Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 1 Սեպտեմբեր 2023
2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ չարաբաստիկ պատերազմէն ետք, որուն ընկերա-հոգեբանական հետեւանքները դեռ երկար ժամանակ պիտի զգանք, մանաւանդ հայրենաբնակ հայ ժողովուրդին մօտ յառաջացաւ վիճակ մը, որ սկիզբը շատ բնական ըլլալով, հետագային սակայն, ըստ ինծի, վերածուեցաւ «չարաշահուած» ախտանշանի մը: Հայը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ, երբ պատերազմ պարտուած է: Հայը ինչպէ՞ս կրնայ զուարճալի պահեր ապրիլ, երբ աւելի քան 4000 զոհ տուած է արցախեան վերջին պատերազմին:
Ճիշդ է, պատերազմը անբաղձալի իրադարձութիւն է, չարիք է, որովհետեւ ինչքան ալ լաւ սպառազինուած ըլլաս, ինչքան ալ մեծաթիւ զօրք ունենաս, ինչքան ալ դաւաճանական դէպքերը յաջողիս կանխել, արդիւնքը մէկ է՝ աւեր ու մահ: Ահաւասիկ Ուքրաինան, որ Արեւմուտքէն կը ստանայ միլիառաւոր տոլարի ռազմական օգնութիւն եւ «անխուսափելի յաղթանակ»ը հաւաստիացնող բարոյական աջակցութիւն, աւելի քան մէկուկէս տարիէ կը յաջողի դէմ դնել ռուսական գերտէրութեան, բայց երկիրը աւերակներու եւ գերեզմանոցի վերածուելու հաշուոյն: Նոյնը եւ Ռուսիան, ունի իր զոհերը, մայրաքաղաքի շէնքերուն վրայ յաճախակիօրէն խորտակուող ուքրաինական անօդաչու սարքերը, որ նոյնիսկ եթէ ֆիզիքական թեթեւակի վնաս պատճառեն, զգացական ու հոգեբանական ահաւոր լարուածութիւն կը յառաջացնեն բնակիչներուն մօտ:
Բայց այս բոլորը չի նշանակեր, որ պատերազմ տեսած, թէկուզ պարտուած ժողովուրդը դատապարտուած է ցկեանս սուգի ու տրտմութեան:
Ես ծնած ու ապրած եմ երկրի մը մէջ, ուր 15 տարի եղբայրասպան կռիւներ եղած են, իսրայէլեան պատերազմներ, ահաբեկուած են պետութեան երկու նախագահներ, մէկ վարչապետ, քաղաքական բազմաթիւ դէմքեր, անվտանգութեան մակարդակը զերօ է, մայրաքաղաքին սիրտը տրաքած է նաւահանգիստի պայթումով, եւ ուր տակաւին մինչեւ օրս կան պատերազմին աւերները կրող շէնքեր, բայց ժողովուրդը չէ մոռցած ինչպէս ուրախանալ: Շատեր կրնան այս մէկը վերագրել ժողովուրդին «ամօթ չունենալու» վատ յատկանիշին, բայց ես կ’ըսէի՝ մեռելներէն, աւերներուն տակէն յառնող, ոտքի կանգնելու համար, դարձեալ ուրախանալու համար ջանք չխնայող ժողովուրդի յատկանիշ է այդ: Եւ երբ անոր հարցնես, թէ ո՞վ է լիբանանցին կամ խնդրես իրմէ ներկայացնել իր ազգը, ան առաջինը կը յիշէ փիւնիկեցի արմատներ ունենալու հանգամանքը, Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած իր յաւերժական մայրիներու ծառը, իր համադամ ճաշերը, տեսարժան վայրերը, իր ժողովուրդին ջերմ, եռանդուն, հիւրասէր եւ կենսալի ըլլալը: Մէկ խօսքով՝ ինչ որ դրական է:
Միւս կողմէն կայ հայը, որ ամենաբարձր ատեաններէն մինչեւ ամենաաննշան վայրերու մէջ ինքն իր մասին խօսած ժամանակ ԱՌԱՋԻՆ անգամ պարտադիր պիտի յիշէ իր ցեղասպանուած ըլլալը, իր աւելի քան մէկուկէս միլիոն զոհերը, իր կորսնցուցած հայրենիքը, իր կոտորակուած ազգը, իր բռնագրաւուած պիպլիական Արարատը, արցախեան իր ՊԱՐՏՈՒԱԾ պատերազմը: Այո՛, պարտադիր կը յիշէ նաեւ առաջին քրիստոնեայ ազգն ըլլալու հանգամանքը, բայց մնացեալ բաժիններուն մէջ դժուար գտնես դրական յատկութիւն մը, որ յիշատակէ կամ լոյս սփռէ անոր վրայ:
Ճիշդ է, մեր ազգը շատ ցաւեր, շատ դաւեր, պատերազմներ, կորուստներ ու զոհեր ունեցած է, բայց այս կը նշանակէ որ պէտք է միշտ տխո՞ւր ըլլանք, վախնանք ուրախանալէ կամ մեզի վայել չհամարե՞նք երջանկութիւնը: Տակաւին ոչ-հեռու անցեալին էր՝ 2021 թուականին, երբ Հայաստանի մէջ բողոքի ու ընդվզումի ալիք բարձրացաւ, որովհետեւ Յունիս 1-ին՝ Մանուկներու համաշխարհային օրուան առիթով, երեխաներուն յատուկ յայտագիր նախատեսուած էր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: «4000-է աւելի զոհ տուած ենք, ինչպէ՞ս կարելի է զուարթ յայտագիր կազմակերպել»: Բայց երեխաներուն մեղքը ո՞րն է: Շռայլօրէն «անհոգ մանկութիւն» ցանկացողները չկրցան մարսել երեխաներուն զուարճանքի պահեր հրամցնող այդ ծրագիրը: Աւելի քան 600 տարի պետականութենէ զրկուած, անկախութեան տիրանալու համար դարերով ապստամբած, պայքարներ մղած, ամէն տեսակ զոհողութիւն կատարած ազգը նոյնիսկ ընդվզեցաւ իր պետականութեան դրսեւորումը հանդիսացող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 30-ամեակի տօնակատարութեան դէմ, քանի որ «4000-է աւելի զոհ տուած, պատերազմ պարտուած ենք»: Նոյն պատճառաբանութեամբ ալ շատեր հպարտութեան փոխարէն, «վիզը ծռած» կը նշէին Հայոց բանակի եւ Սարդարապատի ճակատամարտի տօները, թէ՝ պարտուած բանակ ունինք, պարտուած երկիր ենք: Այս ի՜նչ անհեթեթութիւն: Մեր այլ յաղթանակներով, սխրագործութիւններով, մեր վաստակածով, մեր ազգային արժէքներով ո՞վ պիտի ուրախանայ ու հպարտանայ, եթէ ոչ մենք: Ինչո՞ւ համար մերժել ամէն դրական եւ ցնծալի երեւոյթ, որովհետեւ «դամբանի մրուրով» գրուած էջե՞ր ալ ունինք:
Ահաւասիկ տխուր պատկերը մեր ազգին, որ հակուած է իր կեդրոնացումը աւելի յաճախ սեւեռելու իր կորսնցուցածին, իր այսօր չունեցածին քան ունեցածին վրայ: Ոչ, մենք չենք ուրանար կամ դրժեր մեր կորուստները, չենք մոռնար, իրաւատէր ու պահանջատէր ենք (ճիշդ թէ սխալ ձեւով՝ այդ ուրիշ թեմա է), բայց նաեւ պէտք չէ մոռնանք, որ մենք ուրախանալու ալ իրաւունք ունինք: Մենք կրնանք մէկ կողմէ նշել մեր տօները, մեր յաղթանակները, ձեռքբերումները, կրնանք ողջունել Հայաստանի մէջ կազմակերպուող որեւէ ուրախալի միջոցառում, բայց միաժամանակ յիշատակել մեր նահատակները, սգալ մեր մարտիրոսացած լոյս տղաներուն կորուստը, բնական կամ ճանապարհային աղէտներու մեր զոհերը: Մենք կրնանք մէկ կողմէ, օրինակի համար, Վարդավառի աւանդական տօնը նշել (որմէ դժգոհ էին շատեր վերջերս, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է ուրախանալ, երբ Արցախը շրջակափակուած է) եւ յաջորդ վայրկեանին իսկ շարունակել մեր չընդհատուող պայքարը՝ Արցախը ապաշրջափակելու ուղղութեամբ:
Մէկ խօսքով՝ տօնական մթնոլորտը եւ ուրախութիւնը չեն նշանակեր ուրանալ, դասալիք ըլլալ, խրամատը թողել, պայքարին վերջ տալ: Եթէ ուրախանանք, այդ չի նշանակեր որ մեր դատին կը դաւաճանենք: Եթէ կը խնդանք, այդպէս չէ որ տեղին արտասուիլ չենք գիտեր:
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, թեմայէն քիչ մը շեղելով, աւելցնեմ անձնական կարծիք մը. եթէ օտար արուեստագէտներ կը հրաւիրենք Հայաստան, այդ չի նշանակեր, թէ մեր մշակոյթը կ’անտեսենք: Եթէ նոյնիսկ համաշխարհային, «անորակ» երգիչի մը կամ երաժշտական խումբի մը համերգը կազմակերպենք Հայաստանի մէջ, այդ երբեք չի նշանակեր մեր ազգային ու բարձրորակ երգերն ու երաժշտութիւնը ոտնակոխ ընել: Համաշխարհային արուեստագէտները, թէեւ կոպիտ պիտի հնչէ, «չեն մեռած» Հայաստան գալու համար, բայց իրենց գալով Հայաստանը քիչ մը աւելի ճանաչելի պիտի դառնայ, քարտէզին վրայ քիչ մը աւելի փնտռուած պիտի ըլլայ օտարներուն համար, որովհետեւ պարբերաբար կազմակերպուող այդպիսի համերգները ոչ միայն եկամուտ պիտի ապահովեն Հայաստանին, այլեւ աշխարհագրականօրէն մօտ գտնուող երկիրներու քաղաքացիներ այդ առիթով կրնան այցելել Հայաստան, զբօսաշրջիկներու եւ Հայաստանը յայտնաբերողներու հոսք ապահովելով մեր երկրին: Եւ Ո՛Չ, մենք մեր ազգայինը, մեր աւանդականը վարկաբեկած պիտի չըլլանք: Վկայ ամէն շաբաթ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տասնեակ մշակութային միջոցառումները, որոնք գրեթէ միշտ ամբողջութեամբ լեցուն են գնահատել գիտցող հանդիսատեսներով:
***
Աշխարհահռչակ փիլիսոփայ գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան կ’ըսէ. «Ես կը փափաքիմ, որ կեանքս մնայ արցունք ու ժպիտ. արցունք, որ կը կիսեմ կոտրուած սրտերու հետ, եւ ժպիտ՝ որ կ’ըլլայ գոյութեամբս ուրախանալու վերնագիր»:
Արդարեւ, կեանքը ժպիտի ու արցունքի խառնուրդ է: Թող մեր ժպիտը գէթ ըլլայ հայուն հաւաքական գոյութեամբ ուրախանալու դրսեւորում: Տխրութիւնը կայ ու կայ, բայց ուրախանալու ալ արդար իրաւունքը ունինք:
1 comment
Յարգոյ Լիւսի:
Քիչ թէ շատ ես ալ նման անցեալէ մը կու գամ:
Ոչ մէկ խնդիր կայ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ նկատմամբ, երբ երկրի մը մէջ ամեն ինչ բնականոն է:
Խնդրին կիզակետը ‘ուրախացուցիչ’ ներկայացումները չեն, ոչ’ լեզուն ոչ’ ալ ոճը:
Խնդիրը կը կայանայ այդ գաղափարին ծնունդէն, ժամանակէն, պարունակութենէն:
Հաշտեցնելու խնդիր կայ երբ Հայաստան նաւը փոթոռկի մէջ ցուրտ հիւսիսային Ատլանտեանի վրայ կը նաւարկէ, իսկ Թիթանիքի գերագոյն հրամանատար նաւապետը կերուխումի մէջ կը տւայտի եւ նման օրակարգ կը հրամցնէ իր ճամբորդներուն:
Այս վարչապետին համար ուրախանալու ի խնդիր ամեն ինչ աճուրդի դրուած է: Եղեռնի Յուշակոթողի տնօրէնը Թանգարանին տրամաադրուած արխիւային նիւթերը օր ցերեկով կը հրկիզէ, տրամադրուած գումարները կը գործածէ Հայաստանի տարածքին Ազերի գերեզմաններու հետախուզութեամբ:
Մատենադարանի տնօրինութիւնը մեր ինքնութեան գերագոյն հաւագածոյին վրայ նստած Հոմերոսի Իլիականի թարգմանութեամբ կը զբաղի, որ դար ու կէս առաջ թարգմանուած է արդէն: Այս անցնող ամռան քանի մը տասնեակ ձեռնարկներ տեղի ունեցան մինջ այդ 1ՁՕ,ՕՕՕ Արցախցիներ սովամահութեան ենդարկուած են մինջեւ օրս:
Այս Վարչապետի գահը զբաղեցողէն առնուազն կը սպասուէր երեք տարի առաջ հինգ հազար թանկագին մատղաշ կեանքեր զոհելէն ետք պարկեշտութիւնը ունենար հրաժարելու:
Նոյն խնդրոյ կիզակետը պիտի մնայ եթէ նոյն նաւապետը մնայ այդ ազնւագոյն ղեկին:
Հայաստան, Սփիւռք, Արցախ, ամենքս ցաւօք այդ նոյն նաւուն մէջն ենք: