Վարդանանց նահատակաց անժամանցելի պատգամը

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 20 Փետրուար 2023

Սփիւռքի մէջ ապրող հայերը, որոնց շարքին նաեւ ես որպէս լիբանանահայ, մինչեւ երկուքուկէս տարի առաջ՝ երբ 2020-ի Սեպտեմբերին ընտանեօք հայրենադարձ եղանք, ամէն տարի մեծ շուքով կը նշեն Վարդանանց ճակատամարտի հերոսական տօնը: Ճիշդ է, որ Լիբանանի մէջ պետական ու պաշտօնական տօն մը չէ այդ, բայց մենք համայնքային առումով ազատութիւնը ունեցած ենք տօնի վերածելու զայն ու մեր բոլոր կառոյցներով՝ եկեղեցի, դպրոց, առեւտրական եւ ոչ-առեւտրական հաստատութիւններ, ոչ-աշխատանքային օր դարձուցած ենք զայն՝ ի յիշատակումն Վարդանանց ճակատամարտին:

Պատմութեան մէջ 26 Մայիս 451 թուականին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտը Բուն Բարեկենդանին նախորդող Հինգշաբթին նշելու խորհրդանշական թուական մը ճշդուած է՝ փառաբանելու սխրագործութիւնը Վարդանանց զօրավարաց, որ իրենց իմացեալ մահով 1572 տարի ետք իսկ բովանդակալից պատգամներ կը փոխանցեն մեզի: Բայց հիմա որ արդէն Երեւանի մէջ կը բնակիմ, երբ սփիւռքեան օրացոյցով Վարդանանց տօնին օրը հարց տուի գործընկերուհիիս՝ դուք Վարդանանց տօնը գիտէ՞ք, ըսաւ՝ ի հարկէ, հարցուցի՝ ե՞րբ է, ըսաւ՝ Մայիսին, հարցուցի՝ իսկ կը նշէ՞ք, ըսաւ՝ չէ, դո՞ւք, ըսի՝ այո՛ այսօր, կատակելով ըսաւ՝ իսկ Վարդանը տեղեա՞կ է:

Իսկ երբ այլ հայաստանցի բարեկամուհիի մը հարց տուի, թէ իրենց համար ի՞նչ պատգամ կը փոխանցէ Վարդանանց տօնը, ան ըսաւ. «Ես իմ երեխաներին անընդհատ յիշեցնում եմ մահ իմացեալը… նաեւ Հայրենիքի պաշտպանութեան երդումը՝ պահպանել հայրենիքս մինչեւ արեանս վերջին կաթիլը»:

Ես ինծի հարց տուի. ուրեմն ինչո՞ւ հայաստանաբնակ հայերը ամբաստանուած են Վարդանանց տօնը չյիշատակելով զայն «անարգելու» մէջ: Պատասխանը գտնելու չուշացայ. Հայաստանի մէջ ապրող հայը ինչպէ՞ս նշէր մեր պատմութեան մէջ եղող բազմաթիւ ճակատամարտերէն՝ պատերազմական գետնի վրայ պարտուածը:

– Նշէր անոր խորհրդանշակա՞ն իմաստին համար: Բարոյակա՞ն յաղթանակին համար: Մեր լեզուն եւ հաւատքը պահելո՞ւն համար, որոնք որպէս Վարդանանց պատգամ Սփիւռքի մէջ սերունդէ սերունդ փոխանցուած են մեզի: Իսկ ո՞վ ըսաւ որ լեզուն եւ հաւատքը չեն պահպանուած Հայրենիքի մէջ: Կամ այլ ձեւով հարցնենք՝ ո՞վ ըսաւ որ Հայաստանի մէջ աւելի խաթարուած են անոնք: Ճիշդ է, Հայրենիքի մէջ ապրող հայը բացառուած չէ, բայց հեռու է ձուլումի սպառնալիքէն, հեռու է հայոց լեզուէն եւ հաւատքէն զիջելու վտանգէն: Բոլորէն աւելի Սփիւռքի մէջ ապրող հայն է, որ պէտք է անխաթար պահէ իր մայրենին եւ հաւատքը, օտար լեզուներու, օտարամուտ բարքերու եւ օտար հաւատքներու եւ աղանդներու ազդեցութեան լոյսին տակ: Թէեւ շատ անգամներ կը դրժենք եւ չենք ուզեր բարձրաձայն ընդունիլ, բայց սփիւռքները ժամանակաւոր են եւ ուշ թէ կանուխ բոլորն ալ կ’ենթարկուին ձուլման, ինչքան ալ տոկալու եւ յարատեւելու մեծ ճիգ թափենք:

– Նշէր որպէս ազգայի՞ն տօն: Ուրեմն որպէս ի՞նչ Երեւանի եւ Կիւմրիի սրտին կանգնեցուած են Վարդան Մամիկոնեանի արձանները, այլ ազգային հերոսներու արձաններուն նման: Ազգայինը սոսկ խօսք չէ, սոսկ աւանդութիւն դարձած տօն չէ: Ազգայինը դաստիարակութիւն է: Սփիւռքի մէջ ամէն ջանք կը թափուի այդ դաստիարակութիւնը ջամբելու համար: Բայց հայաստանաբնակ հայն ալ այդ գիտակցութեամբ դաստիարակուած է: Ան լաւ գիտէ իր ազգին պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն մասին: Ասոր յաւելեալ ապացոյց են Հայաստանի փողոցներուն ու շէնքերու պատերուն ցուցատախտակները, որոնք կը կրեն հայ ականաւոր հոգեւոր, ազգային, գրական ու մշակութային անձնաւորութիւններու, զինուորականներու, եկեղեցիներու եւ վանական համալիրներու մասին ամփոփ, երբեմն երկլեզու տեղեկութիւններ: Ասոնք կու գան ո՛չ միայն օտարին ծանօթացնելու մեր մեծութիւնները եւ պատմական հարստութիւնները, այլ նաեւ հայուն կու տայ զանոնք իր յիշողութեան մէջ միշտ վառ պահելու հրամայականը:

– Նշէր «վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ» մղուած ճակատամարտի՞ն համար: Հայրենաբնակ հայէն աւելի ո՞վ մղած է ու տակաւին մինչեւ այսօր կը մղէ այդ բնոյթի ճակատամարտեր ընդդէմ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներու: Վկայ արցախեան պատերազմները, երբ ժողովուրդը ամէն բան թողած սահման կը մեկնէր գուցէ չվերադառնալու հաւանականութեամբ: Բայց ան կ’երթայ քանի որ պէտք է երթայ, կ’երթայ քանի որ Հայրենիքը զինք կը կանչէ, քանի որ առաջնահերթութիւնը Հայրենիքին անվտանգութիւնն է, քանի որ ինք իր «տուն»ը պէտք է պաշտպանէ, կ’երթայ որովհետեւ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է: Ի վերջոյ, կ’երթայ որովհետեւ հայրենասիրութիւնը հայրենատիրութիւն կը թելադրէ եւ հայրենատիրութեամբ կը դրսեւորուի, կ’երթայ որովհետեւ Հայրենիքը պաշտպանելն ու անոր տէր կանգնիլը պէտք չէ ակնկալել օտարէն, որ, լաւագոյն պարագային, միայն իր շահերուն ամենամօտ լուծումին կողմնակիցը պիտի ըլլայ:

Փաստօրէն, հայաստանաբնակ հայը, թէեւ ոչ-իտէալական ձեւով եւ որոշ թերացումներով, բայց հայերէն մտածելով, խօսելով, կարդալով ու գրելով, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը դաւանելով, հայ մշակութային արժէքները պահպանելով ու Հայրենիքի անվտանգութեան համար արիւն թափելով, ինքնաբերաբար Վարդանանց պատգամներն է որ ի գործ կը դնէ:  Եւ ճիշդ է, որ սփիւռքահայերս կը պարծենանք այդ պատգամներով ու հարիւրամեակներ ետք զանոնք յիշելով, բայց զանոնք դրսեւորելն ու գործնականացնելն է էականը:

Ո՞վ տէր կը կանգնի Հայրենիքին այսօր: Հայրենիքէն հեռու նստա՞ծ հայը: Հայրենիքէն հեռու իր հիմքերը ամրացուցա՞ծ կամ ամրացնելու ձգտո՞ղ հայը, որ «Հայաստանի մէջ ապագայ չկայ» կ’ըսէ: Հայրենիքէն հեռու բարեկեցիկ ու հանգիստ կեանք փնտռո՞ղ հայը, որ լաւագոյն պարագային կ’ըսէ «ապագային երբ աշխատանքէս հանգստեան կոչուիմ, այն ժամանակ կու գամ իմ կուտակած գումարներովս հանգիստ կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ», կամ որ իւրաքանչիւր առիթի կը քննադատէ իր հայրենիքը եւ իւրաքանչիւր ճգնաժամի առատ-առատ «խելք ու դաս» կու տայ: Մի՞թէ գաղտնիք է, որ Հայաստանը հիմա՛, ներկայի՛ս պէտք ունի Սփիւռքի ներուժին, երիտասարդներու ուժեղ բազուկին ու ստեղծագործ մտքին:

«Հայաստանը ազատող քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»-ը քլիշէ չի կրնար ըլլալ: Խօսքը անիմաստ է առանց գործի: Իւրաքանչիւրս կրնանք «Հայաստանը ազատել» մեր կարողութեան ձեւով, ոչ միայն սահման երթալ կռուելով: Մարտահրաւէրները շատ են, եւ մեր հայրենիքը միայն ռազմական պայքար չի մղեր: Չկա՞ն սփիւռքահայեր, որոնք իրենց տաղանդով, գիտութեամբ ու կարողութեամբ կրնան «Հայաստանը ազատել» ու դարձնել «ուժեղ, բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, որտեղից մարդ չուզենայ հեռանալ», ինչպէս կ’ըսէ Պերճ Զէյթունցեան: Հայուն տաղանդը, փորձառութիւնը, կարողութիւնը միշտ օտա՞րը պիտի վայելէ: Եւ յետոյ անամօթաբար ըսենք, որ «Հայաստանը զարգացած երկիր չէ»: Լաւ, եկէ՛ք զարգացնենք այս երկիրը… ՄԵ՛Ր ԵՐԿԻՐԸ: Հայրենադարձ բարեկամուհիս ինչ գեղեցիկ եւ իմաստուն արտայայտուեցաւ՝ ըսելով. «Իմ զաւակներս թող ուսանին, որպէսզի ապագային իրենց մասնագիտութեամբ աւելի՛ լաւ ծառայեն Հայաստանին»:

Հայաստանին ծառայելը միայն խօսքով չէ: Միայն բռունցքները վեր առած յեղափոխաշունչ երգեր երգելով չէ (շատ անգամ անսթափ վիճակի մէջ): Միայն «պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» ըսելով ու լաւագոյն պարագային արձակուրդի համար Հայաստան երթալով չէ: Միայն թուրքին հասցէին թշնամական ու անբարոյ խօսքեր արձակելով չէ: Միայն Վարդանանց տօն եւ Ապրիլ 24 նշելով չէ (թուականներ, որոնցմէ դուրս ինչ փոյթ որ անմիաբան եւ անմիասնական ենք):

Այո՛, Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, բոլորիս գերագոյն նպատակը պէտք է դարձնենք ամէն գնով հայ մնալը, Հայրենիքին ծառայելը, բայց եւ հաւատալը, որ մե՛նք ենք մեր հայրենիքին ու անոր ճակատագիրին տէրը եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆն է հայ ազգին միա՛կ տունը: Հայաստանը՝ մեր օրինական ապաստանը եւ մեր յարատեւութեան երաշխիքը:

1 comment
  1. Լիբանահայ Լիւսի Տէօքմէճեանին այs գրութիւնը իւրաքանչիւր սփուռքահայ պէտք է կարդայ։
    Պիտի տեղադրեմ Ֆէյսպուքի էջիս վրայ եւ թելադրեմ որ էջս յաճախողները կարդան։
    Վահէ

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like