Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 2 մարտ 2026
Մարդկային փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ պարզ, բայց խորիմաստ ճշմարտութիւն մը․ ամէն ինչ որ ունի սկիզբ, օր մը պիտի հասնի իր աւարտին։ Այս օրէնքը կը գործէ բնութեան մէջ, պատմութեան մէջ եւ նոյնիսկ մեր անձնական կեանքին մէջ։ Սկիզբն ու աւարտը կը կազմեն բնական ընթացքը կեանքին, որուն փոփոխութիւնը անխուսափելի է։ Ոչինչ մնայուն է այս աշխարհին մէջ։ Մնայունութիւնը պատրանք մըն է, իսկ փոփոխութիւնը՝ իրականութիւն։
Սակայն «աւարտ» բառը միշտ չէ որ տխրութիւն կը նշանակէ։ Շատ անգամ վերջը նոր սկիզբի դուռ կը բանայ։ Երբ աշխատանք մը կը վերջանայ, ուրիշ հնարաւորութիւն մը կը սկսի։ Երբ փուլ մը կ’աւարտի, նոր փորձառութիւն մը կը բացուի մեր առջեւ։ Այս իմաստով, աւարտը ոչ թէ կորուստի խորհրդանիշ է անպայման, այլ՝ փոխակերպման։
Ուստի, «ամէն ինչ որ սկիզբ ունի, աւարտ ալ ունի» արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ կեանքի բնական կարգը։ Ան կը հրաւիրէ մեզ ապրելու եւ գործելու գիտակցօրէն, գնահատելու ներկայ պահը եւ ընդունելու փոփոխութիւնը որպէս կեանքի անբաժանելի մաս։ Սկիզբն ու վերջը հակադրութիւններ չեն, այլ նոյն ճանապարհի տարբեր կանգառներ։
Կեանքի ընթացքին կան գործեր, որոնք պարզ պարտականութիւններ չեն, այլ մեր ինքնութեան մէկ մասը կը դառնան։ Երբ կը կատարենք այդ գործը, կը զգանք նպատակ, իմաստ եւ ներշնչում։ Բայց ինչպէս ամէն ինչ, սիրած գործն ալ ունի իր աւարտը։
Սիրուած աշխատանքի մը աւարտը տարբեր զգացումներ կը բերէ իր հետ։ Հպարտութիւն՝ կատարուած ճիգին եւ նուիրումին համար։ Երախտագիտութիւն՝ անցած ճանապարհին եւ սորված դասերուն համար։ Բայց նաեւ թեթեւ տխրութիւն, որովհետեւ հրաժեշտ կու տանք յիշողութիւններու եւ ստեղծագործ պահերու։
Երբ գործ մը կը սիրենք, ան կը ձուլուի մեր առօրեային։ Մարդիկն ու նիւթերը, որոնց հետ շփումի մէջ կ’ըլլանք, կը դառնան մեր կեանքին մասնակիցները։ Սիրուած աշխատանքի մը աւարտը կարելի է դիտել ոչ միայն որպէս վերջ, այլ նաեւ հաստատում, որ կրցանք ամբողջացնել ճանապարհ մը՝ ներդնելով մեր ժամանակը, մեր կարողութիւնները եւ մեր հոգին։ Եւ այդ կը մնայ որպէս յիշատակ եւ կրնայ ծառայել որպէս հիմք նոր սկիզբներու։
2023 թուականի մարտին սկսայ յօդուածներով հանդէս գալ հայկական, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերու նուիրուած ԳԵՂԱՐԴ կայքին մէջ: Երեք տարուան ընթացք մը, որ արժէքաւոր ու մեծ փորձառութիւն մըն էր։
Գրելը ինծի համար միայն մտածումներ ու զգացումներ փոխանցելը չէ։ Իւրաքանչիւր յօդուած իր հետ կը բերէ ուրախութիւն մը, երբ բառերը կը գտնեն իրենց ճիշդ տեղը։ Երբ մարդ իր սրտին մօտ գաղափարներու/թեմաներու մասին կը գրէ, գրիչը պարտականութիւն չի զգար, բառերը չեն ծնիր ստիպուած, այլ՝ անոնք կը բխին հաւատքի խորքէն։ Այդպիսի գրելը աշխատանք չէ միայն, այլ՝ ներշնչում, վկայութիւն եւ հոգեւոր աճ։
Իմ հաւատացած բաներուս մասին գրել կը նշանակէ անկեղծ ըլլալ։ Այդ երբեմն կը պահանջէ հոսանքին հակառակ ընթանալու չափ քաջ ըլլալ, լուսարձակի տակ առնել որոշ խնդիրներու հակառակ կողմը։ Իւրաքանչիւր յօդուած կարծես փոքրիկ վկայութիւն մըն էր այն արժէքներուն, որոնք կը կրեմ սրտիս մէջ։ Երբ կը գրես այն մասին, ինչին կը հաւատաս, խօսքը կը ստանայ կշիռ եւ ջերմութիւն։
Այդ ուրախութիւնը պիտի մնայ։ Թէեւ էջերը կը փակուին, բայց հաւատքը կը շարունակէ ապրիլ, եւ գրելու կոչումը չի մարիր։ Որովհետեւ երբ մէկը կը գրէ իր հաւատացած բաներուն մասին, ան արդէն գտած կ’ըլլայ իր իսկական ձայնը։ Արդարեւ, ԳԵՂԱՐԴը ինծի համար դարձաւ ձայն մը, որով արտայայտեցի այն՝ ինչին հաւատացի, դարձաւ ամպիոն մը՝ ուր պատասխանատու եղայ գրուած խօսքին ուժին նկատմամբ, որովհետեւ այդ պիտի հասնէր բազմաթիւ մարդոց աշխարհի չորս ծագերուն։ Անոր համար շնորհակալ եմ ԳԵՂԱՐԴին:
2024-ի Նոյեմբերէն նաեւ ստանձնեցի ԳԵՂԱՐԴի հայկական բաժնի հրատարակիչի պարտականութիւնները: Այդ քայլը պարզ վարչական փոփոխութիւն մը չէր, այլ վստահութեան նշան մը, որով պատասխանատուութիւն կը կրէի ոչ միայն բառերու, այլ նաեւ ուղղութեան, ոչ միայն իմ, այլեւ միւս հեղինակներու հրապարակումներու ոգիին եւ արժէքներուն նկատմամբ։ Այս դերը ամրացուց հոգեւոր կապս ԳԵՂԱՐԴին հետ եւ խորացուց նուիրումս։ Երբ ետ կը նայիմ, կը տեսնեմ ոչ միայն գրուած էջեր, այլ նաեւ կառուցուած կամուրջներ՝ գաղափարապաշտներու եւ հեղինակներու միջեւ։
Իսկ այսօր, 2026-ի մարտին, երբ վերջին յօդուածս կը գրեմ, չեմ ուզեր զգալ որպէս վերջնական հրաժեշտ, այլ որպէս շրջան մը ամբողջացնելու խաղաղ զգացում։ Յիշողութիւնները, սորված դասերը եւ ստեղծագործական ճիգերը կը մնան հետս՝ որպէս ապագայ քայլերուս հիմք։
Սկիզբը 2023-ի մարտն էր, վերջը՝ 2026-ի մարտը։ Բայց գրիչը չի լռեր․ ան միայն նոր էջ մը կը փնտռէ: Կը հաւատամ որ երբ դուռ մը կը փակուի, ուրիշ մը կամաց կը բացուի։ Նոր հնարաւորութիւններ կը ծնին, նոր գաղափարներ կը ծաղկին։ Նախկին փորձառութիւնը կը դառնայ ուժ եւ վստահութիւն ապագային հանդէպ։
Ուստի գործի մը աւարտը ժամանակ է խորհելու, գնահատելու եւ շնորհակալ ըլլալու։ Շնորհակալութիւն ԳԵՂԱՐԴին որ իր հայկական բաժնով տարիներ եղած է շատերու ձայնը, քաջալերած է հայրենի մանաւանդ նորափթիթ գրիչներ, եղած է հարթակ մը, ուր տարբեր մտածումներ, համոզումներ եւ զգացումներ գտած են արտայայտութեան միջոց։ Եղած է կամուրջ՝ անհատին եւ հաւաքականութեան միջեւ, գրիչին եւ ընթերցողին միջեւ։ Եւ վերջապէս, գործի մը աւարտը հրաւէր մըն է՝ շարունակելու ստեղծել, սիրել եւ վստահ քայլերով մուտք գործել նո՛ր սկիզբներու աշխարհ։
Անունները կրնան փոխուիլ, ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, բայց ոգին պէտք չէ մարի։ Եթէ հարթակ մը աւարտէ իր առաքելութիւնը, անոր ներշնչումը կրնայ շարունակուիլ ուրիշ տեղերու մէջ, ուրիշ սրտերու եւ ուրիշ գրիչներու միջոցով։
Լոյսի մը մարիլը չի նշանակեր մթութիւն։ Երբեմն ան կը դառնայ կայծ, որ ուրիշ լոյսեր կը բորբոքէ։ Եւ եթէ ԳԵՂԱՐԴը իր դերն ամբողջացուցած է, ան կրնայ դառնալ սերմ մը, որմէ նոր ԳԵՂԱՐԴներ պիտի ծլին։
Թող գաղափարները շարունակեն ապրիլ։ Թող անկեղծ խօսքը կենդանի մնայ։ Եւ թող ամէն աւարտ դառնայ նոր սկիզբի խոստում մը։
2 comments
Շնորհակալութւին ձեզ եւ նորանոր յաջողութիւններու համար Բարի Ճանապարհ։
Մեծ ցաւով կարդացի ձեր վերջին յօդուածը։ Կը ցանկամ արտահայտել իմ խորին երախտագիտութիւնը ձեր տպաւորիչ յօդուածներուն համար վերջին երեք տարիներու ընթացքին: Թող ձեր նոր ջանքերը ըլլան լեցուն նոր ձեռքբերումներով, ստեղծագործ աշխատանքով եւ բարօրութեամբ իսկ ապագան՝ բացուի նոր հնարաւորութիւններով եւ լուսաւոր հեռանկարներով։
Յարգանքով՝