Լիւսի Տէօքմէճեան, 31 Մայիս 2023
Շատեր յաճախ կը դժգոհին, թէ մարդոց մօտ բարիք ընելու կամքը վերացած է, թէ մարդոց սիրտը քարացած է, շահախնդիր դարձած են ու ոչ մէկ լաւութիւն կ’ընեն առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Շատեր կը մտածեն, որ «բարիք ըրէ, ջուրը նետէ» սկզբունքին ժամկէտը սպառած է եւ այդ անկիրառելի դարձած է մարտահրաւէրներով լեցուն այս ժամանակաշրջանին, երբ «ուշիմ» եւ «յաջողակ» կը համարուի այն անհատը, որ գիտէ լաւագոյնս օգտուիլ ոչ միայն ժամանակէն ու հնարաւորութիւններէն, այլեւ՝ ընդհանրապէս մարդոցմէ: Եւ նոյնիսկ երբ լսեն, որ մէկը կ’առաջարկէ լաւութիւն ընել կամ արդէն իսկ ըրած է, կասկածամտութեամբ կը վերաբերին եւ կը փորձեն բացայայտել անոր ետեւ «թաքնուած» շահը:
Այս դիտարկումը առհասարակ տհաճ է, որովհետեւ, հակառակ կեանքին մէջ ամէն բան դժուարացած ու շահադիտական դարձած ըլլալուն, ազնուութիւնը, գթասրտութիւնն ու մարդկայնութիւնը տակաւին ողջ են, չեն մեռած: Այս մտածումներուն տեղիք տուողը եղաւ այն խօսքը, որ արտայայտեց հայաստանեան զբօսաշրջական գործակալութեան՝ մեր խմբակը Կեչառիս եւ Հաղարծին առաջնորդող աշխատակիցը: Ճանապարհին, մեզի ծանօթանալէ ետք, խօսակցութեան մէջ ըսաւ. «Դուք, սփիւռքահայերդ, ինչի՞ էք կարծում, որ մենք անընդհատ ձեզ շահագործել ենք ուզում: Ինչի՞ համար է ձեզ թւում, թէ մենք ամէն ինչում շահ ենք ակնկալում ձեզանից»:
Թէեւ որպէս սփիւռքահայ պիտի ուզէի պաշտպանել ամբաստանեալներս՝ հաւաստիացնելով, որ ոչ-բոլորը այդ ձեւով կը մտածեն, բայց միեւնոյն ժամանակ կ’ուզէի պաշտպանել նաեւ «օգտուիլիզմ»ով ամբաստանուած հայրենակիցներս: Այդ անհաճոյ եւ առաւել եւս վիրաւորական արտայայտութիւնը ինծի յիշեցուց քանի մը դէպքեր, որոնք հետս պատահած են եւ որոնք կը վկայեն, թէ շահագործողի ածականը կարելի չէ ընդհանրացնել, աջ ու ձախ անտեղի կպցնել: Այո՛, ամէն տեղ, ամէն ազգի մէջ մարդոց գէշն ալ կայ, չարամիտն ու շահագործողն ալ կայ, բայց նաեւ կան իսկապէս բարիք ընել սիրող, անշահախնդրօրէն լաւութիւն ընող մարդիկ, որոնք մարդկայնութիւնը կը գերադասեն:
***
2013 թուականին Հայաստան այցելութեանս ընթացքին կ’ուզէի ստանձնել նաեւ հայկական անցագիրը: Այդ ժամանակ, Լիբանանի, հաւանաբար նաեւ սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ, պատրաստ անցագրերու թիւերը կը ծանուցուէին մամուլով: Օրին իմ թիւիս չէի հանդիպած թերթին մէջ, հետեւաբար Երեւանի մէջ Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն (ծանօթ է ռուսերէն անուան յապաւումով՝ ՕՎԻՐ) դիմեցի, նախ ստուգելու, այնուհետեւ՝ ստանձնելու դիտաւորութեամբ: Այցելութիւնս Ուրբաթ օր ըլլալով, պաշտօնեան ըսաւ, որ Երկուշաբթի հանդիպիմ՝ իմանալու եթէ անցագիրս պատրաստ է:
Երկուշաբթի առաւօտ կանուխ յայտնուեցայ անոր գրասենեակին մուտքին, եւ այդ օրուան համար ծրագրուած մեր խմբային շրջապտոյտի ժամադրութենէն չուշանալու նպատակով, լիբանանեան մեր վատ սովորութեան «ճարպիկութեամբ» շրջանցեցի կարգապահօրէն հերթի կանգնածները, առանց դիմադրութեան ու բողոքի հանդիպելու: Խնդրոյ առարկայ հարցով զբաղող պաշտօնեայէն իմացայ, որ անցագիրս պատրաստ է, բայց ստանձնելու համար պէտք է մօտենամ Ուրբաթ: Եւ որովհետեւ Ուրբաթը շաբթուան վերջին աշխատանքային օրն է եւ ես Կիրակի Պէյրութ պիտի վերադառնայի, երաշխաւորելու համար ձեռնունայն չմնալս, յիշեցի այն յորդորը՝ թէ գործս արագացնելու համար պէտք է հարցնել «էքսփրես» ձեւին դիմելու մասին, որ յաւելեալ գումարի դիմաց կը լուծէ ժամանակի սղութեան հարցը:
– Ուրբաթ վերջին օրս է (ստեցի), ճամբորդ եմ, կա՞յ ձեւ մը, որով կրնամ աւելի շուտ ստանձնել:
– Ուրբաթ ե՞րբ է ձեր թռիչքը, առաւօտո՞ւն:
– Չէ, կէսօրէ ետք:
– Լաւ, ուրեմն, Ուրբաթ առաւօտ եկէք ու վերցրէք, ինչի՞ յաւելեալ գումար վճարէք:
***
Հայաստան այցելութիւններէս մէկուն աւարտին դուրս կու գայինք մեր իջեւանած հիւրանոցէն եւ մուտքին սպասարկող պաշտօնեան մեզի կ’օգնէր՝ մեր ճամպրուկները տեղադրելու թաքսիի բեռնախցիկին մէջ: Անզգոյշ շարժումով մը անոր ժամացոյցը անցաւ ճամպրուկի բռնակին ու փրթելով՝ ինկաւ գետին: Մենք, վատ զգալով ու փորձելով փոխհատուցել թէ՛ իր քանդուած ժամացոյցին, թէ՛ իր մատուցած ծառայութեան համար, կամացուկ մը փոքր գումար մը փորձեցինք տեղաւորել անոր ափին մէջ: Անսպասելի հակադարձութեամբ մը, երիտասարդը մերժեց առաջարկուած գումարը: «Չէ, անկարելի է, սա մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ ու զարմացուց մեզ, մինչ ընդունուած եւ սովորական երեւոյթ է տեսնել հիւրանոցներու մուտքին սպասարկող պաշտօնեաներ, որոնք կ’աշխատին իրենց ուշադիր հայեացքը պահելով հրաժեշտ տուող հիւրի ձեռքերուն ու գրպանին ուղղութեամբ:
Քիչ անց, վերոնշեալ թաքսիով արդէն կ’ուղղուէինք դէպի «Զուարթնոց» օդակայան: Հաճելի երգ մը կը հնչէր ինքնաշարժին մէջ: Վարորդէն հետաքրքրուեցայ երգին ու երգողին մասին: Չէր գիտեր: Հազիւ հասանք օդակայան, վարորդը օգնեց մեր ճամպրուկները իջեցնելու եւ, յանկարծ, «մի րոպէ, էս տարէք ձեզ հետ», ըսաւ ու ինծի նուիրեց հաճելի երգը պարունակող ձայնասկաւառակը:
***
Տարիներ ետք, օր մը, վաճառատունէն դուրս ելած, ձեռքս ծանր տոպրակները շալկած՝ տուն կը վերադառնայի քալելով: Ճանապարհին երկու անծանօթ փոքր տղաք, առաւելագոյնը 7-8 տարեկան, ֆութպոլ կը խաղային: Տեսնելով ծանր բեռս, տղաներէն մէկը ֆութպոլի խաղէն ինքնակամ հրաժարելով ու իր ստացած դաստիարակութիւնը դրսեւորելով ազնուօրէն առաջարկեց՝ օգնե՞մ:
***
Դեռ շատ ու շատ նմանատիպ դէպքերու հանդիպած եմ: Բայց ահաւասիկ անոնցմէ երեք հատը, որոնք կը փաստեն, թէ ուրիշին օգնելու պատրաստակամութեան կարելի է հանդիպիլ տարբեր տարիքի, տարբեր ժամանակներու, տարբեր դասակարգերու եւ դիրքերու վրայ գտնուող մարդոցմէ: Կ’ըսեն, որ լաւին դիմաց լաւը կը յայտնուի: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ձեւակերպենք, բայց այս արդէն ինքնին վկայութիւն է, որ լաւը կայ: Այո՛, լաւը կա՛յ ու միշտ ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կա՛ն ու միշտ ալ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ազնիւ են, գթասիրտ են, մարդու նկատմամբ մա՛րդ են: