Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 20 Ապրիլ 2023
2013 թուականէն մինչեւ 2020, երբ զանազան առիթներով որպէս «հիւր» կամ զբօսաշրջիկ կ’այցելէի Հայաստան, երբեք ջանք չէի թափեր արեւելահայերէնո՛վ հաղորդակցելու հայաստանաբնակ հայրենակիցներուս հետ: Կը մտածէի, թէ քանի որ արեւմտահայերէնը հայոց լեզուի լիարժէք մէկ ճիւղն է, ես պէտք չունիմ լեզուս փոխելու, հետեւաբար ինչպէս որ ես արեւելահայերէնը կը հասկնամ, պէտք է որ արեւմտահայերէնն ալ հասկնալի ըլլայ, այնքան ատեն որ օտար բառեր չեմ խառներ խօսակցութեանս մէջ:
2020 թուականի Սեպտեմբերին հայրենադարձուելէ ետք շարունակեցի պահել նոյն մտածելակերպը… մինչեւ որ ընդունուեցայ աշխատանքի: Հոն սկսաւ լեզուի խնդիրը, լեզուի երկու ճիւղերուն իսկական բախումը:
Առաջին հերթին լուրջ զարմանք ապրեցայ, երբ գործընկերներս «նոր պաշտօնեային» հանդէպ նախապաշարուած էին որպէս «հայերէն չգիտցող»ի: Ապա, երբ ինծի ծանօթացան, ի հարկէ փոխեցին իրենց գնահատականը… եւ լեզուական կարգավիճակս փոխուեցաւ. դարձայ «մաքուր հայերէն չխօսող»:
Լեզուական հարցը հայրենադարձին ամէնօրեայ խնդիրներէն մէկն է Հայաստանի մէջ: Քանի՜-քանի՜ անգամ խօսակիցիս շփոթած նայուածքին կ’ուղեկցէր անոր առաջին արձագանգը՝ «ի՞նչ» կամ «ի՞նչ է» արտայայտութիւնը, ու ես գրեթէ միշտ ստիպուած կ’ըլլայի նուազագոյնը երկու անգամ կրկնել ըսածս: Արդարեւ, հրամայական դարձաւ արեւելահայերէն խօսիլը «պաշտօնապէս որդեգրելը»: Այդուհանդերձ, շատ յաճախ կը պատահի, որ, հազիւ երկու բառ խօսած, ինծի հարցնեն՝ «Սիրիայի՞ց էք» կամ «սիրիահա՞յ էք», նկատելով արեւելահայերէնին «խոտոր» կամ «օտար» առոգանութիւնս: Վերջին տարիներուն մեծ թիւով սուրիահայերու Հայաստան տեղափոխութեան պատճառով, «սիրիահայ» մակդիրը դարձած է հին ժամանակուայ «ախպար» բառին հոմանիշը, հայրենադարձ սփիւռքահայոց նոր պիտակը:
Պէտք է խոստովանիմ, որ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութեան տարբերութիւնը պատճառ կը հանդիսանար, որ խօսելու ատեն որոշ չափով կաշկանդուիմ, մտովի յղկեմ ըսելիքս եւ իւրաքանչիւր նախադասութիւն մաղէ անցընեմ՝ զայն չարտայայտած, որպէսզի, ակամայ, լեզուական թիւրիմացութեան դէմ-յանդիման չգտնուիմ:
Որոշ ժամանակ ետք գործընկերներս քիչ թէ շատ վարժուեցան խօսելաձեւիս՝ առոգանութեանս ու «անկատար» արեւելահայերէնիս: Սակայն աշխատանքի բերումով երբ ուրիշներու հետ պիտի հաղորդակցէի, լեզուի խնդիրը գերլարուածութիւն կը յառաջացնէր մէջս, որովհետեւ անոնք անմիջապէս պիտի նկատէին հայրենադարձ սփիւռքահայիս լեզուամտածողութեան ակնբախ տարբերութիւնը արեւելահայու լեզուամտածողութենէն: Այս լարման չափը թէեւ զգալիօրէն պակսած է այսօր, բայց չէ վերացած Երեւան հաստատուելէս աւելի քան 2,5 տարի ետք. անոր անհետացումը վստահած եմ ժամանակին:
Կայ նաեւ փոխկապակցուած այլ հանգամանք մը: Չնայած վաղուց անդրադարձած էի այս երեւոյթին, բայց արեւելահայերէնին հետ մօտէն շփում ունենալէս ետք անհերքելի իրողութիւնը ջուրի երես ելաւ իր ամբողջ ծաւալով. մենք՝ սփիւռքահայ սովորական մարդիկս (խօսքը հայագէտներու, խմբագիրներու, գրողներու, հայերէնի ուսուցիչներու մասին չէ), մեծապէս կը թերանանք մեր ոսկեղինիկի հարուստ բառապաշարի ամբողջական կիրառման մէջ: Այսինքն՝ քիչ կը կիրարկենք հոմանիշներն ու իմաստային առումով իրարու նման բառերը: Բերեմ ամենապարզ օրինակը. երբ կը փափաքինք երկրորդ անձին արձագանգը իմանալ որոշ հարցի մը շուրջ, սովորաբար չենք ըսեր «ի՞նչ կը թելադրես», «ի՞նչ խորհուրդ կու տաս», «ի՞նչ կը յանձնարարես», այլ լաւագոյն պարագային կ’ըսենք «ի՞նչ է կարծիքդ» կամ աւելի պարզ ու անորոշ՝ «ի՞նչ կ’ըսես»: Մէկ խօսքով, կամովին կը հրաժարինք մեր լեզուի հսկայական հարստութենէն օգտուելէ, միեւնոյն ժամանակ աղքատացնելով նոյն լեզուն:
Ծաղրանկարը վերցուած է Դիմատետրէն (Facebook)
Կայ եւս մէկ տհաճ եւ տխուր իրողութիւն մը՝ մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ կա՛մ գիտակցաբար հրաժարած ենք, կա՛մ ալ վարժութիւն չենք դարձուցած բազմաթիւ բառերու հայերէններուն օգտագործումը՝ նախապատուութիւնը տալով օտար բառերուն: Այս դառն իրականութիւնը ակներեւ դարձաւ հայաստանաբնակ դառնալէս ետք:
Սակայն ցաւալին այն է, որ մաքուր հայերէն չխօսիլը միայն Սփիւռքին չի վերաբերիր: Հայաստանի մէջ օտար, մեծ մասամբ ռուսերէն, բառերու յաճախ անտեղի կիրառման երեւոյթը անհասկնալի է ինծի համար: Սփիւռքի մէջ գուցէ մէկը «փորձէ ինչ-որ չափով արդարացնել» օտար բառերու գործածութիւնը, պատճառաբանելով օտար հողի վրայ մեր գոյութիւնը եւ օտարներու հետ ամէնօրեայ շփումը: Բայց հայրենի երկինքին տակ ու հայրենի հողին վրայ ապրող հայուն կողմէ աղաւաղուած հայերէնի գործածութիւնը որեւէ արդարացում չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ: Յետոյ ի՞նչ, որ երկար տարիներ երկիրը գտնուած է ռուսական/սովետական տիրապետութեան տակ: 30-ին դեռ քանի՞ տարի պէտք է գումարել ձերբազատիլ կարենալու ռուսերէն բառեր անհարկի գործածելու վատ սովորութենէն: Պէ՞տք է յիշեցնել, որ հայրենաբնակ հայուն ազգային, պետական ու պաշտօնական ՄԻԱԿ լեզուն հայերէնն է:
Ես օրինակներ պիտի չբերեմ երկրի բարձրագոյն մակարդակի մարդոց գործածած օտար բառերու ցանկէն, բայց հասարակ մարդոց շրջապատէն հետեւեալ օրինակը կ’ուզեմ ներկայացնել: Լիբանանի մէջ սովորական հայախօս սփիւռքահայը դժուար թէ առօրեայ ամենագործածական ու ամենատարրական բառերը փոխարինէր արաբերէնով. չեմ լսած մէկը որ իր հայերէն նախադասութեան մէջ, օրինակ՝ գաւաթ, պայուսակ, խոհանոց, սառնարան, գուլպայ, հովանոց բառերը կամ գոյներուն անունները փոխարինէ արաբերէնով, մինչդեռ Հայաստանի մէջ սովորական է շատ տեղացիներու խօսակցականին մէջ լսել վերոնշեալներուն ռուսերէնը: Կայ նաեւ աւելի վատը. լայնատարած գործածումը կարգ մը պտուղներու եւ բանջարեղէնի թրքերէն անուններուն:
Այս մէկը յաւելեալ պատճառ էր, որ ես անհանգիստ զգամ իմ շփումներուս մէջ, միշտ մտավախութիւն ունենալով չհասկնալ դիմացինիս ըսածը: Հոս կը յառաջանան տարօրինակ հարցադրումներ. հայախօս սփիւռքահայը իր հայրենիքին մէջ հայերէնը հասկնալու եւ հասկցնելու դժուարութեա՞ն պիտի հանդիպի, խօսելու ժամանակ պիտի մտածէ՝ արեւելահայերէ՞ն խօսի ու լաւ չհասկցուի, թէ՞ արեւմտահայերէն խօսի ու դարձեալ լաւ չհասկցուի: Եւ տակաւին՝ իր հայրենաբնակ ազգակիցին օտար բառերով խեղդուած մայրենին չհասկնայ: Ի՜նչ անհեթեթութիւն:
Ժամանակ մը ետք լուծումը գտայ: Օտարախառն արեւելահայերէն խօսակիցիս ԱՄԷՆ անգամ կը հարցնեմ՝ «իսկ այդ բառերուն հայերէնը ի՞նչ է» (թէկուզ որ զիս այպանեն՝ «դեռ չսովորեցի՞ր»), եւ, միւս կողմէ, իմ խօսելէս առաջ նախապէս կը զգուշացնեմ լսակիցս. «Ես Պէյրութից եմ, եթէ իմ խօսակցութեան մէջ ինչ որ բան անհասկանալի լինի ձեզ, ասէք խնդրեմ՝ կը կրկնեմ»:
***
Այս բոլոր ժխտական երեւոյթներուն կողքին, Հայաստանի մէջ կա՛ն արեւմտահայերէնի հանդէպ սէր ունեցող տեղացի ազգակիցներ: Տամ երկու օրինակ: Բժիշկի մը արեւմտահայերէնով կը ներկայացնէի այցելութեանս պատճառը: Ընդամէնը երկու բառ արտաբերած, ան ընդհատեց զիս. «Էդ ո՜նց եմ սիրում ձեր լեզուն»: Երկրորդ դրուագը. քրոջս հետ խաչմերուկի մը լուսացոյցին մօտ կը սպասէինք կանաչ լոյսին՝ զրուցելով իրարու հետ: Յանկարծ տղամարդու ձայն մը լսեցի ճիշդ ականջիս տակ՝ «Ի՜նչ գեղեցիկ է…»: Այդ ակնթարթին ակամայ թուեցաւ, թէ հաճոյախօսութիւն մը պիտի լսեմ իմ կամ քրոջս հասցէին. բայց ի զարմանս ինծի, ան շարունակեց. «Ի՜նչ գեղեցիկ է արեւմտահայերէնը, ի՜նչ անուշ է լսւում: Էստեղ հանգիստ զգացէք ձեր տանը պէս»:
Գոհունակ ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքիս:
1 comment
Յօդուածագիր՝ Լիւսի Տէօքմէճեան շատ ճիշդ բնութագրում կատարած եւ ներկայացուցած է արեւմտահայերուն՝ հայրենիքի մէջ ունեցած լեզուի դժուարութիւնները։ Ան լաւագոյնս արտայայտած է մեր բոլորին զգացումներն ու մտածումները։ Գնահատելի եւ շնորհաւորելի է նաեւ իր հաղորդական ոճը։