Հայաստանը ծունկի պիտի չգա՛յ

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 2 Հոկտեմբեր 2023

«Թւով գրեթէ ամենափոքրն է, տառապանքով՝ ամենամեծը, ժամանակով ամենահինն է, վիճակով՝ ամէնից անփոփոխը: Ամէնից աննպաստը իր երկրի դիրքն է, ինքը ամէնից յամառ կառչեց նրան: Որքա՜ն անյոյս է թւում իր ապագան, բայց եւ որքա՜ն յուսացող է նա: Ասենք՝ իր կեանքում երկու բան բնաւ չտեսաւ. մէկ՝ բախտ, մէկ էլ՝ յուսահատութիւն»:

Դերենիկ Դեմիրճեանի նկարագրութեամբ «ամենահին, թիւով ամենափոքր ու տառապանքով ամենամեծ» հայը 600 տարուան ստրկութեան ընթացքին երազեց պետականութիւն, դրօշ, բանակ ու զինանշան ունենալ, զանոնք տեսնելու ցանկութեամբ մաքառեցաւ, իր ամենասուղը զոհեց, երգեր ու բանաստեղծութիւններ գրեց, որոնք ամէն օր երգուեցան ու արտասանուեցան: Տարիներն ու դարերը թաւալեցան եւ բացուեցաւ անկախութեան արշալոյսը, ու դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ յաւերժական Հայաստանը:

Երկա՜ր երկունքէ ետք լոյս աշխարհ եկած Հայաստանի Հանրապետութիւնը «երկրի աննպաստ դիրքով» ներկայիս կանգնած է իր պատմութեան դժուարագոյն ու լրջագոյն մարտահրաւէրներուն դիմաց: Կան հայութիւնը պետականութենէ զրկելու արտաքին նկրտումներ: Հայաստանի Հանրապետության անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը դրուած են զոհասեղանին:

Նպատակս երբեք իրավիճակին քաղաքական գնահատական տալը չէ, այլ կ’ուզեմ լոյս սփռել այլ հանգամանքի վրայ. իւրաքանչիւր հայ անհատի համար, Մայր Հայաստանը եղած է փառահեղ ու վաղեմի գոյութիւն, հին՝ բայց երբեք չհինցող, նոր՝ բայց մշտապէս նորոգուող: Որքան ալ անյոյս թուացած է անոր ապագան, հայը միշտ կառչած է իր հայրենիքին ու չէ տեսած յուսահատութիւն: Այսօր եւս մենք փարած ենք անոր, կը մերժենք վտանգի տակ դնել անոր ապագան, անոր անկախ ու ինքնիշխան գոյութիւնը:

2023 թուականի Սեպտեմբերը արտասովոր էր իր բոլոր ժխտական իմաստներով: Հրթիռակոծում, հողերու կորուստ, զոհեր ու հայաթափուած Արցախ, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան կորուստի սպառնալիքներ դիմագրաւող Հայաստան, սգաւոր ու տխուր, սիրտը արիւն լացող, զայրացած ու ըմբոստացած հայ ժողովուրդ: Ճիշդ է, բոլորս ալ յոգնած ենք կեանքեր, հողեր ու իրաւունքներ կորսնցնելէն, աշխարհաքաղաքական խաղերու եւ դաւերու զոհ դառնալէն, բայց նաեւ բոլորս ալ պատուախնդրօրէն տէր ենք Հայաստանի պետականութեան ու կը մերժենք զայն կասկածի կամ սակարկութիւններու առարկայ դարձնել:

Հայաստանը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ օրհասական պահեր: Հայ ժողովուրդը ունեցած է շա՜տ գողգոթաներ. փորձած են արմատախիլ ընել զինք, փորձած են միանգամընդմիշտ վերացնել զինք աշխարհի երեսէն, բայց հայը մերժած է կոտրուիլ, մերժած է խառնուիլ անցեալի փոշիին, եւ մահացու հարուածներուն տակէն յարութիւն առած է փիւնիկի նման: Ինծի կը թուի, թէ ներկան ալ այդ ժամանակաշրջաններէն մէկն է, ու ճիշդ հիմա է, որ մեր երիտասարդ՝ 32 տարեկան անկախ պետութիւնը պէտք ունի զգալու եւ ապացուցելու, որ իր զաւակները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, միախմբուած են իր շուրջ: Անոր հանդէպ սէրը անսակարկելի է եւ չ’ենթարկուիր եղանակի, ժամանակներու եւ իշխանաւորներու պարագայականութեան: Մենք չենք կրնար մեր հայրենիքը օր մը սիրել ու օր մը չսիրել (մեղա՜յ Աստուծոյ):

Հայաստանը մեզմով բաբախող հայի սիրտն է: Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք մեր անգործութեամբ այդ սիրտն արիւնաքամ ընելու:

Հայաստանը մեզմով հպարտացող հայ ոգին է: Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք մեր անփութութեամբ զայն յուսախաբ ընելու:

Հայաստանը մեզմով ջերմացող հայ օճախն է: Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք մեր սառնասրտութեամբ այդ ջերմութենէն թէկուզ չնչին չափով պակսեցնելու:

Հայաստանը մեզմով շէնացող մեր երկիրն է: Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք մեր անտարբերութեամբ զայն աւերելու:

Հայաստանը մեզմով հզօրացող մեր տունն է: Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք մեր անմիաբանութեամբ անոր ամրասիւները ներսէն տկարացնելու:

Գուցէ Հայաստանը աշխարհի ամենալաւ, ամենագեղեցիկ, ամենաապահով, ամենահզօր երկիրը չէ: Թէ՛ իր աշխարհագրական դիրքով, թէ՛ իր կառավարման ձեւով, թէ՛ իր զարգացման մակարդակով խոցելի է եւ թերութիւններ ունի, ԲԱՅՑ ի՛մս է, քո՛ւկդ է, մե՛րն է:

Գուցէ չունինք եւ երբեւէ չենք ալ ունեցած կատարեալ պետութիւն, ԲԱՅՑ ունինք հայրենիք, որ պահելու եւ անկախ ու ինքնիշխան դարձնելու համար դարեր շարունակ ու մինչեւ օրս շատեր իրենց կեանքը զոհաբերած են: Հայրենիք, որ ծնած է ու դեռ կը ծնի հերոսներ: Հայրենիք, որ աշխարհին տուած է ու դեռ կու տայ մեծութիւններ:

Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք ուրանալու, որ իւրաքանչիւրս Հայաստանի մէկ մասնիկն ենք, թէկուզեւ ծնած ըլլանք օտար երկինքներու տակ: Եւ մենք այսօր, նոյնիսկ ցաւի ու արցունքներու մէջ խեղդուած, ամուր պիտի գրկենք մեր մեծ հայրենիքէն մեզի մնացած այս վերջին կտորը, «յամառ կառչած» մնանք անոր, եւ հաւատանք, որ այս ցաւն ալ պիտի անցնի, եւ պիտի բռունցքուինք՝ այս փորձութիւնն ալ յաղթահարելու:

Բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան կ’ըսէ՝ «Օդի, ջուրի, հացի նման` մենք պէտք ունինք հպարտութեան»: Թոյլ չտանք, որ մեր կրած պարտութիւնները ընդմիշտ խլեն «հ» տառը եւ զրկուինք մեր ազգային հպարտութենէն: Այդ հպարտութիւնն է, որ մեզ պիտի մղէ պայքարելու Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան համար, իւրաքանչիւրս` իր կարելիութեան ձեւով ու չափով: Բայց ամենակարեւորը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չսեւցնելով, անոր պատկերը չմրոտելով ու ամէն բանէ վեր դասելով Հայրենիքը, որ մեր սնուցող ու կենսատու երակն է, մեր լոյսի փարոսը, մեր սկզբնակէտն ու վերջնակէտը, մեր «անուշ Հայաստան»ը:

2 comments
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like