ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, Պէյրութ, 30 Յունիս 2020
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ աշխարհի ոչ միայն ամենահին ու ամենայետամնաց, այլեւ՝ միակ երկփեղկեալ եկեղեցին է, որ կը կարօտի եռակի բարեկարգում-բարենորոգումի, որուն նախաքայլը՝ անոր վերամիաւորումն է։ Անոր պէտք է յաջորդեն՝ 1) Հայ Թոնտրակեան, 2) Նարեկացիական-Լուտերական եւ 3) Լատին Ամերիկայի կաթոլիկ աստուածաբաններու եւ կարտինալներու յեղափոխական աստուածաբանութեան բարենորոգումները։
Բայց նախ՝ երկու խօսք, եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութեան եւ պետութեան քաղաքական իշխանութեան փոխ-յարաբերութեանց մասին։
Այս նիւթը ընդհանուր, վերացական, տեսական կամ բացարձակապէս կանոնական նիւթ մը չէ, այլ՝ սերտօրէն կապուած է երկրի մը պատմական հոլովոյթներուն։ Հետեւաբար ալ՝ տուեալ ժամանակաշրջանի մը մէջ, այդ երկրի ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական հասարակարգին հետ։
Օրինակ. աւատատիրական հասարակարգին մէջ, իշխանութիւնը աստուածպետական էր (Théocratique)։ Այսինքն՝ հոգեւոր ու քաղաքական իշխանութիւնները միաձուլուած էին։
Այս նիւթը հրապարակ եկաւ Ֆրանսական Բուրժուական Յեղափոխութեամբ, որ Եկեղեցին բաժնեց Պետութենէն։ Ուրեմն, այս նիւթը կը կարօտի առանձին յօդուածի մը։
Այս նախաքայլ բարեկարգումն ու յաջորդող երրեակ բարենորոգումները չեն կրնար իրագործուիլ՝ ոչ լոկ եկեղեցւոյ ներքին զարթօնքին, եւ ոչ ալ՝ լոկ հայ հասարակութեան ու պետական իշխանութեան արտաքին միջամտութեան ճամբով։ Այլ՝ հոգեւորական ու քաղաքական կողմերու համագործակցութեան` համազգային, համահայկական ճամբով…։
Կարճ խօսքով՝ պետութիւն-եկեղեցի համախոհութեան եւ համերաշխութեան, համահայկականութեան ոգիով. մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ եկեղեցիի սկզբունքով։
Ասիկա չ’ենթադրեր պետութեան ու եկեղեցիին միաձուլումը, այլ լոկ՝ անոնց համարկումը (integration) իրարու, ընդելուզումի ճամբով, իրարմէ զատորոշելով հանդերձ հոգեւորական ու քաղաքական աշխատանքի մարզերը, թոյլ չտալով մէկուն ոտնձգութիւնը միւսին մարզէն ներս, այլ՝ պահպանելով մէկուն քաղաքական առաքելութեան վաւերականութիւնը, եւ միւսին հոգեւոր առաքելութեան վաւերականութիւնը։ Այսինքն՝ պահպանելով մէկուն քաղաքական ինքնիշխանութիւնը, եւ միւսին հոգեւոր ինքնիշխանութիւնը, իւրաքանչիւրին արտօնելով միայն՝ իրարու խորհուրդ տալու իրաւասութիւնը։
Այս է պետութիւն-եկեղեցի փոխ-յարաբերութիւնները կարգաւորելու շինիչ, առողջ ու ազգանպաստ ուղին, պաշտօններու բանական բաժանումի ուղին։ Պետութեան քաղաքական վերահսկողութիւնը Եկեղեցիին վրայ, եւ մասնաւորաբար՝ ծածկագիտական (occult) աղանդաւորական կասկածելի գործունէութեան վրայ, խիստ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է՝ ազգային անվտանգութեան պահպանումին տեսակէտէն։ Քանի որ Հայաստանեայց Եկեղեցին ազգային եկեղեցիներու խումբին կը պատկանի, Անկլիքան, Լուտերական, Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ եւ Աւետարանական Բարեկարգեալ եկեղեցիներու շարքին։ Սակայն, պետութիւնը՝ ի սկզբանէ, իր օրէնսդրութեան մէջ, շատ յստակօրէն պէտք է պաշտպանէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցիի կարգավիճակը, եւ՝ դաւանանքի ազատութեան սխալ հասկացութեամբ։ Այսինքն՝ in abstracto, պէտք չէ ծածկագիտական աղանդները դասէ իբր կրօնական կազմակերպութիւններ, ազգային եկեղեցիի շարքին՝ ինչպէս եղաւ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ ապազգային համակարգին մէջ։ Հակառակ անոր, որ երկրի Սահմանադրութեան մէջ, ի հեճուկս Արեւմուտքի ճնշումներուն՝ դաւանանքի ազատութեան in abstracto հասկացութեան պատրուակով, Յօդ. 18-րդը կը տրամադրէր հետեւեալը.
«Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին. 1) Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցու՝ որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի ինքնութեան պահպանման գործում։ 2) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով»։
Ուրեմն. պետութիւնը անջատել Եկեղեցիէն կը նշանակէ՝ իրարմէ անջատել անոնց պաշտօնները… պաշտօններու բանական բաժանում ընելու՝ համագործակցաբար, համախոհութեամբ, համաձայնաբար։ Ասիկա անկլօ-սաքսոն դպրոցի տեսակէտն է։ Ֆրանսական Յեղափոխութեան տեսակէտով՝ ամբողջական անջատում կը պահանջուէր, սակայն ժամանակ մը վերջ, անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ համաձայնագիր ստորագրելու։ Եւ՝ ստորագրուեցաւ (concordat), սակայն 1905 թուի Օրէնքով յետս կոչուեցաւ։ Սակայն արդէն՝ concordat-ն Ֆրանսայի պետութեան եւ Վատիկանի պետութեան միջեւ ներազգային վաւերաթուղթ մը չէր, այլ՝ միջպետական, միջազգային։ Վատիկանի պետութիւնը աստուածպետական պետութիւններու խումբին կը պատկանի, ինչպէս՝ Խալիֆաթը, Բիւզանդիոնի կայսրը։
Դաւանանքի ազատութեան հասկացութիւնը կը գործադրուի երկու տարբեր եղանակներով.
- In abstracto, այսինքն՝ բացարձակ կերպով, եւ
- In concreto, այսինքն՝ շօշափելի կերպով։
Եւրոպան կը գործադրէ in concreto եղանակը։ Այսինքն՝ այն աղանդաւորական կազմակերպութիւնը, որ չունի ճշմարտապէս կրօնական էութիւն եւ կը վնասէ հասարակութեան, դատի կու տայ, եւ կ՚արգիլէ կամ կը սահմանափակէ անոր գործունէութիւնը։ Բայց Հայաստանի օլիգարխիկ համակարգէն կը պահանջէր գործադրել in abstracto։ Այսինքն՝ բացարձակ կերպով, առանց քննելու աղանդին ճշմարիտ էութիւնը կամ վնասակարութիւնը հասարակութեան։ Մինչդեռ աղանդաւորական կազմակերպութիւնները, որպէս ծածկագիտական խմբաւորումներ, կրօններ չեն (այլ՝ մասոնական կազմակերպութեան նման, կը ծառայեն մութ ուժերու քարոզչութեան ու գաղտնի սպասարկութեանց լրտեսական խլրդային ցանցերուն, եւ՝ իրենց բուն նպատակներուն ծածուկ պահուիլը ինքնին, բաւարար է մերժելու անոնց տալ ոչ մէկ արտօնագիր)։
Դեմոկրատական կազմակերպութիւններէն պահանջուած թափանցիկութիւնը չունին աղանդաւորական ծածկագիտական կազմակերպութիւնները, որոնց կարեւոր մէկ մասին մէջ թաքնուած է Սիոնիզմը…։ Անգլիոյ մէջ կայ աղանդ մը, որ կը կոչուի British Israelism։
Աղանդներու, եւ ընդհանրապէս՝ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեանց մասին, աւելի մանրամասնութիւններ կան, մեր «Եկեղեցի-Պետութիւն Յարաբերութիւններ եւ Աղանդաւորականներ» խորագրով գրքոյկին մէջ, հրատարակուած Պէյրութ, 2003 թուին, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Մատենաշարէն։ (Այլ օգտակար աղբիւրներ են՝ J.K. Van Baalen, “Christianity versus the Cults”, Stockholm, 1958. Alexander Dvorkin, “TOTALITARIAN SECTS: Classification, Symptoms, Methods”, Moscow, 1995. Rev. Michael Westh, “Contemporary Issues in the Church-State Relations in Denmark”, Copenhaguen, 2001. Luc Perrin, “Du Systeme Concordataire à la Concorde Laique”, Paris, 2000. Archbishop David Dustin, “The Church of England, Its Legal Situation and Its Privileges”, London, 2001)։
2001 թուին, Ս. Էջմիածնի մայրավանքին մէջ, «Եկեղեցի-Պետութիւն Յարաբերութիւններ» թեմային շուրջ, իրաւագիտական միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ, Երեւանի Աստուածաբանական Դպրոցի տնօրէն Շահէ Արք. Աճէմեանի հրաւէրով, որուն մասնակցեցան Կաթողիկէ, Լուտերական, Անկլիքան եւ մի քանի այլ եկեղեցիներու եկեղեցական ու աշխարհական իրաւագէտ ներկայացուցիչները։ Անոնց շարքին, տողերուս հեղինակը կը մասնակցէր Կիլիկեան Աթոռի գործուղած ներկայացուցիչի հանգամանքով։ Մենք այդտեղ մեր թուղթով՝ ոչ միայն Օսմանեան Պետութեան կողմէ հաստատուած մեր «Ազգային Սահմանադրութիւն» յորջորջուած կանոնագրութիւնը լուսաբանեցինք (եկեղեցի-պետութիւն շրջագիծին մէջ), այլեւ՝ խիղճի ազատութեան հասկացութեան գործադրութեան երկու տարբեր՝ in abstracto եւ in concreto եղանակները, եւ բացորոշ կերպով քննադատեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան համակարգին կողմէ կիրարկուած in abstracto եղանակը, որ սանձարձակ ազատութիւն տուած է՝ փոքր երկրի մը մէջ, շուրջ 60 աղանդաւորական ծածկագիտական խաժամուժին…։ Գիտաժողովին ներկայ գտնուող Գերագոյն Ժողովի պետական անդամները դժգոհ մնացին եւ պետական հեռատեսիլի կայանը միայն 3 վայրկեան անդրադարձաւ այս միջ-եկեղեցական միջազգային գիտաժողովին։ Իսկ մամուլը լուռ մնաց… կամ կղպուեցաւ…։ Մինչդեռ՝ Լուտերական, Անկլիքան եւ Կաթոլիկ եկեղեցական իրաւագէտները (Տանըմարքէն, Անգլիայէն ու Ֆրանսայէն), Վեր. Մայքըլ Ուեսթ (Քոփենհակէնէն), Արքեպիսկոպոս Տէյվիտ Տասթին (Լոնտոնէն) եւ Լիւք Փերրէն (Փարիզէն) գնահատեցին մեր ճիշդ զատորոշումը խղճի ազատութեան երկու տարբեր գործադրութեան եղանակներուն, եւ՝ մեր տուած գնահատականը Օսմանեան Իսլամական Պետութեան ցուցաբերած կրօնական հանդուրժողութեան՝ հանդէպ Հայաստանեայց Եկեղեցիին, ստեղծելով Էսթանայի (Կ. Պոլսոյ) մէջ Հայոց Պատրիարքարանը եւ յատուկ ֆերմանով (1862-ին) հաստատելով «Ազգային Սահմանադրութիւն»ը, որ կ՚ամրագրէր Հայ Միլլէթի կրօնա-կենցաղային ինքնավարութիւնը…։
(Երբ Օսմանցիները գրաւեցին Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս Կայսեր հիմնած Constantinopolis մայրաքաղաքը, անունը փոխեցին Էսթանայի, ապա՝ Իսլամպուլի, եւ ի վերջոյ՝ Իսթանպուլի։ Մենք ճշդած էինք, թէ Օսմանեան Պետութեան հանդուրժողականութիւնը կու գար Իսլամի կրօնքէն, եւ ոչ թէ բարբարոս օսմանցի վարձկան ռազմիկներէն։ Լոնտոնի Արք. Տէյվիտ Տասթին յատկապէս գնահատած էր մեր այս ճշդումը…։ Օսմանեան միլլէթ-ներու դրութիւնը, անոնց կրօնա-կենցաղային ինքնավարութիւնը, որ կը կիրարկուի այսօր Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Իրանի մէջ, «Անձնական Իրաւանց (أحوال شخضيّة) Կանոն» անունով, իսլամական լայնախոհութեան հետեւանք է, քանի որ պետութեան գերիշխանութենէն մաս մը կը փոխանցէ համայնքներուն)։
Պետութեան այս քաղաքական վերահսկողութեան դիմաց, Եկեղեցին ալ պէտք է ունենայ հոգեւոր վերահսկողութիւն՝ պետութեան վրայ…։ Այսինքն. բարոյական վերահսկողութիւն, ինչ որ Եկեղեցիին առաքելութիւնն է բոլորին նկատմամբ, ոչ միայն քաղաքացիներուն, այլ՝ իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Այլ խօսքով. խորհրդատուական, յորդորական դերակատարութիւն մը, որմէ երբեք պէտք չէ հրաժարի Եկեղեցին, դառնալու համար իշխանութեան զինակիցը, կամ՝ մեղսակիցը, երբ իշխանութիւնը կը չարաշահէ իր ուժը եւ կը գործէ ժողովուրդի լայն զանգուածներու, աղքատներու, աշխատաւորներու եւ տկարներու դէմ…։ Էջմիածնի Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը (Գարեգին Ա.ի նման) զինակիցն ու մեղսակիցը դարձաւ օլիգարխիկ համակարգի իշխանութեան, եւ՝ լուռ ու ձեռնպահ մնաց այդ ապազգային ու ոճրագործ իշխանութեան անարդարութեանց ու ոճիրներուն ի տես (Յակոբ Պարոնեանի դատումով՝ կոյր, խուլ ու մունջ վասակներու նման։ Կամ՝ երեք կապիկներու խորհրդապատկերին նման. (անոնցմէ մին՝ իր երկու թաթերով աչքերը կը փակէ, միւսը՝ իր ականջները, իսկ երրորդը՝ իր բերանը)։ (Ի դէպ՝ կ՚երեւի թէ մեր հանճարեղ երգիծագիրի օրերուն, իրենց կոչումին եւ առաքելութեան գիտակցութիւնը չունեցող պատրիարքներ ու քահանաներ շատ էին… այսօրուան պէս… որ ան կը խօսէր «փիլոն հագած կապիկներ»ու մասին։ Իսկ Անի բերդաքաղաքի բանալիները Բիւզանդիոնի Մորիկ (Maurice) կայսեր ծախող հայրենադաւ կաթողիկոսը, Վեստ Սարգիսի հետ մեղսաբար, հայկական 500 գիւղերու աւատատէրն էր, եւ Պոլսոյ պատրիարքներէն մէկուն անունը Ճըհաննէմ Մերտիվանը դրած էր ժողովուրդը, ըստ Յակոբ Տէր Մելքոնեանի (Պուրճ Համուտի նոյնանուն սրահի բարերարին վկայութեան, իր «Ազգային Սահմանադրութիւն» գիրքին մէջ…)։
Վերստին կը շեշտենք, թէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր, ամենահինը եղած ըլլալուն հակառակ, ամենայետամնացն է… ոչ միայն ուրիշներէն, այլեւ՝ իր իսկ անցեալի Ոսկեդարի օրերէն։ Ան կարիքը ունի երրեակ բարենորոգումի, եւ ամէն բանէ առաջ ու վեր՝ իր երկփեղկուածութեան վերջ մը դնելու հրամայական բարեկարգումին։
Բայց նախ՝ որո՞նք են երրեակ բարենորոգումի առիթներն ու ժամանակները, որմէ դուրս մնացած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։
Առաջինը՝ 9-10-րդ դարերու Հայկական Թոնտրակեան Բարենորոգչական Յեղափոխութիւնը, զոր փոխանակ որդեգրելու, մեր Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը՝ արեան մէջ խեղդեց եւ անոր ողջ գրականութիւնը հրոյ ճարակ դարձնելու բարբարոսութիւնը գործեց։ Այս յեղափոխութեան առաջնորդն էր Սմբատ Զարեհաւանցին. Իսկ ղեկավարներէն մին՝ Խոսրով Անձեւացի Եպիսկոպոսը, որուն որդին Գրիգոր Նարեկացին էր, որ աստուածատուր հեռատեսութեամբ մը, բաժնելով հանդերձ իր հօր եւ Թոնտրակեան Յեղափոխութեան բոլոր սկզբունքները, հեռու մնաց անոր ուղղակի մասնակցելէ…։ Նարեկացին այդ սկզբունքները դրաւ իր հանճարեղ «Մատեան Ողբերգութեան» վերտառութեամբ գլուխ-գործոցին մէջ, որ «Նարեկ» անուանակոչումով դարձաւ բոլորին Աղօթագիրքը, զայդ փրկելով հրոյ ճարակ դառնալու ստոյգ վտանգէն։ Եւ աւելի քան 10 դար վերջ, 21-րդ դարուն, 2015 թուին, Վատիկանի Մեծ Բարենորոգիչ Պապը՝ Ֆրանչիսկոս Ա., հիմնուելով «Մատեան Ողբերգութեան» գլուխ-գործոցին վրայ, Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց՝ ոչ միայն սուրբ մը, այլ՝ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ուսուցիչներէն մին…։ Մինչդեռ՝ Նարեկացին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ուսուցիչն էր, սակայն՝ այդ երկրի Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը յետամնաց ըլլալուն համար, փաստեց որ «Մարգարէն իւր երկրում, ոչ ունի պատիւ»… եթէ անոր երկրի ժողովուրդը յետամնաց է, չէ հասած տակաւին անոր մակարդակին…։
Թոնտրակեան ու Նարեկեան գաղափարներն ու սկզբունքները հիմքը կը կազմէին 4-5 դար վերջ (15-րդ եւ 16-րդ դարերուն) յայտնուելիք Եւրոպական Վերածնութեան (Renaissance) եւ Բարենորոգումին (Reformation)։
Այլ խօսքով. երբ Հայաստանի մէջ՝ 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն հասունցած էին Հայկական Վերածնունդի եւ Բարենորոգումի գաղափարները, Եւրոպան կը գտնուէր խաւա՜ր Միջնադարերուն մէջ, Հին Վատիկանի դպրական, ստրկատիրական աստուածաբանութեամբ ու վանտալական եւ վիզիկոթական վայրի ցեղերու պատերազմներով։ (Նոյնպէս՝ Արաբ-Իսլամ քաղաքակրթութիւնը, Եւրոպայէն դարեր առաջ, հասունցած էր հոգեմտաւոր մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ (10-11-րդ դարերուն), եւ այդ բարձր մշակոյթն է որ Եւրոպա փոխադրուեցաւ դարեր ետք։ Պատմական ուշագրաւ փաստ է, որ հայ հալածական Թոնտրակեան յեղափոխականները կ՚ապաստանին Արաբ Աշխարհ)։
Բայց, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին կողմէ՝ փոխանակ Թոնտրակեան-Նարեկացիական Բարենորոգումի սկզբունքները որդեգրելու, զանոնք արեան մէջ խեղդելու համար մղած երկարատեւ արիւնալի պատերազմին, Բիւզանդիոնի Մորիկ Կայսեր կողմէ՝ փոխանակ զօրացնելու Հայաստանի պատնէշը Սելճուքեան արշաւանքներուն դէմ Հայաստանը գրաւելուն ու տկարացնելուն, եւ այդպիսով Բիւզանդիոնի ալ տկարացումով, ճամբան հարթեց Սելճուքեան յաջորդական արշաւաններուն յաղթանակին եւ Հայկական Վերածնունդն ու Բարենորոգումը խափանուեցան ու թաղուեցան։
Երկրորդը՝ 16-րդ դարու Եւրոպական Բարենորոգումն էր (Մարթին Լուտերի առաջնորդութեամբ), որ Եւրոպայի մէջ մարդու հոգին ազատագրեց Հին Վատիկանի դպրական ստրկական լուծէն, որուն եւս անհաղորդ մնաց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը։ Գերմանիոյ մէջ ծնունդ առած Մարթին Լուտերի Բարենորոգումը, որ յաղթանակեց ու Վատիկանէն անջատ հիմնադրեց Լուտերական Եկեղեցին, չունէր Թոնտրակեանի արմատականութիւնը, զոր ունէր Մունձերի ղեկավարած յեղափոխութիւնը, որ սակայն չյաղթեց…։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթի պահպանողականութիւնը եւ բարենորոգուելէ փախուստը շարունակուեցաւ մինչեւ 19-րդ դարի 30-ականներուն, երբ հայ իրականութեան մէջ, Օսմանեան գրաւման տակ գտնուող Արեւմտահայաստանի մէջ հիմնադրուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին, որ որդեգրեց Թոնտրակեան Բարենորոգչական Յեղափոխութեան շարք մը սկզբունքները։
Երրորդը՝ 20-րդ դարու 1960-ականներուն, Լատին Ամերիկայի կաթոլիկ աստուածաբաններու եւ կարտինալներու մշակած նոր աստուածաբանութիւնը՝ Վատիկանի հինին փոխարէն (այսինքն՝ «Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն»ը), որուն հետեւորդներէն էր Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի առաջնորդը (Արք. Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ), որ այսօր դարձած է Նոր Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը (առաքելատիպ բարենորոգիչը), որուն կողմէ՝ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ Հայաստանեայց Եկեղեցիին հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն ու յարգանքին հակառակ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը կը շարունակէ անհաղորդ մնալ բարենորոգումի գաղափարին…։ Եւ՝ չմոռնալ, որ Սբ. Էջմիածինը Վատիկանի մօտ ունի իր մնայուն ներկայացուցիչը՝ յանձինս Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որ շատ սերտ կապեր ունի Գարեգին Բ.ի հետ… եւ շատ սերտ կապեր ունէր Լուիզ Սիմոնի հետ (իսկ Լուիզ Սիմոնի ամուսինը՝ սիոնական հրեայ մը)։
Սակայն, բարենորոգումի խնդրին ձեռնարկելէ առաջ, անհրաժեշտ է լուծել բարեկարգումի մօտ եօթանասունամեայ թնճուկը երկփեղկումին։
Մարդուն ուղեղը երկփեղկ է (bi-cephal) «մէկ» գլուխի մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երկփեղկուած է «երկու» գլուխներու… եւ հետեւաբար՝ «երկու հոգին»ներու մէջ։ Իսկ եկեղեցի մը… չի կրնար երկու իրարմէ տարբեր հոգիներ ունենալ, ինչպէս որ եկեղեցիի մը առաքելութիւնը՝ միասնական կրնայ ըլլալ միմիայն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիի միասնութեան թշնամիներն են՝ Ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը, Սիոնիզմը, Փանթուրքիզմը եւ մենատիրական ծրագրով հայ կուսակցութիւն մը, որովհետեւ այս նոյներն էին, որ մօտ 70 տարի առաջ երկփեղկեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Երկփեղկումի գործողութեան մութ սենեակները կը գտնուէին Պէյրութի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան ու Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամունի պալատին մէջ։ Թուրքիա եւ Իսրայէլ թշնամի են միասնութեան, քանի որ վերամիաւորուած Հայաստանեայց Եկեղեցին պիտի ունենայ հայկական պետութեան պաշտպանութիւնը՝ իր աշխարհատարած կալուածներուն, եկեղեցիներուն ու գերեզմանատուներուն եւ պատրիարքարաններու շինութիւններուն, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի սահմաններուն մէջ գտնուողները։ ԱՄՆ եւ մենատիրական ծրագիր ունեցող կուսակցութիւնը, Անթիլիասը կ՚ուզեն պահել իրենց ձեռքերուն մէջ, անոր միջոցով Սփիւռքի հայութիւնը ազատօրէն իրենց ձեռնածութեան ենթարկելով, զայն հակադրելու համար Հայաստանի պետութեան, որպէս ճնշումի միջոց, որպէսզի ԱՄՆ-ը կարողանայ Սփիւռքի միջոցով Հայաստանի մէջ հրահրել հակառուսական տրամադրութիւններ, եւ որպէսզի՝ կուսակցութիւնն ալ Սփիւռքով վարկ շահի յաչս Հայաստանի պետութեան, օր մը հոն՝ իշխանութեան աթոռը կարենալ վերագրաւելու յոյսով։
Հետեւաբար, եկեղեցական երկփեղկումին կարելի չէ վերջ տալ՝ առանց վերջ տալու այն քաղաքական երկբեւեռացումին, որ Սփիւռքը կը հակադրէ Հայաստանի…։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանն անգամ չկրցաւ վերացնել այս քաղաքական երկբեւեռացումը, երբ Անթիլիասի ամերիկամէտ Գարեգին Բ.ը դարձուց Էջմիածնի Գարեգին Ա.ի… կարծելով թէ այդպիսով Սփիւռք եւ Հայաստան բեւեռները կը դառնան միաբեւեռ ամերիկամէտ…, եւ՝ վերացուած կ՚ըլլայ եկեղեցական երկփեղկումը…։
Ուրեմն. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկփեղկումը վերացնելու միակ ճանապարհը ճշմարիտ համահայկականութեան որդեգրումն է՝ քաղաքական ու եկեղեցական բոլոր կողմերէն, եւ մասնաւորաբար՝ մենատիրական մարմաջ ու ծրագիր ունեցող կուսակցութեան կողմէ, որուն այս մարմաջը՝ վերջին 110 տարիներու երկայնքին, պատճառ եղաւ Համահայութեան երկպառակտումին…։ Ոչ միայն եկեղեցիին, այլ համայն հայ ժողովուրդին միասնութեան ախոյեան Հայաստանի Կոմկուսը՝ իր 31-րդ համագումարին որդեգրած ծրագրին մէջ, հետեւեալը կ՚ըսէ. «ՀԿԿ-ն կարեւոր նշանակութիւն է տալիս Հայ Առաքելական Եկեղեցու գործունէութեանը՝ նպատակամղուած հայապահպանութեանը, հայ ժողովուրդի միասնութեան ամրապնդմանը»։
Վերամիաւորումին թշնամի ճակատէն՝ հայ կուսակցութեան անջատումով, ԱՄՆ-Թուրքիա-Իսրայէլ տարատնկեալ պետութիւններու օտար անսուրբ երրորդութիւնը կը կորսնցնէ «հայկական» ծածկոյթը, եւ մեծապէս կը կորսնցնէ իր ուժը… Համահայկականութեան ապառաժին դիմաց, քանի որ միշտ ներքին գործօնն է վճռորոշ ուժը։ (Մաօ Ցէ Թունկ այս ճշմարտութիւնը բացատրած է շատ պարզ օրինակով մը։ Իսկական ձուն՝ incubateur-ի ջերմութեան ազդեցութեան տակ՝ ճուտիկ կու տայ, իսկ ձուաձեւ խճաքարը՝ նոյն ջերմութեան տակ, ճուտիկ չի տար, քանի որ խճաքարը՝ ձուին նման, չունի ներքին գործօնը…)։ Եւ կամ ալ՝ միեւնոյն տրամաբանութեամբ, երկու աթոռներու եկեղեցականներուն, ոչ արհեստավարժ ու պատեհապաշտ, այլ՝ իրենց առաքելութեան գիտակից ու յեղափոխական տարրերը (եթէ մնացած են ու կան), իրենք՝ ներսէն տապալեն երկու աթոռներու էսթապլիշմէնթները, յեղափոխական ծառացումով (հետեւելով Լատին Ամերիկայի յեղափոխական կարտինալներու օրինակին) ու պարտադրեն վերամիաւորումը, տոգորուելով Թոնտրակեան-Նարեկացիական ոգիով…։ Որովհետեւ՝ առանց յեղափոխութեան վիրահատութեան… կարելի չէ դարմանել քրոնիկ հիւանդութիւն մը, որ մեր անմիաբանութիւնն է, հատուածամոլութիւնը կամ աւատատիրական տրոհումի վիճակը… մեր հի՜ն նախարարատուներու օրերէն մնացած…։
Մենք կը տառապինք «համահայկական ոգի»ի սովէն, արհեստավարժ կղերականներու եւ պոլիտիկոսներու վատատեսակ ուռէն… առաքելատիպ ու տեսլական ունեցող հոգեւորականներու եւ քաղաքագէտներու պակասէն, եւ՝ յեղափոխական յարատեւ շունչի պակասէն ու ճշմարիտ հպարտութեան ու արժանապատւութեան անկեղծ զգացումի բացակայութենէն։ Մէկ խօսքով՝ համեստութեան արժանիքի ուրացումէն եւ հաւաքական աշխատանքի ապիկարութենէն, եւ մեր հաւաքական շահերու ռազմավարական թշնամիներն ու բարեկամները իրարմէ զատորոշելու անատակութենէն։
2 comments
Հին՝ սակայն միշտ այժմէական և լուծման կարօտ նիւթ մը…
This article attempts to be scholarly but unfortunately has a gossipy inclination.