Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 21 մարտ 2024
Հայկական մշակոյթը հայ ժողովուրդին ստեղծած նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներու ամբողջութիւնն է, որ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ՝ որպէս մեր ազգային ինքնութեան հիմնական ցուցիչ: Մշակոյթը ինքնութիւն է, ստեղծագործական էութիւն է:
Մշակոյթի ճիւղերէն մէկն է երգարուեստը: Հայ երաժշտութիւնը առաջին իսկ ունկնդրութեամբ կը մատնէ հայ երաժշտական անշփոթելի ոճը: Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ունեցած ենք երաժշտագէտներ եւ երաժշտահաններ, որոնք նպաստած են հայ երաժշտութեան ծաղկումին. Ալեքսանդր Սպենդիարեան, Կոմիտաս վարդապետ, Տիգրան Չուխաճեան, Բարսեղ Կանաչեան, Արամ Խաչատրեան, Առնօ Բաբաջանեան եւ այլ մեծութիւններ: Ունեցած ենք գուսաններ եւ աշուղներ, որոնք իւրայատուկ համ ու հոտ տուած են հայ երգարուեստին: Այս երախտաւորներուն յօրինածները մէկական գոհարներ են մեր մշակութային անդաստանին մէջ ցանուած եւ փառք ու պատիւ կը բերեն մեր բազմադարեայ մշակոյթին:
Կան նաեւ ժողովրդական, էսթրատային, ռապիզ ու փոփ երգերը: Արդարեւ, ունինք տարբեր ազգերու երաժշտութեանց ազդեցութեան տակ յօրինուած եւ տարբեր ճաշակներ գոհացնող երգեր, որոնք երբեմն յարիր չենք համարեր հայկական աւանդական երգարուեստին կամ մշակոյթին:
Հայրենի թէ սփիւռքահայ բազմաթիւ երգիչներ տարբեր հարթակներով հնչեցուցած են հայ երգը: Մասնակցած են տարբեր մրցոյթներու եւ ապահոված թէ՛ Հայաստան պետութեան մասնակցութիւնը եւ թէ՛ հայկական երգի հնչումը զանազան երկիրներու մէջ ու բեմերու վրայ:
Այդ հարթակներէն մէկն է Եւրոտեսիլի մրցոյթը, որուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մասնակցի 2006-էն ի վեր: Ամէնամեայ այս մրցոյթը կը համախմբէ եւրոպական երկիրներ, Հ.Հ.ը ներառեալ: Անցնող 18 տարիներու ընթացքին, Հ.Հ.ը 2012-ին կամովին մերժեց մասնակցիլ նկատի ունենալով անոր կայացումը Ատրպէյճանի մէջ, իսկ 2021-ին յետս կոչեց իր մասնակցութիւնը՝ 2020-ի արցախեան պատերազմի հետեւանքներու լոյսին տակ: Իսկ 2011-ին, 2018-ին եւ 2019-ին Հ.Հ.ի ներկայացուցիչը չկրցաւ հասնիլ եզրափակիչ փուլ:
Թաքուն չէ, որ Եւրոտեսիլի մրցոյթը, շատ այլ միջոցառումներու նման, քաղաքականացուած է: Առաջատարները եւ մանաւանդ յաղթող խումբը շատ յաճախ կ’որոշուին այլ, հիմնականին մէջ քաղաքական հաշուարկներով: Այս մէկը քաջ գիտնալով հանդերձ, Հ. Հ.ի անոր մասնակցութիւնը բացասական երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ մենք կը պատկանինք եւրոպական ընտանիքին եւ պէտք է անմասն չմնանք Եւրոպան համախմբող միջոցառումներէ:
Բացի քաղաքականացուած ըլլալէ, չենք կրնար պնդել, որ Եւրոտեսիլը լուրջ եւ որակաւոր երգերու հարթակ է: Այդուհանդերձ, համաշխարհային առումով ան մեծ հռչակ կը վայելէ: Այդտեղ ներկայացուած թէ՛ երգերը, թէ՛ բեմականացումը արուեստ, մեծ տաղանդ, իւրայատուկ ձայնային կարողութիւն կամ բարձրաճաշակ հագուստներ չեն ենթադրեր: Հետեւաբար, կարելի չէ ակնկալել, որ հոն հնչեն հայկական զուլալ կամ խորիմաստ երգեր: Ամենաաչքառու օրինակը կարելի է նշել 2015 թուականին՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Genealogy խումբին նախ «Don’t Deny» խորագրուած եւ, յետոյ, կազմակերպիչներուն պահանջին վրայ «Face the Shadow»-ի փոխուած երգը, որ գրաւեց 16-րդ դիրքը 27 մասնակից երկիրներու մէջ: Իսկ 2022 թուականին Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռոզա Լիննի ներկայացուցած «Snap» երգը գրաւեց 20-րդ դիրքը 25 մասնակիցներու մէջ, հակառակ անոր որ Ռոզա Լինն մինչ օրս նոյն երգով կը գրաւէ առաջատար դիրքեր երաժշտական սանդղակներու վրայ ու արձանագրած է մեծաթիւ լսումներ:
***
2024 թուականի Մայիսին Շուէտի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոտեսիլի մրցոյթին Հ. Հ.ը պիտի ներկայացնէ 2019-ին Ֆրանսայի մէջ հիմնադրուած «Լատանիվա» խումբը, որու անդամներն են Եղէգնաձոր ծնած, այժմ Ֆրանսա ապրող Ժագլին Պաղտասարեանը եւ երաժշտական բազմաթիւ գործիքներ նուագող Լուի Թոմասը: Անոնց երաժշտական ոճը ոգեշնչուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու, մասնաւորապէս պալքանեան աւանդական երաժշտութեամբ, մալոյայով եւ հայկական ֆոլքլորով։
Խումբը պիտի ներկայանայ «Jako» երգով. Դիլիջանի մէջ նկարահանուած տեսահոլովակը բաւական գունեղ, ուշադրութիւն գրաւող, ուրախ տրամադրութիւն ստեղծող ու կենսալի է: Երգին ռիթմը հաճելի է. խօսքերը, առաջին ունկնդրութեամբ, որեւէ պատգամ չեն հաղորդեր, բայց երբ ուշադիր լսես, այդ կը ներկայացնէ ազատօրէն ապրիլ ցանկացող աղջկայ մը մաղթանքը: Այս «թեթեւ» կամ գուցէ «թեթեւսոլիկ» թուող երգը արժանացաւ հայ հասարակութեան խիստ քննադատութեան: «Jako» երգին ո՛չ երաժշտութիւնը, ո՛չ ալ ընդհանուր միտքը յարիր է հայկական մշակոյթին, թէեւ եթէ քիչ մը խոր նայինք, Հ. Հ.ի իգական սեռին մէջ կայ յաւելեալ ազատութիւն ունենալու խորունկ տենչ մը:
Այս առիթով եկէք ներկայացնենք «Լատանիվա»-ի կատարած երգերը եւ անոնց դիտումներուն քանակը եութուպեան ալիքով.
«Շաքար» Shakar 1 տարուան ընթացքին 14,5 միլիոն դիտում
«Քեֆ չի լինի» Kef Chilini 3 տարուան ընթացքին 29,5 միլիոն դիտում
«Զեփիւռի նման» Zepyur 4 տարուան ընթացքին 4,1 միլիոն դիտում
«Սարերի հովին մեռնեմ» Sareri 4 տարուան ընթացքին 1,1 միլիոն դիտում
«Պինկէօլ» Bingyol 5 տարուան ընթացին 1,6 միլիոն դիտում
Այս պատկերէն կը տեսնենք, որ Ժագլին Պաղտասարեանի կատարողութեամբ «Լատանիվա» խումբը ներկայացուցած է նաեւ հայկական ժողովրդական երգեր, որոնք այնքան գնահատական չեն ստացած որքան իր «մթնոլորտ ստեղծող», անկապ բառերով, յատուկ իմաստ չունեցող երգերը: Ուրեմն, ի՞նչ հասկնանք. մարդոց սիրած ու շատ լսած երգերը «թեթեւ» կամ «թեթեւսոլիկ» երգե՞րն են: Ո՞ւր են «Զեփիւռի նման», «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Պինկէօլ» երգերը գնահատողները: Ու մինչեւ օրս որեւէ դժգոհութիւն չարտայայտած, այդ երգերուն հետ պարող-ուրախացողները, յանկարծ դժգոհանքի ալիք կը բարձրացնեն…
Եւրոտեսիլի մրցոյթը լուրջ, բարձրորակ, ազգերու մշակոյթը ներկայացնող արուեստի հարթակ չէ: «Jako» երգն ալ համահունչ է Եւրոտեսիլի «անգիր կանոններուն»: Արդարեւ, կարիք կա՞յ այդպիսի մրցոյթի մը համար յօրինուած երգէն դարձեալ պատրուակ ստեղծել քննադատելու, վարկաբեկելու, հայ մշակոյթն ու երգարուեստը լաւապէս ներկայացնողներու եւ գնահատողներու սակարկութեան մէջ մտնելու:
«Լատանիվա»ն հայ երգարուեստի փայլուն ներկայացուցիչը չէ, այո՛… բայց եթէ անոր երգը առիթ պիտի դառնայ, որ Հայաստանի անունը գոնէ մինչեւ Մայիս յաճախ լսուի դրականօրէն, կամ եթէ ինչ-ինչ հաշիւներով անոր շնորհուի յաղթողի տիտղոսը ու այդ փաստին համար յառաջիկայ տարի Հայաստան առաջնորդուի համաեւրոպական մրցոյթը՝ եւրոպացի բազմաթիւ դիտորդներով, այս մէկը առիթ է քաջալերելու «Լատանիվա»ն: Գուցէ իր դերը անոր մէջ է, որ կը համապատասխանէ այդ մրցոյթի պահանջներուն եւ ընդհանուր պատկերին: Եւ գուցէ բացասական ալիք բարձրացնելու փոխարէն, խրախուսենք խումբը յաւելեալ ջանք թափելու՝ դէպի հայկական երգի ակունքներուն դառնալու:
1 comment
Հիանալի ձեւով շարադրուած ու համապատասխան տեղեկութիւններով հարստացած յօդուած է: Լիւսիին գրիչը անսպառ:
Անձնապէս կը կիսեմ այնտեղ նշուած միտքերը: Թէեւ անձամբ ջատագովն եմ մեր աւանդական ու հարուստ հայկական երգերուն, սակայն ներկայ պայմաններուն տակ եւ ներկայ պահանջներուն համաձայն քայլ պահելով, պէտք է նաեւ խրախուսենք նորաոճ ստեղծագործութիւնները, նամանաւանդ դրական լիցք ու աւիւն ներակողները:
Ժամանակն է փոխուելու: