«Ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէ՛ք»

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 26 յունուար 2026

«Այս հաւատից մեզ ո՛չ ոք կարող է խախտել,
ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը…
Մեր հաւատի ուխտը ո՛չ թէ մարդու հետ է, որ երեխայի նման խաբուենք,
այլ Աստծու հետ է անլուծելի կերպով…»:

5-րդ դարուն, Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, հայ նախարարներն ու հոգեւորականները այսպէ՛ս պատասխանեցին պարսիկներու Յազկերտ Բ. արքային, որ կը փորձէր զրադաշտականութիւնը պարտադրել իր տիրապետութեան տակ յայտնուած Արեւելեան Հայաստանի քրիստոնեայ հայոց:

Հայերը նոյնպիսի պատասխաններ տուին նաեւ յաջորդող դարերուն, երբ, անկախ պետականութիւնը կորսնցուցած ըլլալով, գտնուած են օտար եւ ոչ-քրիստոնեայ տիրապետողներու լուծին տակ: Նոյն անխախտ հաւատքով, եւ իրենց կեանքը զոհելու, ջարդուած, տարագիր եւ հայրենազուրկ դառնալու գնով, 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբը մերժած են կրօնափոխ ու ազգափոխ ըլլալ եւ ուրանալ Յիսուս Քրիստոսը: Այնուհետեւ շաքարապատ եօթը տասնեակ տարիներ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրած են ոգիի ու ոգեղէնի սպանդը, ստիպուած ըլլալով դաւանիլ «անաստուածութեան հաւատք»ը՝ նոյնիսկ անհրաժեշտ չհամարելով մկրտութիւնն ու Սուրբ միւռոնի դրոշմը:

Այս բոլոր պայմանները յաղթահարելէ ետք, Հայաստան անկախացաւ ու ծնունդ առաւ երրորդ հանրապետութիւնը. հաւատքի դրսեւորումները կաշկանդուած չէին այլեւս: Տարիներու թաւալումին հետ հայրենաբնակ հայորդիները աստիճանաբար աւելի՛ մօտեցան Եկեղեցւոյ, ազատօրէն փարեցան հաւատքին ու մկրտութեան դրոշմն ընդունեցին թէկուզ իրենց յառաջացած տարիքին:

Այս նախաբանը անոր համար է, որ այդ բոլոր իրավիճակներէն ետք, այսօր երբ կը նայինք եկեղեցիէն ներս թէ դուրս հայոց ցուցաբերած հաւատքի կենսունակութեան, մեր հոգին կը լեցուի ու կը հրճուի՝ տեսնելով հին ժամանակներուն պարտադրուած անաստուածութեան ձախողումը:

Ես, Լիբանանի մէջ ծնած ու տարիներով այնտեղ ապրած ըլլալով, ականատես կ’ըլլայի քրիստոնեայ արաբներու ջերմեռանդութեան ու հաւատքի ուժին, կը տեսնէի անոնց կղերականներուն հոգեւոր մտերմութիւնը հօտի զաւակներուն հետ, հոգեւորականներու քարոզներուն դիւրըմբռնելիութիւնը, առանց մե՜ծ եւ բարդ բառերու, հաւատացեալները Աստուծոյ ու Անոր խօսքին անմիջականօրէն հաղորդակից դարձնելու կարողութիւնը, երեւոյթներ, որոնց քիչ կարելի էր հանդիպիլ Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ: Օրինակ, դպիրներէն մին կանգնած կը մնար դասին ծայրը՝ Սուրբ հաղորդութիւն ստանալուն պատրաստուող կիներուն ստիպելու գլուխը ծածկել: Ծնրադրելը, Պատարագի ամբողջ ընթացքին կիներու գլխաշոր կրելը, թեւաբաց աղօթելը կարծես թէ վերապահուած էր միայն տարիքոտներուն կամ ապաշխարածներուն:

Հայրենադարձուելէ ետք, Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ տեսայ կիներ՝ գրեթէ բոլորը շղարշով ծածկուած, «Աստուծոյ երկիր պագեսցուք» կոչերուն ժամանակ մինչեւ գետին խոնարհողներ, Խոստովանանքի ժամանակ իրենց մեղքերուն համար զղջացող, ծնրադիր ու գլխահակ կիներ եւ նոյնիսկ տղամարդիկ: Անոնք երբեք եկեղեցիէն դուրս չեն գար իրենց կռնակը խորանին դարձուցած. իրենց նստած կամ կանգնած տեղէն մինչեւ եկեղեցւոյ դուռէն դուրս գալը կ’ընթանան ետ-ետ քայլերով:

***

Քանի կայ ա՛յսպիսի ըմբռնում, կայ ա՛յսպիսի ուժ ու գիտակցութիւն, դեռ ի՞նչ ապացոյց, որ մեր հայրենակիցները երբեւիցէ չեն հեռացած հաւատքէն ու Եկեղեցիէն, ինչքան ալ, դարեր շարունակ, բազմաթիւ դէմքեր ու դէպքեր փորձած են հակառակը պարտադրել: Այս բոլորը կը հաստատեն, որ հայն ունի առողջ դատողութիւնը կառչելու ճշմարի՛տ հաւատքին, ուրեմն նաեւ՝ ճշմարի՛տ հոգեւորականին, ունի իմացական առողջ կարողութիւնը զանազանելու հաւատքով առաջնորդուող մարդը՝ կրօնը որպէս վահան գործածողէն, Աստուծոյ երկիւղածութեամբ ապրողը՝ սքեմը անձեռնմխելիութեան համար շահագործողէն:  Որ ան այսօր չ’ազդուիր վերջերս եկեղեցականներէն արձակուած եւ դէպի եկեղեցականները ուղղուող «աղեղներէն»:

Առանց սակարկութեան մէջ մտնելու, թէ ո՞ր ուղղութեամբ արձակուած աղեղն է արդարացի, անհրաժեշտ է պահել զգօնութիւնը եւ տարանջատել ճիշդը՝ սխալէն, կրօնը՝ կրօնաւորներէն, հոգեւոր կառոյցը՝ հոգեւորականէն, ինչպէս որ հրամայական է պետական ղեկավարումը որպէս կառոյց տարանջատել գնայուն ղեկավարէն: Պէտք է յարգել հանգամանքները եւ ամենատարակարծիք հարցերն անգամ քննարկել բարեկիրթ ձեւով, հեռու փողոցային ոճէն: Այդ տարանջատումին մէջ թերացող յոռի վարքագիծերէն է նոյնիսկ բարձրամակարդակ կարգ մը մարդոց անարգալից ու անընդունելի պահուածքը՝ տիտղոսաւոր անձերը կոչելու անպատշաճ ձեւով, օրինակ՝ կաթողիկոսին դիմել իր աւազանի անունով, կամ վարչապետին ակնարկել անոր անունին աւելցուած «իկ» փոքրակերտ մասնիկով: Այս նոյն սխալ տրամաբանութիւնն է, որ կարգ մը մարդիկ կը մղէ անհեթեթօրէն կարծելու, թէ այսօր «Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքար ու հալածանք» կայ: Եթէ այդպէս է, նոյն տրամաբանութեամբ, ՀՀ-ի պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ արտայայտուիլը ու զանոնք ամենավերջին ածականներով յորջորջելը կը նշանակէ Հայաստանի ու անոր պետականութեան դէմ պայքար ու պետականութեան գաղափարի իսկ վարկաբեկում:

Ես կը հաւատամ, որ մարդ արարածը ինչքան ալ սխալած ըլլայ, անգամ մեղանչած ըլլայ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, կարմիր ու բարակ որոշ գիծեր չի կրնար հատել: Ուշ կամ կանուխ, Նորին մեծութիւն Պատմութիւնը հաստատ կու տայ բոլորին «վայել» գնահատականը: Ամէն ինչ քաղաքականացնելը եւ անոնց մուգ երանգներ աւելցնելը միայն դէպի աւելի ցեխոտ ճահիճներու մէջ պիտի ներքաշէ մեզ, մինչ մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան կարաւանը կը քալէ աննահանջ ու արագընթաց:

Դարեր շարունակ մեր հաւատքը «ղայիմ բռնեցինք» Խաչատուր Աբովեանի յորդորով, եւ  անով դիմացանք ու գոյատեւեցինք որպէս ազգ, մինչեւ վերատիրացանք անկախ պետականութեան: Ուրեմն, զերծ մնանք հաւատքը թիրախաւորող եւ մեր ազգի անբաժան թեւերուն՝ պետական ու հոգեւոր կառոյցներուն միջեւ խոր վիհեր ստեղծող արատաւոր քայլերէ: Տանք Աստուծոյ ինչ որ Աստուծոյնն է, իսկ կայսեր՝ ինչ որ կայսրինն է։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like