Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 14 Յուլիս 2021
Յառաջիկայ ամիսները ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի եւ հայութեան համար: Հայաստանի հանրապետութիւնը պէտք է որոշէ, որ դէպի ո՞ւր պիտի հակի նոր ձեւաւորուող համաշխարհային համակարգին մէջ: Եւ այդ որոշումը իր մեծակշիռ անդրադարձը պիտի ունենայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ աշխարհացրիւ հայութեան վրայ: Արեւելեա՞ն թէ՞ արեւմտեան արեւելումի խնդիրը քիչ մը աւելի բարդացած է հիւսիսային եւ հարաւային ազդակի ներմուծումով:
Նախկին ԱՄՆ-Սովետ Միութիւն հակամարտութիւնը փոխարինման ընթացքի մէջ է ԱՄՆ-Չինաստան հակամարտութեամբ: Այս ընթացքին մէջ մեզի համար կարեւոր է հետեւիլ թէ ինչպէ՞ս պիտի դիրքորոշուին Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը եւ Եւրոպական Միութիւնը: Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտենք նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եւ ըստ այնմ յանգինք հետեւութիւններու:
Որպէսզի կարենանք ճիշտ եզրկացութիւններու հասնիլ, պէտք է անպայմանօրէն ձերբազատուինք հատուածական նեղ մտածելակերպէ եւ որդեգրենք անաչառ քննական մօտեցում, կարենալ տեսնելու համար մեծ պատկերը: Այս մէկը դժուարին աշխատանք է, մանաւանդ երբ նկատի կ’ունենանք, որ մեր պատմութիւնը ընդհանրապէս խեղաթիւրուած է: Ասոր մեծագոյն օրինակներէն մէկը Վարդանանցի պատմութիւնն է, որ կը ներկայացուի հերոսի ու դաւաճանի նախնական պատկերով, փոխան եկեղեցի-պետութիւն հակամարտութեան, նաեւ նախարարական տուներու միջեւ արեւելումի հակամարտութեան իրողութեամբ: Յատկանշական եւ այսօրուան համար ուսանելի օրինակ մըն է նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արեւելումի հարցը, որ թաղուած է կուսակցական պայքարի տիղմին մէջ: Կ’արժէ այս երկրորդին արագօրէն անդրադառնալ, իր այժմէական նշանակութեան համար:
Մէկդի դնելով կուսակցական պատմաշինութիւնը, հետադարձ հայեացքով յստակ կը դառնայ, որ այդ ժամանակ, փոխանակ տարուելու Արեւմուտքի անիրագործելի խոստումներով, եթէ աւելի շուտ տեսնէինք Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց փլատակներէն յառնող Քեմալական Թուրքիան եւ Պոլշեւիկեան Ռուսիան ու ըստ այնմ կողմնորոշուէինք, ապա չէինք կորսնցներ Վրաստանին եւ Ազրպէյճանին, որոնք մեզմէ աւելի զգաստ շարժեցան եւ մեր հաշուոյն նոաճումներ արձանագրեցին : Այդ ատենուան մեր իշխանութիւնը, յանձինս ՀՅԴ-ի, սխալ կողմնորոշուեցաւ եւ տուժեցինք: Այդ ժամանակ ալ համաշխարհային նոր համակարգ մը ձեւաւորումի մէջ էր եւ Պիզմարքեան «երկաթով ու արիւնով» պետութիւններ կը գոյանային ու իրենց կամքը կը պարտադրէին: Տարացքները մեծ նշանակութիւն ունէին ու հետեւաբար անմիջական զօրաւոր հարեւանի նեցուկը էական անհրաժեշտութիւն մըն էր: Ներկայիս ձեւաւորուող համաշխարհային նոր համակարգի գլխաւոր հիմքերն են տեղեկատուական արուեստագիտութիւնը (information technology) եւ տնտեսագիտութիւնը: Երկուքին ալ պարագային, առաջնորդող ուժը Արեւմուտքն է (ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ), որմէ ետք կու գայ Չինաստանը, բայց ոչ այնքան Ռուսիան, որ նահանջի մէջ է: Եթէ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի հզօր Ռուսիան չկրցաւ իր կամքը պարտադրել Թուրքիոյ վրայ, ապա այդ մէկը մեզի մտածել պէտք է տայ մեր հաշուարկներուն մէջ ըստ այնմ կողմնորոշուելու եւ հակակշիռներ որոնելու Ռուսիոյ ամբողջական գերիշխանութեան չենթարկուելու: Մեր պետական արեւելումի հիմքը մեր ազգային շահերը պէտք է ըլլան:
Երբ ակնարկ մը կը նետենք մեր պետութեան անցած 30 տարիներու կեանքին վրայ, դժուար չէ տեսնել, որ Ռուսիան միշտ ալ քայլեր առած է Հայաստանը իր ամբողջական տիրապետութեան տակ առնելու եւ իր շահերուն ծառայեցնելու: Զարմանալի բան չկայ այստեղ, որովհետեւ մեծ պետութիւններու խաղն է այդ: Դժբախտութիւնը հոն է, որ մեր մէջէն կը գտնուին մարդիկ, որոնք իրենց անձնական շահերէն մեկնած, հլու հնազանդ գործիքը կը դառնան օտարին: Անմիջապէս ի մտի կու գան «գոյք պարտքի դիմաց» քօղին տակ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութեանց կլանումը, հաղորդակցական կապերէն մինչեւ աթոմակայան, Հոկտեմբեր 27-ով մեր պետականութեան գլխատումը, Իրան-Հայաստան կազատար խողովակի տրամագիծի կիսով նուազեցումը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցական համաձայնագրի տապալումը, ՀԱՊԿ-ի անարդիւնավէտութիւնը եւ անոր անդամներու սերտակցութիւնը ոչ-անդամ Ազրպէյճանի հետ, ի վնաս անդամ Հայաստանի, եւայլն:
Գիտակցելով այս բոլորին, պիտի կարողանա՞նք որոշ հաւասարակշռութիւն մը մտցնել մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Եւրոպական Միութիւնը, մօտ 2 միլիարդ տոլար ներդրումային ծրագրով կ’ուզէ օգնել Հայաստանին իրականացնելու այդ հաւասարակշռութիւնը: Զուգադիպութիւն պէտք չէ համարել, որ այս օգնութիւնը կու գայ 44-օրեայ պատերազմի հունին վրայ, ի տես Ռուս-Թրքական սերտակցութեան եւ արեւելք-արեւմուտք «Զանգեզուրի միջանցքի» տարաձայնութեան: Այս գումարին աւելի քան 700 միլիոնը պիտի յատկացուի իր լրումին հասցնելու Իրան-Հայաստան-Վրաստան իրար կապող հիւսիս-հարաւ մայրուղին, որու շինարարութիւնը թէեւ սկսած էր 2012-ին եւ ծրագրուած էր աւարտել 2019-ին, բայց հազիւ 20 տոկոսը իրականացած էր: Այս մայրուղիի իրագործումը պիտի խափանէ «Զանգեզուրի միջանցքի» ջատագովներու՝ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսիա ծրագիրը: Մօտ 100 միլիոն ալ պիտի տրամադրուի Սիւնիքի զարգացման, ուրկէ կ’անցնի այս մայրուղիի կարեւոր մէկ հատուածը: Երբ նկատի կ’ունենանք, որ մօտ մէկ միլիարդ տոլար պիտի տրամադրուի երկրէն ներս փոքր եւ միջին կարգի ձեռնարկութիւններու, ել-կառավարման ծրագրերու եւ տեղեկատուական արուեստագիտութեան ձեռնարկներու զարգացման, ապա յստակ կը դառնայ ընդհանուր ծրագրի օգտաշատութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման եւ ժողովուրդի վիճակի բարելաւման, որ իր կարգին պիտի նպաստէ ժողովրդավարութեան տարածման եւ պետութեան ինքնիշխանութեան ամրապնդման:
Մեր յօդուածը սկսանք «Յառաջիկայ ամիսները ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի եւ հայութեան համար» նախադասութեամբ: Այդ ճակատագրականը կրնայ դրական կամ ժխտական ելք ունենալ: Դրական՝ եթէ Եւրոպական Միութեան ծրագիրը հաստատ քայլերով գործադրութեան դրուի: Ժխտական՝ եթէ որոշ ուժեր խափանեն անոր գործադրութիւնը: Այդ որոշ ուժերն են «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքները, իրենց հովանաւորներով:
Յ.Գ. Մեր յօդուածի գրութենէն երկու օր ետք, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին յատկացուելիք ներդրումային ծրագրի գումարը բարձրացուց յաւելեալ միլիարդով մը: Իսկ Հայաստանի ՀՅԴ-ի Երիտասարդականը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Հայաստան այցելող Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի դէմ, «Ամո՛թ ձեզի», «Հայաստանը վաճառքի համար չէ» եւ այլ արտայայտութիւններով, յամառօրէն մոռնալով «գոյք պարտքի դիմաց»ով Հայաստանի իսկական վաճառքը 100 միլիոն տոլարի դիմաց