Սփիւռքի Վերակազմակերպում, Ազատագրում Օլիգարխ Ռեժիմէն

23 Օգոստոս 2021

Ստորեւ կը վերահրատարակենք լիբանանահայ յանդուգն մտաւորական Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի ուշագրաւ ճառը, ուր կը ցոլանայ նորօք հանգուցեալ հրապարակախօսին, հրապարակագրին, ազգային-հասարակական անբիծ մտաւորականին ամբողջական պատկերը: Յաւերժ փառք իր անմեռ յիշատակին: Խմբ.

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 27 Նոյեմբեր 2015

Գեղարդի ընթերցողներու ուշադրութեան կը  յանձնենք լիբանանահայ անզուգական մտաւորական, բազմաթիւ տասնամեակներու համալիբանանեան առումով քաղաքական ղեկավար Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի ներքոյիշեալ ճառը արտասանուած  Հայկական Սովետական Խորհրդային Հանրապետութեան 95-րդ տարեդարձին առիթով:- Խմբ.

For English translation visit Diaspora’s Reorganization, Liberation from Oligarch Regime

Յարգարժան բարեկամներ,

Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան 95-րդ փառայուշ տարեդարձին առիթով, մեր այս համեստ ընթրիքը պիտի չունենայ տօնական մթնոլորտ, Համահայութեան այսօր պարզած տխուր վիճակին պատճառով, որ մեզ կը ստիպէ խորհրդածելու, որպէսզի՝ կարենանք գտնել եւ ըմբռնել թէ՝ ինչ կը պատգամեն մեզի այսօր, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցն ու Նոյեմբեր 29-ի 95-րդ տարեդարձը։

Պիտի մէջբերեմ մէկ կոմունիստական դիտարկում եւ երեք դաշնակցական դիտարկումներ, որոնք կը հաստատեն՝ մէկը, կոմունիստականը։ Իտալիոյ Կոմկուսի ղեկավարներէն Անթոնիօ Կռամշին դիտարկած է՝

«Երբ հին ռեժիմ մը կը մահանայ, եւ աւելի լաւ նորը կ’ուշանայ ծնելու, այս միջոցին գոյացած խաւարին մէջ՝ հրապարակը կը գրաւեն գազաններու ուրուականներ»։

Այսպէս եղաւ սովետահայ ռեժիմի լուծարումի վաղորդայնին։ Աւելի լաւ ռեժիմ մը ուշացաւ ծնելու եւ՝ օլիգարխներու գազանախումբը գրաւեց հրապարակը, հայաթափեց ու թալանեց երկիրը եւ հայրենիքը դրաւ ինքնալուծարումի ստոյգ վտանգին առջեւ։

Կռամշիի կանխագուշակած գազաններուն գործած աւերին մասին ահա՛ երեք ղեկավար դաշնակցականներու հաստատումները.–

ՀՅԴ Բիւռոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, 2012-ին, «ԴՐՕՇԱԿ»ի մէջ գրեց՝

«Հայաստանը՝ իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով, այսօր կ’ապրի լուռ տագնապ մը, որ յատուկ է հասարակութիւններուն, որոնք հիասթափուած են, այդ հիասթափութեան պատճառներուն հարկադրաբար համակերպած են (փոխանակ այդ պատճառները վերացնելու համար պայքարելու) եւ՝ այդ կրաւորական համակերպումին պատճառով ալ, ամլացած են (կորսնցուցած ըլլալով իրավիճակի փոփոխութեան ամէն յոյս), եւ դանդաղ քայլերով կ’առաջնորդուին դէպի ինքնալուծարում։ Եթէ՝ տակաւին գոյ է առողջ կորիզ մը, որ շրջադարձի միակ յոյսը կրնայ ըլլալ, պայմանաւ՝ որ այդ կորիզը՝ նախ ինք գիտակցի տիրող անմիջական վտանգներուն, որոնք կը սպառնան ոչ միայն պետութեան, այլեւ ազգի ֆիզիքական գոյութեան, եւ որոշէ՝ փոխել իրադրութիւնը»։

Եւ քսանամեակ մը առաջ, 1993-ին իսկ, Էդիկ Յովհաննիսեան «ԴՐՕՇԱԿ»ի մէջ հարց կու տար՝ «Ո՞ւր ենք գտնւում մենք»։ Եւ կը պատասխանէր՝ «Դաշնակիցներ շահելու համար, մենք պէտք է ունենանք քաղաքական յստակ դիրքորոշում, փոխանակ հետեւելու կոմպլեմենտար կոչուող լարախաղացութեան աբսուրդ դիւանագիտութեան, ասելով թէ՝ մենք հիմա անկախ ենք եւ լաւ յարաբերութիւնների մէջ ենք եւ գործակցում ենք թէ՛ ամերիկացիների եւ թէ՛ ռուսների հետ։ Պէտք է գիտակցել, որ միայն Ռուսաստանի ազգային շահերի ոլորտւմ է, որ Հայաստանը որոշ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում Ռուսաստանի համար։ Ելցինի ամերիկանացած ու ոչ-ազգային Ռուսաստանի համար՝ Հայաստանը ոչ մի հետաքրքրութիւն չի ներկայացնում։ Մեզ չխաբենք ճառելով թէ՝ մենք հիմա անկախ ենք եւ կարող ենք սեփական ուժերով պաշտպանել մեր հայրենիքը։ Աշխարհը շարժւում է դէպի ազգային պետութիւն։ Հաւանաբար մօտիկ ապագայում՝ Չինաստանը, Ճապոնիան, Գերմանիան եւ Ռուսաստանը դառնան ազգային պետութեան բեւեռի պաշտպանները, եւ՝ ջախջախիչ հարուած տան՝ ամերիկասիոնական ապազգային բեւեռին։ Ազգային բեւեռի յաղթանակը անխուսափելի է, քանզի ապազգայնացուած աշխարհը սուզուել է անբարոյականութեան ծովում, որից յետոյ կը խորտակուի վերջնականապէս։ Հետեւաբար, մեր ներկայ կացութիւնը ստիպում է մեզ՝ կանգնել պատնէշի ազգային կողմում կանգնած բանակի շարքերում, եւ առաջին հերթին Ռուսաստանի ազգային շահերի շարքում»։

Հազիւ տասնամեակ մը անց, մեծ մասամբ իրականացաւ Է. Յովհաննիսեանի կանխագուշակումը։ Չինաստան եւ Փութինեան Ռուսաստան դարձան ազգային պետութեանց բազմաբեւեռ աշխարհակարգի պաշտպաններ՝ ամերիկա-սիոնական ապազգային միաբեւեռ աշխարհակարգին դէմ, կազմակերպելով Շանկհայի Համագործակցութեան Ուխտը եւ BRICS-ի ճակատը՝ Պրազիլիոյ, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մասնակցութեամբ։ Եւ՝ պարզէն ալ պարզ դարձաւ, որ Հայաստան պէտք է կանգնի բազմաբեւեռ աշխարհակարգի շարքերուն մէջ, ուր եւ կը գտնուին Ռուսաստանի ազգային շահերը։ Հայաստանի լինելութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը՝ փանթուրքիզմն է, զոր կ’որոճան այսօր Էրտողանեան Թուրքիան եւ Ալիեւեան Ատրպէյճանը, եւ այս վտանգը միաժամանակ ուղղուած է Ռուսաստանի ազգային շահերուն դէմ։ Եւ՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ազգային շահերու այս համընկնումն է, որ հիմքը կը կազմէ Հայ-Ռուս ստրատեգիական
դաշինքին։ Մինչդեռ, Հայաստանի օլիգարխիական ապազգային ռեժիմը դեռեւս կը շարունակէ սիրաբանիլ ամերիկա-սիոնական ապազգային բեւեռին հետ՝ վտանգելով Հայ-Ռուս դաշինքը։ Եւ ներկայիս, օլիգարխիական ռեժիմը՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու անուան տակ, կ’ուզէ որդեգրել Եւրոխորհուրդի Վենետիկեան փոփոխութիւնները, որոնք կը սպառնան ապազգային պետութեան վերածել Արեւելահայաստանը։

Այս ապազգային ռեժիմն է, որ արգելք հանդիսացաւ, որ 100-րդ տարելիցը դառնայ անկիւնադարձ մը, հրաժարելու՝ Ցեղասպանութեան լոկ բաոյական ճանաչումի պահանջատիրութենէն, եւ որդեգրելու՝ հողային պահանջատիրութիւնը։ Արգելք եղաւ, որպէսզի չբարկացնէ ՕԹԱՆ-եան Թուրքիոյ դաշնակից ամերիկա-սիոնական ապազգային բեւեռը…։ Եւ տակաւին այս ապազգային ռեժիմն է, որ ուրացաւ Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան կառուցած վեհաշուք ու սիգապանծ Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողն անգամ, եւ 100-րդ տարելիցի որպէս խորհրդանշան պարտադրեց սիոնա-մասոնական անմոռուկը… անհանգստացնելով մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն ոսկորտիքը, քանզի՝ Մեծ Եղեռնը գործադրած Երիտթուրքերը՝
սիոնա-փանթուրքական վոհմակներ էին, եւ փանթուրքիզմի ծրագրի հեղինակներն էին հրեայ սիոնական պատմաբաններ։

Յակոբ Պալեան, երրորդ դաշնակցական մտաւորականը, 2015 թ. Ապրիլին, գրեց «ԱԶԴԱԿ»ի մէջ հետեւեալ դիտարկումը.

«Հարիւրամեակը՝ ազգային որակի եւ ազգային ոգիի վերականգնումի յեղափոխութեան առիթ պէտք էր որ ըլլար, փոխանակ՝ զայն վերածելու օլիգարխիական տօնահանդէսի»։

Արեւելահայաստանը բռնազաւթած օլիգարխիական ռեժիմը ոչ միայն հայաթափեց հայրենիքը եւ թալանեց երկրի ստորգետնեայ բնական հարստութիւններն ու վերգետնեայ սովետաշէն ազգային տնտեսամշակութային կառոյցները, այլեւ՝ բռնագրաւեց 100-րդ տարելիցի եզակի առիթը, եւ զայն վերածեց օլիգարխիական ապազգային մեծափոմփիւն «Շօու»ի, եւ ինք խմբագրեց ու ինք արտասանեց «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիր» կոչուած աժան բարոյախօսութեան անբովանդակ փաստաթուղթը, որ բնա՛ւ համահայկական չէ, քանի որ չարտայայտեց՝ ոչ Տարագիր Արեւմտահայութեան եւ ոչ ալ՝ հայրենի մնացորդացի լուռ մեծամասնութեան կարծիքն ու պահանջը հիմնական՝ հողայինը, այլ՝ որպէս բիզնէս-գոյքային մտածելակերպի մարմնացումը հանդիսացող ապազգային ռեժիմը, խօսեցաւ միայն գոյքային հատուցումի մասին, հողային հատուցումին փոխարէն։

Անթոնիօ Կռամշիի յիշած, բայց հիմա արդէն հայանուն գազաններու բիզնէս-գոյքային աչքծակութիւնը այնքան արմատակալած է իրենց մօտ (ի դէպ՝ ասոնց բնութագիրը ճշգրտօրէն կու տար անզուգական հայրենասէր գիտնականը՝ Արամայիս Միրզախանեան, այժմ հանգուցեալ, երբ ասոնց կը վերագրէր մոնկոլ-թաթարական նկարագիր), որ երեւանեան մամուլը գրեց. «Հայ զինծառայողը պայթել է ականի վրայ, կորցրել է ոտքը, բայց, նրան ստիպել են՝ գոյքը փճացնելուն համար՝ վճարել ականի գինը»։

Բայց ինչու ընդվզիլ՝ երբ այս ռեժիմը գոյք-ականի գինը հայ զինուորի կորսնցուցած ոտքին գինէն աւելի կարեւոր նկատած է, քանզի նոյնիսկ Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէնի պաշտօնին՝ օլիգարխներու դրածոն՝ ոմն հայանուն Հայկ Դեմոյեանը, 100-րդ տարելիցի նաեւ 100 հոգինոց վերին մարմնի նախագահը, դարադարձի առիթով խօսած իր ճառին մէջ, յիշեց միայն գոյքային հատուցումի մասին, եւ ոչ մէկ բառ արտասանեց հողային հատուցումի կապակցութեամբ։ Եւ՝ Հայ Սփիւռքի աւանդական առաջնորդներն ալ՝ ստրկական համակերպումով, այս ռեժիմի գազաններուն դիմաց, լեզունին կլլեցին եւ չարծարծեցին հողային պահանջատիրութեան հարցը կամ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսի անյետաձգելի դարձած խնդիրը, ոտնահարելով Տարագիր Արեւմտահայութեան կամքը։

Սփիւռքի եւ Հայաստանի ներկայացուցած այս տխուր իրավիճակին մէջ, արտաքին ճակատի վրայ ամէն նախաձեռնութենէ առաջ՝ հարկ է զօրացնել Հայութեան ներքին ճակատը, իրականացնելով հիմնական ու հրամայական երկու առաջադրանքներ.

1) Անյապաղ ձեռնարկել Սփիւռքի վերակազմակերպումին՝ ՏԱՀՔ-ի կառոյցին մէջ, եւ հողային պահանջատիրութեան մեկնարկումին։

2) Անյապաղ ձեռնարկել՝ Հայաստանը օլիգարխիական ռեժիմէն ազատագրելու պայքարին, հոն հաստատելու համար Սովետ Հայաստանի թոյլ տուած թերիները սրբագրող, բայց, միեւնոյն ժողովրդահայրենասիրական ազգային դպրոցին պատկանող ռեժիմ մը, որպէսզի՝ կարելի դառնայ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի։

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի համոզումով՝ այս երկու անյետաձգելի հրամայականները կը խտացնեն՝ Մեծ Եղեռնի դարադարձի եւ Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան 95-րդ տարեդարձի պատգամը մեզի։

7 comments
  1. Թերիները սրբագրող ազգային ռեժիմ

    Անկասկած՝ «Անյապաղ ձեռնարկել՝ Հայաստանը օլիգարխիական ռեժիմէն ազատագրելու պայքարին, հոն հաստատելու համար Սովետ Հայաստանի թոյլ տուած թերիները սրբագրող, բայց, միեւնոյն ժողովրդահայրենասիրական ազգային դպրոցին պատկանող ռեժիմ մը, որպէսզի՝ կարելի դառնայ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի»:

    Անշուշտ որ առաջին հերթին պէտք է դադրեցնել տալ մենաշնորհներու այս վիճակը որուն ետեւանքով յառաջ եկած է օլիկարխներու ներկայ դրութիւնը հայաստանի մէջ:

    Դժխախտաբար սակայն դրութիւնը դարձած կը թուի ըլլալ համաշխարհային: Առանց որ համեմատական բաղդատութիւնը ընեմ, նոյն վիճակը կի տիրէ Ռուսիոյ, Չինաստանի կամ Ամերիկայի, եւն-ի մօտ: Ընկերային վարդապետութիւնները կածես փորձուած են եւ մարդուն բնազդը չեն կրցած զսպել: Մնացած կը թուի ըլլալ միայն կրօնքը որուն ծայրահեղ մեկնաբանութեան շրջանն է որ կ'անցնէ մարդկութիւնը:

  2. “Անյապաղ ձեռնարկել”

    "2)Անյապաղ ձեռնարկել՝ Հայաստանը օլիգարխիական ռեժիմէն ազատագրելու պայքարին, հոն հաստատելու համար Սովետ Հայաստանի թոյլ տուած թերիները սրբագրող, բայց, միեւնոյն ժողովրդահայրենասիրական ազգային դպրոցին պատկանող ռեժիմ մը, որպէսզի՝ կարելի դառնայ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի։"

    Another call for another useless so-called պայքար.

    “որպէսզի՝ կարելի դառնայ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի”:
    ROA and Artsakh were saved in 1994.
    Thank you very much.
    The military of both republics are without question the most combat ready and professional military in the region.
    Thank you very much.
    I am sure pretty much every Armenian knows how our young conscripts defeated several Turkic special forced commando teams last summer, which attempted to invade RoA or NKR.

    And anyone who is eager to engage in պայքար, needs  to go to Armenia or Artsakh and enlist in the military.
    You want պայքար ? Պայքար against Turks, instead of your won people. 
    Jewish Diaspora could not care less what Israeli leaders do inside Israel. Jewish Diaspora works day and night to weaken or dismember countries that they perceive as being a threat to Israel.  While large numbers of people in Armenian Diaspora waste their time dreaming about so-called “regime” change.

    btw: it is not a “ռեժիմ”: it is an Administration that was elected by 58% vs 37% of citizens of RoA.
    Some people in Diaspora may not like it, but too bad: RoA citizens who live in RoA and whose sons are KIA defending RoA almost every month elected RPA overwhelmingly.

    Finally: instead of  obsessing about RoA oligarchs, the worst of whom will never – ever – be an existential threat to either RoA or NKR, obsess about the two criminal Turkic states. Obsess about  what you can do to weaken and dismember the two entities that pose a real, actual existential threat to our two republics.

    1. Rebuttal or Bullying

      Avery,

      You have been stifling well-meant arguments by assertions such as "anyone who is eager to engage in պայքար, needs  to go to Armenia or Artsakh and enlist in the military." 

      I cite this from this comment but you have not refrained from resorting to similar responses in your other comments as well.

      I believe you live in the Diaspora as well and do not seem to entertain the notion of moving and settling in Armenia for good. Such rebuttals come across as bullying instead of continuing to engage in an argument in a respectful way, much like your rebuttal to an esteemed individual comes across to be.

      1. “….come across as…”

        "….come across as bullying…."

        It has been my experience that when posters are unable to rebut my fact-based comments with evidence, they resort to calling me names. "Bully" is the mildest. I have been called all sorts of things. (not @Keghart, of course, as you, Vahe, might have guessed, I engage all sorts of posters all over the blogosphere in my insignificant efforts on behalf of our great people). And those insults are the ones that passed the moderators of the given site. I can imagine the filth that gets sent directed at yours truly that gets flushed. 

        Nevertheless, when posters call me "bully", it is music to my ears. It means they have lost the intellectual argument, and in desperation hurl an insult thinking they'd hurt my feelings and supposedly "shame" me into accepting their nonsense. The more insults thrown at me, the more it proves those who do are losing. 

        1. Music to Avery’s ears

          Avery,

          To cap personalizing my comments let me point to you the following: No one who reads your comment has an inkling for the contrary that you vest your “efforts on behalf of our great people”. However,  you are on a hurried mission to be understood by others but do not vest any effort to understand the others who are no less on the same mission.

          All the best

          1. “….you are on a hurried mission…”

            "….you are on a hurried mission to be understood by others…"

            Sorry: I do not post comments to be, quote, "understood".
            I also don't post to get accolades, or to be popular, or to get 'likes', or anything of the sort. 

            My posts @Keghart and at other Armenian and non-Armenian sites  have a purpose other than what you erroneously surmise it to be. I could try to explain, but am afraid you would find it hard to understand. 

            All the best.
            Avery the Bully. 

  3. Monopolists-Oligarchs

    In the 5th century Movses Khorenatsi wrote in "Armenian History": "Vor votch louizeh ougamp louizeh tigamp" (who doesn't listen by ear listens by the back: must be beaten to listen.)

    A free economy is the only solution to the blockaded Armenia. To prosper Armenians will find their way naturally as they have done for 4,000 years with about 800 wars. Otherwise Armenia will be lost forever as Aliev and Erdogan wish it to happen with the help of monopolists and corruption-perpetrators in Armenia as their selfish/stupid/narrow-minded  allies.

Comments are closed.

You May Also Like