ԱՌԱՔԵԼԱՏԻՊ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՅԱՋՈՐԴՆԵՐ

Մեթր Գ. Տէրտէրեան , Պէյրութ, 15 Փետրուար 2020

Հազարամեակ մը առաջ թէեւ արեան մէջ խեղդուեցաւ մարդու հոգեկան ազատագրութեան համար մղուած բարենորոգչական Թոնտրակեան՝ Նարեկացիական Յեղափոխութիւնը, 20-րդ դարուն յայտնուեցան մեր անշահախնդիր, համեստ դատումով՝ նարեկացիական դպրոցի նոր սաներ, առաքելատիպ առաջնորդներ եւ անոնց հաւատարիմ յաջորդներ, որոնցմէ վեցը պիտի յիշենք այս գրութեան մէջ, շեշտելով, որ հինգը հայ աւետարանական են, մէկը՝ հայ առաքելական:

Այս գրութեան դրդապատճառը եղաւ «Արարատ» օրաթերթի 14, 21 եւ 22 Յունուար 2020 թուակիր երեք համարները, որոնք կարեւոր նկատելով՝ պահած էինք, աւելի կեդրոնացած կարդալու համար զանոնք: Կիրակի, Փետրուարի 9-ին, կարդացի երեքը մէկ շունչով, հոգեպէս ջերմանալով՝ հակառակ դուրսի ցուրտին:

Յունուարի 14-ի համարին մէջ Աւետիս Ռազմիկի գրութիւնը կոչ մըն է «թերահաւատներուն»՝ վերանայելու իրենց վերապահ կամ սպասողական դիրքորոշումը Նիկոլ Փաշինեանի համակարգին հանդէպ:

Յունուարի 21-ի համարին մէջ տպուած է Լիւսի Տէօքմէճեանի հարցազրոյցը վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Յունուարի 22-ի համարին մէջ կայ Աւետիս Ռազմիկի երկրորդ գրութիւնը: Հրապարակումը Հրանդ Կիւզէլեանի եւ Հրանդ Տինքի մասին է, նաեւ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի՝ Հրանդ Կիւզէլեանին նուիրուած հատորին մասին:

Այսինքն, ութ օրուան մէջ գովաբանուած են հոյլ մը լուսաճակատ անուններ՝ Հրանդ Կիւզէլեան, Հրանդ Տինք, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունի եւ Աւետիս Ռազմիկ, որ, միւսներուն նման, փաստած է իր ալ գիտակցումը մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան: Ան չի գոհանար այսքանով. անաչառ պատմաբանի ուղղամտութեամբ, մէկ կողմէ՝ կը հասկնայ ոմանց վերապահութիւնն ու սպասողական դիրքը Փաշինեանի սկզբնական շրջանի սխալներուն, անորոշութեանց եւ չափազանցութիւններուն նկատմամբ, միւս կողմէ, մեկնելով 2018-ի Դեկտեմբերին կայացած «արդար» եւ «անկաշառ» ընտրութիւններուն փաստէն, եւ 2019-ի աւարտին, ամավերջի հաշուեփակին մէջ Փաշինեանի բարձրացուցած «Յուսավառել թերահաւատները» նշանաբանէն, կը գրէ. «Մինչդեռ պահը ոչ միայն կը թելադրէ ըլլալ սթափ ու շրջահայեաց՝ բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռելով պետականաշինութեան եւ հայրենաշինութեան առաքելութեան ուղղութեամբ: Եւ մանաւանդ գործի լծել վերապահները», քանի որ Հայաստան դուրս եկած է հին ուղիէն եւ մտած «նոր ուղիի մէջ»:

Հին ուղին օլիգարխիկ համակարգին ուղին էր: Տողերս գրողը յուսադրուած էր Փաշինեանի շարժումին դատապարտումովը օլիգարխիկ համակարգին, սակայն համոզուած էր, որ մօտ 30 տարի արմատակալած այդ համակարգը անկարելի էր արմատախիլ ընել կարճ ժամանակի մէջ. ատիկա կը պահանջէր յաջորդական, հետեւողական պայքարի փուլեր, եւ ողջունեց շարժումը գրութեամբ մը, որու զուսպ վերնագիրն էր՝ «Շնորհաւոր՝ Հայութեան Փուլն Առաջին Փրկութեան»: Փաշինեանի շարժումին մանր-մունր թերութիւնները խոշորացոյցով խծբծողներուն մեծ մասը հին համակարգին ուժերն էին: Արդեօ՞ք այսօր այդ ուժերը վերջնականապէս հաշտուած են եւ համակերպած նոր ուղիին: Մենք տակաւին կը մնանք սպասողական դիրքի մէջ եւ չենք համոզուած, թէ հին համակարգը կազմալուծուած է վերջնականօրէն:

Յիշեցնենք, թէ Աւետիս Ռազմիկ եղաւ Սփիւռքի՝ մատի վրայ հաշուուող այն փոքրաթիւ հրապարակագիրներէն, որոնք անաչառ մտաւորականի ուղղամտութեամբ եւ ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, ամէն Նոյեմբերի 29-ի յիշեցին Սովետական Հայաստանի Ոսկեդարը, մինչ այդ Ոսկեդարէն մեծապէս օգտուողներու ջախջախիչ մեծամասնութեան համար՝ «անցուկը մոռցուկ» եղաւ, երբ օլիգարխիկ համակարգին օլիգարխ նախագահները սկսան «շքանշաններ» շռայլել կաշառակեր մտաւորականներուն…, իսկ Սիլվա Կապուտիկեանը եղաւ միակ «տղամարդը», որ մերժեց օլիգարխիկ համակարգին կաշառքը:

Աւետիս Ռազմիկ «Երկու Հրանդ. Մէկ Աղաղակ» վերնագրով իր երկրորդ գրութեան մէջ, խորաթափանց վերլուծումով ու բարեխիղճ աշխատանքով, հանրային կարծիքին փոխանցեց ցարդ բաւարար չափով չբացայայտուած բայց յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ երեք լուսամիտ ռահվիրաներու մասին.– նահատակ հերոս Հրանդ Տինք, մահափորձէ ազատած հերոս առաջնորդ Հրանդ Կիւզէլեան եւ վաստակաշատ հեղինակ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունի:

Ան Հրանդ Տինքը կ’որակէ «խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ջատագով, զիրար ճանչնալու եւ հանդուրժելու հաւատաւոր մարտիկ, եւ ոչ թէ ատելութեան սերմնացան կամ կծու ազգայնամոլ…»: Այսինքն՝ համամարդկայնական: Եւ կը բացատրէ. «Տինքի անմարսելի նախաձեռնութիւնը այն էր, որ խելացի եւ ճկուն քայլով մը, մատչելի լեզուով, երկխօսութեան, փոխճանաչողութեան ակօս բացաւ թրքալեզու հայոց եւ Թուրքիոյ հասարակութեան հետ: (Այսինքն՝ ոչ թէ թուրքերու հետ, այլ՝ Թուրքիոյ բազմազգ ու բազմակրօն բնակչութեան հետ, թուրքիացիներուն հետ): Մօտեցաւ պատմութեան, փորփրեց մօտիկ անցեալը, ահազանգեց թաքնուած, իսլամացած եւ քրտացած հայերու գոյութեան իրողութեան մասին: Փաստօրէն, մելանով եւ թուղթով յեղաշրջեց Թուրքիոյ հասարակութեան մէկ կարեւոր շերտը: Զգաստութեան, սթափութեան եւ ինքնաճանաչողութեան մղեց անոնք, որոնք իրենք զիրենք թուրք կը կարծէին, սակայն բռնի կերպով օտարացած հայու խլեակներ էին: Խաղաղ պատերազմ մը, որ ճեղքելով Թուրքիոյ ներքին կեանքը՝ զօրաշարժեց մեծ զանգուած մը՝ ի նպաստ հայուն եւ հայոց ազգային ինքնագիտակցութեան… Սակայն, ուրկէ՞ ծնաւ այս գաղափարը»:

Ինքնութեան այս բացայայտումը մեծ նպաստ բերաւ Հայ Հողային Դատին, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին՝ գրաւեալ երկրին մէջ մեծ թիւով հայերու գոյութիւնը բացայայտելով, զոր կորսնցուցած կը կարծէինք մօտ դար մը ամբողջ…: Յիշեալ մեծ թիւով հայերը, ըստ ազգագրագէտ Հայկազուն Ալվրցեանի, 4 միլիոն կը հաշուեն, իսկ ըստ Ժողովրդային Չինաստանի գիտնականի մը՝ մօտ 15 միլիոն:

Հոս է որ Աւետիս Ռազմիկ, շնորհիւ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի՝ Հրանդ Տինքի սանահայր Հրանդ Կիւզէլեանի մասին հրապարակած հատորին, կը խօսի այս առաքելատիպ ռահվիրայի փոթորկալից կեանքին եւ աննկուն պայքարին մասին:

Հրանդ Կիւզէլեանի մասին երախտաշատ աշխատանք կատարած է վաստակաշատ կրթական մշակ, պատմաբան, հեղինակ, խմբագիր եւ համարձակախօս հրապարակագիր դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունին, այս երրորդ աւետարանականը, Պէյրութի մէջ հրատարակելով Կիւզէլեան ռահվիրայի մասին «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը. Տունդարձի Պատմութիւն Մը» խորագրով յուշագրութիւնը, զոր եզրափակած է հետեւեալ զուսպ բառերով. «Հրանդ՝ Պարոնը փրկուած էր մահափորձէ, բայց Հրանդ Տինք՝ սանը, ինկած էր դիտապաստ: Փակուած է այսօր Պոլսոյ Պատանեկան Տունը, բայց թուրքը դեռեւս կը շարունակէ հալածանքը, իսկ հալածեալները՝ իրենց ազգային գոյութեան պայքարը…»:

Աւետիս Ռազմիկ իր գրութեան մէջ յիշելով Հրանդ Կիւզէլեանի փոթորկալից գոյապայքարին գլխաւոր անցքերը, կ’եզրակացնէ հետեւեալ կոչով. «Երկու Հրանդ , բայց մէկ աղաղակ: Այդ աղաղակն է՝ սիրելի հայ եղբայրներ եւ քոյրե՛ր, դուք հարիւր հազարաւոր թրքախօս եւ քրտախօս հարազատներ ունիք ձեր հողերուն վրայ: Փրկեցէ՛ք եւ սիրեցէ՛ք զանոնք, գուրգուրացէ՛ք անոնց վրայ: Դաւանափոխ եղած են՝ պարտադրուած, հայերէնին անծանօթ՝ ակամայ: Մեղք չունին անոնք, որ կեանքը զանոնք հարկադրած էր անագորոյն ճակատագրի մը»:

Շատ մեծ ու կարեւոր է այս աղաղակ-կոչին նշանակութիւնը Հայ Հողային Դատի հետապնդումին համար՝ բռնագրաւեալ հայրենի հողին վրայ մարդուժ ունենալու առումով: Պաղեստինեան Դատը պիտի չունենար այսօրուան զօրութիւնն ու հնչեղութիւնը եթէ բռնագրաւեալ Պաղեստինի հողի մէկ մասին վրայ ապրող պաղեստինցիներ չըլլային: Հողին իրաւունքը ունենալը բաւական չէ ինքնին, եթէ այդ հողին վրայ անոր տէր կանգնող չըլլայ:

Կարեւոր կը նկատենք այստեղ մէջբերել նաեւ իր առաքելութեան գիտակցութիւնն ունեցող դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի սա բարացուցական գնահատականը Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին՝ անոր յիսնամեակին առիթով. «Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի տասնեակ տարիներու գոյատեւումը կ’իմաստաւորուի գիտակցութեամբը առաքելութեան մը, որու գաղափարին եւ ուղեգիծին հաւատարիմ կը մնան յանձնառու զինուորագրեալներ…»:

Ուշագրաւ, յոյժ կարեւոր ու քաջալերական յատկանիշ մը ունին հայ աւետարանական միտքի առաջնորդները. այդ՝ իրենց քաղաքական մտածողութիւնն է եւ քաղաքագիտութեան ուղղութեամբ լուրջ հետաքրքրութիւնը:

Դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունի գնահատած է նաեւ Գրական Շրջանակի գործօն մասնակցութիւնը լիբանանեան ընկերային ու քաղաքական կեանքին: Ան կ’ըսէ. «Գրական Շրջանակը հայ կեանքին ու մշակոյթին յաւելեալ՝ Լիբանանի ընկերային ու քաղաքական կեանքին գործօն մասնակիցը եղաւ»: (Քասունի յաճախ կարեւոր նկատած է Մեսրոպ Մաշտոցի քաղաքական մտածողութիւնը):

Հայ միտքի աւետարանական ուրիշ առաջնորդ մըն ալ գնահատեց Գրական Շրջանակի դիալեկտիկ մտածելակերպը եւ դատապարտեց սեփականաշնորհումն ու շուկայական, նոր-ազատական, վայրի դրամատիրութիւնը: Ակնաբուժութեան գիւտարար բժշկապետ Ռոպեր Ճեպեճեան գրեց. «Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը աննկուն պաշտպանը եղաւ հայ ժողովուրդի վերին շահերուն: Եղաւ համահայկականութեան եզակի կեդրոն մը: Ի սկզբանէ ան ջանաց վերլուծել հարցերը դիալեկտիկական մտածելաեղանակով, որով նուազագոյն եղան իր շեղումները: Ան միշտ ալ կողմնակից եղաւ երկխօսութեան: Ան եղաւ փարոս մը՝ անձանձիր ջանքերով համագաղութային ուշադրութեան առարկայ դարձնելով, օրինակ, Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան նպատակով, եւ վերապահութեամբ դիմաւորեց սեփականաշնորհումի շուկայական սանձազերծ համակարգը Արեւելահայաստանի մէջ: Անոր կարեւորագոյն մէկ իրագործումը եղաւ սատարելը հայ համայնքներու սերտաճին (integration) հիւրընկալ արաբ շրջապատին հետ՝ ընդելուզումի ճամբով եւ ոչ թէ ներլուծումի»: Ընդելուզումի ճամբով սերտաճը կը նպաստէ հայապահպանումի ջանքին, մինչդեռ կեթթոյացումը օտար շրջապատի մէջ, կը սպառնայ հայապահպանումի ջանքին՝ ի վերջոյ յանգելով ամլութեան եւ ներլուծումի, ձուլումի: Սերտաճը հիւրընկալ ժողովուրդին նեցուկը կրնայ շահիլ Հայ Հողային Դատին:

Իսկ աւետարանական հոգեւորական վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գրեց. «Թող Աստուած օրհնէ այս Շրջանակը: Վերջին հինգ տարիներու իմ անձնական ծանօթութեանս եւ մամուլով յայտարարուած ու հրապարակուած գրականութեան վրայ հիմնուելով, կը ներկայացնեմ շնորհաւորական խօսքս, գնահատելով Գրական Շրջանակի ջանքը՝ ազգային եւ մարդկային ինքնութեան նեղ սահմաններէն դուրս գալու: Անոր դրած շեշտը՝ միտքի եւ գաղափարի վրայ: Անոր դաստիարակչական առաքելութիւնն ու տեսլականը՝ համոզումի տէր անհատներ կերտելու: Եւ՝ անոր անդամներուն գործօն մասնակցութիւնը Շրջանակի գործունէութեանց ղեկավարման ու գործադրումին մէջ»:

Ուրեմն, հոգեւոր հովիւ վերապատուելին ինք անձամբ չէ որ կ’օրհնէ, այլ միայն կ’աղօթէ, որ օրհնութեան միակ տէրը՝ Աստուած օրհնէ, մինչդեռ Միջնադարի խաւա՜ր օրերուն, հոգեկան ստրկութեան օրերուն, Հռոմի պապը Աստուծմէ կը կորզէր ոչ միայն այդ իրաւունքը, այլեւ թողութիւն շնորհելու իրաւունքը, եւ ստրկացուած կոյր հաւատացեալին ի՛նք թողութիւն կու տար՝ անոր վաճառելով «Թողութեան գիր» մը…, իսկ դարեր առաջ հայ թոնդրակեանները կը մերժէին հոգեւորականներուն նուիրապետական կարգը…: Մինչ վեր. Հայտոսթեան կը գնահատէ ազգայնամոլութեան ու միջազգայնամոլութեան նեղ սահմաններէն դուրս գալու Գրական Շրջանակի ջանքը եւ կը գնահատէ Շրջանակին դրած շեշտը մտքին ու գաղափարին վրայ, եւ ջանքը՝ կերտելու համոզումի տէր անհատներ, ուրիշ յարանուանութեան մը առաջնորդը կը դրուատէր կաղապարումը համոզումէ զուրկ կոյր հաւատացեալին…: Եւ վերջապէս, վերապատուելին կը գնահատէ Շրջանակիս հաւաքական ղեկավարութեան դեմոկրատական սկզբունքը, որ քաղաքական եւ հասարակագիտական մտածողութիւն կ’ենթադրէ:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ Լիւսի Տէօքմէճեանի հարցազրոյցը լոյս կը սփռէ անոր բարոյական եւ հասարակական դիմագիծին վրայ: Կը շեշտէ իր առաքելութեան հանդէպ անոր պատասխանատուութեան զգացումը, անոր առաջնորդելու մղումը եւ յանձնառութեան պատրաստակամութիւնը, որոնք կորիզը կը կազմեն անոր արժեչափերուն: Կոչումով եւ առաքելութեամբ հոգեւորականին հետաքրքրութիւնները եղած են հոգեբանութիւնը, քաղաքագիտութիւնը, Միջին Արեւելքի հարցերը եւ մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող վայրերու մէջ քարոզելը:

(Փակագիծ մը բանալով, յիշեցնենք, թէ Ֆիտել Քասթրօ CNN-ի թղթակիցի այն հարցումին, թէ Քուպայի Յեղափոխութեան դիրքը ի՞նչ է Կաթողիկէ ու Աւետարանական Եկեղեցիներուն նկատմամբ, ըսած է. «Յեղափոխութիւնը դէմ է Կաթողիկէ Եկեղեցիին, որ եկեղեցի ունի միմիայն մայրաքաղաքին եւ մեծ քաղաքներուն մէջ, սակայն դրական է Աւետարանական Եկեղեցիին նկատմամբ, քանի որ ան ժողովարաններ ունի Քուպայի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ եւ քարոզիչներ կ’առաքէ այն հեռաւոր փոքր գիւղերը, որոնք հոգեւոր հովիւ չունին…»):

Դոկտորականի ուսանող եղած ժամանակ, Հայտոսթեան հետեւած է «Գործնական աստուածաբանութեան» եւ «Բարոյագիտութեան» դասընթացներուն: Ապրուստը ճարելու համար, ան համալսարանի ճաշարանին մէջ պնակ լուացած է…: (Դիտապաստ ինկած Տինքի կօշիկի ներբանին ծակը… եւ դոկտորականի ուսանողի՝ համալսարանի ճաշարանին մէջ պնակ լուալով իր ապրուստը ճարելը կը ճշդեն անոնց աշխատաւորական ինքնութիւնը…):

Երբ վեր. Փոլ Հայտոսթեան հրաւիրուած է ստանձնելու Հայկազեան Համալսարանին տնօրէնութիւնը, նախ մերժած է՝ նախընտրելով հոգեւոր քարոզչութիւնը հեռաւոր շրջաններու մէջ, սակայն ի վերջոյ յօժարած է, բայց նախ՝ Խնամակալ Մարմինին ներկայացուցած է Հայկազեանի տնօրէնութեան համար իր «Տեսիլք-Ծրագիր»ը Հայկազեանը վերածելու իսկապէս մրցունակ համալսարանի, ուր յաճախելով կը հպարտանայ նաեւ ոչ-հայ ուսանողը: Ան կը մերժէ «միջակութիւնները». այսօր՝ հարցը մեքենականօրէն գոյատեւելը չէ, այլ՝ ի՞նչ տեսիլքով, ի՞նչ մակարդակով, ի՞նչ մրցունակութեամբ գոյատեւելը…: «Ես չեմ կրնար չտեսնել հոգեւորականի կոչումիս էական դերը ըրած բոլոր գործերուս մէջ…», նաեւ՝ «Ես ուսանողներուն միշտ կ’ըսեմ, որ շեշտը չդնեն կորսնցուցածին, չունեցածին, նուազածին, չգոյութեան վրայ, այլ՝ իրենց հիմնական կեդրոնացումը ըլլայ առկայ հնարաւորին վրայ. այդպիսով՝ իրենց ամբողջ ուժականութիւնը դրականի շրջուած կ’ըլլայ»,– կ’ըսէ վեր. Հայտոսթեան:

Վերոյիշեալ անձերուն հասարակաց յատկանիշը նախ՝ առաքելութեան մը յանձնառութիւնն է, ապա՝ պատմական անհրաժեշտութեան մը գիտակցութիւնը, քաղաքական մտածողութիւնը, յառաջապահի խիզախութիւնն ու կարողութիւնը, համեստութեան բարոյական արժանիքը, եւ՝ նուազագոյն հնարաւորութեամբ գոհանալը: Միայն ասոնցմով կրնան ծառայել հասարակութեան՝ դառնալով առաջնորդներ եւ իրաւ հեղինակութիւններ՝ արժանի իբր երախտաւորներ յիշուելու եւ յարգանքի:

Այս երախտաւորները կ’առաջնորդեն առանց տիրապետելու: Այս իմաստութիւնը կը ջատագովէր չինացի իմաստասէր Լաօ Ցէ:

Առանց տիրապետելու առաջնորդող առաքելատիպ իմաստուն մը, մարդոց հոգիները ազատագրող Նարեկացիական մը, բարենորոգիչ Թոնդրակեան մը, խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ իրարճանաչողութեան մարտիկ մըն է այսօր Ֆրանչիսկոս պապը, որ կը ջանայ հին, դպրական՝ ստրկատիրական աստուածաբանութեամբ Վատիկանի փոխարէն կերտել ՆՈՐ Վատիկան՝ ՆՈՐ աստուածաբանութեամբ մը, որ Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնն է, որու լոյսին տակ՝ ներկայի վայրի դրամատիրական հասարակարգը ան Արդի Ստրկատիրական Հասարակարգ (Modern Slavery) կ’որակէ:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավար կղերական դասը կարիքն ունի շատ բան սորվելու Ֆրանչիսկոս պապէն, նախ եւ առաջ՝ Գրիգոր Նարեկացիէն ու Թոնդրակեան Բարենորոգչական Յեղափոխութենէն:

Մեռեալ հոգիներով հայեր ոչի՛նչ կրնան ընել Հայ Հողային Դատի հետապնդումին ի նպաստ. չեն կրնար օգտուիլ դէպի լաւն ընթացող ներկայի անցումային ժամանակներէն եւ Սեւրի Դաշնագրի ու Ուիլսոնեան Իրաւարար Արդար Վճիռի դարադարձէն (2020 թ.): Հաւանաբար վերջին առիթէն…

Ժամանակները մեզ չեն սպասեր: Մե՛նք պարտինք քալել ժամանակներուն հետ:

Արդեօ՞ք պիտի կարենանք չմնալ «Յիմար Կոյսեր»:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like