Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 28 Օգոստոս 2024
14 Յունուար 1945 թուականին Պէյրութի մէջ լոյս աշխարհ կու գար Ատիս Հարմանտեան, որ հետագային դարձաւ սփիւռքահայ էսթրատային երգերու միջազգային ռահվիրան: Ատիս Լիբանանի մէջ եղաւ հայերէն երգերու առաջին մեկնաբանը՝ անզուգական երգիչը:
Պուրճ Համուտ ծնած ու հասակ առած երիտասարդ երգիչ մըն էր Ատիս Հարմանտեան, որու երգացանկին մէջ միայն եւրոպական երգերու կարելի էր հանդիպիլ: Եւրոպական երգացանկով ան բնաւ ժողովրդականութիւն չէր ունեցած, սակայն հայերէն երգերով ան կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ համայն հայութեան ամենափնտռուած երգիչներէն մէկը` շնորհիւ Յասմիկ Մանասերեանի յօրինած ա՛յն երգերուն, որոնք երկար տարիներ անտեսուած էին Երեւանի մէջ:
Եւ Ատիս դարձաւ երեւոյթ մը, որ թրքերէն երգը հեռացուց հայ տուներէն եւ շուրթերէն: Ատիսին գործերը հիմնովին փոխեցին հայորդիին ըմբռնումը երգի ու երաժշտութեան նկատմամբ։ Իւրայատուկ ոճով ան օգտագործեց արեւմտեան աշխարհէն ներս գործածուած նուագարանները՝ սկսելով կիթառէն մինչեւ հարուածային ու փչողական գործիքներ։ Անոր երգարուեստին էական նպաստ բերաւ Ժագ Գոճեան երգահանը՝ իր հայեցի յօրինումներով: Ատիս Հարմանտեան աւելի քան յիսուն տարի հայ էսթրատային երգի տարածման դեսպանը դարձաւ ոչ միայն Միջին Արեւելքի մէջ, այլ ամէնուրեք, ուր կայ հայկական գաղութ, նոյնիսկ Հայրենիքին մէջ:
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ հռետորական հարց տալը, որ 1960-ական թուականներուն, երբ լիբանանահայ Ատիս Հարմանտեան մուտք կը գործէր սփիւռքահայ երգարուեստի աշխարհ, գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի ունենար անթիւ-անհամար համակիրներ: Գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի դառնար կուռքը իր երգերը անդադար կրկնող, անոնցմով սէր ապրող ու կարօտ արտայայտող ոչ միայն նորելուկ սիրահարներու, այլ նաեւ ամէն տարիքի կիներու, շատ անգամ տղամարդոց նախանձը գրգռելով: Ո՛չ միայն երիտասարդն ու երիտասարդուհին, այլ նաեւ ալեհերներն ալ տարուած էին անոր երգերով։ Ամէն մարդու լեզուին տակ ու շրթներուն վրայ կը լսուէին ցայսօր ծանօթ անոր երգած մեղեդիները:

Հեղինակը Ատիսին հետ
Թերեւս աւելի քան 50 տարի առաջ Ատիս չէր գուշակած, թէ իր աստղը որքա՛ն փայլուն պիտի ըլլայ սփիւռքահայ երգարուեստի երկնակամարին վրայ, բայց վստահ եմ, որ կարճ ժամանակի մէջ հասկցաւ, որ ինք դարձաւ իր ասպարէզին մէջ արքայ մը,
– երբ տեսաւ իր «Ծաղիկներ, ծաղիկներ»ուն անթառամութիւնը,
– երբ «Գիշեր է, գիշեր»ը դարձաւ շատերու սիրոյ խոստովանանքը,
– երբ իրմով «Նորից գարուն եկաւ» շատ մը սրտերու մէջ,
– երբ ամէն անգամ, որ «Բարտիները խշշացին»… իրար նայեցան ջահել աղջիկն ու տղան,
-– երբ իր «Կարօտ» երգով շատեր տուն կանչեցին իրենց եարը՝ տեսքին, խօսքերուն ու ձայնին կարօտելով,
– երբ ինք աշուղը դարձաւ սեւ-սեւ աչերուն,
– երբ տղամարդիկ աղերսեցին իրենց եարին՝ «արեւուն տակ մի՛ կենար… նայուածքէս մի՛ հեռանար… ցաւդ ալ առնեմ, սիրո՛ւն եար»,
– երբ սեւ աչերը սիրեցին, հակառակ «Սեւ աչերէն շատ վախեցիր» ըսելուն,
– երբ շատերուն համբերութիւն ներշնչեց «Քո ցաւը իմ ցաւն է, քո լացը իմ լացն է» շշնչալով,
– երբ սիրուն աղջիկներուն դուռը թակեցին «թաշկինակս ներս մնաց» պատճառաբանելով,
– երբ դռներու առջեւէն «Մտամոլոր» անցնողներու ականատես դարձաւ,
– երբ կոտրուած սրտեր արտասուելով փսփսացին՝ «Գնա՛, գնա՛, էլ չեմ լալու, իմ սիրտն էլ քեզ չեմ տալու»,
– երբ «Նունէ՛, արի ինձ սիրէ» եւ «Լուսի՛, եկուր ինձ աղուորս» կանչին ընդառաջողներ եղան,
– երբ «Ես իմ սիրտը քեզ եմ տալիս» եւ «Իմ սիրելի Սոնիաս, քեզ չեմ մոռացել» խօսքերուն այնքա՜ն հաւատացողներ եղան,
– երբ համարձակօրէն ըսաւ «Մի՛ ամաչիր, սիրելն ամօթ չի»,
– երբ «Դու մեղք չունես» ըսելով խնդրեց նորից սիրել, անվերջ սիրել,
– երբ Երեւանը դարձաւ իր վարդագոյն գեղեցկուհին,
– երբ Լիբանանին վստահեցուց, որ «ինչքան էլ երկինքդ ամպոտի, քո հանգամանքը երբեք դու չես կորցնի»:
Ատիս 50 տարի երգեց սէրը, կարօտը, հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը: Ո՞ր սփիւռքահայը չէ լսած Ատիսի անուան ու արուեստին մասին. մարդիկ եթէ անոր սիրահարած չեն, ապա անպայման անոր երգերը սիրողն են, ունկնդրողն ու գնահատողը:
Ան 1 Սեպտեմբեր 2019-ին հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ աչքերը փակեց յաւերժին: Երկար տարիներ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք ան հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց երգարուեստի անդաստանին մէջ իր թողած աւելի քան 400 կտորներով ան արդէն շատո՜նց յաւերժացած է աշխարհատարած հայերու սրտերուն մէջ: Հայեր, որոնք «Ծաղիկներս ո՞ւմ նուիրեմ» իր հարցումին, այսօր տակաւին վարդ, յասմիկ, շուշան ու մեխակ իրեն կը նուիրեն ու կը զետեղեն իր շիրիմին, որպէսզի ըլլան անոր մշտական ընկերակիցները:
Հայ երգի տարածման եւ ժողովրդականացման մէջ իր բերած ներդրումին համար, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս 2005-ին, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած է Ատիս Հարմանտեանը: Ան պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով։ 2012-ին, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւս Օրհնութեան ու գնահատանքի գիր շնորհած է Ատիսին, դրուատելով հայկական երգարուեստի բնագաւառին մէջ անոր աւելի քան կէս դարու վաստակը:
***
Սիրելի՛ վարպետ, դուն ջահելներու հոգիներուն մէջ սէր վառեցիր, ջահելութիւնը երգեցիր «մի գնա՛, ապրել եմ ուզում, սիրել եմ ուզում» ըսելով ու քմծիծաղով անոր ըսիր՝ «ո՞ւր ես գնում, զուր ես գնում», միշտ ջահել մնացիր ու եղար ամէնուրեք սէր սփռող երգիչը:
Դուն թէեւ «էս հողից եմ ես ծնուել, թող էս հողում ես քնեմ» երգեցիր, բայց այսօր կը ննջես ոչ միայն հայրենիքէդ, այլ նաեւ ծննդավայրէդ ալ հեռու: Բայց ինչպէս շատ համերգներդ կ’աւարտէիր հանդիպումի նոր յոյս ներշնչող «Դու սպասիր ես կը գամ» երգ-հաւաստիքով, մենք միշտ կը սպասենք քեզ, որ երգերովդ գաս ու երգես սէրը մեր:
Յիշատակդ անթառամ կը մնայ, անզուգակա՛ն Ատիս, որովհետեւ դուն անմար աստղ ես:
*****