Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 26 հոկտեմբեր 2025
Հայաստանաբանակ հայրենակիցներուս հետ ունեցած պատահական շփումներուս մէջ, վերջին երկու տարուան ընթացքին յաճախ սկսած եմ լսել Թուրքիա կատարած իրենց զբօսաշրջային ճամբորդութիւններուն մասին: Խնդիրը այս երեւոյթին մէջ չէ, բան մը՝ որ բազմաթիւ հայեր գաղափարը կը մերժեն պարզապէս որովհետեւ երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն կայ, մինչ ուրիշներուն նախասիրած ուղղութիւնն է Թուրքիան, այլ խնդիրը կը կայանայ երկրէն եւ թուրք ժողովուրդէն իրենց ստացած տպաւորութիւններուն մէջ, ինչը կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել:
Խօսակիցներս գովասանքով եւ հիացմունքով արտայայտուած են թուրք ժողովուրդին սիրալիր եւ հիւրասէր վերաբերմունքին մասին, ի զարմանս ինձ: Նաեւ յատուկ շեշտած են անոնց հիւրամեծարութիւնը, մինչեւ իսկ կարծիք յայտնելով, որ «անոնք քիչ է մնում շալախօ պարեն, հենց իմացան որ հայ ենք»:
Այս լսածներուս վրայ եկաւ աւելնալու պատահար մը, որ տեղիք տուաւ լրջօրէն վերլուծելու այս երեւոյթը:
Հանգստանալու նպատակով Հայաստանէն Ապու Տապի արձակուրդի մեկնած հայ ընտանիք մը, հիւրանոցի ընդունարանէն ներս մտած է երեխաներուն հետ հայերէն խօսելով: Ընդունարանի աղջիկ աշխատակիցին մօտենալով, եւ արաբերէն չիմանալու պատճառով, անոր բարեւած են անգլերէնով, մինչ աշխատակցուհին պատասխանած է հայերէնով ու հայերէնով շարունակելով՝ հարցուցած է անոնց որպիսութիւնը: Հայ ընտանիքը զարմանքով հարց տուած է օրիորդին հայ ըլլալուն մասին, որուն ի պատասխան վերջինս յայտնած է, որ թուրք է, ծնած ու ապրած Թուրքիոյ մէջ, բայց հայերէն կը հասկնայ: Խօսակցութեան ընթացքին պարզուած է, որ թուրք աղջկան հայերէն գիտնալուն եւ հայ մարդոցմով ուրախանալուն պատճառը անոր լիբանանաՀԱՅ սիրեկանն է:
Զրոյցի ընթացքին թրքուհին յայտնած է, որ կ’ապրի «ձեր նախկին Արարատի տարածքին մէջ» եւ շատ ուրախ է, որ «հայերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք ժպիտով ու դրական կը վերաբերին» իրենց հետ, իմանալով հանդերձ որ իրենք ազգութեամբ թուրք են: Ու ան ցանկութիւն յայտնած է, որ իր սիրեկանին ծնողներն ալ նոյն ձեւով ընդունէին զինք, որոնք, իմանալով անոր թուրք ըլլալը, «այդքան ալ ուրախ չեն ու դէմ են մեր շփման»,– ըսած է հայազգի մեր հայրենակիցին թուրք ընկերուհին:
Ըստ երեւոյթին իր ընկերը շատ սիրող թրքազգի օրիորդը անմիջապէս արտայայտուած է, որ իր ընկերը շատ պատմած է հայերուն ու հայկական կենսակերպին մասին, որով իմացած է որ հայերն ու թուրքերը ունին նոյնանման բառեր, նոյնանման սովորոյթներ ու ճաշատեսակներ: Աւարտին, հարց տալով ու իմանալով, որ Ապու Տապի հասած մեր հայրենակիցները Թուրքիա չեն այցելած երբեւէ, թրքուհին խորհուրդ տուած եւ վերջիններս հրաւիրած է «իր հայրենիքը», որ, իր բնորոշմամբ, «սիրուն ու աւելի գեղեցիկ է քան Ապու Տապին»: Փոխադարձաբար, մեր հայաստանաբնակ հայրենակիցները Հայաստան հրաւիրած են հայ տղամարդ մը սիրող, Ապու Տապիի պանդոկի իրենց ջերմօրէն հիւրընկալած թուրք աշխատակցուհին, գալու եւ տեսնելու, թէ «հայերը այդքան վատ չեն ընդունում մարդկանց, ինչքան դուք էք պատկերացնում»:
Եւ իբր բարի կամքի դրսեւորում, թրքուհին հայ հիւրերուն սովորական ժամանակէն շուտ յանձնած է հիւրանոցային իրենց վերապահուած սենեակը ու երեխաներուն համար ուղարկած է նուէրներ՝ կարկանդակի տեսքով, յանձնարարելով անվարան իրեն դիմել կեցութեան ընթացքին որեւէ խնդիրի հանդիպելու պարագային: Ու երբ մեր հայրենակիցները հարց տուած են, թէ ի՞նչ կրնան ընել այս լաւութեան դիմաց, թրքուհին ժպիտով պատասխանած է, որ շատ ուրախ է իր սիրելի մարդուն հայրենակիցներուն լաւ բան ընելու համար:
***
Հեքիաթանման ու ռոմանթիզմ բուրող պատմութիւն մը, որ, սակայն, ամբողջովին իրականութիւն է: Այնպէս չէ որ թուրքի հետ նոյն կերպ վարուող հայեր չկան աշխարհի չորս ծագերուն, այնպէս չէ որ աննախադէպ է հայ մը սիրէ, ընկերանայ եւ նոյնիսկ ամսուսնանայ թուրքի հետ, բայց նկատի ունենալով երկու ազգերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմադարեայ արմատացած թշնամանքը, այսպիսի երեւոյթներ մեծ հարցման նշաններ կը յառաջացնեն շատերու մօտ:
Անոնցմէ մին ալ ես եմ երեւի: Հայերու հանդէպ այս վերաբերմունքը հիւրասիրութեա՞ն, թէ՞ լաւ դիւանագիտութեան դրսեւորում է: Թուրքերը ունի՞ն պատճառ մեզ «այդքան» սիրելու կամ մեր հետ սիրալիր վարուելու, մինչ հայերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անկառավարելի ատելութիւն ու թշնամանք կը տածէ անոնց նկատմամբ, հիմնուելով գլխաւորաբար հայոց ցեղասպանութան հանգամանքին վրայ, որուն համար Թուրքիոյ այժմու ղեկավարութիւնը կը չքմեղանայ՝ ըսելով, որ ոչ թէ իրենք, այլ իրենց նախահայր օսմանացիներն են յանցագործները:
Պահ մը անտեսենք այն իրականութիւնը, որ թրքական մանաւանդ ծովային շրջանները հայերու, եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայերու, նախընտրած ու մատչելի հանգստեան վայրերն են: Պահ մը նաեւ աչք խփենք այն իրողութեան վրայ, որ մեծ թիւով հայեր նոյնինքն թրքական հագուստեղէնի վաճառքով կը զբաղին միջինարեւելեան իրենց երկիրներուն մէջ: Կ’երթանք Թուրքիա աշխատելու, հանգստանալու, ապրանք բերելու: Կ’երգենք թրքական եղանակներով երգեր, կ’ուտենք թրքական արտադրութեան ուտելիքներ, կը հագնինք թրքական հագուստ ու կօշիկ, կը դիտենք թրքական հեռուստաշարեր… ԲԱՅՑ, կարեւորը, չենք մոռնար տարին մէկ անգամ թրքական դրօշակը վառելու, խանութներու պատերն ու գետինները Թուրքիոյ մասին հայհոյալից բառերով ներկելու, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ դէմ ցոյց ընողներու առաջին շարքերուն վրայ ըլլալու:
Այս հանգամանքները պահ մը մոռնալով ու վերադառնալով վերաբերմունքի թեմային, իմ մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ թուքերու սիրալիր եւ հիւրասէր մօտեցումը որդեգրուած դիւանագիտութեան արդիւնք է, որով աշխարհին կ’երեւան որպէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ, որ օտարը կը դիմաւորէ ժպիտով, ջերմութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ: Այսօր երբ հայերն անգամ գովասանքով կը խօսին թուրքերու՝ զբօսաշրջիկներու նկատմամբ հիւրասէր մօտեցման մասին, ուրեմն անոնք ա՛յս «սիրալիր» դէմքով է որ կը ներկայանան հանրութեան եւ կը թողեն դրական տպաւորութիւն: Եւ ներկայ դարուս օտարներէն որո՞ւն հոգն է, որ հարիւրամեակ մը առաջ անոնք բարբարոս մարդասպան էին:
Հիւրամեծար ըլլանք, այդպիսով աւելի գրաւիչ ու հաճելի ենք, թէկուզ երբեմն ստիպուած, ձեւականօրէն ու դիւանագիտականօրէն. սա հազար անգամ աւելի լաւ է, քան հայաստանաբնակ հայերու ճակատին դժբախտաբար դաջուած՝ չոր, կարծր, ոչ-ճկուն, անշնորհակալ եւ ներողութիւն ըսել չգիտցող մարդու պիտակներ կրելը:
3 comments
Այո շատ ճիշդ էք։ Լաւ է միշտ քաղաքավար, հիւրասէր, ժհտադէմ ըլլալ բայց միշտ գիտակցիլ թէ դիմացինը ով է։
Հայաստանցիներու սպասարկողներու մեծամասնութիւնը վերհիշեալներու կարիքը ունի։
Ժողովրդական ասացուածքը կ’ըսէ՝ Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ։
Կը հաւատամ որ թուրքերուն բազմաթիւ տեսակները կան։ Թուրքեր կան որ կը դաւանին որ իրենց նախնիները ցեղասպանութիւն գործած են եւ ներողութիւն կը խնդրեն անոր համար, ու անկեղծօրէն բարեկամութիւն կը փնտռեն։ Թուրքիոյ մէջ ունիմ այդպիսի մէկ բարեկամ մը, որուն հետ ծանօթացայ Թուիթըրի միջոցով մօտաւորապէս 8 տարի առաջ, որուն հետ նամակագրութիւն ունիմ։ Կան ուրիշ թուրքեր որ բարեկամութիւն ցոյց կու տան պարզապէս հիւրասէր բնութիւնը ցոյց տալուն համար, բայց երբ ցեղասպանութեան նիւթը բարձրացնես, անոնք կ’ըսեն թէ անկարելի է որ թուրք մը ցեղասպանութիւն գործէ, իբրեւ ապացոյց բերելով իրենց հիւրասիրութիւնը։ Թուրքեր կան որ պարզապէս հայերուն մասին չեն մտահոգուիր, կարծես թէ գոյութիւն չունին, եւ սակայն կան բացայայտ ազգայնական թուրքեր, որոնք բացէ ի բաց հայերը կը մեղադրեն թուրքեր սպաննելուն համար, եւ որ ցեղասպանութիւնը ճիշդ պատիժն էր իրենց։ Հետեւաբար, ասիկա բարդ հարց մըն է։ Կէտը այն է որ մարդ պէտք է հասկնայ թէ որու հետ գործ ունի։
Many thanks to Keghart for publishing this thoughtful article. As a student of Western Armenian at AGBU-AVC, I read the piece and its comments with the kind help of my instructor, which allowed me to better appreciate the nuances of the discussion.
Thank you, Vahe, for your insightful comment. Having been personally involved in civil and political initiatives in Turkey for more than a decade, I would like to share a few observations from within.
The organized assassination of journalist Hrant Dink in 2007 marked a profound moral and civic awakening for certain segments of Turkish society. For the first time, intellectuals and activists outside nationalist, right-wing, and Kemalist circles began openly confronting the state’s denial of the Armenian Genocide.
In 2013, members of the pro-Kurdish political movement and several human rights organizations held the first public commemoration of the Armenian Genocide in Turkey — a symbolic yet historically significant act. Since then, progress has been slow but tangible. Within the People’s Democratic Congress (HDK), the civic platform that forms the foundation of the DEM Party, Armenian representatives have played an active role, consistently bringing the issue of 1915 into public dialogue.
As someone who served within the HDK and later as a provincial chair in the HDP, I can attest that these discussions are not easy, yet they have become more visible. The process remains fragile, but the space for truth and dialogue is slowly reopening from within Turkey itself. These developments, though rarely noticed internationally, hold meaningful potential for deeper social transformation inside the country.
Nevertheless, the sustainability of such progress depends largely on the direction of Turkey’s democratic climate and the preservation of spaces for political dialogue.