ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, Պէյրութ, 5 Յունիս 2020
Սուլթան Էրտողան (… կանխածի՞ն), յաճախ իր «փարանոյա»-ն (մտագարութիւն) սանձազերծելով, կը սոնքար թէ ինք ժառանգորդն է օսմանցիներուն եւ սելճուքներուն, եւ մեծ շուքով պիտի նշէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումին 600-ամեակը՝ 2053 թուին, եւ սելճուքներու Ա.
Յաղթական արշաւանքին 1000-ամեակը՝ 2071 թուին։ Կ՚երեւի թէ՝ վերջերս ան կորսնցուցած է լաւատեսութիւնը իր հեռանկարներուն նկատմամբ։ Անհամբերացած ու մեծ շտապողականութեամբ, յանկարծ որոշեց մեծ շուքով նշել Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումին 567-րդ տարեդարձը՝ 29 Մայիս 2020 թուին, 33 տարի չսպասելով…։ Եւ շատ մեծ շուքով ու շռնդալից նշումն ալ կատարեց բիւզանդական Այա Սոֆիա տաճարին մէջ, իսլամական ու օսմանական ռազմական արարողութիւններով եւ Քուր՚անէն ընթերցումներով եւ օսմանեան զինուորական երաժշտութեամբ, հսկայ տաճարին պատերը ծածկելով օսմանեան բանակի յաղթական դրուագներու մեծադիր պատկերներով…։ Եւ… պսակաձեւ ճահրէն (Covid19) վախնալով կամ այլ գաղտնի պատճառով, Էրտողան վիտէոյի միջոցով անձնապէս հովանաւորեց մեծաշուք պետական հանդիսութիւնը։ Իր երկար ճառի եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «Բիւզանդիոնի անհաւատներու կայսրութիւնը ՍԵՒ քաղաքակրթութիւն էր, որուն յաղթեց օսմանեան իսլամի լուսաւորութեան քաղաքակրթութիւնը…»։ (Նախորդող տարիներուն ան այս տարեդարձը նշել կու տար երկրորդական պաշտօնատարի մը՝ խորհրդանշական եւ անշուք ձեւով…)։
Այս ճառը կը նմանէր Զիա Կէօք Ալփի եւ Նիհալ Ատսըզի համա-թուրքական առասպելապատումին։ Զիա Կէօք Ալփ գրած էր (իր “Türkçülüğün Esaslari” հատորին մէջ) 1923-ին, “Güneş Dil Teorisi”ի մը մասին, որ կ՚ըսէր թէ՝ թրքերէն լեզուն Արեւային է, եւ մայրը՝ աշխարհի միւս բոլոր լեզուներուն… առանց խպնելու, որ Teorisi բառը թրքերէն չի կրնար ըլլալ, քանի որ Կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդները վաչկատուն ու վարձկան զինուորներէ բաղկացած էին, որոնց իմացական կարողութիւնը չէր կրնար ըմբռնել «տեսութիւն» յղացքը։ (Հետեւաբար, ներկայի թրքերէնին մէջ գտնուող հայերէն եզրերը մե՞նք փոխ առած ենք թրքերէնէն…։ Կամ՝ ներկայի թրքերէնին մէջ գտնուող տասնեակ հազարաւոր պարսկերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ տակաւին ուրիշ լեզուներու եզրերը…):
Իսկ աւելի ուշ, Նիհալ Ատսըզ՝ իր “Türk Tarihinde Meseleler” հատորին մէջ (1977-ին) գրած էր թէ՝ օսմանցիները “Orta Doğu Asiadan Geldiler ve Medenierliği Dünyada Yaydilar” (Միջին Ասիայէն եկան եւ քաղաքակրթութիւնը տարածեցին Աշխարհին մէջ…)։ Այս եւ միւս համա-թուրքական առասպելապատումները այսօր սկսած են կորսնցնել իրենց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, երբ զիրենք հովանաւորող Արեւմտեան վերջին կայսերապաշտութիւնը նահանջի մէջ է… խուճապի մատնելով «սուլթան» Էրտողանը, որ հաւանաբար չսպասէ մինչեւ 2071… մեծ շուքով տօնելու համար նաեւ՝ սելճուքեան յաղթական Ա. Արշաւանքին մէկ տարեդարձը։ Սակայն այդքանով չի կրնար ջնջել պատմական այն փաստը, որ 1042 թուին, Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան վրայ սելճուքեան առաջին արշաւանքը (Գագիկ Բ. Գրեթէ երիտասարդ թագաւորի օրով) պարտուած էր հայկական բանակէն՝ Զօր. Վահրամ Պահլաւունիի հրամանատարութեամբ։ Սակայն, Բիւզանդիոնի Մօրիկ կայսրը՝ փոխանակ Անիի Բագր. թագաւորութեան պատնէշը զօրացնելու սելճուքեան յաջորդական արշաւանքներուն դէմ, գործեց պատմական մեծագոյն սխալը 1045 թուին, երբ ինք գրաւեց Անիի թագաւորութիւնը, դաւաճանութեամբ Վեստ Սարգիսի եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի… տկարացնելով իր բանակը սելճուքեան յաջորդ արշաւանքներուն առջեւ, եւ՝ պարտուեցաւ։ Այլապէս՝ սելճուքեան արշաւանքը չէր կրնար յաղթանակել՝ բիւզանդական ու հայկական բանակներու միացեալ ճակատին վրայ…։ Վերադառնալով Կոստանդնուպոլսոյ (Constantinople) գրաւումին, այս պատմական քաղաքին անունը նախ փոխուեցաւ Էսթանայի, ապա՝ Իսլամպուլի, եւ հուսկ՝ Իսթանպուլի։
Այլեւս յոռետես ու խուճապահար դարձած «սուլթան» Էրտողան, առայժմ կը մխիթարուի AKP-ի նոր-օսմանական ռազմական կարգ մը նուաճումներով՝ Հիւսիսային Իրաքի, Հիւսիս-Արեւմտեան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ։ Սակայն, Իրաքի մէջ ձեւականօրէն կը համագործակցի թշնամի Իրանի հետ, Սուրիոյ մէջ՝ Ռուսաստանի հետ, իսկ Լիպիոյ մէջ՝ զօրավիգ կը կանգնի ԱՄՆ-ի դրածոյ իշխանութեան հետ (Ֆայէլ Ալ-Սարրաժի վարչապետութեամբ), ողոքել յուսալով Թրամփը, եւ կը պատերազմի այս իշխանութեան ընդդիմադիր՝ Մարեշալ Խալիֆէ Հաֆթարի դէմ, որուն ուղղակի նեցուկ կը կանգնի Ռուսաստանը, եւ անուղղակի՝ Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Էմիրութիւնները, որպէսզի արգիլեն Թուրքիոյ Իսլամ Սիւննիթ աշխարհի առաջնորդութիւնը, յափշտակելու Սէուտ Արաբիոյ ձեռքէն…։ Միաժամանակ, պատերազմելով հանդերձ Հաֆթարի բանակին դէմ, կը զգուշանայ ուղղակի ճակատելէ Ռուսաստանի հետ… եւ թրքական բանակի զինուորներէն աւելի՝ հոն կ՚օգտագործէ իրեն վարձկան սուրիացի ահաբեկիչները, զորս ան քաշեց Իտլիպէն՝ Ռուսաստանի պահանջով։
Տակաւին, «սուլթան» Էրտողան հանգիստ չունի նաեւ ներքին ճակատի վրայ, ուր չկայ ազգային համերաշխութիւն կամ միասնականութիւն։ Նախ՝ նոյնինքն AKP կուսակցութիւնը ունեցաւ մեծ պառակտում մը, երբ իր անմիջական գործակիցները (Ապտալլա Կիւլ, Ահմէտ Տաւութօղլու եւ Ալի Պապաճան) հրաժարեցան AKP-էն, եւ հիմնեցին իրենց անջատ կուսակցութիւնները։ Ապա՝ կայ ԱՄՆ ապաստանած Կիւլէնի հետեւորդներու ընդդիմութիւնը։ Յետոյ՝ շատ աւելի մեծ ընդդիմութիւնը՝ քիւրտերու եւ ալեւիներու, որոնք կը կազմեն մօտ 40 միլիոն «թուրքիացի» (թիւրքիէլի) եւ մօտ 10-15 միլիոն բազմազգի լայիք ու դեմոկրատական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք դէմ են Էրտողանի միանձնեայ ֆաշիզմին…։ Եւ՝ այս բոլոր ընդդիմադիրներու պատգամախօս գրողներն ու մանաւանդ լրագրողները՝ խիզախօրէն ամէն օր ԶԼՄ-ու մէջ կը մերկացնեն Էրտողանի վարած արկածախնդրական ու ֆաշական քաղաքականութիւնը, յաչս հանրութեան հեղինակազրկելով զինք։
29 Մայիս 2020 թուի այս աննախընթացօրէն մեծաշռինդ հանդիսութիւնը Այա Սոֆիայի Տաճարին մէջ, բուռն բանավէճեր ստեղծեց իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր թերթերու միջեւ, որոնց իբր նմոյշ պիտի անդրադառնանք այստեղ AKP-ական «Եէնի Շաֆաք»ի եւ CHP-ական «Ճումհուրիէթ»ի միջեւ անցած բանավէճին։
«Եէնի Շաֆաք»ի մէջ, Զէքի Քուրշուն՝ իր գրգռիչ յօդուածով, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը համարեց համազօր Մուհամմետ Մարգարէի Մեքքէ մուտքին… եւ՝ աւելիին…։ Որովհետեւ՝ եթէ Մարգարէին Մեքքէ մուտքը, Մեքքէին տուաւ համաշխարհային ճանաչում, որպէս իսլամ աշխարհի մեծագոյն սրբատեղին, Կոստանդնուպոլսոյ «ազատագրում»ը (գրաւումը) ողջ աշխարհին դաս տուաւ՝ կրօնական համակեցութեան քաղաքակրթութեան շուրջ… (եղե՜ր)։
Իսկ նոյն թերթի խմբագրապետը՝ Իպրահիմ Գարակիւլ, փոխանորդելով Էրտողանի կատաղութիւնը, իր խմբագրականին մէջ կատաղի յարձակում մը կատարեց Թուրքիոյ «թէ՛ արեւմտեան եւ թէ ալ՝ արեւելեան թշնամիներուն» դէմ… «որոնք կ՚ուզեն խեղդամահ ընել Թուրքիան»…։
Ովքե՞ր կրնան ըլլալ Թուրքիոյ «արեւելեան» թշնամիները, եթէ ոչ՝ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Չինաստանը։ Ասիկա աննախադէպ հրապարակային թշնամական պոռթկում մըն է՝ յատկապէս Ռուսաստանի դէմ։ Որոշ է թէ՝ խմբագրապետը, միայն ամիս մը առաջ, համարձակութիւնը ունեցած պիտի չըլլար նման պոռթկում մը ունենալու՝ «Թուրքիոյ արեւելեան թշնամիներուն» դէմ։ Իսկ այսօր, որոշ է թէ՝ ան վերջերս ստացած է «սուլթանի» կանաչ լոյսը կամ հրահանգը այս ուղղութեամբ… (Մեր անմիջապէս նախորդ գրութեան մէջ, մենք կանխագուշակած էինք, թէ Էրտողան կորսնցուցած է իր լաւատեսութիւնը՝ Փութինի հետ իր յարաբերութեան հեռանկարին նկատմամբ)։ Ուրեմն, այսօր՝ առաւել յոռետես դարձած ըլլալով այդ հեռնկարին նկատմամբ, աւելի մեծ խուճապով շտապած է՝ օդին մէջ ճօճելու օսմանեան եւ սելճուքեան հնամաշ ու ժամանակավրէպ դարձած յաղթանակներուն սուրը, հրաժարելով Ռուսաստանի նկատմամբ ցարդ ցուցաբերած իր հաշուենկատ գործնականապաշտութենէն (փրակմաթիզմէն)։
Իսկ առ ի պատասխան «Եէնի Շաֆաք»ի կատաղի յարձակողականին, ընդդիմադիր «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ, Էրտալ Աթապէկ երկարաշունչ պատմական յօդուած մը գրած է։ Ան նախ կը նկարագրէ, թէ նոր-օսմանականութեան կարօտախտով վարակեալները ինչպիսի միամտութեամբ կը հրճուին, երբ լսեն «Ճիհատ-Ֆաթհ-Ղանիմէ» երրորդութեան յաղթանակներուն լուրերը։ (Յիշեալ երրորդութեան «Ճիհատ»ը իսլամի պաշտպանութեան համար թափուած ջանքն է, «Ֆաթհ»ը իսլամի կողմէ ձեռքբերուած նուաճումն է, որ գրաւում մըն է, բայց իսլամի տրամաբանութեամբ՝ «ազատագրում» է, իսկ «Ղանիմէ»ն գրաւումով ձեռք բերուած աւարն է։ Այս երրորդութեան ոչ մէկ բաղադրիչը կապ ունի քաղաքակրթութեան հետ, իսկ գրաւումն ու աւարը՝ բարբարոսական են)։ Եւ կը շարունակէ. «Մուհամմէտ Մարգարէի մուտքովը Մեքքէ, միաստուածեան երրորդ կրօն մը հաստատեց, որ հարիւրաւոր միլիոններով հետեւորդներ ունեցաւ։ Սակայն, Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտ Բ.ի գրաւումը Իսթանպուլի՝ յատուկ տեղ մը ունենալով հանդերձ Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան մէջ, միայն հանգրուան մըն է աշխարհի պատմութեան մէջ, իր արիւնալի պատերազմի էջերով ու բնիկ ժողովուրդներու ջարդերով, եւ անփառունակ վախճանով։
Մինչդեռ, այդ առաջին օրերուն, Եւրոպան արդէն մուտք գործած էր Վերածնութեան (Renaissance) դարաշրջան, ուր կային 50-է աւելի համալսարաններ, ուր աշխարհահռչակ աստղաբնագէտ Կալիլէօն մաթեմաթիկա կը դասախօսէր Բիզայի համալսարանին մէջ, եւ Եւրոպան վերջ կը դնէր օսմանեան պետութեան նմանող աստուածպետական (théocratique) իշխանութիւններուն եւ կ՚իրագործէր Բարենորոգութիւնը (La Réforme), մուտք գործելով մարդկայնական գիտութիւններու (Sciences Humanistes), մտածողութեան եւ արուեստներու դարաշրջան, եւ Սբ. Գիրքը լատիներէնէ կը թարգմանուէր ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ գերմաներէնի, եւ հոն սկսած էր գործել Կիւթենպերկի առաջին տպարանը…։ Մինչդեռ՝ օսմանեան պետութիւնը ամբողջութեամբ դուրս մնացած էր այս ամէնուն լուսաւորութեան աշխարհէն, եւ ոչ մէկ նորարար ճիգ թափած էր այս մարզերէն ներս։ Իսկ տպարանը՝ հազիւ կրցած էր հոն մուտք գործել 1730 թուին, եւ սակայն մերժեց Քուր՚անը թարգմանել օսմաներէնի, անոր ընթերցումը սահմանափակելով արաբերէնի ծանօթներուն միայն։ Իսկ միայն Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքն էր, որ աշխարհիկ (լայիք) պետութիւն հաստատելով հանդերձ, Քուր՚անը թարգմանել տուաւ լատինատառ թրքերէնի, հրաժարելով օսմաներէնի տառերէն…»։
Եւ Էրտալ Աթապէկ, եզրափակելով իր յօդուածը, կը գրէ. «Իսթանպուլի գրաւման տարեդարձին առիթով Էրտողանի կազմակերպած այս աննախընթացօրէն շռնդալից, եւ բիւզանդական քրիստոնէական Այա-Սոֆիա տաճարին մէջ կայացած պետական ու զինուորական հանդիսաւորութեամբ եւ օսմանեան քայլերգերով այս բեմադրութեան համապատկերը ցոյց կու տայ՝ թէ երկրի իշխանութիւնը երկիրը դէպի ո՞ր արկածախնդրութեան կ՚առաջնորդէ»։ («Եէնի Շաֆաք» եւ «Ճումհուրիէթ» թերթերէն մէջբերումները կատարած ենք լիբանանցի հմուտ թրքագէտ Մուհամմէտ Նուրետտինի յօդուածէն, որ լոյս տեսաւ լիբանանեան «Ալ-Ախպար» օրաթերթի 2 Յունիս 2020 թուակիր համարին մէջ։ Մենք հեռախօսային զանգով շնորհաւորեցինք զինք, իր այս յօդուածին համար, եւ որոշեցինք հայ ընթերցողին հասանելի դարձնել՝ երկու հակադիր մէջբերումները)։
Ահա այսպէս, Օսման եւ Սելճուք բարբարոսներու ժառանգորդ ճաճանչափայլ «սուլթան» Էրտողան՝ քաղաքակրթութեան դասեր կու տայ աշխարհին, այսօր՝ 21-րդ դարուն, առանց խպնելու, առանց այլայլելու կամ վարանելու։ Անաչառ հոգէախտաբան մը ի՞նչ ախտաճանաչում պիտի տար արդեօք այս պահուն Էրտողանի հոգեվիճակին մասին։ Եթէ՝ «սուլթան» Էրտողան, AKP-ի երկարատեւ իշխանութեան շրջանին Թուրքիոյ «խորքային իշխանութիւնը» հանդիսացող Քեմալական Բանակը մաքրագործած չըլլար՝ հեղինակաւոր ու բարձրաստիճան քեմալական զինուորականներէն, ներկայի Թուրքիոյ պարզած ներքին արտակարգօրէն խռովեալ եւ անկայուն իրավիճակը, անխուսափելի դարձուցած պիտի ըլլար զինուորական նոր յեղաշրջում մը։ Սակայն այսօր՝ Քեմալականութեան առումով, ամորձահատուած բանակը, ցոյց չի տար այդպիսի յեղաշրջումի մը պատրաստակամութիւնը կամ ցանկութիւնը։
Իսկ Էրտողանի հակառակորդ ընդդիմադիր բոլոր դեմոկրատական ուժերը դէմ են զինուորական յեղաշրջումին, զայդ նկատելով՝ հակադեմոկրատական ու ֆաշական յեղաշրջում, եւ սակայն, իրենք եւս պատրաստ չեն (կամ ցարդ յաջողած չեն) միաւորուելու միացեալ ճակատի մը մէջ, որպէսզի իրականացնեն դեմոկրատական յեղաշրջումը, կամ՝ յեղափոխութիւնը…։ Եւ այս երկու կողմերուն (բանակին ու ժողովուրդին) անպատրաստութենէն կ՚օգտուի միապետ Էրտողան, իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը պարտադրելու համար։ Որովհետեւ՝ անպատրաստութեան պատճառը այն է, որ այդ բոլոր ուժերը չեն ներկայացներ միասեռ զանգուած մը… այլ՝ բաժանուած են ցեղային, ազգային, կրօնական ու դասակարգային առումներով ալ…։