Ինչո՞ւ եւ արդեօ՞ք

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 4 Հունվար 2021

Արցախեան այս վերջին պատերազմը բոլորիս մտքերուն մէջ ծնունդ տոաւ շատ մը «ինչո՞ւ»ներու, որոնց հաւանական (արդեօ՞ք) պատասխաններուն մէկ մասը ունինք, իսկ մնացեալներն ալ կրնան բացայայտուիլ մօտիկ թէ հեռաւոր ապագային: Մինչ այդ, մեր ընթերցողներուն կը ներակայացնենք մեր մտքով անցած «ինչո՞ւ»ները եւ անոնց հաւանական պատասխան «արդեօ՞ք»ները:

Սկսինք «վերէն»՝ մեր կաթողիկոսներէն:

Ինչո՞ւ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. փոխանակ իրենց յայտարարութիւնները  սահմանափակելու ժողովուրդին ուղղուած սթափութեան եւ համերաշխութեան հրաւիրող հայրական յորդորներով, եկեղեցին մտցուցին քաղաքական դաշտ՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով եւ իրենց յայտարարութիւնները  «համընկնեցնելով» հրապարակի 16-17 կուսակցութիւններու տուած վերջնագրի թուականին: Արդեօ՞ք անոր համար, որ առաջինը պարտաւորուեցաւ նախկինները ներկայացնող այդ 16-17-ին տուրք մատուցելու, իսկ երկրորդն ալ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

Ինչո՞ւ զոյգ կաթողիկոսները ամբողջ 20 տարի լուր մնացին Հայաստանի մէջ տիրող մենատիրութեան արհաւիրքներուն, քաղաքական սպաննութեանց, ընտրական կեղծիքներուն, օրէնքի ահաւոր խախտումներուն, երկրի հարստութեան զաւթումին, եւայլն: Արդեօ՞ք անոր համար, որ իրենց ալ շահաբաժին կը հասնէր այդ կողոպուտէն:

Ինչո՞ւ համար պաղ պատերազմի քաղաքական նպատակներով երկփեղկուած մեր եկեղեցին չմիաւորուեցաւ անոր չքացումով: Արդեօ՞ք դարձեալ նիւթական շահի նպատակներով: Ի դէպ, եթէ իսկապէս ազգային շահ կը դաւանինք, Հայաստանի անկախացումը ի՜նչ լաւ առիթ էր օտարի ձեռքով բաժնուածը մեր ձեռքով միաւորելու: Այսպիսով վերացուցած կ’ըլլայինք Կիլիկիայէն շա՜տ հեռու կարգ մը երկիրներու եւ քաղաքներու մէջի զոյգ առաջնորդարաներու խայտառակութիւնը եւ աւելորդ եկեղեցիներու վաճառքի եկամուտով նպաստած կ’ըլլայինք Սփիւռքի եւ Հայաստանի հզօրացման:

Իջնենք «վար»՝ պարզ մահկանացուներուս մակարդակին:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ն չեն ուզեր սահմանադրական միջոցներով հասնիլ իշխանափոխութեան, այլ՝ վերջնագիրներով եւ յեղաշրջումով: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրառումը իրենց հաշուին չի գար:

Ինչո՞ւ համար 20 տարի հայրենիքը աւազակապետութեան վերածողները որոշեցին ստեղծել «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը: Արդեօ՞ք փրկելու համար իրենց եկամուտի աղբիւրները:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ին առաջադրած թեկնածուն՝ Վազգէն Մանուկեանը բազում հարցականներու առիթ կու տայ, նախ սպառնալով, որ «գազազած ժողովուրդը կը յօշոտէ» Փաշինեանին, ապա յայտարարելով որ «մենք չենք ուզում ցնցումներ»: Կամ՝ յայտարարելով, որ «մենք չենք հաշտուի Եռակողմ յայտարարութեան հետ», ապա աւելցնելով, «մենք չենք կարող հրաժարուել դրանից»: Արդեօ՞ք յապաղումով կ’անդրադառնայ, որ ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդուող երկրի մը մէջ, նախատինքի համազօր է նոյն ժողովուրդը նմանցնել վայրի կենդանիներու,  ու կը փորձէ քօղարկել իր մտածելակերպը, մեղքը քաւելու չքմեղանքի փորձներով:

Ինչո՞ւ համար կարելի չէ հաւատք ընծայել 16-17-ի մաս կազմող ՀՅԴ-ի ԳՄ անդամ Իշխան Սաղաթելեանի համահայկականութեան, համերաշխութեան, արժանապատուութեան, հզոր պետականութեան, հայրենիքի փրկութեան, ազատ արդար ընտրութիւններու կայացման քարոզներուն: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ամբողջ 20 տարի իշխանութեան մաս կազմելով, այդ խօսքերուն հակառակ գործունէութիւն ունեցան:

Ինչո՞ւ համար մի քանի վերջնագիրներ տուած եւ արդիւնքի չհասած 16-17-ի մաս կազմող «Հայրենիք» նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնադիր՝ Արթուր Վանեցեանի նոր կարգախօսը՝ «Ամանորը առանց Նիկոլի» կը «մտահոգէ» մեզ: Արդեօ՞ք անոր համար, որ զոյգ կաթողիկոսները այդ ալ կրնան ընդգրկել իրենց հայրական աղօթքներուն մէջ:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ի հրապարակային հաւաստիացումները, որ Նիկոլը պէտք է հեռանայ, բայց նախկինները (իմա՝ իրենք) չեն վերադառնար, որեւէ արժէք չեն ներկայացներ: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ժողովուրդը կը գիտակցի այդ 16-17-ի եւ անոնց առաջ մղողներու իսկութեան:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ի մաս կազմող ԲՀԿ-ի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի մեծ շռինթով ճակատ մեկնելու կազմած խումբը այդպէս ալ ճակատ չհասաւ: Արդեօ՞ք ճամբան կորսնցուցին…

Ինչո՞ւ համար պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, ըստ հաւաստի լուրերու, կարգ մը հրամանատարներ դիմեցին դասալքութեան, մինչ իրենց զինուորները արիաբար կը պայքարէին: Մինչեւ իսկ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց անվտանգութեան զօրայիններու ճակատ մեկնելու մերժման մասին: Արդեօ՞ք այս արարքներուն դրդապատճառները պիտի բացայայտուին շուտով:

Ինչո՞ւ համար հակառակ տարիներէ ի վեր համաձայնուած ըլլալուն, որ պիտի յանձնենք 7 շրջանները, լրջօրէն չլծուեցանք գէթ Արցախի պաշտպանական գիծերու ամրապնդման: Արդեօ՞քի հարց չկրնար ըլլալ այս պարագային, երբ բացայայտ դաւաճանութիւն է կատարուածը:

Ինչո՞ւ համար անցած ըլլալով հանդերձ 1998-ի եւ անոր հետեւանք Հոկտեմբեր 27-ի ճանապարհէն, դարձեալ կ’ընթանանք նոյն ուղիով: Արդեօ՞ք մեր մէջ այդքա՜ն արմատացած է օտարին գործիք դառնալով հատուածական շահ հետապնդելու հոգեբանութիւնը:

Առայժմ այսքանով բաւարարուինք, հակառակ անոր, որ կարելի է «ինչո՞ւ»ներու շարքը երկարել Հայաստանի ու Արցախի սպառազինութեան, անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ:

Ելլենք Հայաստանէն դուրս:

Ինչո՞ւ համար Արեւմուտքի ժողովրդավար երկիրները եւ իրենց Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանները ծպտուն չհանեցին Ազերի զինուորներուն կողմէ կատարուած անմարդկային գլխատումներուն մասին, ԲԱՑԻ իրենց թիրախ հանդիսացող Իրանէն:  Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար տարիներու լռութիւնէ ետք ԵԱՀԿ, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ այլ պետութիւններ հիմա սկսան խօսիլ Արցախի անկախութեան ճանաչման մասին: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար Ազրպէյճան խախտեց պատերազմի ընթացքին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ առաջարկուած եւ համաձայնեցուած հրադադարները: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար Ռուսիան Հայաստանի խեղճացման ճանապարհով իր ոտքը հաստատեց Ազրպէյճանի մէջ: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար պատերազմի նախօրեակին եւ ընթացքին, Հայաստանի եւ նոյնիսկ յաղթական արշաւ տանող Ազրպէյճանի մէջ, եղան բարձրաստիճան ռուսամէտ ղեկավարներու պաշտոնազրկումներ: Արդեօ՞ք …

Հաւանաբար մեր ընթերցողներու մտքերուն մէջ ալ ծագեցան շատ մը «ինչո՞ւ»ներ եւ «արդեօ՞ք»ներ, որոնք բացայայտման եւ լուսաբանման կը կարօտին: Վստահաբար մեր ընթերցողները կը գիտակցին, որ այդ գործընթացին պէտք է լծուիլ միայն աննախապաշար եւ զգաստ մտքով, ոչ թէ ժողովուրդը «գազազեցնելով»: Միայն այդպէս կրնանք գտնել այս տագնապէն դուրս գալու ամենէն նպաստաւոր ուղիները:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like