Հայաստանի ժողովուրդի անսակարկ պատրաստակամութեան եւ անձնուիրութեան, ի տես աշխարհացրիւ հայութեան մէկ մարդու նման ոտքի կանգնելուն եւ Հայաստանին սատարելուն: Այն փաստը, որ երեք շաբթուան ընթացքին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին եղած նուիրատուութիւններու քանակը մօտեցաւ անոր գոյութեան 28 տարիներու ընթացքին հաւաքուած նուիրատուութեանց քանակին, ինքնին պեճախօս երեւոյթ մըն է Փաշինեանի կառավարութեան վայելած համազգային վստահութեան: Այս փաստին դիմաց երբ ի մտի կ’ունենանք Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեանց տարիներուն յափշտակուած միլիարդաւոր տոլարներու գրպանումը (որ պէտք է նպաստէր երկրի տնտեսական, զինուորական, եւ այլ մարզերու յառաջխաղացքին), ապա դաւաճանութեան համազօր պիտի ըլլայ որեւէ ձեւով նախկիններու ոչ թէ վերադարձը, այլ վերարժեւորումն իսկ: Այս փաստը ինքնին պէտք է մղէ Ռուսիան վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր մօտեցումը եւ առնուազն թիկունք կանգնելու Հայաստանին, գէթ այնքանով որքան Թուրքիան թիկունք է Ազրպէյճանին:
Այսքանը՝ ներ-հայկական դիտանկիւնէն: Ինչ կը վերաբերի շրջանայինին, բացայայտ է, որ Ազերի-Թրքական յաջողութիւն մը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, իր աղիտաբեր հետեւանքները պիտի ունենայ Ռուսիոյ վրայ: Մենք կը խորհինք, որ Թուրքիան ԱՄՆ-ի «օրհնութեամբ» շղթայազերծեց այս պատերազմը, նպատակադրելով անկայունութիւն ստեղծել Ռուսիոյ եւ Իրանի համար, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համար: Շատ հաւանական է, որ Էրտողանը փորձեց շահագործել այս «արտօնութիւնը», խաղի մէջ ներառելով իր շահերուն նպաստող փորձարկութիւններ: Այդ կը թելադրէ անոր հովանաւորութեամբ իսլամ ահաբեկիչներու ընդգրկումը այս պատերազմին եւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ առաջարկուած հրադադարներու անմիջական խախտումը: Որ ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ կը պատճառէ: Արդեօ՞ք Ռուսիան կորսնցուցած է իր նախկին մենաշնորհը, իր կամքը պարտադրելու շրջանի տարածքին վրայ: Արդեօ՞ք անոր ներքին եւ արտաքին խնդիրները արգելք կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ անոր ազատ գործունէութեան: Ու՞ր է այն սահմանը, որ պիտի ստիպէ Ռուսիոյ աւելի կտրուկ միջոցներու դիմելու, պաշտպանելու համար իր կենսական շահերը: Ռուսիան կը գիտակցի Թրքական գործունէութեան պատճառով այն հետզհետէ կուտակուուղ վտանգներուն, որոնք կը սպառնան իր ազգային շահերուն, բայց առայժմ վերապահ կը մնայ կտրուկ միջոցներու դիմելէ: Ասիկա ի՞նչպիսի ազդանշան կը ղրկէ Հայաստանին, ճշտելու համար իր արեւելումը:
Երբ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եւ ասոր ետին գտնուող Թուրքիան համամիտ չեն գտնուիր ու արգելք կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսական խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման, ասիկա ցոյց կու տայ Ռուսական ազդեցութեան տկարացումը տարածաշրջանին մէջ: Այս երկիրներէն ամէն մէկը իր շահերէն մեկնած է, որ այս դիրքորոշումը կ’որդեգրէ: Հայաստան կը զգուշանայ հարիւրամեակ մը առաջ Արցախի (եւ Նախիջեւանի) կորուստի կրկնութիւնէն: Իսկ Ազրպէյճանը, որ ենթակայ դարձած է Թուրքիոյ, կը հետապնդէ անոր թափանցումը դէպի Միջին Ասիա: Ահա այսպիսի իրավիճակի մը մէջ մեզի համար Մինսքի եռակողմ խմբակի հովանաւորութիւնը կը մնայ լուծման ամենայարմար տարբերակը: Այդ երեք ուժերու ներկայութեամբ հովանաւորուուղ հաւասարակշռութիւնը շատ աւելի նպաստաւոր է մեր պետական շահերուն համար, քան թէ մէկուն կամ միւսինը առանձին:
Մինսքի խմբակի կարեւորութիւնը նշելով հանդերձ, մենք պէտք չէ մտահան ընենք ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ազդակը՝ համազգային ուժերու լարումով պայքար մղելը: Հազարամեակներու մեր պատմութիւնը պէտք է մեր բոլորի մտքերուն մէջ քանդակած ըլլայ այդ իրողութիւնը: Օտարներ կրնան մեզի Սեւր խոստանալ, բայց պիտի չշարժին իրենց նստած աթոռներէն եթէ մենք ազգային պայքար չմղենք: Այդ է որ կ’ընենք 27 օրերէ ի վեր ու պիտի շարունակենք մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Անցած 27 օրերու ընթացքին, այո՛, ի գին ահաւոր կորուստներու, մենք փաստեցինք, որ ատակ ենք մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերով տնօրինելու: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ վերադարձ չի՛ կրնար ըլլալ դեպի Ազրպէյճանի ցեղասպանական լուծը: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ Արցախը իրաւասու է ինքնորոշմամբ կերտելու իր ապագան: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ ատակ ու արժանի ենք մեզի եւ մեր յաջորդ սերունդներուն համար կերտելու արժանապատիւ ապագայ մը մեր դարաւոր հողերուն վրայ:
2 comments
«Ուրեմն դարձեալ հարց տանք. ի՞նչպէս բացատրել Ռուսիոյ վարանողական դիրքը ի տես Արցախի վրայ Ազերի-Թրքական յարձակման:»
Վերևի մէջբերումին արտայայտած գաղափարը վերջերս սկսած է յաճախակիօրէն երևիլ սփիւռքահայ մամուլին մէջ՝ զանազան տարբերակներով: Վստահ եմ բոլոր գրիչները կը միտին ընդգծել իրենց մտահոգութիւնները՝ հայ ժողովուրդի ներկայիս դիմագրաւած գոյութենական պայքարին մասին:
Այսուհանդերձ՝ նման գաղափարներ կը թողուն մեր ժողովուրդին վրայ ժխտական հետքեր, թէկուզ ակամայ:
Չեմ ուզեր երկար-բարակ վերլուծութիւն ընել, որովհետև անկարելի է անոնց հետևանքները սպառիչ ձևով յայտնաբերել նեղ սահմաններու մէջ: Հ.ետևաբար պիտի սահմանափակուիմ մի քանի կարճ մատնանշումներով: Գաղափարը ՝
ա. Կը միտի քաղաքական դաս տալ աշխարհի երկու գերագոյն կարողութիւններով օժտուած ղեկավարներէն՝ Պուտին և Շի Ճինպինկ՝ մէկուն: Առնուազն խոշոր յանդգնութիւն:
բ. Բարոյալքիչ ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր քաջարի բանակի մարտունակութեան և ժողովրդական լայն խաւերու հոգեբանութեան վրայ:
գ. Անտեղի և անհիմն կասկածանք կը յառուցանէ մեր մեծ դաշնակիցի անկեղծութեան մասին: Մահացու մտայնութիւն:
Այստեղ պէտք է անպայման արձանագրենք հետևեալ ճշմարտութիւնը. Ռուսաստան վերջին մօտ երեք դարերու ընթացքին քանիցս փրկած է հայ ժողովուրդը վերջնական կորուստէ: Պատմական իրողութիւն:
Վստահ պէտք է ըլլանք որ այս անգամ ալ արդէն իսկ կը հասնի մեր օգնութեան: Պուտինը մեզի չափ մտահոգ է մեր ճակատագրով՝ քանի որ Ռուսաստանի և Հայաստանի կենսական շահերը կը համընկնին: Այս ճշմարտութիւնը պէտք է գամուի ամէն հայու իմացութեան մէջ: Հայաստանն ալ իր կարգին պարտաւոր է խորապէս ճանչնալ Ռուսաստանի շահերը՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ ընթացող գոյամարտին մէջ:
Ամենէն կարևորը՝ պարտինք աւելի շատ լսել քան խօսիլ, երբ կը յարաբերինք մեծերուն հետ: Այս վերջինը իրագործել գիտեմ որ շատ դժուար է մեզի պէս զգացական ժողովուրդի մը համար: Պատմութիւնը վկայ: Ըստ իս Ղարաբաղի հարցը պիտի լուծուի լսելով:
Այլընտրանք չունինք:
No matter how much Putin disappoints us we should not be censorious of Russia/Putin because they are our only source of weapons. If they decide to stop arming us, we are finished. I say this although I believe Putin is making the wrong decision in trusting Erdogan. I believe Russia should enter the war because it was Russia, which unjustly gave Armenian N-K to Azerbaijan. Forgetting justice, if Putin used his brains, he would have seen Armenia as its last protective wall against the Turkey-led Muslims of the northern Caucasus.