Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 30 յուլիս 2023
2019 թուականի Օգոստոսն էր: 2017-էն ի վեր սովորութիւն դարձուցած էի տարեկան արձակուրդս անցընել Հայրենիքի մէջ: Իսկ հայրենիք այցելութիւնը կ’ընդգրկէ զայն աւելիով ճանչնալու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ: Տարիներով օտար ափերու վրայ ապրած սփիւռքահայը շա՜տ յայտնաբերումներ ունի կատարելիք Հայաստանի մէջ:
Այդ տարի քաջութիւնը ունեցայ որոշում կայացնելու՝ բացայայտելու դեռ շատերուս համար անծանօթ՝ պատմական Հայաստանի արեւմտեան հատուածը: «Քաջութիւն» կ’ըսեմ, որովհետեւ, թէեւ ծայրայեղական թուի ըսածս, չէի երեւակայած օր մը Թուրքիա ճամբորդել: Եւ այնքան ատեն որ այդ հողերը կը գտնուին այժմու Թուրքիոյ տարածքին, ուրեմն հեռու էին ինծի համար:
Մինչեւ այդ թուականը միայն մտածած էինք Կարսի, Մուշի, Տիգրանակերտի, Սասունի, Վանի եւ Անիի մասին: Հայոց պատմութեան դասերուն ընթացքին մեր լսածներով կը ճանչնայինք այդ շրջանները, անոնց վերատիրանալու մեզի աւանդուած պահանջատիրութեամբ երազային պատկեր մը ստեղծած էինք մեր մտքին եւ պատկերացումին մէջ: Եւ ահա, 2019-ի Օգոստոսին, առիթը պիտի ունենայի սեփական աչքերով տեսնելու այդ շրջանները:
9 Օգոստոս 2019-ի առաւօտուն մեր 17 հոգինոց խումբը հնգօրեայ շրջագայութիւն կը սկսէր Երեւանէն, անցնելով վրացական սահմանէն, Ջաւախքով կը հասնէր թրքական սահման ու կը մտնէր Թուրքիա: Խումբը բաղկացած էր 9 լիբանանահայէ, 6 հայաստանցիէ, 1 նորվեկիացիէ (որ հայաստանցի աղջկայ մը բարեկամն էր) եւ 1 հայրենադարձ սուրիահայէ:
Եղիշէ Չերենցի ենթադրեալ տան մօտ
Առաջին կանգառը Կարսն էր. մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէի տեսնել Եղիշէ Չարենցի տունը: Կ’անցնէինք փլատակ քարերու կողքով, երբ զբօսավարը ըսաւ, թէ այդ էր Չարենցի «ենթադրեալ» տունը: Առաջին վրդովմունքը սկսաւ այդ տեղէն. քարերու կոյտ մը դարձած էր այն շինութիւնը, որ ենթադրաբար Կարմիր պոէտին տունն էր, որուն մասին ան գրած էր.
«Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս՝ շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով»:
Հասանք Կարսի Սրբոց Առաքելոց եկեղեցի. կարելի չէր առանց արցունքի մտնել այդ գեղակերտ հոգեւոր ամրոցը, որ խաչազրկուած էր եւ մզկիթի վերածուած… դառնալով յուզում եւ զայրոյթ առթող պաշտամունքի վայր մը:
Ս. Առաքելոց վանքը
10 Օգոստոսին կը գտնուէինք Մուշ, ուր Ս. Մարինէ եկեղեցւոյ աւերակներն էին եւ Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը՝ բլուրի մը վրայ: Վերջինս ի հարկէ այնքան անշուք էր, որ պահ մը կը մտածես, թէ ճիշդ ո՞ր բլուրին պէտք է նայիլ ճշդելու համար տեղը:
Սուլուխի կամուրջին մօտ հետաքրքրական երեւոյթ մը կար. կը լսուէր ճաշարանէ մը հնչող՝ «Սարերի հովին մեռնեմ» երգը, որ, ըստ զբօսավարին, միշտ կը հնչէ այդ վայրին մէջ: Իսկ Եփրատը լուռ կը սգար այն իրողութիւնը, որ դար մը առաջ հայու արիւնով կարմրած, հայու շիրիմ դարձած սրբազան գետն է:
Այստեղ կ’ուզեմ մէջբերել երկու դրուագ: Առաջինը դրօշակ բարձրացնելու մոլուցքին առնչուած է: Զբօսավարը խնդրեց մեզմէ զգացումներու տրուելով չբարձրացնել հայկական դրօշը, որովհետեւ ինք տակաւին 10 օր առաջ նոյն «յանցանք»ով հասած էր ոստիկանութիւն եւ իր «գլուխը ցաւցուցած էին»: Բայց մեր լիբանանահայ զբօսաշրջիկներէն մին պնդեց գետի ափին բարձրացնել հայկական եռագոյնը, եւ չբաւականանալով, Նեմրութի բարձունքին՝ չաստուածներուն մօտ, բարձրացուց հայկական կուսակցական դրօշ մը: Տակաւին չենք կրցած հասկնալ, որ մեր գրաւեալ հողերը մեզի պիտի չըլլան լոկ այդ տեղերը դրօշ բարձրացնելով կամ հակառակը՝ թրքական դրօշը հրկիզելով:
Գէորգ Չաւուշի գերեզմանավայրը
Երկրորդ դրուագը Նեմրութի բարձունքին սկիզբը գտնուող ճաշարանին գործավար պաշտօնեան էր: «Հա՞յ էք» հարցնելով մօտեցաւ մեզի՝ հայրս նմանեցնելով, իր խօսքերով, «հին ժամանակուայ ղազանճիներուն»: Բացառիկ զուգադիպութեամբ, մեծ հայրս՝ Մանուկը, որուն շատ նման էր լուսահոգի հայրս, արհեստով եղած է «ղազանճի»: Մարդը խոստովանեցաւ, որ իր արմատները հայկական են, ինք՝ թրքախօս: Այս մարդը, կորսնցուցած գանձ մը գտած ըլլալով, մեզի հետ մնաց ու զրուցեց բաւական երկար ժամանակ:
Վրդովեցուցիչ վայրերէն մէկն էր նաեւ Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ վանքէն մնացած պատառիկը, որուն խաչքարերով կառուցուած են կողքի տուներուն պատերը: Այդ խաչքարերուն արժեզրկումը, գուցէ պղծումը, երկար ժամանակ չհանդարտող զայրոյթի ալիք մը յառաջացուց մօտս: Հոն թափառող գիւղացի երեխաները յարձակողական մօտեցում կը դրսեւորեն, որովհետեւ նախապէս այցելած շատ հայեր իրենց յայտնած են այդ հողերը «մերը» ըլլալուն եւ «իրենցմէ ետ առնելու» մտադրութեան մասին, ինչ որ զիրենք դրած է «իրենց տուները վտանգուած» զգալու իրավիճակի մէջ:
Աւերակ են նաեւ Տիգրանակերտի բերդապարիսպներն ու Ս. Սարգիս եկեղեցին:
Կ’ըսէի քաղաքակրթութենէ չհասկցող, գիտակցութիւն եւ ճաշակ չունեցող կամ մշակութային ժառանգութիւնները դիտումնաւոր աւերող մարդոց գործն է Բաղէշի (Պիթլիս) Ս. Անանիա եկեղեցւոյ հսկայ խաչքարերը դարձնել գիւղի բնակիչներուն տան բակի «զարդարանքը»: Բայց բերանս փակեցի տեսնելով Վանի Վարագավանքի պահակը՝ քիւրտ Ահմատը, որ վանքի բանալին ունենալով՝ լաւ տէրութիւն կ’ընէ վանքին, սակայն միեւնոյն ժամանակ հոն կը ցուցադրէ իր կնոջ ձեռագործները՝ ակնկալելով զանոնք վաճառել այցելուներուն:
Աննկարագրելի գեղեցիկ է կապուտակ Սեւանին քոյրը՝ Վանայ լիճը, Աղթամար կղզին եւ հրաշակերտ Ս. Խաչ եկեղեցին: Իսկական երազային պատկեր էր: Մեր այցելութիւնը կը զուգադիպէր իսլամական «Ղուրպան պայրամ»ին, հետեւաբար տեղացիներ ալ ներկայ էին այդտեղ, որոնցմէ խումբ մը կը բողոքէր կղզի մուտքը վճարովի ըլլալուն համար:
Մեր վերջին կանգառը Անին էր՝ հազարումէկ եկեղեցիներու փառահեղ քաղաքը: Անին այն վայրն էր, ուր գոհունակութիւնս հազարումէկ տոկոսի հասած էր: Հպարտութիւնս սահման չունէր: Հակառակ կիսաքանդ ըլլալուն, «թէկուզ լուռ ու աւերակ», Անին պահած է իր խրոխտ կեցուածքը, իր գրաւչութիւնն ու հզօրութիւնը:
Հոն ալ տհաճ եղելութեան մը հանդիպեցայ: Գլխաշորով այցելուներ կային, որոնց ազգութիւնը իրենց ճակատին գրուած չէր, կրնային նաեւ արաբ ըլլալ, մինչեւ որ ականջիս լսուեցաւ անոնցմէ մէկուն խօսքը թրքերէնով՝ «հայերուն լաւ ըրեր են»: Մեզ չեն սիրեր, բայց մեր հայրենիքին տեսարժան վայրերը այցելել կը սիրեն, ըստ երեւոյթին:
* * *
Արեւմտեան Հայաստան շրջապտոյտս այդ օրէն վերնագրած եմ «Գացի, տեսայ… վրդովեցայ», որովհետեւ ցաւ էր տեսնել մեր կառոյցները աւերակ ու լքուած վիճակի մէջ, կամ անարժանաբար բաժին դարձած պատմական ու մշակութային արժէքներու յարգը չգիտցողներու: Գացի, տեսայ ու վրդովեցայ, այո՛, բայց կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր հայ կեանքին մէջ գոնէ մէկ անգամ պէտք է սեփական աչքերով տեսնէ Արեւմտեան Հայաստանը իր «քրտացած» պատկերով:
Քլիշէ դարձած եւ սփիւռքահայերու կենացի մաղթանքներու սահմաններէն դուրս չելլող արտայայտութիւններ պիտի չըսեմ, որ իբր վաղ թէ ուշ պիտի վերատիրանանք մեր հողերուն: Ամէն բանէ առաջ, մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի Հանրապետութեան հողերը պահել, անոր հայ բնակչութեան թիւը աւելցնել, երկիրը բարգաւաճման ընթացքի մէջ դնել, ապա մտածել այդ բարդ ծալքերով թղթածրարին՝ մեր ա՛յն հողերուն մասին, ուր հիմա բնակութիւն հաստատած են քիւրտերը, զայն դարձնելով արդի Թուրքիոյ ամէնէն անշուք, ամէնէն աղքատ ու անհրապոյր շրջաններէն մէկը: Այդ մենք ենք, որ այդ բոլորին մէջ կը տեսնենք մեր անցեալը, մեր փառքը, հոն կը փնտռենք հայկական համն ու հոտը:
Համոզուած եմ, որ մեր բռնագրաւուած հողերը, նաեւ Արցախը, սփիւռքը եւ Հայրենիքի մասին ձօները ոչինչ են առանց ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ…
Բոլորիս միակ զէնքը, միակ յենարանը, միակ վերջին հանգրուանը, միակ ոտքը ամուր դնելու հողը ուժեղ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է…
Մնացածը առասպել է…