Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 9 Նոյեմբեր 2020
Պէտք չէ անտեսենք այն պատմական իրականութիւնը, որ մեր ժողովուրդի զարգացման շղթայի օղակներուն ոչ-բնական յաջորդականութիւնն է, որ արգելք եղած է անոր ոչ միայն մէկ եւ նոյն երկրին մէջ արձանագրած նուաճումներու կուտակումին, այլեւ՝ անոր հայրենիքներուն եւ Հայու կերպարներու բազմազանութեան։ Ինչ որ պատճառ եղած է մեր քրոնիկ անմիաբանութեան, եւ մեր հայրենասիրութեան տարտղնումին։ Եւ հետեւաբար ալ՝ համազգային հանրային կարծիքի բացակայութեանց։
Արդարեւ՝
1 – Չենք ունեցած համախումբ կեանք,
2 – Միաժամանակ եւ տարբեր ժամանակներու մէջ, ունեցած ենք մէկէ աւելի (երկակ ու երրեակ) հայրենիքներ (Թրքահայաստան, Ռուսահայաստան, Պարսկահայաստան, Կիլիկիա),
3 – Ունեցած ենք Հայու բազմազան կերպարներ. արեւելահայ, արեւմտահայ, կիլիկեցի հայ, արցախահայ, նախա-եղեռնեան պանդուխտ արեւմտահայ եւ արեւելահայ, յետ-եղեռնեան Տարագիր Արեւմտահայութիւն, յետ-անկախութեան Տարաբնակ Արեւելահայութիւն (1.5 միլիոն), պոլսահայ, պարսկահայ, վրացահայ, եւ
4 – Դասակարգային բեւեռացումով՝ հայ ամիրաներ, հայ հարուստներ եւ հայ աշխատաւորներ,
5 – Կուսակցական բեւեռացումով, կերպարները՝ դաշնակցական հային, կոմունիստ հային, ռամկավար հային, հնչակեան հային, անկուսակցական հային, եւ՝ ծագումով կամ ծնունդով հային եւ բազմազգեան (քոզմոփոլիթ) հային, եւ
6 – Յարանուանական բեւեռացումով, կերպարները՝ Առաքելական հային, Կաթողիկէ հային եւ Աւետարանական հային, որոնք իրօք զատորոշ կերպարներ են ամէն առումով։
7 – Իսկ ահաւոր ու երկփեղկիչ բեւեռացումը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկգլխանիութիւնն է (bi-cephal)։ Երբ ժողովուրդի մը ազգային եկեղեցին իսկ երկգլխանի է… ալ ո՞ւր պիտի փնտռենք՝ միաբանութիւն, ազգային համերաշխութիւն կամ համազգային հանրային կարծիք, եւ՝ անապական հայրենասիրութիւն, մանաւանդ որ այս աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ կերպարներուն մեծամասնութիւնը անհատապաշտ է, ոչ՝ հաւաքապաշտ…։
Այս պատմական ծանրակշիռ իրականութեան լոյսին տակ, ահազանգուած ըլլալով, եւ արմատական լուծումի մը առաջարկը չգտնելով, մտածեցինք՝ իրավիճակի ծանրակշռութիւնը գէթ թեթեւցնելու համար, առաջարկել հետեւեալ «10 Պատուիրաններ»ը, որոնց կորիզը կը կազմէ Համահայկականութեան Ոգին, զոր որդեգրող եւ գործադրող մտաւորականները, պետական պաշտօնատարները, հասարակական գործիչները, լրագրողները եւ ամէն հայ, կատարած կ՚ըլլան իրենց Գործօն Հայրենասիրութեան պարտականութիւնը։
10 ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ
1 – Գործել այն համոզումով, թէ՝ գնայունը վարչակարգն է, իսկ հայրենիքը՝ մնայունը։
2 – Ազգային համերաշխութիւն ստեղծել՝ Համահայկականութեան Ոգի ցուցաբերելով։
3 – Համազգային Հանրային Կարծիք ստեղծելու համար, գործել Համահայկական Ոգիով։
4 – Մեր ժողովուրդի յառաջդիմութիւնը կարելի դարձնելու համար, սատարել Համազգային Հանրային Կարծիքի ստեղծումին։
5 – Համահայկական Ոգիով սիրել մեր հայ եղբայրները եւ քոյրերը՝ համայնական սիրով։
6 – Գործել այն նշանաբանով, որ մեր բազմազան կերպարները՝ իրարու համար դպրոց են, եւ ոչ թէ՝ իրարու դէմ մարտկոց։
7 – Համահայկական Ոգիով՝ առաջնահերթ հրամայական է ընդունիլ Տարագիր Արեւմտահայութեան, եւ ընդհանրապէս՝ բոլոր հայ սփիւռքներուն միաւորումը կեդրոնական կառոյցի մը մէջ։
8 – Քաջալերել սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը, Համահայկական Ոգիով, անխտիր բոլոր քաղաքական հոսանքներուն ու կազմակերպութիւններուն միջեւ։
9 – Հեռու մնալ անհատապաշտական փորձութիւններէ, երբ օրակարգի վրայ ըլլայ ազգային գերխնդիր մը կամ լինել-չլինելային պայքար մը (ինչու ոչ՝ ընդհանրապէս)։
10 – Հեռու մնալ մենատիրական փորձութիւններէ, որոնք կը հակասեն Համահայկականութեան Ոգիին, եւ՝ երկփեղկելո ազգը, կը տկարացնեն զայն։
Այս պատուիրաններուն շուրջ որոշ բացատրութիւններ անհրաժեշտ են, առաւել յստակացնելու եւ շօշափելի դարձնելու համար անոնց նշանակութիւնը։
Թիւ 1 պատուիրանը նկատի ունի այն պահը, երբ ստեղծուած է երկընտրանք մը՝ օրուան իշխանութեան գնայուն ու պետութեան (հայրենիքին, ժողովուրդին) մնայուն շահերուն միջեւ. ինչպէս օրինակ՝ պատերազմի կամ յեղափոխութեան պարագաներուն, երբ օրուայ իշխանութիւնը անատակ դուրս կու գայ, եւ անհրաժեշտ կը դառնայ իշխանափոխութիւնը։ Օրուայ իշխանութեան կուսակցութեան ղեկավարը, եթէ՝ Համահայկականութեան Ոգի ունի, պէտք է պետութեան մնայուն շահը գերադասէ իր իշխանութեան շահին, եւ՝ հրաժարի, առանց ընդդիմանալու իշխանափոխութեան (ընտրութեան կամ յեղափոխութեան ճամբով)։
Թիւ 2 պատուիրանը՝ այս պահուն, կը վերաբերի Արեւելահայաստանի վարչապետին, եւ՝ անոր հակառակորդ օլիգարխներուն եւ կուսակցութիւններուն, որոնք Համահայկական Ոգի ցոյց տալով, պէտք է ստեղծեն ազգային համերաշխութիւն, առանց որուն հայրենիքը չի կրնար տոկալ անվերջօրէն այս պատերազմին։ Եւ, այդ ազգային համերաշխութիւնը կը պահանջէ կա՛մ հրաժարիլ, եւ կամ ալ՝ դադրեցնել հակառուսական տխմար ու ազգակործան յոխորտանքները։
Թիւ 3 պատուիրանը կը պահանջէ՝ տեղեկատուական բոլոր միջոցներէն, քաջալերել անխտրաբար բոլոր տարբեր կարծիքներու ազատ փոխանակումին, իրենց միջոցներուն մէջ, կարելի դարձնելու համար՝ Համազգային Հանրային Կարծիք, որ խիստ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է՝ միաւորելու համար ցախուցրիւ կերպարները Հայութեան։
Թիւ 4 պատուիրանը ոչ միայն կը միաւորէ Հայութեան կերպարները, այլեւ՝ կարելի կը դարձնէ Հայութեան յառաջդիմութիւնը, քանի որ կ՚օգնէ ճիշդ գործելու։
Թիւ 5 պատուիրանը կոչ մըն է, վերջ դնելու եսասիրութեան եւ խթանելու համայնասիրութիւնը, հաւաքապաշտութիւնը, զորս կը պահանջէ Համահայկականութեան Ոգին։ Քանի որ, մեր ցաքուցրիւ վիճակը տկարացուցած է մեր հաւաքական աշխատանքի ատակութիւնը, եւ զօրացուցած է one man show-ի (միանձնեայ ցուցադրութիւն-խմբ.) աշխատելաձեւը։
Թիւ 6 պատուիրանը կ՚ուզէ մեր բազմազան կերպարներուն տարբերութիւնները ծառայեցնել անոնց փոխադարձ զարգացումին, ծանօթանալով անոնց փորձառութեանց, փոխանակ անոնց մարտկոցի վերածումին, որ կրնայ հասնիլ եղբայրասպանութեան, որ իրօք պատահեցաւ… դժբախտաբար։ Համահայկականութեան Ոգին կը պահանջէ դպրոցը եւ կը դատապարտէ միեւնոյն ազգին մէջ՝ մարտկոցները…։
Թիւ 7 պատուիրանը շա՜տ ուշացած անհրաժեշտութիւն մըն է, զոր պէտք էր կատարած ըլլայինք Տարագրութեան վաղորդայնին։ Տէր կանգնիլ Հայ Սփիւռքին, զայն կազմակերպելով կեդրոնական, ներկայացուցական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ (Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէս – ՏԱՀՔ-ին մէջ), Սփիւռքահայութիւնը օժտելով միջազգային իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակով, որպէսզի հանգամանօրէն կարենայ տիրութիւն ընել՝ ոչ միայն Սփիւռքի մարդկային եւ նիւթական հարստութեանց, այլեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Հողային Դատին։
Թիւ 8 պատուիրանը ընդհանուր բարոյական կոչ մը չէ։ Ան կը բովանդակէ շօշափելի եւ գործնական ստրատեգիական (ռազմավարական-խմբ.) նպատակ մը, որ կը պահանջէ գործադրել Համահայկական Ոգին՝ ամբողջական կերպով, միաւորելու համար համայն Հայութեան անխտիր բոլոր բաղկացուցիչները, եւ առաջին հերթին՝ Արեւելահայաստանը եւ Արեւմտահայութիւնը, որ կը ներկայացնէ Համահայութեան 65-70 տոկոսը, որուն դերակատարութեան անտեսումը խիստ ազգավնաս է եւ չ՚իրականացներ Համահայկականութեան Ոգին։ Սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը պէտք է սկսիլ Արեւելահայութեան եւ Արեւմտահայութեան միջեւ, անյապաղ ստեղծելով՝ Արեւմտահայութիւնը ներկայացնող լիազօր կառոյցը, որ ՏԱՀՔ-ն է…։ Ասիկա կը պահանջէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն որդեգրել՝ Սփիւռքակեդրոն Քաղաքականութիւն, եւ ոչ թէ ինքնալուծուիլ Հայաստանակեդրոն Քաղաքականութեան մէջ…։
Թիւ 9 պատուիրանը կոչ կ՚ընէ ձերբազատուելու անհատապաշտութենէն, որ կը հակասէ Համահայկականութեան Համայնապաշտ Ոգիին, եւ մեծագոյն խոչընդոտն է ազգակերտումին։ Քանի որ, անկարելի կը դարձնէ ազգին միաւորումը, եւ հետեւաբար՝ ազգը կը պահէ տկար եւ անզօր։
Թիւ 10 պատուիրանը կոչ մըն է ստեղծելու ազգային միաբանութիւն եւ միասնութիւն, հեռու մնալով միապետական նկրտումներէ, որ կը ստեղծէ ներազգային թշնամանք ու կռիւ, որ կը նշանակէ՝ ազգին ինքնասպանութիւնը։ Յետ-եղեռնեան Հայ Սփիւռքը տեղքայլ ըրաւ, պառակտուած մնաց եւ ոտնահարեց Համահայկականութիւնը։ Դար մը ամբողջ, չկրցաւ կազմակերպուիլ եւ ունենալ իր կեդրոնական ու վերին ղեկավար մարմինը, որպէսզի տէր կանգնի Սփիւռքի մարդուժին ու հարստութեան, եւ գործնապէս ու արդիւնաւէտ կերպով հետապնդել Արեւմտահայաստանի Հողային Դատը՝ կուսակցութեան մը մենատիրական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Մենատիրութիւն, որ հասաւ եղբայրասպանութեան։
Մեր վերջին 100 տարիներու պատմութեան մէջ, Համահայկականութեան Ոգին հաւաքականօրէն յաղթանակեց միմիայն՝ Սարդարապատի համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ճակատամարտին մէջ, Գարեգին Յովսէփեանցի հոգեւոր առաջնորդութեամբ։ Բ. Աշխարհամարտի Հայրենական Պատերազմին մէջ՝ իր Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանով, Նուէր Սաֆարեանով եւ Միսաք Մանուշեանով, եւ՝ Արցախի ազատագրութեան համաժողովրդային հերոսական պատերազմին մէջ։
(Շարունակելի)