Յարութ Տէր Դաւիթեան, ԱՄՆ, 8 յունուար 2026
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն զգաստացած, աշխարհը ծարաւի էր խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու հաստատման: Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ ծնունդ առին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ անկէ բխած տնտեսական, ֆինանսական, մշակութային, իրաւական եւ այլ միջազգային հաստատութիւններ, ինչպէս օրինակ Համաշխարհային դրամատունը (World Bank), Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (International Monetary Fund), UNESCO-ն, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (World Health Organization), Արդարութեան միջազգային դատարանը (International Court of Justice), եւայլն: Գոյացաւ համակարգ մը, որ մինչ այժմ յաջողած է խափանել համաշխարհային բռնկումներ: Բայց վերջին տարիներուն ականատես ենք, որ այդ համակարգը քայքայման, եթէ կ’ուզէք՝ վերափոխման կամ անցումային ընթացքի մէջ է եւ վա՜յ այն օրուան երբ «համ»ը կորսնցնէ ու դառնայ անկարգ:
Այս քայքայման տանող ընթացքին գլուխը կը գտնուի ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր անկանխատեսելի գործարքներով, որոնք երբեմն կը հակասեն իրարու: Շատ երկիրներու վրայ պարտադրած սակացոյցերը (tariffs) ու շուտով անոնց փոփոխութիւնները անվստահութիւն կ’առաջացնեն իր որոշումներուն հանդէպ: Նոյնիսկ արեւմտեան աշխարհի իր դաշնակիցները, ինչպէս օրինակ Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսան ու Գերմանիան, կը խրտչին իր արարքներէն ու սկսած են վերամշակել իրենց յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ: Թրամփ կրնայ գովեստով խօսիլ ղեկավարի մը մասին եւ կարճ ժամանակ ետք պախարակել նոյն անձը: Այս ցոյց կու տայ, որ խնդիրներ լուծելու անոր մօտեցումը աւելի կարճաժամկէտ գործավարական առեւտուր է, քան երկարաժամկէտ ռազմավարական, ինչպէս նաեւ աւելի իր անձնական շահին հետ առնչուող, քան երկրին: Յստակ է, որ ան լաւագոյնս կը շահագործէ իր պաշտօնը իրեն ենթարկելու ոչ միայն իր անմիջական շրջապատը, այլ նաեւ ընդդիմադիրներ եւ նոյնիսկ օտար պետութեանց ղեկավարներ: Երեւակայեցէ՛ք, որ ան չի վարանիր այպանել Եւրոպական Միութիւնը, որու ստեղծումը կը նկատէ ԱՄՆ-ին ուղղուած հարուած: Իր արարքներով, Թրամփ կը փորձէ կապկել Շի Ժին Փինկի կամ Փութինի գործելաձեւը, որ հակադիր է ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան:
Կախեալ ըլլալ մենատէրի մը քմահաճոյքէն, կը նշանակէ վերադառնալ անտառի օրէնքին, ուր ուժն է գերիշխողը եւ իրաւունքը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դժբախտաբար այս իրականութեան է, որ ականատես կ’ըլլանք վերջին տարիներուն, ինչը մեզ կը մտահոգէ մեծապէս: Եթէ տարիներ առաջ այդ մէկը քօղարկուած էր, հիմա բացէ ի բաց գործադրութեան դրուած է: Նշենք քանի մը գլխաւոր օրինակներ. ռուս-ուքրաինական պատերազմը, իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը, Սուտանի, Միանմարի, Սուրիոյ ու Եմէնի քաղաքացիական պատերազմները։ Եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը նշելով Հայիթիի, Քոնկոյի, Սոմալի, Մալիի եւ այլոց օրինակները: Այս բոլորի լոյսին տակ ինչո՞ւ զարմանալ ու հարց տալ թէ ո՞ւր էր քաղաքակիրթ աշխարհը Հայոց Եղեռնի ժամանակ:
Ինչո՞ւ նոր համակարգ
Ինչո՞ւ համաշխարհային համակարգը ներկայիս կը բոլորէ քայքայման, այլ խօսքով՝ վերափոխման գործընթաց: Պարզապէս, որովհետեւ փոխուած են բաղկացուցիչ տարրերը: ԱՄՆ-Սովետական Միութիւն հակամարտութիւնը տեղի տուած է ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութեան, ուր Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը մղուած են երկրորդ բլան: Ի տես Չինաստանի աննախընթաց յառաջխաղացքին տնտեսական, արհեստագիտական եւ ռազմական բնագաւառներուն մէջ, ԱՄՆ-ը մտահոգ է, որ մօտիկ ապագային պիտի կորսնցնէ աշխարհի հզօրագոյնն ըլլալու, հետեւաբար իր կամքը պարտադրելու մենաշնորհը: Ուրեմն ինչպէ՞ս պէտք է դարմանել այս մտահոգութիւնը:
Յիսնամեակ մը առաջ Չինաստանին հետ կապեր ստեղծելով, ԱՄՆ-ը պառակտեց համայնավար աշխարհը, որ յանգեցաւ Սովետական Միութեան փլուզման: Արդեօ՞ք հիմա կը ջանայ սիրաշահիլ Ռուսիան՝ պատուար մը ստեղծելու համար Չինաստանի դէմ: Ըստ երեւոյթին, այդ է որ կը փորձէ ընել Թրամփը՝ Ռուսիոյ ի նպաստ պայմաններով վերջ տալու ռուս-ուքրաինական պատերազմին: Սակայն Եւրոպական Միութիւնը դէմ է այդպիսի լուծման, որ պիտի խախտէ պետութիւններու սահմաններու անձեռնմխելիութեան իրաւակարգը եւ դուռ բանայ նորանոր բռնկումներու: Այս պատճառաւ է, որ Թրամփ կ’այպանէ Եւրոպական Միութիւնը, որ ամէն գնով կը պաշտպանէ Ուքրաինայի հողային տարածքի ամբողջականութիւնը:
Մեր համեստ կարծիքով, առայժմ այս զարգացումները կ’ընթանան ի նպաստ Չինաստանի, որ կը դիտէ Ռուսիոյ ու Եւրոպական Միութեան հիւծումը, կը սպասէ որ ԱՄՆ-ը աւելի մխրճուի ռուս-ուքրաինական պատերազմին մէջ՝ յարմար առիթ ստեղծելով իրեն համար գրաւելու Թայուանը:
Կ’արժէ այստեղ յատուկ նշում մը ընել համաշխարհային այս նոր համակարգի ստեղծման մէջ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) (Artificial Intelligence) դերակատարութեան մասին: Ասիկա ներկայի ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնն է (Industrial Revolution), որ յեղաշրջեց աշխարհը 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Յստակ է, որ ԱԲ-ին տիրապետող երկիրները պիտի կարենան աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ: Սակայն այստեղ կայ շատ զգայուն կէտ մը, որ կը վերաբերի ԱԲ-ը զարգացնող ընկերութիւններուն: Մինչ Չինաստանի պարագային, այդ ընկերութիւնները պետութեան «խօսք»էն դուրս չեն կրնար ելլել, ԱՄՆ-ի պարագային անոնք անկախ են եւ պէտք է նաեւ հաշուի առնեն իրենց տէրերուն ու բաժանորդներուն շահերը: Հոս կրնան հարցեր ծագիլ պետութեան եւ ընկերութեան հետապնդած նպատակներուն միջեւ: Օրինակի համար, Թրամփը արգիլեց NVIDIA ընկերութեան բարձր որակի chip ծախել Չինաստանին, բայց հանդիպելէ ետք ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուին հետ, որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց իր որոշումը, պայմանաւ որ ԱՄՆ-ին շահաբաժին մը տրուի այդ գործարքէն: Ուրիշ օրինակ մըն է Թրամփի որոշմամբ ԱՄՆ-ի շահաբաժին գնելը Intel ընկերութեան մէջ:
Նոր համակարգը եւ Հայաստան
Այս բոլորի լոյսին տակ հարց տանք թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այս գործընթացը Հայաստանի եւ հայութեան վրայ: Հայաստանն ալ փնտռտուքի մէջ է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է շարժի, որ անգամի մը համար եւս չտուժէ: Յստակ է, որ Հայաստանամերձ տարածաշրջանը մեծ եւ միջին տէրութեանց ուշադրութեան թիրախն է եւ անոնք կը փորձեն իրենց համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել հոն: Մանաւանդ Սիւնիքի շրջանը, որ կը կամրջէ Կեդրոնական Ասիան Եւրոպայի հետ եւ որու միջով կրնան անցնիլ հաղորդակցական ճանապարհներ, երկաթուղիներ, նաւթամուղներ, եւայլն: Չմոռնանք, որ Արցախեան պատերազմն էր, որ շեղեց Պաքու-Ճէյհան կազատարի ուղին, որ անցաւ Վրաստանի աւելի երկար ու ծախսալից ճանապարհէն, քան Սիւնիքէն:
Եկէք նշենք կարգ մը օրինակներ, թէ ի՞նչ զարգացումներէ անցաւ շրջանը վերջին հինգ տարիներու ընթացքին:
Հայաստանը ամբողջութեամբ իրեն ենթակայ դարձուցած Ռուսիա հաշտ աչքով չդիտեց ՀՀ-ի ջանքերը թեքուելու դէպի Եւրոպա, նոյնիսկ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան ժամանակ: Յիշենք անոր Մոսկուա կանչուիլը 2013-ին եւ մէկ գիշերուան մէջ Եւրոպական Միութեան հետ ՀՀ-ի սերտաճման համաձայնագրին ժխտումը ու միացումը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան՝ Ռուսիոյ հովանիին տակ: Ազրպէյճանի հետ սպառազինութեան հաւասարակշռութեան խախտման եւ պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մեծացման մասին Սարգսեանի 5 Օգոստոս 2016-ի նամակը Փութինին՝ անտեսուեցաւ վերջինին կողմէ: Դէպի Արեւմուտք ժողովրդային թափը տակաւ աճեցաւ ու յանգեցաւ 2018-ի յեղափոխութեան: Փաշինեանը «վեց ամիսէն տուն ղրկելու» կոչերը մեր մէջ մտահոգութիւն ստեղծեցին, որ Հայաստանի գլխուն գալիք կայ, որ կրնայ յանգիլ իշխանութեան նախկիններու վերադարձին: Հայաստանի թեքումը դէպի ինքնիշխանութիւն եւ ժողովրդավարական կարգեր, բնականաբար Ռուսիոյ հաշւոյն չէր գար, որովհետեւ ան պիտի կտրուէր Հայաստանամերձ շրջանէն: Ուստի Սեպտեմբեր 2020-ին կանաչ լոյս տուաւ Ազրպէյճանին, որ վերագրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջի եօթը տարածքները ու հասնի մինչեւ Շուշի, բայց ոչ՝ Ստեփանակերտ: Իր «խաղաղապահ» զօրքերը հոն փոխադրելով, Ռուսիա ոտք մը ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ, որմէ կտրուած էր: Աւելին, ան սկսաւ զօրք տեղակայել Սիւնիքի մէջ՝ իր հսկողութեան տակ առնելու դէպի Թուրքիա եւ Իրան տանող ուղիները, որոնց միջոցաւ կրնար խուսափիլ իր վրայ դրուած միջազգային պատժամիջոցներէն: Փետրուար 2022-ին Ռուսիա ներխուժեց Ուքրաինա, յուսալով քանի մը շաբթուան մէջ հասնիլ մայրաքաղաք Քիեւ եւ զօրացնել իր դիրքերը: Սակայն մխրճուեցաւ պատերազմի ճահիճին մէջ: Օգտուելով Ռուսիոյ ծանր վիճակէն, Ազրպէյճան ամբողջացուց 2020-ին սկսած արշաւը եւ Սեպտեմբեր 2023-ին դատարկեց Արցախը իր բնիկներէն, «խաղաղապահ» ռուս զօրքերու աչքին առջեւ, որոնք այլեւս հոն գործ չունենալով, ստիպուած էին հեռանալ:
Ռուսիա, որ միլիարդատէր Իվանիշվիլիի միջոցաւ դարձեալ իր հսկողութեան տակ առած է Վրաստանը, կը փորձէ նոյն կերպ, միլիարդատէր Սամուէլ Կարապետեանի միջոցաւ հասնիլ իշխանափոխութեան Հայաստանի մէջ: Առայժմ չէ հասած նպատակին, բայց ամէն կերպ կը ջանայ այդ իրագործել: Անոր թիկունք կը կանգնին նախկին իշխանութիւններն ու անոնց կամակատարները, որոնց շարքին է ՀՅԴ-ն եւ, դժբախտաբար, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Այս վերջինը, հետեւելով Քոչարեանի «միակ տղամարդ»ու օրինակին, մենատիրական իշխանութեամբ իր շուրջ հաւաքեց կամակատարներու խմբակ մը, որոնք հոգեւորականի անյարիր ընթացքով վնասեցին Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութեան: Երբ ազգովին կը բոլորէինք ճակատագրական տարիներ եւ պէտքն ունէինք բարձր հեղինակութիւն վայելող գահակալի մը, որ ժողովուրդին մէջ ամրապնդէր հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու սփոփիչ դերը՝ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու առօրեայի մարտահրաւէրները, Գարեգին Բ. չեղա՛ւ այդ առաջնորդը: Ան փոխանակ իր շուրջ համախմբելու արժանաւորներ եւ շահելու ժողովուրդի համակրանքն ու զօրակցութիւնը, իր քմահաճ վարքով Եկեղեցիէն դուրս վանեց զանոնք: Ան փոխանակ հաւասարակշռողի դեր խաղալու, պառակտիչ հանդիսացաւ: Իր անձնականը աւելի բարձր դասելով քան պաշտօնը, որուն ծառայութեան կոչուած էր, ան հեղինակազրկեց իր անձը եւ մեծապէս վնասեց Եկեղեցւոյ վարկին: Ան փոխանակ գործելու յանուն մեր պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան ամրապնդման, դարձած է գործիք Ռուսիոյ ձեռքին, որ կը ջանայ մեզ ամբողջովին դարձնել իրեն ենթակայ, որպէսզի ազատօրէն շահագործէ մեզ յօգուտ իր շահերուն, ինչպէս ըրաւ Արցախի պարագային:
Ռուսական ազդեցութեան տարածման դէմ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն հակազդել Արեւմուտքի միջոցաւ: Սիւնիքի միջանցքը ռուսական հսկողութեան ենթարկուելուն կը փորձեն հակազդել TRIPP-ով (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կրնան օգտագործել կապուելու համար Եւրոպայի հետ: Երրորդ ուժի կամ միջնորդներու փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն երկկողմանի յարաբերութիւններ ստեղծել հարեւան պետութիւններու հետ, ըլլան անոնք թշնամի Թուրքիան թէ Ազրպէյճանը: Քայլ պահելով համաշխարհային զարգացումներուն հետ, ինչպէս օրինակ արհեստական բանականութիւնը, առիթ կը ստեղծեն NVIDIA-ի եւ Firebird ընկերութեանց գործակցութեամբ 500 միլիոն տոլարի գերհամակարգչային տեղեկատուական կեդրոնի (AI supercomputer data center) մը հիմնումին երկրին մէջ, որ պիտի նպաստէ տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու բարգաւաճման: Փոխանակ կախեալ ըլլալու մէկ երկրէ, Հայաստանի իշխանութիւնները Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ բարձր որակի զինամթերք կ’ապահովեն զօրացնելու երկրին պաշտպանութիւնը:
Երբ ակնարկ մը կը նետենք 2018-էն ի վեր Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման վրայ, ականատես կը դառնանք, որ մէկ շունչին բաժին ինկող ՀՆԱ-ի եկամուտը (GDP per capita income) աճած է $4,196-էն $8,330-ի: Բաղդատեցէ՛ք այս թիւերը Ազրպէյճանի թիւերուն հետ ($4,739-էն $7,259-ի) ու պիտի համոզուիք, որ լաւ ընթացքի մէջ ենք: Երբ Ռուսիա մխրճուած է պատերազմի մէջ որու ելքը յայտնի չէ, երբ անոր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ կը նուազի, երբ անոր համար ատրպէյճանական-թրքական շահերը առաջնահերթ են քան Հայաստանի շահերը, երբ ան ետ կը մնայ արհեստական բանականութեան զարգացումներէն, ուրեմն ինչո՞ւ Հայաստան պիտի ենթարկուի նահանջի մէջ եղող երկրի մը մենատէրին քմահաճոյքին, փոխան փոխշահաւէտ կապեր հաստատելու զարգացող երկիրներու հետ:
Գալիք ամիսները, մինչեւ Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի համար: Պիտի վերադառնա՞նք «միակ տղամարդ»ի իշխանութեան օրերուն, երբ երկիրը ծախուեցաւ ու քանի մը ընտանիքներ հարստացան ժողովուրդի դժբախտութեան հաշւոյն, թէ՞ պիտի զարկ տանք ժողովրդավարութեան զարգացման ու երկրի բարգաւաճման:
1 comment
MY dear friend Harut,
I hope you do not mind writing in English.
I started reading your article and then thought to read the last couple of paragraphs.
Couple of points:
– GDP the real data is on IMF website. https://www.imf.org/external/datamapper/profile/ARM
I am more concerned of purchasing power. Armenia’s purchasing power, indicated by a GDP per capita (PPP) of approximately $20,079 to $21,532 in 2023-2024, has reached record highs due to rising real wages and a growing, although it remains below the global average. The economy is experiencing robust growth driven by service sectors and remittances, although inflationary pressures and regional economic shifts influence household spending capacity.
https://www.numbeo.com/food-prices/in/Yerevan
Milk (Regular, 0.25 Liter) 154.23 AMD
Fresh White Bread (125.00 g Loaf) 83.06 AMD
White Rice (0.10 kg) 86.77 AMD
Eggs (2.40, Large Size) 182.49 AMD
Local Cheese (0.10 kg) 297.06 AMD
Chicken Fillets (0.15 kg) 405.94 AMD
Beef Round or Equivalent Back Leg Red Meat (0.15 kg) 689.86 AMD
Apples (0.30 kg) 145.83 AMD
Bananas (0.25 kg) 162.82 AMD
Oranges (0.30 kg) 211.22 AMD
Tomatoes (0.20 kg) 184.00 AMD
Potatoes (0.20 kg) 56.94 AMD
Onions (0.10 kg) 28.11 AMD
Lettuce (0.20 Head) 72.95 AMD
Recommended Minimum Amount of Money for food (2400 calories, Western food types)
Daily recommended minimum amount of money for food per person 2,761.30 AMD
Monthly recommended minimum amount of money for food per person
(assuming 31 days per month) 85,600.43 AMD
Armenia Annual Household Income per Capita reached 2,762.756 USD in Dec 2024, compared with the previous value of 2,554.749 USD in Dec 2023. Armenia Annual Household Income per Capita data is updated yearly, available from Dec 1996 to Dec 2024, with an averaged value of 1,101.908 USD.
Which amounts to 87,487,273 dram/month.
What about other expenses, rent, health insurance, dentist, transportation, school tuition, books, smoking, alcohol, vacation, etc. etc.
measuring wellbeing by GDP is like weighing airplane in the air. GDP is the average for the poor and the oligarchs. After all, the diaspora should take care of the orphans and elderly. The diaspora that Pashinian on daily basis spits on.
– Democracy: I am very concerned with the imprisonment of high-ranking clergy without solid accusations. My childhood friend arch. Haigazoon Najarian is banned from leaving the country with no reason. Is that the democracy you are defending?
Hagop