Երկիր մ’ունինք մենք Հայաստան, Ինչո՞ւ կ’ապրինք օտարութեան

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 30 յունիս 2023

«Հայորդիք որ կ’ապրիք դուք հեռուն,
Մի՛ մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն,
… Մի՛ մոռնաք մեր հայոց պատմութիւն»։

Հայ ժողովուրդին ստուար մասը ճակատագրի բերումով կ’ապրի իր հայրենիքէն դուրս: Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ծնունդ առած աւանդական սփիւռքը սկզբի ժամանակաշրջանին կը տարածուէր աշխարհագրականօրէն Հայաստանին մօտ երկիրներուն մէջ: Սակայն ժամանակի ընթացքին հայերուն ուղեգրութիւնը ընդարձակուեցաւ եւ հիմա աշխարհի վրայ «ամէն տեղ հայ կայ», ինչպէս կ’ըսէ Վահրամ Մավեան:

Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած տարագիր հայութիւնը Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ իսկ սորվեցուց հայոց այբուբենը, իսկ երբ ապաստանեցաւ ու հաստատուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի արաբ հիւրընկալ երկիրներուն մէջ, հայ մշակոյթը, պատմութիւնը եւ ազգային դաստիարակութիւնը սնուցեց նոր սերունդին, որպէսզի հայրենիքէն հեռու ապրող հայը հայ մնայ: Հայ` ոչ միայն իր ազգանունով, ոչ միայն իր հոգիի խորքին մէջ հայ զգալով, այլ նաեւ գիտնալով իր մայրենին՝ խօսելով, կարդալով ու գրելով, ինչպէս եւ իր պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այդ առաքելութիւնը երկար տարիներ յաջողութեամբ կատարեցին օտարութեան մէջ ապրող հայորդիները, այդ առումով վայելելով մասնայատուկ ազատութիւններ:

Սակայն քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմին, Պաղեստինի մէջ արաբ-իսրայէլեան անվերջ բախումներուն, իրաքեան պատերազմներուն, Սուրիոյ ահաբեկչական պատերազմին պատճառով բազմահազար հայեր պիտի արտագաղթէին Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա եւ այլ հեռաւոր շրջաններ: Արտագաղթողներուն ուղղութենէն կը վրիպէր Հայաստանը, որովհետեւ այդ ժամանակներուն անհաստատ վիճակի մէջ կը գտնուէր երկիրը, իսկ մարդ արարածը հակուած է փնտռելու ապահով եւ բարգաւաճ հողեր, թէկուզ զլանայ հայրենիքը իր ներկայութեամբ ու արարումներով բարգաւաճեցնել:

Հայկական ամպիոններէն բազմիցս հնչած են ահազանգեր՝ մատնացոյց ընելով հեռաւոր ափեր գաղթողներուն սպասող ձուլումը եւ հայկական ինքնութեան կորուստը: Իրենց տնտեսական որոշ հնարաւորութիւններով հրապուրող երկիրները դատապարտուած էին դառնալու գերեզմանը հայկական ոգեղէն բարեմասնութեանց, մանաւանդ յաջորդող սերունդներուն համար, ինչքան ալ որ առաջին սերունդը փորձէր «իրապաշտութեամբ» այդ քայլը բնութագրել իբր բարօրութիւն իր զաւակներուն, որոնք հետագային անխուսափելիօրէն պիտի օտարանային հայութենէն:

Այս իրողութիւնը բնականաբար հայապահպանութեան հիմնախնդիրի առումով լուրջ մտահոգութիւն եւ տագնապ կը յառաջացնէր: Եւ գուցէ վերոնշեալ իրադարձութիւններու լոյսին տակ էր, որ օրին ծնունդ պիտի տրուէր «Հայորդիք» խորագրեալ երգին՝ ուղղուած օտարութեան գիրկը նետուող ու հեռուն ապրող հայորդիներուն, կոչ ընելով չմոռնալու հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը: Լուրջ մտավախութիւն կար, որ ամերիկաներ, եւրոպաներ եւ Աւստրալիա ճամբորդողները, յատկապէս նորահաս սերունդները պիտի մոռնային իրենց մայրենին, պատմութիւնը, մշակոյթը, բարքերն ու սովորութիւնները, եւ կ’ենթադրուէր, որ կամաց-կամաց հեռանային իրենց ազգային պատկանելիութենէն, եւ շատ պարագաներու դժբախտաբար այդ մտավախութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ: Ի վերջոյ, ազգը լեզու եւ մշակոյթ կը պահէ, իսկ լեզուն եւ մշակոյթը՝ ազգ:

***

Վերջերս դիտեցի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայահոծ Գալիֆորնիոյ նահանգի հանրային դպրոցներէն մէկուն աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութեան տեսերիզը: Ուշադրութիւնս գրաւեց դպրոցին տեսչական կազմին մէջ մէկէ աւելի հայանուն անձնաւորութիւններու առկայութիւնը: Հետաքրքրական էր բարձր պաշտօններ կրողներու հայ ըլլալու հանգամանքը: Քիչ ետք դպրոցի շրջանաւարտիցին անունով խօսք առաւ հայորդի մը: Աւելի հետաքրքրութեամբ շարունակեցի դիտումը: Բայց բուն զգայացունց իրողութիւնը շրջանաւարտ աշակերտներուն մէջ հայերուն տոկոսային համեմատութիւնն էր. վկայական ստացող 277 աշակերտներէն 200-ին մականունը «եան»ով կ’աւարտէր, դեռ չհաշուած անոնք, որոնք հաւանական է որ հայ են, բայց իրենց մականունին ետին չունին հայոց բնորոշ «եան» ածանցը:

Հոն պարզուած իրականութիւնը յայտնութիւն մը չէ, բայց պահ մը ինծի մտածել տուաւ, որ արդեօ՞ք հայ աշակերտութեան մեծածաւալ քանակը գոնէ ունի մէկ «դրական» երեսակ մը: Օտարութեան մէջ նմանելով հայկական դպրոցի` հայ աշակերտներու թիւի ջախջախիչ մեծամասնութեամբ եւ հայ տնօրէնով, ուր ենթադրաբար հայ աշակերտը շատ «օտար» պիտի չզգայ՝ հայերով շրջապատուած ըլլալով: Բայց վրայ հասաւ հոն աշակերտողի ծնողին յուսախաբութիւն յառաջացնող պատասխանը՝ «անոնք իրարու հետ հայերէն չեն խօսիր»: Երբ կան Մերձաւոր Արեւելքէն, Իրանէն ու Հայաստանէն գաղթածներու զաւակները, արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի, արաբերէնախառն ու ռուսերէնախառն հայերէնի թոհուբոհին մէջ «փրկութեան կը հասնի» անգլերէնը, իսկ այլ երկիրներու պարագային՝ տեղի լեզուն:

***

2022 թուականի Օգոստոսին մասնակցութիւն բերի ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպած՝ Համահայկական 10-րդ կրթական համաժողովին: Կային զանազան երկիրներու հայկական դպրոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք տարբեր զեկոյցներով հանդէս եկան: Կրթական հաստատութիւններու իրավիճակը շատ բան կը բացայայտէ տեղւոյն գաղութին մասին: Լսելով զեկոյցները, ի յայտ եկաւ որ Սփիւռքի երբեմնի սիրտը եղած Լիբանանը, հակառակ իր բազում դժուարութիւններուն եւ հայութեան նուազած քանակին, կրթական ու մշակութային առումներով կը մնայ մայրենիի պահպանման թիւ 1 գաղութը։ Պէյրութ, կը խնդրեմ, չնահանջե՛ս։

***

Հայորդի՛ք որ կ’ապրիք դուք հեռուն, բարձրաձայն ընդունիք կամ դրժէք, որքան ալ սփիւռքներուն մէջ մեծ ըլլայ հայերուն թիւը, եթէ ձեր առաջին սերունդները հայախօս են, յաջորդող սերունդներուն համար այդ հաւանականութիւնը շատ քիչ է, եթէ պարտադրելու նման չխրախուսէք խօսիլ, գրել ու կարդալ «մեր անուշ մայր լեզուն», եթէ ստիպելու նման չյորդորէք գիտնալ «մեր հայոց պատմութիւնը»:

Հայորդի՛ք որ կ’ապրիք դուք հեռուն, աշխարհի չորս ծագերուն սփիւռք կազմած հայը ունի հիմնախնդիր մը՝ Հայրենիքէն դուրս հայ մնալու եւ հայօրէն ապրելու, որ կը դրսեւորուի ունենալով հայկական դիմագիծ, պահելով հայկական ինքնութիւնը՝ լեզուն ու մշակոյթը, արժէքները: Ահա թէ ինչու «Հայորդիք» երգը այժմէական է՝ յիշեցնելու անոր հրամայական ու չհինցող պատգամը:

Հայրենիքէն հեռու կամաւորաբար կայքեր հաստատած, այդ կենցաղին վարժուած, «դրախտ»ը գտած ըլլալու պատրանքներով ապրող հայորդիներուն համար երբեմն շատ անհեթեթ կը հնչեն հայրենադարձութեան կոչերը: Հայերէնն ու հայութիւնը «փոր չկշտացնող» համարող որոշ հայեր որպէս «ծերանոց» ընկալած են Հայաստանը, ուր կը նախատեսեն ապրիլ հանգստեան կոչուելէ ետք: Անոնք պարզապէս թուաքանակ մը պիտի աւելցնեն Հայաստանի բնակչութեան համար, առանց իրենց ստեղծագործական տարիներու բերքն ու բարիքը ընծայած ըլլալու Հայրենիքի անդաստանին:

Հետեւաբար, օտարութեան մէջ ու հեռուն ապրող հայորդինե՛ր, հայկական ինքնութիւնը պահպանելու եւ Հայաստանը ժողովրդագրականօրէն հզօրացնելու ՄԻԱԿ ճանապարհը հայրենադարձութիւնն է: Սա անքննելի ճշմարտութիւն է: Առանց հայրենադարձութեան, Սփիւռքի բոլոր գաղութները, ուշ կամ կանուխ, դատապարտուած են հայօրէն անհետացման, նոյնիսկ ամենապայքարող Պէյրութը, ուր դպրոցներուն մէջ հայերէնը կը զնգայ եւ հայոց պատմութիւնը պարտադիր է, ուր թէեւ հիւծած գաղութին մէջ տակաւին հայախօս սերունդներ կը պատրաստուին:

Ուրեմն, ի մտի կ’ունենանք «Հայորդիք» երգին բառերը, սակայն մեր վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ «Օտարութիւն» երգին բառերով՝ «Երկիր մ’ունինք մենք Հայաստան, ինչո՞ւ կ’ապրինք օտարութեան»:

1 comment
  1. Five Fingers Band, Hayortik երգին բառերը՝

    Հայորդիք որ կ՚ապրիք դուք հեռուն,
    Մի մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն,
    Երգեցէք եւ միշտ խօսեցէք
    Կը տեսնէք թէ որքա՜ն է անուշ։
    Մենք քիչ ենք բայց կը մնանք միշտ հայ,
    Չենք մոռնար մեր մայրենի լեզուն,
    Մենք անվերջ ձեռք ձեռքի տալով
    Մեր ազգը միշտ բարձր պահելով,
    Բարձր ենք միշտ բարձր մենք մնանք
    Չլուծուինք, իրար սիրենք
    Մեր սուրբ պատիւը բարձր պահենք։
    Հայորդիք որ կ՚ապրիք դուք հեռուն
    Մի մոռնաք մեր հայոց պատմութիւն,
    Պատմեցէք ձեր զաւակններուն
    Որ գիտնան արժէքը հայերուն։

    Իսկ երգը՝ https://www.youtube.com/watch?v=UmYL4GcE-CQ

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like