Կարգավիճակ՝ հայրենադարձ լիբանանահայ

Credit Splash 247.com

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան,15 Մարտ 2023

2013-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելութենէս ետք հայրենադարձութեան գաղափարը սկսած էր տեղ գտնել մտքիս մէջ: Մենք՝ սփիւռքահայերս Հայաստանը կը ճանչնայինք գիրքերով, պատկերներով, երգերով, անոր մասին երազելով: Կը խորհէի, թէ Հայաստանի հանդէպ հիացմունքս լոկ զգացական կապուածութիւն մըն էր կամ զբօսաշրջիկի ակնոցով դիտուած անցողիկ հրապոյր մը, որմէ շուտով պիտի սթափէի: Բայց շուտով մէջս ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի հանդէպ բիւրեղացած կեցուածք մը. սկսայ կտրուկ համոզուիլ, որ Հայաստանը հայուն համար զբօսավայր մը պէտք չէ ըլլայ, «պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»ը երգի տողեր պէտք չէ մնան, որ հայը այլեւս արդարացուցիչ պատճառ չունի օտար հողերու վրայ ապրելու: Այս մտածումներս հիմնաւորուած էին էական եւ գլխաւոր հարցով մը՝ հայապահպանութեամբ: Իր հողերէն տեղահանուած եւ սփիւռքներ կազմած հայը ունի Հայրենիքէն դուրս հայ մնալու եւ հայօրէն ապրելու հիմնախնդիր, որ իրեն կը պարտաւորեցնէ ունենալ հայկական դիմագիծ, պահել հայկական ինքնութիւնը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը, հայկական արժէքները:

Համոզուած էի, որ Սփիւռքը ձուլման ճահիճին մէջ կը խրի կամայ թէ ակամայ. այդ տեղի կ’ունենայ ինքնաբերաբար, երբեմն նոյնիսկ անզգալաբար: Լաւագոյն պարագային, այդ ընթացքը կարելի է միայն դանդաղեցնել հայկական օճախներու կենսունակութեամբ: Այն կարծիքին եմ, թէ որքան ալ ջերմեռանդօրէն կառչած մնանք մեր արմատներուն, որքան ալ հետամուտ ըլլանք լաւագոյնս պահպանելու մեր ինքնութիւնը, ինքնախաբէութեամբ չենք ուզեր ընդունիլ, որ սփիւռքները ժամանակաւոր են եւ ուշ թէ կանուխ պիտի լուծուին-վերանան, ինչքան ալ տոկալու եւ յարատեւելու մեծ ճիգեր թափենք: Հայկականութենէն ծուէն մը կը պակսի ամէն օր եւ միախառնուելու հոսանքին դէմ տոկալը սկսած է գրեթէ անհնար դառնալ: Ձուլումը անխուսափելի դարձած է, գունաթափելով սփիւռքահայուն ինքնութիւնը: Հայկական գաղութները, ուզենք կամ ոչ, մեծ մասամբ կ’իւրացնեն տեղական մշակոյթները եւ տեղացիներուն լաւ ու վատ բարքերը:

Գիտակցելով այս իրականութեան, ես աներկբայօրէն հաւատացի, որ հայօրէն գոյատեւելու ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի միջոցը ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ է, որ հայուն ամենահայկական բոյնը ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ է:

***

Այս համոզումներս ամէն առիթի հոլովելով, բայց յաջորդող տարիներուն անկարող ըլլալով այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու, սկսած էի հասցէիս լսել անուղղակի քննադատութիւններ՝ հայրենասիրութիւնը հեռուէն սիրելով չէ՛, հայրենադարձութիւնը միայն խօսելով չէ՛… Բայց պահը պէտք է հասուննար: Այդ տեղի ունեցաւ լիբանանցին պատուհասած՝ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 Օգոստոս 2020-ի մահաբեր աղէտի վաղորդայնին: Գուցէ պահի ազդեցութեան տակ, գուցէ սպասուած ազդանշանը ստացած համարելով, գուցէ տեղափոխման քայլը այդ պայթումի կրակներէն հասուննալով, հայրենադարձութեան որոշումը ընտանեօք վճռեցինք եւ զայն գործադրեցինք ամիս մը ետք՝ 5 Սեպտեմբեր 2020-ին:

Չեմ կրնար հաստատել, որ մեր հայրենիքին մէջ կեանքի պայմանները այդքան դիւրին են: Գուցէ հակառակն է ճիշդը. հոն ապրիլը կը պահանջէ զոհողութիւն, անզիջող հաստատակամութիւն, վճռականութիւն եւ խոր համոզում: Հայաստանի մէջ ապրելու համար պէտք է ունենալ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ եւ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ հայրենասիրութիւն. կան կենցաղային կարիքները ապահովելու եւ ապրուստի դժուարութիւններ, կան անվտանգութեան գրեթէ մշտական սպառնալիքներ, կան զարգացող երկիրներուն բնորոշ բարդութիւններ… Միւս կողմէ, երկար դարեր պետականազրկութենէ տառապած մեր ազգի հայրենական իշխանութիւնները անկախութենէն ետք ալ գործուն դեր չունեցան աշխարհասփիւռ հայերը ներգրաւելու, զանոնք հայրնադարձութեան մղող պայմաններ ստեղծելու եւ քաջալերելու մէջ: Ցաւօք սրտի, հայրենաբնակ հայութեան մէկ մասն ալ չէ հաւատացած իր երկրի ապագային, փայփայած է Հայաստանէն որեւէ ճանապարհով դուրս գալու երազանքը ու անընդհատ մշակած է օտար վայրերու մէջ դրախտ գտնելու պատրանքը: Այսպիսի մտայնութիւն ունեցող հայն է, որ զիս՝ իր հայրենադարձ ազգակիցը տեսնելով պիտի զարմանար եւ առանց տատամսելու պիտի հարցնէր՝ «ի՞նչ կայ Հայաստանում որ էստեղ ես եկել» կամ «չե՞ս ցանկանում Լիբանան վերադառնալ» աւանդական հարցումները:

***

Հիմա արդէն երկուքուկէս տարի է կ’ապրիմ ու կ’արարեմ Հայրենիքի երկինքին տակ: Անվարան կրնամ ըսել, որ ոչ իսկ մէկ օր զղջացած եմ մեր ընտանիքի կայացուցած որոշումին համար, հակառակ անոր որ առաջին իսկ ամիսներէն բախեցայ Արցախեան պատերազմի 44-օրեայ փուլի պարտութեան դառնութեան, յետպատերազմեան չհանդարտող ցաւերուն ու ներքին ցնցումներուն, ինչպէս նաեւ հայրենական պետութեան անվտանգային խնդիրներուն ու գոյութենական սպառնալիքներուն:

Այսուհանդերձ, չեմ կրնար հաստ գիծերով չընդգծել, որ ինծի համար էականը Հայաստանն է ու հայաստանաբնակ դառնալս, ինծի համար Հայաստանի պետականութիւնը անսակարկելի է ու անվիճելի: Ինչ որ ալ ըլլան պարագաները, հայոց հայրենիքը պէտք ՉԷ շփոթել իշխանութիւններու հետ, որովհետեւ հայրենիքը մնայուն է, մինչ իշխանութիւնները փոփոխական են, իշխանաւորներն ալ՝ գնայուն: Ովքեր ալ ըլլան իշխանութեան ղեկին, ի՜նչ փոյթ, Հայաստանի հանդէպ մեր կեցուածքը պէտք է ըլլայ անփոփոխ ու որեւէ պայմանական շահախնդրութեան կամ հատուածական շահարկումներու ոչ-ենթակայ:

Ես հայրենասիրութիւնը դարձուցի հայրենադարձութեան խթան: Այսօր ես կ’ապրիմ իմ երկար տարիներու երազանքիս գործադրման քաղցրութիւնը: Կը վստահեցնեմ որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անբացատրելի են այն ներքին խաղաղութիւնն ու հոգեկան հրճուանքը որ կը զգամ, որովհետեւ ես հիմա բանիւ եւ գործով մէկ բջիջն եմ այն հայրենիքին, որ ի՛մս է, որ մեր ազգին յարատեւութեան երաշխիքն է: Որովհետեւ ես այսօր «ի՞նչ կայ Հայաստանում որ էստեղ ես եկել» անհեթեթ հարցումին կը պատասխանեմ հայրենի բանաստեղծ Գուրգէն Շահնազի բառերով, հպա՛րտօրէն, Հայաստանին ակնարկելով. «Ես ուրիշ հասցէ, ես ուրիշ ազգանուն… չունե՜մ»:

Խմբագրութեան կողմէ. Հայութեան տարբեր հատուածներ արդէն գրեթէ երկուքուկէս տարի է կը վիճին, թէ պատերազմի 44-օրեայ փուլին մեր ազգը չո՞րս, հի՞նգ հազար թէ՞ աւելի նահատակ տուաւ վասն Հայրենեաց: Սակայն ՈՉ ՈՔ, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, չի բարձրաձայներ այն տարրական ճշմարտութիւնը, որ հայութիւնը արտասահմանի մէջ ԱՄԷՆ ԱՄԻՍ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ իր թիւէն 4-6 հազար հոգի, որոնք զոհ կ’երթան ուծացման եւ ձուլման համայնակուլ կաթսային: Կապիկի հռչակաւոր երեք դիրքերու վարքագիծը միայն կը նպաստէ ազգային արիւնահեղութեան շարունակման:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like