Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 30 Հոկտեմբեր 2023
44-օրեայ արցախեան պատերազմէն ետք, Արցախին պատուհասած աղէտը նոր փուլ թեւակոխեց 2022-ի Դեկտեմբերին, երբ թշնամին արգելափակեց Բերձորի միջանցքը, ամբողջական շրջափակումի մէջ պահելով Արցախը: Այնուհետեւ, Հայոց պատմութեան այս ցաւոտ փորձութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 2023-ի Սեպտեմբերի իրադարձութիւններով, որոնք առաջնորդեցին Արցախի հայաթափման:
Աւելի քան 100.000 արցախցիներ անօթեւան մնալու մարտահրաւէին դէմ-յանդիման գտնուեցան: Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին օրէն պատրաստակամութիւն յայտնեց գրկաբաց ընդունելու բռնի տեղահանուած արցախցիները, անոնց տրամադրելով ապաստան եւ այն ինչ որ տարրական է այդ իրավիճակին մէջ գոյատեւելու համար: Ինչքան ալ անկատար կամ բազում բացթողումներ կան Հայաստանի կառավարման մեթոտներուն ու քայլերուն մէջ, կարելի չէ չգնահատել այն, որ պետութիւնը անմիջապէս սրտբաց ընդունեց արցախցի մեր հայրենակիցները եւ ջանք չի խնայեր անոնց ապաստան տալու՝ կեցավայր ու դրամական օժանդակութիւններ յատկացնելով, աշխատանքի առիթներ ստեղծելով, բժշկական ծառայութիւններ մատուցելով եւ երեխաները Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ներառելով: Կառավարութեան կողքին, չեն թերանար նաեւ հայրենի եւ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեն ի սպաս բռնի տեղահանուած արցախցիներուն բարօրութեան, որոնք լիայոյս ենք որ միայն ժամանակաւորապէս կը գտնուին իրենց հողերէն ու տուներէն հեռու:
Կան, սակայն, արցախցիներուն տրամադրուած բազմաբնոյթ օժանդակութիւնը քննադատողներ, զայն համարելով անբաւարար ու անհամաչափ՝ անոնց կրած կորուստին դիմաց: Դժգոհիլն ու քննադատելը ամենահեշտ բանն է: Իրականութեան մէջ ցաւ ու կորուստ կրեց ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ. ցաւ՝ որ բառերու մէջ տեղաւորելը անհնար է, եւ կորուստ՝ որ լոկ նիւթական պարունակին մէջ դիտելը անբաւարար է: Բոլորս կորսնցուցինք մեր հայրենիքէն մաս մը: Բայց հիմա մեր տեղահանուած քոյրերն ու եղբայրները Հայաստանի մէջ համարկելու, անոնց ցաւերը դարմանելու, վէրքերը հնարաւորինս շուտ ամոքելու, օժանդակութեան ձեռք մեկնելու ժամանակն է: Եւ հոս չկայ քիչի ու շատի սակարկութեան տեղ, որովհետեւ ամէն ոք պիտի տայ ի՛ր կարողութեան սահմաններուն մէջ:
Սա կը վերաբերի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ, քաջ գիտենք, անսահմանափակ կարողութիւններով երկիր չէ: Վերջինս այս առումով ոչինչ կը խնայէ ու այդպէս ալ պէտք է շարունակէ: Այս համոզմունքին հասնելու համար մենք պէտք չունինք օտարներու հնչեցուցած գնահատանքին, թէ ինչպէս, իրենց իսկ վկայութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցաւ շատ կարճ ժամանակի մէջ ընդունիլ մեծ քանակով «փախստականներ», մինչ տնտեսապէս աւելի յառաջադէմ ու բարեկեցիկ երկիրներ կը դժուարանան ընդունիլ քանի մը հազարը: Այդ օտարները բաց կը թողեն շատ կարեւոր հանգամանք մը՝ արցախցիները մեր ԱԶԳԱԿԻՑներն են: Եթէ ուրիշ երկիրներ այլ ազգի փախստականներ կ’ընդունին մարդասիրական նկատառումներով, մեր մօտ անիկա երկրորդական կարգի վրայ է, քանի որ առաջին հերթին կու գայ այն, որ մենք մեր հարազատնե՛րը կ’ընդունինք, եւ անոնց փոխուած, դժուարացած ու դառնացած կեանքը որոշ չափով բարելաւելու ամէն ջանք անզէն աչքով իսկ դժուար չէ տեսնել:
Միւս կողմէ, ոչ միայն նիւթական նեցուկ է որ բռնի տեղահանուած մեր արցախցի քոյրերուն ու եղբայրներուն կը տրամադրուի: Կայ նաեւ բարոյական նեցուկը: Ամէն առիթով պետական բարձրագոյն մակարդակով կը յայտարարուի, որ անոնք իրենց հարազատ տան մէջ են եւ պէտք չէ մտածեն Հայաստանէն հեռանալու մասին: Հոս գլխաւոր առանցքը կը կազմէ Հայաստանի մէջ մնալու, հո՛ս ապրելու եւ հո՛ս արարելու հաստատակամ «հրաւէր»ը: Այսպիսով ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’աջակցի արցախցիներուն, այլեւ արցախցիներն ալ իրենց կարգին աջակցած կ’ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան: Արցախցիները երբ տեղահանուեցան, իրենց ուղղութիւնը միանշանակ պիտի ըլլար Մայր Հայաստանը: Լռելեայն հասկնալի է այս հանգամանքը եւ այդ պիտի ըլլար բնական ու տրամաբանական ընթացքը: Անհասկնալին, անբնականն ու անտրամաբանականը ասոր հակառակն է: Այս ռազմավարութիւնը «անխելք առաջարկութիւն» անուանելը, մեղմ ըսած, անհեթեթութիւն ու լկտիութիւն է: Այդ բաց «հրաւէր»ը ԱՆԽՏԻՐ ԲՈԼՈՐ հայերուն ուղղուած է եւ ժամանակի կամ պարագաներու մէջ չի սահմանափակուիր:
Այդ հրաւէրին հաւատացողներէն եղած եմ նաեւ ես: Անկէ մեկնելով ալ, երբ 2016 թուականին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական շարժում մը սկսած էր «Դու ի՞նչ ես անում Ղարաբաղի համար» կարգախօսով, օրին, նախարարուհիին ներկայութեան ինծի տրուած խօսքի առիթի ընթացքին առաջարկած էի, որ օր մը եթէ համահայկական այլ շարժումով մը որդեգրուի «Դու ի՞նչ ես անում Հայաստանի համար» կարգախօսը, տարատեսակ օժանդակութիւններու կողքին, մեր հաւաքական առաջնային ու համոզուած պատասխանը պէտք է ըլլայ՝ «Մենք Հայաստանի համար հայրենադարձ կ’ըլլանք»:
Եւ ոչ ոք թող չմտածէ, թէ Հայաստան գալով ի՞նչ կրնայ ընել, թէ ի՞նչ կայ զինք դէպի Հայաստան քաշող: Արդէն լրացաւ իմ հայրենադարձութեան 3-րդ տարին: Շուտով նաեւ կ’ամբողջանայ երեք տարին՝ Հայաստանի մէջ աշխատելուս: Մեր աշխատավայրին մէջ նոյն գործը կը կատարեն եւս 8 հոգի: Ես տիտանական աշխատանք չեմ տանիր, սակայն գիտեմ, որ իմ կատարածովս, իմ մատուցած աշխատանքովս դոյզն իսկ չափով կը ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին, հպարտ կը զգամ որ փորձս ու գիտելիքներս կը ներդնեմ ի խնդիր աւելի պայծառ, յառաջադէմ ու աշխատունակ Հայաստան մը ստեղծելու ջանքերուն:
Բացի անկէ, ես հիմա արդէն Հայաստան հողի մէկ բուռն եմ, Հայաստան արտի մէկ ծիլն եմ, Հայաստան ծաղիկի մէկ թերթն եմ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւին մէկ միաւորն եմ: Եւ իւրաքանչիւր միաւոր անհատ, հայրենի հողին վրայ ապրելու իր փաստովն իսկ, ա՛ն-պա՛յ-մա՛ն բան մը կը փոխէ դրականօրէն, որովհետեւ քանակն է որ որակ կ’ապահովէ: Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը, հաւատացէ՛ք, կրնայ իր բաժին կաթիլը աւելցնել ու լեցնել Հայաստանի ամբողջութեան բաժակը:
Այս ես եմ, քու կարգիդ՝ դուն ալ կրնաս: Գոնէ ա՛յս ձեւով օգնենք Հայաստանի Հանրապետութեան: Հոս ապրիլն ու արարելը ամենամեծ օգնութիւնն է անոր:
Իսկ եթէ չենք կրնար օգնել, գոնէ չվնասենք՝ Հայաստանի հասցէին տարակուսանքի պիտակներ կպցնելով, անոր նկատմամբ անվստահութեան ու թերահաւատութեան թեզեր յառաջ քաշելով: